«Ազդակ» օրաթերթի խմբագրապետ՝ Շահան Գանթահարեան

Հարցերը առաջադրեց՝ Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, Լիբանան, 6 Փետրուար 2010

Հ.1. Պրն. Գանթահարեան, կարո՞ղ եք ներկայացնել «Ազդակ» օրաթերթի անցեալն ու ներկան՝ Լիբանանի հայկական գաղթօջախին եւ Սփիւռքի մէջ:

Պ.1.-Նախ պէտք է ըսել, որ «Ազդակ»ը աւելի քան 80ամեայ աւանդութիւն ունի եւ անոր այսօրուան իրավիճակին իրականացումը կը պարտինք, իրերայաջորդ տնօրէններուն, խմբագիրներուն եւ ընդհանրապէս անձնակազմերուն նուիրական աշխատանքին:

«Ազդակ»ը Դաշնակցութեան Լիբանանի պաշտօնաթերթն է, միաժամանակ նաեւ առաջին հերթին ամբողջ գաղութին թերթն է: Այս երկու հանգամանքները որեւէ ձեւով իրար չեն հակասած, այլ որոշակի առումով փոխլրացուցած են իրար: Ի հարկէ առաջնորդող խմբագրականներն ու յօդուածները կը հետեւին Դաշնակցութեան քաղաքական ուղեգիծին թէ՛ համահայկական, թէ՛ հայաստանեան եւ թէ լիբանանեան ուղղութիւններով, բայց այս մէկը չ՝արգելակեր, որ քաղաքական տարբեր հայեացքներու շրջանակներ թէ աշխատակիցներ իրենց առջեւ բաց գտնեն թերթին սիւնակները:

Հարցերը առաջադրեց՝ Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, Լիբանան, 6 Փետրուար 2010

Հ.1. Պրն. Գանթահարեան, կարո՞ղ եք ներկայացնել «Ազդակ» օրաթերթի անցեալն ու ներկան՝ Լիբանանի հայկական գաղթօջախին եւ Սփիւռքի մէջ:

Պ.1.-Նախ պէտք է ըսել, որ «Ազդակ»ը աւելի քան 80ամեայ աւանդութիւն ունի եւ անոր այսօրուան իրավիճակին իրականացումը կը պարտինք, իրերայաջորդ տնօրէններուն, խմբագիրներուն եւ ընդհանրապէս անձնակազմերուն նուիրական աշխատանքին:

«Ազդակ»ը Դաշնակցութեան Լիբանանի պաշտօնաթերթն է, միաժամանակ նաեւ առաջին հերթին ամբողջ գաղութին թերթն է: Այս երկու հանգամանքները որեւէ ձեւով իրար չեն հակասած, այլ որոշակի առումով փոխլրացուցած են իրար: Ի հարկէ առաջնորդող խմբագրականներն ու յօդուածները կը հետեւին Դաշնակցութեան քաղաքական ուղեգիծին թէ՛ համահայկական, թէ՛ հայաստանեան եւ թէ լիբանանեան ուղղութիւններով, բայց այս մէկը չ՝արգելակեր, որ քաղաքական տարբեր հայեացքներու շրջանակներ թէ աշխատակիցներ իրենց առջեւ բաց գտնեն թերթին սիւնակները:

«Ազդակ»ի համասփիւռքայնացման գլխաւոր միջոցը հասկնալիօրէն «Ազդակ»ի կայքէջն է, որուն հասանելիութեան եւ տարածման նուաաճուած տարողութեան ձեւաւորման մէջ մեծ է դերը լիբանանահայ սփիւռքին: Լիբանանահայ սփիւռքը գաղութին հետ իր կապը պահելու միջոցներէն մէկը կը նկատէ «Ազդակ»ի կայքէջը, որ այսպիսով դարձած է նաեւ Սփիւռքէն դէպի գաղութ նայող պատուհան մը: Եւ փոխադարձաբար անշուշտ:
 
Կը խորհիմ նաեւ որ արծարծուած թեմաներու ոչ զուտ գաղութային կամ տեղայնացուած ըլլալը օգնած է այս հանգամանքի ձեւաւորման եւ կայացման գործին: Փաստօրէն «Ազդակ»ի աշխատակիցները այսօր ինչպէս Հայաստանէն նաեւ սփիւռքեան զանազան շրջաններէն են:
Հ.2. Ի՞նչպիսին են Ձեր յարաբերութիւնները լիբանանահայ եւ Մայր Հայրենիքի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն հետ, ինչպէս համագաղութային, այնպէս ալ համահայկական հարցերու մէջ համագործակցութեան եւ հանդուրժողական ոգիի եւ ուղիներու մէջ:

Պ.2.-Խորապէս կը հաւատամ, որ քաղաքական հայեացքներու տարբերութիւնը որեւէ ձեւով պէտք չէ արգելակէ մամլոյ կամ առ հասարակ լրատուադաշտի հարթութեան վրայ համագործակցութիւնը: Հասարակաց մտածողութիւնը շատ աւելին է քան հակասութիւնները յատկապէս համահայկական խնդինրներու պարագային: Ընդհանրապէս համաշխարհային լրատուադաշտի ներկայ բաց համակարգին մէջ հատուածայնութիւնը ժամանակակից խաղի կանոններով ղեկավարուող դրոյթ չէ ամենեւին: Բաց հաղորդակցութիւնը, այլակարծութիւնը, բազմակարծութիւնը կարեւոր են քննական մտածողութեան զարգացման համար, առանց որուն մամուլը յատկապէս այսօրուան հասկացողութեամբ իր դերէն եւ առաքելութենէն հեռու կը մնայ:

«Ազդակ»ի կազմակերպած մամլոյ լսարաններուն կը մասնակցին լիբանանահայ զանգուածային լրատուամիջոցներու թէ՛ յարանուանական եւ թէ կուսակացական-միութենական բոլո՛ր ներկայացուցիչները: Բոլորը կը հրաւիրուին միասին քննարկելու հայ մամուլին առջեւ ծառացող խնդիրները: Ըսի արդէն որ հազուագիւտ են այն աշխատակցութիւնները, կամ յօդուածները, որոնք տեղ չեն գտներ մեր թերթի էջերուն մէջ:

Նախապէս յայտարարուած է արդէն որ մեր էջերուն մէջ բացառուած է անձնական վիրաւորանքը, հայհոյախօսութիւնը: Այլապէս, մանաւանդ կառուցողական եւ շինիչ քննադատութիւնները քաջալերուած են: «Ազդակ» չէ վարանած տպելու անգամ իրեն հասցէին կատարուած ամենախիստ քննադատական նամակները:

Տարբեր առիթներով, բացի լսարաններէն կազմակերպուած են «Արարատ»ի եւ «Զարթօնք»ի հետ միացեալ ձեռնարկներ, դասախօսական երեկոներ: Եղած է նաեւ երեք թերթերու միացեալ հրատարակութիւն: Երեք թերթերու գլխաւոր խմբագրիները տարբեր առիթներով հանրութեան ներկայացած են միասին քննարկելու համահայկական հարցեր: Այլապէս մնայուն խորհրդակցութիւններ տեղի կ՝ունենան առ հասարակ հայկական մամուլի կապուած հարցերուն շուրջ:

Հայաստանի հետ համագործակցութեան բաժինը բաւարար չէ: Հակառակ անոր որ մնայուն աշխատակիցներ ունինք Հայաստանի մէջ, որոնք ամենառարկայական եւ վերլուծական հետեւողական յօդուածներով հանդէս կու գան «Ազդակ»ի էջերուն մէջ, այսուհանդերձ հայաստանեան լրատուադաշտի կամ մամլոյ գործիչներու հետ մեր կապերը մնայուն բնոյթ չունին եւ պարագայկան են: Բայց համագործակցութիւնը անշուշտ երկկողմանիօրէն պէտք է զարգանայ: Մինչ այժմ չէ ձեւաւորուած այն մեքենականութիւնը, որ պիտի համխմբէր թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մամլոյ պատասխանատուները եւ հաստատութեան տարազին տակ աշխատէր: Կարճ բանաձեւումով՝ Հայաստանի ժուրնալիստների միութիւնը պէտք է վերածուի համահայկական ժուռնալիստներու միութեան, որուն պէտք է ներառուին նաեւ սփիւռքահայ լրագրողները:

Հ.3. Ի՞նչպես կը տեսնեք Հայ եւ մանաւանդ Սփյուռքահայ մամուլին դէրը Արեւմտահայերէնի պահպանման եւ յարատեւման մէջ, որպէս կապի եւ հաղորթակցութեան միջոց:

Պ.3.-Արեւմտահայերէնի ոչ թէ զարգացման այլ՝ իրատեսական ըլլալու համար պահպանման խնդիր կայ: Սփիւռքի ուժերը կը թուին անբաւարար ըլլալ այս աշխատանքին մէջ: Լեզուն հաղորդակցութեան միջոց ըլլալով, առօրեայ օգտագործման հրամայական ունի: Միայն այդպիսով է որ լեզուն կը նորացուի նոր ըսելաձեւերով, նոր բառակերտումներով: Մէկ խօսքով ինքնանորոգմամբ: Առօրեայ օգտագործումի նուազումը հզօր ձեւով կ՝ազդէ լեզուի զարգացման գործընթացին ի հարկէ բացասական առումով:

Պէտք է այսօրուան դրութեամբ առարկայական ուսումնասիրութիւն պատրաստել, որ սփիւռքեան քանի՞ գաղութի մէջ գրական արեւմտահայերէնը կ՝օգտագործուի առօրեայ հասկացողութեամբ: Պետական նեցուկի խնդիր կայ նաեւ այս պարագային՝ լեզուն առաջին հերթին պահպանելու: Կրնայ ըսածս լաւ չընկալուիլ, բայց պայմանները կը նախանշեն, որ արեւմտահայերէնը գրաբարացումի ճամբին կանգնած է արդէն:

Մամուլը միայն մէկ մասը կրնայ ըլլալ համապարփակ ծրագիրի մը, որ ուղղակի փրկութեան աշխատանքի համազօր տարողութիւն կ՝ենթադրէ: Արեւմտահայերէնով լոյս տեսնող մամուլի թէ՛ տպագիր եւ թէ՛ ելեկտրոնային տարբերակները պարազպէս պէտք է առաւել հասանելի դարձնել նպաստած ըլլալու համար այս հիմնահարցին: Թէեւ հարցերը փոխկապակցուած են, խմբագրակազմի մարդուժը նախ ի՛նք պէտք է տիրապետած ըլլայ արեւմտահայերէնին: Եւ այդ մարդուժի պատրաստութեան աշխատանքի բացակայութիւնն է հիմնական դժուարութիւնը:

Հ.4. Ի՞նչ է Ձեր պատգամը եւ ծրագիրները որպէս խմբագրապետ:

Պ.4.-Իբրեւ անմիջական իրականացուելիք առաջադրանք կը խորհիմ, որ անյապաղ անհրաժեշտութիւնը կայ համահայկական տեղեկատուական խորհուրդի ձեւաւորման, ուր ներառուին թէ՛ հայաստանեան եւ թէ՛ Սփիւռքեան լրատուադաշտերու պատասխանատուներ: Հայկական աշխարհը լրագրողական հարթութեան վրայ պէտք է կառուցակարգել:

 

You May Also Like