«Ազգային»ի եւ «Ապազգային»ի Աղմուկէն Անդին

Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 7 Դեկտեմբեր 2019

Հայաստանի 2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութիւնը դուռ բացաւ քսանամեայ եղծանումէ տառապող եւ կործանման ընթացքի մէջ եղող մեր պետութեան բարեշրջման: Ի տես այն բացայայտ խանդավառութեան, որ յեղափոխութիւնը յառաջացուց հայրենաբնակ թէ աշխարհացրիւ հայութեան մօտ, ամէն սրտցաւ հայ կ'ակնկալէր, որ վերջապէս ազգովին անշահախնդրօրէն կը լծուինք մեր պետականութիւնը հզօրացնելու գործին, որ գլխաւոր կռուանն է մեր երթի յառաջխաղացքի ապահովման:

Դժբախտաբար, անցած ամիսներու վրայ երկարող որոշ զարգացումներ ցոյց կու տան, որ կան մարդիկ, որոնք չեն բաժներ մեր այս շատ բնական համարուող ակնկալութիւնը եւ հետամուտ են շարունակելու իրենց հատուածական կործանարար ընթացքը ի հեճուկս ընդհանուրի շահերուն:  Դժբախտութիւնը հոն է նաեւ, որ այդպիսիները հանդէս կու գան որպէս «ազգային»ի պաշտպաններ ընդդեմ «ապազգային»ներու, հրահրելով կիրքեր, փոխան շինիչ երկխօսութեան:

Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 7 Դեկտեմբեր 2019

Հայաստանի 2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութիւնը դուռ բացաւ քսանամեայ եղծանումէ տառապող եւ կործանման ընթացքի մէջ եղող մեր պետութեան բարեշրջման: Ի տես այն բացայայտ խանդավառութեան, որ յեղափոխութիւնը յառաջացուց հայրենաբնակ թէ աշխարհացրիւ հայութեան մօտ, ամէն սրտցաւ հայ կ'ակնկալէր, որ վերջապէս ազգովին անշահախնդրօրէն կը լծուինք մեր պետականութիւնը հզօրացնելու գործին, որ գլխաւոր կռուանն է մեր երթի յառաջխաղացքի ապահովման:

Դժբախտաբար, անցած ամիսներու վրայ երկարող որոշ զարգացումներ ցոյց կու տան, որ կան մարդիկ, որոնք չեն բաժներ մեր այս շատ բնական համարուող ակնկալութիւնը եւ հետամուտ են շարունակելու իրենց հատուածական կործանարար ընթացքը ի հեճուկս ընդհանուրի շահերուն:  Դժբախտութիւնը հոն է նաեւ, որ այդպիսիները հանդէս կու գան որպէս «ազգային»ի պաշտպաններ ընդդեմ «ապազգային»ներու, հրահրելով կիրքեր, փոխան շինիչ երկխօսութեան:

Յստակ է, որ հայրենի երկիրն ու ժողովուրդը հարստահարողները եւ հսկայական հարստութիւն դիզողները կը դիմեն ամէն միջոցի, վերատիրանալու համար իրենց անիրաւ եկամուտներու աղբիւրներուն: Մեզի համար տարօրինակ կը թուի այդպիսի մարդոց եւ կազմակերպութիւններու վարքը, որովհետեւ տակաւին ժողովուրդի յիշողութեան մէջ թարմ է անոնց վնասակար գործունէութեան պատկերը, երբ լծուած նախկին իշխանութիւններու ազգավնաս կառքին, այլեւ մաս կազմելով այդ իշխանութեան կ'օգտուէին պետական կերակրատաշտէն՝ նոյնիսկ լուռ մնալով իրենց համակիրի կամ անդամի դաժան սպաննութեան պարագաներուն: Իսկ այսօր, ներկայ կառավարութեան արտաքին գործոց նախարարին մէկ յայտարարութեան եւ կամ կրթական համակարգէն ներս բարեփոխումներ մտցնելու միտուած եւ դեռ մշակման ընթացքի մէջ եղող նախագիծի մը մէկ կէտին շուրջ աղմուկ կը բարձրացնեն, պղտորելով ջուրերը եւ «ազգային»ի պատմուճանը հագած, «ապազգային» կը հռչակեն  իրենց տեսակէտը չբաժնողները, դեղին ու կարմիր քարթեր ցոյց կու տան եւ հրաժարականներ կը պահանջեն: Ասոր ի տես, ամէն ողջմիտ հայի մօտ բնականաբար կը ծագի հարցումը՝ ի՞նչ է այս մարդոց նպատակը. խաղող ուտել թէ՞ այգեպան ծեծել, մանաւանդ երբ նոյն՝ կրթութեան նախարարութիւնը տարիներով վարած իրենց կուսակիցը «փայլած» էր իր հատուածական կողմնորոշումներով, աշակերտներ եւ ուսուցիչներ քուէատուփ «ուղղորդելով»,  իր շրջապատին պաշտօններ ապահովելով, դպրոցներու փակումն ու սեփականաշնորհումը արտօնելով եւ մինչեւ իսկ գիշերային ակումբներու սեփանակատէր դառնալով:

Եթէ ուսանողներու եւ երիտասարդներու բարձրացուցած աղմուկը եւ կազմակերպած ցոյցերը անոնց «տաք գլուխ»ութեան կարելի էր մասամբ վերագրել, ՀՅԴ Բիւրօյի Նոյեմբեր 13-ի յայտրարութիւնը եկաւ յստակացնելու թէ ի՞նչ է ՀՅԴ-ի կեցուածքը ներկայ իշխանութիւններուն հանդէպ: Հոն կը կարդանք. «Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած անհանդուրժողական մօտեցումը, այլակարծութիւնը մերժելու եւ իշխանութիւններուն նկատմամբ քննադատութիւններուն հետապնդումներով կամ սպառնալիքներով հակազդելու փորձերը, երկրին մէջ կը ստեղծեն ճնշիչ եւ պառակտիչ մթնոլորտ, որ օր ըստ օրէ կը խորանայ: Կոչ կ'ուղղենք Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ վերացնելու Հայաստանի մէջ ստեղծուած համատարած վախի ու հալածանքի մթնոլորտը եւ հաստատելու քաղաքական առողջ յարաբերութիւններու մշակոյթ:» Այո՛, ճիշտ կարդացիք: Ըստ ՀՅԴ-ի, Հայաստանի մէջ ներկայիս կը տիրէ «համատարած վախի ու հալածանքի մթնոլորտ»: Ի՞նչ ժամանակաշրջանի մէջ կ'ապրի Բիւրօն: Ներկայի թէ՞ նախկին իշխանութիւններու: Այսքան հատուածամոլութիւն շատ եղաւ: Քսան տարիներ գործակցիլ Հայաստանը կործանման եզրին տանող իշխանութիւններու հետ, լռել եւ օգտուիլ անոնց կերակրատաշտէն, զոհել վեհ գաղափարները յանուն սեփական շահի եւ հիմա երեսն ի վար շրջել իրականութիւն մը, որ պարզ է հայրենաբնակ թէ աշխարհացրիւ հայութեան աչքին, անհասկնալի է չափը անցած ըլլալու աստիճան: Երբ մարդիկ այս մտայնութեամբ կ'առաջնորդուին, հեռանկարը կը մթագնի: 

Վկայութիւն մը Անդրանիկ Ծառուկեանէն

Բերենք վկայութիւն մը Անդրանիկ Ծառուկեանէն, որ «Սփիւռքի Տասնամեակները» յօդուածաշարքին մէջ, որ ակնարկելով 1920-ականներու կեանքին, կը նշէ. «Պայքարը , երեւութապէս գաղափարական բնոյթ կը կրէ, բայց խորքը՝ ազգային հաստատութիւններու մէջ պաշտօններու տիրացումն է: Ուշագրաւ է, որ բոլոր վէճերը եւ կռիւները կը դառնան դպրոցներու եւ եկեղեցիներու շուրջ, եթէ ոչ անոնց ներսը: Կուսակցութիւնները իրենց գործիչներուն եւ մտաւորականներուն համար պաշտօններու պէտք ունին, եւ միակ ասպարէզը, դպրոցներն են կամ առաջնորդարանի մը գրասենեակը: Հայաստանի մէջ Կրթական Նախարար՝ բայց Աղեքսանդրիոյ վարժարանէն ներս տնօրէն ընդունելու համար, Նիկոլ Աղբալեանի մը շուրջ պէտք է կռիւ ըլլար եւ գլուխներ կոտրուէին: Շատ սիրուած եւ շատ ծանօթ ամերիկահայ գրագէտի մը (Համաստեղ թէ՞ Արամ Հայկազ. ՅՏԴ) անկեղծ խոստովանութիւնը.-«Դրօշակի խնդիրը պատրուակ էր: Եթէ Նիւ Եօրքի Առաջնորդարանին քարտուղարութիւնը Վարդգէս Ահարոնեանին տրուէր, փոխանակ ռամկավար հակառակորդին՝ հաւատա՛ ինծի, Դուրեան Սրբազանի սպանութիւնը (24 Դեկտեմբեր 1933-ին, Նիւ Եորքի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Պատարագի թափօրի ժամանակ – Յ. Տ. Դ.) տեղի չէր ունենար»:

Վկայութիւններ Կոմիտաս Վարդապետէն

Բերենք նաեւ վկայութիւններ անմահն Կոմիտաս վարդապետէն: Արշակ Չօպանեանին ուղղուած 14 Յուլիս 1909 թուակիր նամակին մէջ Կոմիտաս վրդ. Ս. Էջմիածնէն կը գրէ. «Դաշնակցական խմբակը, որ ատամները թափած է, խիստ դժգոհ է Վեհից (ՏՏ Մատթէոս Բ. Իզմիրլեան, որ 1908-ին Ամենայն Հայոց կաթողիկոս ընտրուեցաւ, բայց միայն 1909-ի ամռան Էջմիածին հասաւ. ՅՏԴ), բայց չեն համարձակուում հրապարակ ելնելու: Էլ բաւ է, որքան քանդեցին մեր ներքին եւ արտաքին կեանքը՝ անմիտ հպարտութեամբ եւ փուչ ուժով:» 

Քանի մը ամիս ետք, Հոկտեմբեր 1-ին դարձեալ Չօպանեանին գրուած նամակի մը մէջ կը գրէ. «Սիրելի բարեկամս, այժմ արդէն պարզ է որոշ չափով, որ մեր նոր Վեհը ընկած է դաշնակցութեան ձեռքը: Սիրական Տիգրանեանը, որ Հորիզոն թերթի խմբագիրն էր, բերել տուին Ս. Էջմիածին եւ տեղաւորեցին ճեմարանի եւ առհասարակ բոլոր ազգային գոյն ունեցող ժողովների մէջ իբրեւ գործող անդամ, մանաւանդ ուսումնարանական Յանձնաժողովի մէջ: Եւ այդ նպատակով, որ ճեմարանի եւ ուսուցչութեան միջոցաւ նոր սերունդ պատրաստէ՝ հակաեկեղեցական ոգով տոգորուած, ուսումնարանական Յանձնաժողովի միջոցաւ դպրոցներն իւր ձեռքն առնէ, տեղաւորէ ուսուցիչներ, որոնք իրանց կուսակցութեան են պատկանում: Մի խօսքով լիակատար տիրում են Վեհին: Գոնէ այժմ: Ուղտը (նկատի ունի Մեսրոպ Մագիստրոս Տէր Մովսիսեանը. ՅՏԴ) Վեհի կամքն իր բռան մէջն է առել, ինչ կամենում է, անել է տալիս, զօռով եպիսկոպոս եղաւ. բայց ինչո՞ւ համար, չենք հասկանում. ո՛չ միաբանութիւնն է ընտրել, ո՛չ էլ ժողովրդից թուղթ ունի:»

Նոյն նամակին մէջ կը կարդանք նաեւ. «Գաղտնի կերպով [Մեսրոպի, Սիրական Տիգրանեանի եւ Բաբգէնի ձեռքով (Մայր Աթոռի միաբան Բաբգէն վրդ. Աղաւելեան, 10 Հոկտեմբեր 1869, Շուշի – 3 Յունուար 1916, Ս. Էջմիածին) – Յ. Տ. Դ.] հայրապետական իրաւունքները պաշտպանող եւ եկեղեցու շահը որոնող հին ուսուցչական խումբը արձակեց եւ տեղը լցրեց չաւարտած ուսանող-ուսուցիչներով…որպէսզի իրանց կուսակից երկու ուսուցիչներին եւս տեղ լինի. աշակերտները բողոքեցին, բայց անհետեւանք մնաց, զի կուսակցութեան ուժով լռեցրին նոցա:»

Դարձեալ նոյն նամակէն. «Բենիկ (Եղիազարեան – Յ. Տ. Դ.) վարդապետին կանչել եւ հրամայել էր, որ պատրաստուի Երեւանի փոխանորդ գնալու. այս լսելով Մեսրոպ վարդապետ ուղտը, նոյն օրը գնացել էր Երեւան եւ մի քանի՝ 2 հոգի կարծեմ, դաշնակցական էր բերել եւ բողոքել տուել եւ խանգարել:» Դարձեալ նոյն նամակէն. «Անցեալ օր միաբանական ժողով գումարուեցաւ, որպէսզի զանազան վանական եւ եկեղեցական խնդիրների համար պաշտօնեաներ ընտրուեն: Հայր Կարապետն առաջարկեց, որ ներքին անհաշտութեան վերջ դնենք նախապէս, որ կարողանանք խղճի մտօք ընտրութիւն անել՝ արժանաւորագոյնների [վրայ] կենտրոնանալով: Տեղապահ Սուրենեանը (Գէորգ արք. Սուրէնեան, 1911-1930՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գէորգ Ե. – Յ. Տ. Դ.) արգելեց խօսելու այդ մասին եւ անմիջապէս անցան ընտրութիւնների եւ բանից դուրս ելաւ, որ նախ թղթիկների վերայ գրած ունէին տեղական կուսակցութեան մարդոց անունները եւ ընտրութիւններ կատարեցին եկեղեցու եւ վանականութեան կանոններ մշակելու մարդիկ, որոնք եկեղեցու պատմութիւնն չիմանալուց յետոյ եկեղեցին կործանելու համար են մտել վանք:»

Դարձեալ նոյն նամակէն. «Բառի բուն նշանակութեամբ մեզ հալածում են. այդ տեսնում է Վեհը եւ համակերպուում է նոցա եւ ընդառաջ է գնում նոցա ցանկութեան:» Վերջին մէջբերում մըն ալ նոյն նամակէն. «Ամէն բան կառավարում է կուսակցութիւնը յանձին Ուղտի եւ նորա արբանեակների: Ամէն բանի համար Վեհը խորհրդակցում է նախ Մեսրոպի եւ Սիրական Տիգրանեանի հետ, որ կուսակցութեան կողմից նշանակուած է վանքի եւ Վեհի վերայ իշխելու: Նորից կազմակերպել են սկսում դաշնակցական հին միջոցներով եւ ոչնչի չեն խնայում:»

Մեր կարգ մը անցեալի յօդուածներով նոյնանման այլ մէջբերումներ ալ ըրած ենք մեր ազգային շահերու եւ պետական մտածողութեան ռահվիրայ Քաջազնունիէն, ցոյց տալու համար թէ ուր կրնայ յանգիլ հատուածամոլ մտածողութիւնը: Զանց կ'առնենք անոնք այստեղ նշելէ, աւելիով չծանրաբեռնելու համար այս յօդուածը: Այսքանն ալ բաւարար կը սեպենք զգաստութեան հրաւիրելու համար մեր հայրենակիցները, որ մեր ազգը յուզող խնդիրներուն սրտբաց եւ ողջմիտ  քննարկումներով հանդէս գան, ինչը, վստահաբար պիտի նպաստէ բոլորիս բարօրութեան: Պէտք է գիտակցիլ, որ համաշխարհային նոր համակարգի մը ստեղծման այս թոհուբոհին մէջ, մենք իրաւունք չունինք կրկնելու անցեալի սխալները: Եթէ պատմութիւնէն դաս չքաղենք , կրնանք դարձեալ զոհը երթալ դասը քաղածներուն:

You May Also Like
Read More

Թուրքիա Կրնա՞յ Դիմագրաւել …

Համօ Մոսկոֆեան, Պերլին-Ֆրանքֆորթ-Պէյրութ, Յունուար 2011 Երբ Միացեալ Ազգերու քարտուղարի նախկին օգնական, այժմ Արեւմտահայերու համագումարի համանախագահ Սուրէն Սերայտարեանին ու…
Read More