Ազգի Հերոս Քաջ Անդրանիկ

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Լուսաբաց, 11 Ապրիլ 2015

1865 թուականի Փետրուար 25-ին ծնաւ հայ ազգի անզուգական հերոս Անդրանիկ Օզանեանը, որու աստուածատուր հմայքն ու հանճարը կռուի դաշտերուն վրայ զինք դարձուցին զօրավար ու առասպել։ Այս տա­րի, անոր ծննդեան 150-ամեակին առթիւ ամէն հայ անկասկած կը խոնարհի այդ մեծ հայուն յիշատա­կին առջեւ, որ Սասունցի Դաւիթին համազօր առասպել դարձաւ իր խիզախութեամբ։

Գուցէ Սասունցի Դաւիթի առասպելը հիւսքն է մեր անցեալի պատմաբաններուն, որոնք ուզեցին երե­ւա­կայական անձի մը մէջ զետեղել մեր ժողովուրդի անպարտելի ոգին, սակայն Զօրավար Անդ­րանիկի առաս­պելը երեւակայական հիւսք չէ պատմաբաններու, այլ` շարքն է անգերազանցելի սխրա­գործութիւններու ու հերոսապատեալ աննման քաջագործութիւններու, որուն գովքը կատարեցին ու կը կատարեն մեր երախ­տա­պարտ ժողովուրդին հին ու նոր բոլոր զանգուածները։ Անոր ունեցած եզա­կի դերը ազգային ազատագ­րա­կան արիւնոտ պայքարի կռուադաշտին վրայ ոսկետառ տողերով ար­ձա­նագրուած է մեր նահատակ բայց յա­­րուցեալ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ։

Յաճախ կ’ըսուի թէ Զօր. Անդրանիկ ծնաւ Հնչակեան, գործեց Դաշնակցական եւ մեռաւ Ռամկա­վար, ու այդպէս` կարծէք անոր կեանքը դարձաւ հանգրուանային պատկանելիութիւն` ամէնուն եւ ամէն­քին։

Հնչակեան գործիչ եւ պատմաբան Արսէն Կիտուր իր «Յուշեր ու Փուշեր» գիրքին մէջ կը յիշէ դէպք մը  Զօրավար Անդրանիկի կեանքէն, որ պատանեկան տարիքիս զայն կարդալով բռնկած էր իմ հոգին։ Հոն ան կը պատմէ թէ Զօրավար Անդրանիկին որպէս թարգմանիչ իր գործած շրջանին, գերման-օսման զինակ­ցու­թեան դէմ կռուող դաշնակից երկիրներու պատկանող քանի մը զօրավարներ (ռուս, անգլիա­ցի, ֆրան­սա­ցի եւ ուրիշներ) սեղանի մը շուրջ նստած բաժակաճառեր կ’արձակէին ու բոլորը միասին կը պահանջեն Զօ­րավար Անդրանիկէն որ ինք ալ բաժակաճառ մը խօսէր։ Երկար պնդումէ ետք, Զօրավար Անդրանիկ կը խօ­սի` ըսելով. «ԹԱՐԳՄԱՆԻ՛Ր, եւ ասա՛ թէ Զօրավար Անդրանիկը կ’ուզէ որ այս պատերազմը էլի տասը տա­րի, հարիւր տարի եւս երկարի, որպէսզի իրենց ժողովուրդներն ալ ճաշակեն մահն ու աւերը որ հայ ժողո­վուրդը ճաշակեց»։ Եւ երբ այդ ծանր խօսքը թարգմանելու տա­տամսումի եւ դժուարութեան նշաններ ցոյց կու տայ թարգմանիչ Արսէն Կիտուր, Զօրավար Անդրանիկ անոր դառնալով կը գոռայ. «Ասի ԹԱՐԳՄԱ­ՆԻ՛Ր, ու ճի՛շդ թարգմանիր», եւ տրուած թարգմանութենէն ետք կը տիրէ քար լռութիւն եւ այդ ձեւով Զօրա­վար Անդ­րա­նիկ ներկաներուն կը փոխանցէ իր արդար ցասումը եւ վիշտը իր ժողովուրդի կրած ցաւին հա­մար։

Զօրավար Անդրանիկ ստացած է Անդրանիկ Փաշա կոչումը նոյնիքն Սուլթան Համիտի կողմէ։ Կ’ըս­ուի թէ երբ Անդրանիկ կը սպառնայ չենթարկուիլ Սուլթանին ու ասպարէզ կը կարդայ անոր դէմ եւ կը հրաւիրէ անոր ուժերը որ գան ու իր հետ չափուին կամուրջի մը եզրին, Սուլթան Համիտ կը հրամայէ համբաւաւոր թուրք գնդապետի մը որ երթայ եւ Անդրանիկին լաւ դաս մը տայ… Ու երբ լուրը կը հասնի Սուլթանին որ այդ գնդապետը սպաննուած էր Անդրանիկի կողմէ, Սուլթան Համիտ իր շուր­ջիններուն կ՚ըսէ. «Անդրանիկ չաւուշ էր, հիմա դարձաւ Անդրանիկ Փաշա»։

Պատմութիւնները շատ են։ Պոլսահայ բարեկամ մը կը պատմէ թէ ասկից գրեթէ կէս դար առաջ, 1960 թուականներուն, երբ որպէս օգնական կ’աշխատէր թուրք վարպետի մը քով, անոր հետ միասին Պոլսէն հե­ռու քրտական գիւղ մը կ’այցելեն գործի բերումով։ Երբ հոն կը հասնին եւ գիւղացիին տունը կը մտնեն խան­գարուած մեքենայ մը նորոգելու համար, տան խոհանոցի կողմէն կը լսեն կնկայ մը ձայնը, որ իր զաւկին վրայ պոռալով զայն կը յանդիմանէր ըսելով՝ «քեզ Անդրանիկին պիտի տամ»։ Երբ հարց կը տրուի տան տղամարդուն իր հայ ինքնութիւնը ծածուկ պահող բարեկամիս կողմէ թէ ո՞վ է Անդրանիկը, որուն անունը մօր կողմէ կը տրուէր վախցնելու համար այդ մանուկը, պատասխան կը տրուի թէ Անդրանիկը անցեալին ապ­րած ոճրագործ մըն էր, որ սարսափ սփռած էր այդ շրջաններուն մէջ։ Ուրիշ պատմութիւն մըն ալ վերջերս լսեցի, թէ ինչպէս քիւրտ ընտանիքին սարսափ ազդող Անդ­րանիկը սասունցի հայ ընտանիքի մը կողմէ գե­րա­դասուած է տան հօրմէն աւելի։ Արդարեւ, հայաս­տա­նաբնակ նախկին սասունցի Սարուխանեան կոչուող ըն­տանիքի մը զաւակը երբ կ’ունենայ մանչ զաւակ մը եւ զայն կ’անուանէ Անդրանիկ, հակառակ սասուն­ցի­նե­րու նահապետական սովորութեան՝ որ կը պահանջէ մանչ զաւակը անուանել մեծ հօր անունով, Սարու­խան­եա­նի մեծ հայրը փոխանակ նեղուելու` զաւկին ճակատը համբուրելով զինք կը շնորհաւորէ իր մանչը Անդ­րանիկ անուամբ կոչե­լուն համար։

Այս բոլորը գիտնալէն եւ իմանալէն ետք, որքա՜ն պիտի նեղուէր արդեօք «լեկենտար» (legend) կոչ­ուող մեր Անդրանիկը, եթէ ապրէր այսօր եւ իմանար թէ Հայաստանի դեսպանատուն մը ձեւով մը խո­չընդոտած էր կամ արգելք հանդի­սա­ցած Վարդան Օսկանեանի մտքի մակարդակով մէկու մը Սփիւռ­քի հայահոծ երկրի մը այցելութեան, ուր ան հրաւիրուած էր իր հայաշունչ խօսքը փոխանցելու Հայ­կա­կան Ցեղասպանութեան հա­րիւ­րամեակը նշող հանդիսութեան եւ իր փորձառու դիւանագէտի պատ­գամը ուղղելու օտարազգի ներկանե­րուն։

Անկասկած պիտի «քիւֆրէր» կամ հայհոյէր բոլոր ժամանակներու ԱԶԳԻ ՀԵՐՈՍ ՔԱՋ ԱՆԴՐԱ­ՆԻ­ԿԸ­։

You May Also Like