Ազգային Կեանքի Հրամայականները

Jirair Tutunjian in LA

Հանդիպում՝ Լրագրող Ժիրայր Թիւթիւնճեանի Հետ

Հրաչ Սեփեթճեան, «Նոր Օր», Լոս Անճելըս, 15 Յունիս 2013Jirair Tutunjian in LA

Ժիրայր Թիւթիւնճեան խմբագիրն է Keghart.com կայքի անգլերէն բաժնին: Ան կ՚ապրի Թորոնթօ, Քանատա եւ երկար տարիներ եղած է լրագրող ու խմբագիր անգլիատառ մամուլէն ներս: Լոս Անճելըս կատարած իր այցելութենէն օգտուելով, ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդին հրաւէրով, Շաբաթ, Յունիս 15-ի առաւօտեան, տեղի ունեցաւ հանդիպում մը յարգելի հիւրին հետ: Ներկայ էին մտաւորականներ, ազգային քաղաքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի ատենապետ՝ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան: Ապա «Նոր Օր»ի խմբագրական կազմի անդամ, Keghart.com կայքի հայերէն բաժնի պատասխանատու Դոկտ. Մինաս Գոճայեան ներկայացուց Ժիրայր Թիւթիւնճեանի կենսագրական գիծերը:

Թիւթիւնճեան ծնունդով Երուսաղէմէն է, ապա անցած է Լիբանան եւ հոնկէ՝ Քանատա: Գոճայեան նշեց, որ անոր գրութիւնները ընդհանրապէս երկարապատում յօդուածներ չեն, այլ՝ կարճ ու ամփոփ, տեղը տեղին: Ներկայիս, ան նախագահն է MultiMedia Inc.-ին:

Թիւթիւնճեան շնորհակալութիւն յայտնեց նման առիթ մը ստեղծելուն համար եւ ուղղակի անցաւ իր նիւթին. Հայաստանը, Սփիւռքը եւ Հայը՝ այսօր: Ան փոխանցեց իր անձնական կարծիքները, որոնք  ընդհանրապէս բոլորս յուզող խնդիրներ են, երբեմն աւելի համարձակ գտնուելով, մատը դրաւ ուղղակի վէրքին վրայ, մեր ցաւերուն վրայ: Դեղամիջո՞ց. այո՛, ունէր:

Ահաւասիկ, անոր ելոյթին սղագրութիւնը։

Այսօրուան Հայաստանի խնդիրները.

  • Արտագաղթը հասած է մեծ չափերու:

  • Երկիրը խուլիկաններու ձեռքն է:

  • Ռաֆֆի Յովհաննէսեանէն յուսախաբ է ժողովուրդը, ան պաշարուած է գայլերով: Կարիքը կայ զօրաւոր ըմդդիմադիր ղեկավարի:

  • Խօսքի ազատութիւնը հարցականի տակ է, կայ ընդդիմադիր մամուլ, կայ ընդդիմութիւն, սակայն ընկերային հարցերը պատճառ կը դառնան, որ ժողովուրդը վազէ օրուան հացին ետեւէն:

  • Ապրուստի համար ժողովուրդը իր մասնագիտութենէն դուրս այլ գործերով կը զբաղի:

  • Հայաստան այսօր ունի 600-650 հանք, որոնք օտարներու ձեռքն են եւ կամ իշխանաւորներու հսկողութեան տակ:

Ի՞նչ ընել: Դեղամիջոցներ.

  • Արեւմտահայերու Ազգային Համագումարը (ԱԱՀ-NCWA), «Սարդարապատ» շարժումը, «Նախախորհրդարան»ը (Preparliament.org), ինչպէս նաեւ «Հայկական Վերածնունդ»  (Armenian Renaissance) կազմակերպութիւնները արդէն իսկ ձեւաւորուող կառոյցներ են Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, որոնց շուրջ որակ կազմող ազգայիններու թիւ մը գոյութիւն ունի: Այս կառոյցները սփիւռքի մէջ կը գործեն դասական կուսակցութիւններէն անկախ: Անոնք ծնունդն են ներկայի հրամայականներուն:

  • Սփիւռքի մէջ գործող "Armenian Renaissance"-ը կ՚ուզէ խաղաղ կերպերով երկիրը բարեփոխել:

  • Արեւմտահայերու Ազգային Համագումար      կազմակերպութեան աշխատանքներէն մին է՝ Թուրքիան Միջազգային Դատարան տանիլ: Կազմակերպութիւնը ունի շուրջ 250 անդամ. ներկայիս աշխատանք կը տարուի բացուելու հանրութեան եւ անդամարշաւով բազմապատկուելու:

  • Հայաստանի այսօրուան իշխանաւորները կը փորձեն միաժամանակ թէ՛ դաշնակից մնալ ռուսին եւ թէ՛ պահել Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕ-ի հետ սերտ կապեր: Ծանր է Հայաստանի իրավիճակը՝ ռուսական լծակին տակ ըլլալ եւ նոյն ատեն Արեւմուտքին մօտենալ: 

  • Ռուսը կ՚ուզէ որ Հայաստան կախեալ մնայ իրմէ:

Սփիւռքը.

  • Սփիւռքի վիճակը ցաւալի է:

  • Իրականութեան մէջ սփիւռքահայութեան տասը տոկոսը միայն հայ կեանքէն ներս գործօն է փաստօրէն:

  • Պէտք է հայրենի ժողովուրդը հողին վրայ պահել. այդպէս սփիւռքն ա՛լ աւելի զօրաւոր կ՚ըլլայ:

  • High-tech industry, ուղեղը ունինք, պէտք է աշխատանք ստեղծել, որպէսզի մնանք հողին վրայ:

  • Ձախ եւ աջ  գաղափարախօսութիւնները պէտք է մոռնանք եւ կեդրոնանանք սփիւռքահայութիւնը փրկելու ձուլումէ:

  • Մենք մեր ձեռքով կը քանդենք մեր ներկան, օտար ամուսնութիւններով, շատ արագ լեզուն կորսնցնելով, հայու ինքնութիւնը կորսնցնելով:

  • Ղեկավարութիւն է պէտք, կեդրոնացած ծրագիր. օրինակ, ազգային տուրքի գաղափարով ճամբայ ելլել. ամէն մէկս պէտք է զգանք մեր դերը: Ժամն է զգաստութեան:

Վերջաւորութեան հարցում-պատասխանով ներկաները կիսեցին իրենց մտահոգութիւնները. հայութեան բազմաշերտ երկուածութիւնները կը մնան Հայը կոտորակող թիւ մէկ խնդիրը: Մենք է որ մեր ձեռքով կ՚ընենք այդ բոլորը, ըսաւ ան, եւ ներկաները փնտռեցին այն «շաղախը», որ պիտի համախմբէ եւ ուժական դարձնէ մեր ներկայ իրականութիւնը:  Անիկա նոյնինքն Հայն է:

You May Also Like