Ազգային Կորովը Ճիշդ Շահագործենք

 Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Թորոնթօ, 28 Ապրիլ 2016

Երբ Սովետական Միութիւնը լուծուեցաւ եւ Հայաստան անկախացաւ, խանդավառ սփիւռքահայուն հայրենիքին օգտակար դառնալու տրամադրութիւնը դժբախտաբար բախեցաւ հայրենի մարդուն շահախնդրութեան հետ, որուն պատճառաւ սփիւռքահայ շատ մը տնտեսական կամ ճարտարարուեստական ներդրումներ վերջ գտան կամ կասեցուեցան, եւ այդպիսով ալ Հայաստան զրկուեցաւ Սփիւռքի մէջ յաջողած մարդոց փորձառութեամբ ստեղծուելիք գիտական ու տնտեսական վերելքէն, որ կրնար Հայաստանը դարձնել արդի եւ թեթեւ ճարտարարուեստներու կեդրոն շատ մը մարզերու մէջ, ինչպիսիք են Իսրայէլ, Սինկափուր եւ Զուիցերիա։

 Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Թորոնթօ, 28 Ապրիլ 2016

Երբ Սովետական Միութիւնը լուծուեցաւ եւ Հայաստան անկախացաւ, խանդավառ սփիւռքահայուն հայրենիքին օգտակար դառնալու տրամադրութիւնը դժբախտաբար բախեցաւ հայրենի մարդուն շահախնդրութեան հետ, որուն պատճառաւ սփիւռքահայ շատ մը տնտեսական կամ ճարտարարուեստական ներդրումներ վերջ գտան կամ կասեցուեցան, եւ այդպիսով ալ Հայաստան զրկուեցաւ Սփիւռքի մէջ յաջողած մարդոց փորձառութեամբ ստեղծուելիք գիտական ու տնտեսական վերելքէն, որ կրնար Հայաստանը դարձնել արդի եւ թեթեւ ճարտարարուեստներու կեդրոն շատ մը մարզերու մէջ, ինչպիսիք են Իսրայէլ, Սինկափուր եւ Զուիցերիա։

Սփիւռքահայը իր գտնուած յառաջադէմ երկիրներուն` Եւրոպայի, Ամերիկայի, Գանատայի ու Աւստրալիոյ մէջ կը գործէր ու կը մրցէր աշխարհահռչակ ընկերութիւններու շրջանակներուն հետ եւ անկասկած պատրաստ էր իր անսահման կարելիութիւններով ու փորձառութիւններով Հայաստանը տնտեսապէս զօրացնելու ու զայն գիտական ու արհեստագիտական բնագաւառներու մէջ միջազգային կեդրոն դարձնելու։ Հայը աշխարհատարած ներկայութիւն ունի` ինչպէս հրեան։ Եւ եթէ Իսրայէլ ունեցաւ զգալի գիտական յառաջդիմութիւն օգտագործելով հրեայ սփիւռքի (diaspora) գործնական հմտութիւնը (know how) իր պետութեան հիմնադրութենէն ի վեր, ապա ի՞նչը կ’արգիլէր (եթէ ոչ շահախնդրութիւնը եւ կաշառակերութիւնը ոմանց) որ Հայաստան նոյնը չընէր, օգտագործելով սփիւռքահայուն գործնական հմտութիւնը։

Կ’ըսուի թէ Սովետական Միութիւնը արեւմտեան աշխարհին մէջ լրտեսներ գործի կը մղէր գողնալու համար անոր գիտական յառաջդիմութիւնը կամ գործնական հմտութիւնը։ Այդպիսի լրտեսութիւն ընելու կարիքը չունի Հայաստան, որովհետեւ սփիւռքահայը պատրաստ է իր գործնական հմտութիւնը տալ Հայաստանի, եթէ հոն առիթ ու մթնոլորտ ստեղծուի եւ հայրենակերտումի գործը միայն պալատ ու եկեղեցի շինելով չտարուի։

Կ’ըսուի նաեւ, թէ լաւ կատարուած գործ մը շուք ու պատիւ կը բերէ գործողին։ Վերջերս շատ աղմուկ բարձրացաւ Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ ընդդէմ Ռուսիոյ, որովհետեւ ոմանք զայրացած էին, որ ռուսը հայուն հարազատ դաշնակիցը ըլլալու դերին մէջ թերացած էր Արցախի վերջին բախումներուն ընթացքին։ Արդեօք հարց տուի՞նք թէ ի՞նչ լաւ գործ կատարած էր մեր հայրենի իշխանութիւնը, որ վաստակած ըլլար շուք ու պատիւ ռուսին մօտ։ Եթէ ռուսը տեսած ըլլար գործնական հմտութեամբ ձեռք բերուած յաջողութիւնն ու հրաշագործութիւնը հայաստանցիի եւ սփիւռքահայու փոխադարձ գործակցութեան, եւ զգար թէ բան մը ունի օգտուելիք այդ հրաշագործութենէն, վստահաբար աւելի պաշտպան կը կանգնէր մեզի, ինչպէս կ’ընէ Ամերիկան Իսրայէլի, տեսնելով անոր «լաւ կատարուած գործը»։ Չի բաւեր հպարտ ըլլալ մեր «ասլան» զինուորին մարտունակ եւ զոհաբերող ոգիով։ Ընենք այնպէս, որ մեր թշնամիներն ու բարեկամները յարգանքով վարուին մեզի հետ եւ հայ զինուորին մայրը պէտք չունենայ իր նահատակ հերոս զաւկին ցաւով տառապելու ու անոր յետ մահու տրուած մետալներով սփոփուելու։

Արցախի ճակատին վրայ վերջերս անհաւասար ուժերով մարտնչող եւ թշնամին ետ մղող մեր հերոս զինուորներու զոհաբերութեան ոգիին շուրջ հաւաքուած համազգային աննախընթաց պոռթկումը մեր ժողովուրդին, անգամ մը եւս ստեղծած է մթնոլորտ մը, որ կը յիշեցնէ հայ մարդու խանդավառութիւնը Հայաստանի անկախացման շրջանին։ Ամէն հայ, աշխարհի մէջ ուր որ ալ գտնուի, վերանորոգուած տենդով եւ օգտակար դառնալու կամքով ու կորովով պատրաստ է կարծէք Արցախի ճակատին վրայ մօտէն ու հեռուէն իր մասնակցութիւնը բերելու բազուկով, հնարքով, գրիչով, մտքով, ցոյցով եւ դրամի ուժով։

Սփիւռքահայ կեանքին մէջ տիրական ուժ ներկայացնող կազմակերպութիւնը` ՀՅԴ-ն, որուն վերջերս մուտք ընծայուեցաւ ըլլալու հայրենի իշխանութեան շարքերուն մէջ, եւ որուն աշխատակազմին հետ կը գործակցին սփիւռքահայ միւս բոլոր ազգային ուժերը, դրամահաւաքի բուռն արշաւի մը լծուած է, որպէսզի հոգայ հայրենիքի պէտքերը եւ «երես ճերմկցնէ» հայրենի իշխանութիւններուն մօտ։ Սփիւռքին կողմէ եղած դրամահաւաքը, իր բոլոր դրական ստորոգելիներով, ոչինչ պիտի փոխէ Հայաստանի մեր ժողովուրդի կեանքէն։ Արմատական փոփոխութիւն է պէտք այնտեղ, որպէսզի վերջ գտնեն շահախնդրութիւնն ու կաշառակերութիւնը իշխանաւորներուն, եւ անոնց հայրենասիրութիւնը պէտք է կեդրոնանայ ստեղծելու առիթ ու մթնոլորտ, որպէսզի Սփիւռքը կարենայ գոնէ այս անգամ իր գործնական հմտութիւնը փոխանցելու եւ կիրարկելու Հայաստանի մէջ։ Եւ եթէ կը հաւատանք վերջապէս որ սեփական ուժերով միայն կարելի է սահման պաշտպանել ու հայրենիքի համար շահեր ապահովել, այն ատեն համազգային առողջ կեցուածք ցոյց տալու կողքին, խօսինք մեր տկարութիւններուն մասին եւ փորձենք շտկել զանոնք, որովհետեւ «լեզուն տրուած է քեզ, որ սրտիդ մէջ ինչքա՜ն ազնիւ խոհեր ունես ասես անվախ ու անվարան, ոչ թէ սրտիդ մէջ ամբարես կամ բարբառես կիսաբերան … ու շիրմաքար դարձնես լեզուդ»։

Արցախի ճակատին վրայ վերջերս նահատակուած մեր ժողովուրդի հերոս զաւակները բոցավառեցին մեր խանդավառութիւնը` մասնակից դառնալու հայրենակերտումի լուրջ աշխատանքին, գործնապէս եւ ոչ երեւութապէս։ Վերանորոգուած այս ազգային կորովը ճիշդ օգտագործենք եւ զայն չվատնենք պահպանելով նախկին վիճակը (status quo)։

You May Also Like