Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 16 Ապրիլ 2012
6 Մայիսը հեռու չէ. այդ օր յայտնի կը դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան համամասնական ու մեծամասնական ընտրակարգերով առաջադրուած ուժերու ու թեկնածուներու վերջնական պատկերը, որպէս ստուգատես, հուսկ՝ արդիւնք:
Եթէ բացառուին կարգ մը աննշան մանրամասնութիւններ, արդէն ընտրացուցակային խճանկարը աւելի քան յստակ ու պարզ է, մանաւանդ ի տես արդէն իսկ ընտրացանկերու բացայայտումին կամ հրապարակումին:
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 16 Ապրիլ 2012
6 Մայիսը հեռու չէ. այդ օր յայտնի կը դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան համամասնական ու մեծամասնական ընտրակարգերով առաջադրուած ուժերու ու թեկնածուներու վերջնական պատկերը, որպէս ստուգատես, հուսկ՝ արդիւնք:
Եթէ բացառուին կարգ մը աննշան մանրամասնութիւններ, արդէն ընտրացուցակային խճանկարը աւելի քան յստակ ու պարզ է, մանաւանդ ի տես արդէն իսկ ընտրացանկերու բացայայտումին կամ հրապարակումին:
Բոլոր երեւոյթները, ցուցանիշներն ու նախանշանները ցոյց կու տան, որ ընտրապայքարը թեժ ըլլալու է, յատկապէս գլխաւոր այն ուժերուն միջեւ, որոնք պիտի փորձեն դառնալ խորհրդարանական մեծամասնութիւն, տիրող իշխանութիւն կամ առաջնորդող ղեկավարութիւն:
Հանրապետական կուսակցութենէն մինչեւ Ժառանգութիւն կուսակցութիւն, Ազգային Քոնկրէսէն մինչեւ անկուսակցականներ, իրենց ուղեկից թէ համակիր միաւորներով, ընտրարշաւի զօրաշարժի լծուած են, իրենց ներկայութիւնը պարտադրելու կամ զգացնելու, իրենց ժողովրդականութիւնը տարածելու կամ հաստատելու, իրենց հեղինակութիւնը յիշելու կամ վկայելու, անշուշտ, իւրաքանչիւրը իր դիտանկիւնով, մեկնարկով ու կողմնորոշումով:
Մինչեւ հոս ոչինչ կայ տարօրինակ կամ անբնական, այնքան ատեն որ, սկզբունքով թէ գործով, ըլլալիքը ժողովրդավարական կարգով հասնիլն է օրէնսդրական կառոյց՝ խորհրդարան, ներկայացնելու հայրենի ժողովուրդը:
Ճիշդ հոս է, որ այս ընտրութիւնները իրենց մէջ կը պարփակեն մե՜նծ հարցականներ, իրենց նախապատրաստութեամբ, գործընթացով ու մանաւանդ՝ իրենց կայացումով, ոչ միայն հայրենական ակնոցով, այլ՝ ինչու ոչ, նաեւ սփիւռքեան, դիտարկելու եւ արձանագրելու այն “պերճախօս” իրողութիւնները, որոնք, ինչպէս երէկ, այսօր եւս առկայ են:
Խօսքը, շա՜տ դիպուկ, կը պատկանի այս ընտրութեանց ընթացակարգին, թէ՝ ո՞րքանով ազատ պիտի ըլլայ, ո՞րքանով ժողովրդավարական եւ ո՞րքանով ընդունելի, ի դէմս, շուրջ քսան տարիէ ի վեր, խորհրդարանական թէ նախագահական ընտրութեանց զեղծարարութիւններուն, ապօրինութիւններուն ու կաշառակերութիւններուն:
Բնական է, ցարդ արձանագրուած թեկնածուներու թիւը (որ կը հասնի շուրջ հազարի՝ 131 աթոռի դիմաց), շուտով, զգալի նուազում պիտի արձանագրէ, մերթ հրաժարողներով, մերթ յուսահատողներով, մերթ ալ՝ յանձնուողներով, ,տեսնելով իրենց զուր պայքարներու… արկածախնդրութիւնը:
Այս իրավիճակը աւելի կը սրէ մրցակցութիւնը ուժային միաւորներուն միջեւ, որոնք ամէն միջոցի պիտի դիմեն իրենք զիրենք պարտադրելու կամ ամուր ենթահող շահելու փորձութիւններուն:
Կարգախօսներ, լոզունգներ ու նշանաբաններ օգտագործող ու շահագործող կողմերը, իրենց խայտաբղէտ դերակատարութիւններով, ողողած են հայաստանեան քաղաքական–հասարակական–ընտրական բեմահարթակը:
Իսկ այդ բոլորը, ի՜նչ ոգեւորութեամբ, հաճոյախօսութեամբ, ուռայայտարարութեամբ, որ մարդ կը շշմի, թէ խօսո՜ղը ով է, գոռացո՜ղը ով է, բացականչո՜ղը ով է, ապա, լսո՜ղը ով է, հնազանդո՜ղը ով է, գործադրո՜ղը ով է:
Առաջին կողմերը, պարզ չէ՞, իշխանահերոսներն են, իշխանատենջերը, իշխանամէտները, երկրորդ կողմերը՝ առաջիններէն կախեալներն են, ակնկալողները, օգտուողները, որովհետեւ, քսան տարուան փորձութիւնները ցոյց տուին, թէ ոչ միայն ոչինչ փոխուած է ընտրական ժողովրդավարութենէն, այլեւ ամէն ինչ նոյնը մնացած է, վկայութեամբը հայրենի այն “մետիայ”ին, որ կը հաստատէ վերոյիշեալները:
Կ’ըսուի թէ՝ հայաստանեան նման ստուգատեսներու պարագային կանխորոշում ընելը ամենէն դիւրին ու ճիշդ ձեւն է, մինչ այլ երկիրներու պարագային, ատիկա գրեթէ բացառուած կամ անկարելի է:
Կանխօրօք “գուշակ”ութիւնը այս ուղղութեամբ, կը բացատրուի անով, որ անկախական Հայաստանի մէջ, բոլոր մակարդակի ընտրութիւնները – նախագահական, խորհրդարանական, քաղաքապետական, մարզային, եւայլն, ի յառաջագունէ արդէն յայտնի կ’ըլլան, որովհետեւ անոնք կը գտնուին գործող իշխանութիւններու եւ ուժային լծակներու ձեռքը:
Իսկ ներկայիս, երբ շուտով կը սկսին անոնց առաջին հանգրուանները – Ազգային Ժողովի ընտրութեամբ, ո՞վ կրնայ տարակուսիլ, թէ գործող իշխանութեան պետը եւ իշխող կուսակցութեան նախագահը, ընդ հովանեաւ Սերժ Սարգսեանի, յաղթանակ պիտի չարձանագրէ:
Պարզ հաշւում մը արդէն ցոյց կու տայ ու կը հաստատէ այդ մերկապարանոց ճշմարտութիւնը, երբ նկատի կ’առնուին այն քուէարկողներու բանակը, որ կը գտնուի Սերժ Սարգսեանի տրամադրութեան տակ, ատիկա ըլլայ կառավարական աշխատակազմը, նախարարական պաշտօնէութիւնը, բանակային միաւորները, անվտանգութեան զօրասիւնները, համալսարանական ցանցերը, գիտական կառոյցները, առեւտրական գործատէրերը ու բազում այլ հաստատութիւններ:
Ասոնք բոլորն ալ իրենց հաւատարմութիւնը, հնազանդութիւնն ու համակերպութիւնը յայտնած են գործող նախագահին եւ անոր քաղաքականութեանը:
Կրնայի՞ն չտալ, կրնա՞ն չտալ, անշուշտ՝ ոչ, այլապէս ամէն ոք գիտէ իրեն սպասածը, յիշելով ու վերյիշելով անցեալի փորձերը, հետեւաբար, միթէ պարզ չէ՞ որ անոնք, կամայ թէ ակամայ, համոզուին թէ ոչ, պէտք է ընտրեն այս վարչակազմի ուղին, պահպանելու համար իրենց տեղն ու դիրքը:
Կայ աւելի զօրաւոր զէնքը. ընտրակաշառքը, որ հայաստանեան ընտրութեանց ամենէն “անմեղ” միջոցառումն է, իսկ այս իշխանութեան համար ամենէն “դիւրին”ը, քանի որ ամենէն “կարճ” ու “դիպուկ” տնօրինումն է:
Իսկ զարմանալին այն է, որ ներկայ իշխանութիւնները, որոնք չորս տարի իշխեցին (՞) Հայաստանի վրայ, անգամի մը համար՝ ճիշդ, անաչառ եւ արդար հաշուեյարդարը կամ հաշուեկշիռը ըրա՞ծ են, թէ՝ ի՞նչ ըրին երկրի բարօրութեան համար (խօսքը չի վերաբերիր շքանշաններու բաշխման ցունամիին, որ, “մաշալլա”, ոչ սկիզբ, ոչ ալ վերջ ունի), երբ տնտեսութիւնը թաւալգլոր է, ապրուստը՝ հեղձուցիչ, անգործութիւնը՝ տարածուն, մինչ արտագաղթը՝ սանձարձակ:
Թղթածրարները կուտակուած են. փշոտ ու փշաքաղող, սակայն, կը թուի թէ շատեր, ընդ որուն՝ իշխանական, այս բոլորը կը դիտեն հաւկուրութեան ակնոցով, որովհետեւ իրենց համար նախընտրելին… աթոռականն է, որ կը սկսի խոստումներու տարափով, բայց ծակ տոպրակներով, հասնելով թուլամորթականին:
Քօղարկուած Դաւադրութիւն՝ Ամբողջ Շրջաին Դէմ
Սուրիոյ Տագնապին Առիթով
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 27 Մարտ 2012
Այլեւս որո՞ւն համար պարզ ու յստակ չէ, որ Սուրիոյ մէջ պատահած դէպքերը, Մարտ 2011էն ի վեր, ո՛չ բարեկարգչական, ո՛չ յեղաշրջական եւ ո՛չ ալ վարչակարգային են, այլ՝ գերազանցապէս դաւադրական:
Դաւադրական ոչ թէ անոր նախագահը վար առնելու կամ վարչակարգը տապալելու, այլ՝ ամբողջ շրջանը, միջին–արեւելեան ու միջազգային մակարդակներով, ձեւափոխելու, կտրատելու ու մանաւանդ՝ ստրկացնելու:
Սուրիան, ինչ խօսք, արաբական երկիր ըլլալով հանդերձ, իր կառոյցով ու դրուածքով, գոյավիճակով ու բազմահամայնքութեամբ, նման չէ միւս արաբական երկիրներուն, որուն, ի վերջոյ, համոզուեցան (՞) «նախայարձակ” կողմերը, Ամերիկայէն մինչեւ Իսրայէլ, Ֆրանսայէն մինչեւ Ծոցի երկիրներ, սակայն անոնք հիմա կը փորձեն «արժանապատիւ” ելքեր ու հնարքներ փնտռել:
Դժբախտաբար, արաբական կարգ մը երկիրներու, որոնց շարքին Լիբանանի ժողովուրդներէն մեծ մաս մը այն կարճատեսութիւնն ու միամտութիւնը ունեցաւ, որ Սուրիոյ (կամ անոր վարչակարգի) անկումով, ամէն ինչ բարեյաջող կրնայ ընթանալ, երբեմն գիտակցաբար, երբեմն ալ անգիտակցաբար, չանդրադառնալով թէ ողջ տարածաշրջանը դարձած է մասնատումի ու անճիտումի նշաւակ:
Բոլոր անոնք որոնք այս ծուռ ռազմաքաղաքականութեան հաւատացող ու հետեւորդ եղած են – ու ե՛ն – արաբականութեան եւ ազգայնականութեան Սուրիա Իրաքի (կամ Լիպիոյ) ճակատագիրին ենթարկելու, այսօր, իրենք զիրենք կը գտնեն կարծր ու թանձր պատի մը առջեւ, պարզապէս անոր համար, որ հաշիւը չէին ըրած Սուրիոյ անտեղիտալի վճռակամութեան եւ անզիջող կեցուածքին:
Ո՞ վ չէր գիտեր, որ Սուրիա այրող պահանջքը ունէր ներքին բարեփոխութիւններու եւ անյետաձգելի նորարարութիւններու, սկսած իշխանութիւններէն մինչեւ ժողովրդական խաւեր:
Ո՞ վ չէր գիտեր, որ Սուրիան երկար ժամանակէ ի վեր թիրախ չէր դաւաճանական ու դաւադրական գործողութիւններու, արտաքին թէ օտարամուտ տարրերէ:
Այսօր, այս բոլորը աւելի քան յստակ դարձած են, մէկ կողմէն՝ բազմաթիւ գործօններու վերատեսութեամբ – սահմանադրական, ընտրական, եւայլն, միւս կողմէն՝ Սուրիան խեղանդամ ընելու ճիգերով:
Ապահովութեան Խորհուրդին (իմա՝ ՄԱԿին) այս նախանձախնդրութիւնը ուրկէ՞ կու գայ սուրիացի ժողովուրդին նկատմամբ, սիրո՞ յ, խղճի՞ , փրկութեա՞ն կամ խաղաղութեա՞ն տուեալներէն, բայց, ինչո՞ւ տարբեր առիթներով ու հանգրուաններով, նոյն վերաբերմունքը տեղի չէ ունեցած:
Արաբական Լիկան, որ իր ծնունդէն եւ յատկապէս վերջին երկտասնամեակին, անզօր եւ անգոյն հիմնարկութիւն մըն է, այս ի՜նչ զարթօնք կ’ապրի արաբական հիմնադիր–երկրի մը նկատմամբ նման հոգածութիւն սնուցանելով, երբ ոչ Իրաքի (2003), ոչ ալ Լիբանանի նկատմամբ (2006) այդ «խնամատար” դիրքը բռնեց:
Աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր, որ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, գտնուէր իր անաչառ եւ անկողմնակալ դերակատարութեան մէջ, նախքան իր տափակ յորդորներն ու սպառնալիքները թափելով, իսկ Արաբկաան Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապին, իր հերթին, աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր, որ իր սլացքները աջ ու ահեակ արձակելու փոխարէն, քիչ մըն ալ զբաղէր իր հայրենիքի՝ Եգիպտոսի մռայլ ճակատագիրով:
Դժբախտաբար, թէ՛ մէկը, թէ՛ միւսը, աժան եւ անհիմն երեւոյթներու վրայ գրաւ կը դնեն, աւելի ճիշդ՝ կը գործադրեն այն «հրահանգները”, որոնք իրենց կը պարտադրուին, որովհետեւ, բուն նպատակը, ինչպէս ըսուեցաւ, արաբական ամբողջ աշխարհը պորտազրկել, պորտախեղդել կամ պորտահանելն է:
Ռուսիան ու Չինաստանը, որոնք համոզումի ու «վեթօ”ի իրաւունքով, անընդունելի գտան Ամերիկայի եւ ընկերներու Սուրիան ընկճելու ու ճզմելու դիտաւորութիւնները, միակ կացութիւնը կայունացնելու միջոցը նկատեցին քաղաքական երկխօսութիւնը՝ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ:
Ներկայիս, այդ խաղաթուղթը յաղթանակ արձանագրած է, որովհետեւ զինուորական միջամտութիւնը, որուն մասին յամառօրէն կը խօսէին արտաքին թէ արաբական կողմեր, բացառուած են. տեսնելով թէ ատիկա պատուհասաբեր է բոլորին համար, մնաց որ սուրիացիներուն մեծ մասը համաձայն չէ այդ ընտրանքին, իսկ բանակը կը մնայ հզօր ուժ մը:
Ըստ արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներու, օրինակի համար, Ֆրանսան արդէն իսկ փոխած է իր դիրքը Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ, նախ հասկնալով այս հանգոյցին խճճուածութիւնը, ապա՝ կլանուած ըլլալով իր նախագահական ընտրութիւններու նախապատրաստութեամբ:
Այլեւս, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալէն Ժիւփփէն, որ միշտ կը յանկերգէր Պաշշար Ասատի գահընկէցութենէն ու զինուորական միջամտութենէն, փոխած է իր լեզուն, պահանջելով զինադադար ու մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու կարելիութիւն:
Նոյնն է պարագան Ամերիկայի, որուն արտաքին գործոց նախարարուհի Հիլարի Քլինթըն, քանի մը շաբաթներ առաջ, պատրաստ էր ընդդիմութեան զէնք (ու նիւթական) տրամադրել. մինչ այսօր հրաժարած է անկէ, որ, ըստ իրեն, կրնայ ներքաղաքացիական պատերազմի պատճառ դառնալ, ակնկալելով որ նոր բանագնաց Քոֆի Անան յաջողի իր խաղաղասիրական առաքելութեան մէջ:
Այս վերջին իրադարձութիւնները ի՞նչ կը նշանակեն, եթէ ոչ այն, որ ցարդ կիրարկուած քաղաքական բռնամիջոցները Սուրիոյ դէմ, չկրցան ու չեն կրնար իրենց ախորժակներուն գոհացում տալ կամ Սուրիան կրնայ միգուցէ համակերպիլ կամ կքիլ այդ բոլորէն:
Վերջին հաշուով, լուծումի ճամբուն վրայ գտնուող միակ ուղին կը նկատուի արաբական–միջազգային–եւրոպական–ռուսական առանցքը, ուր ողջախոհութիւնը, արդարութիւնն ու երկխօսութիւնը դառնան տիրող ու գործող կարգախօսներ:
Անան՝ վիճակը խիստ վտանգաւոր գտնելով հանդերձ, զգուշաւոր լաւատեսութիւն մը կը յայտնէ, այնքան ատեն որ սուրիական բոլոր կողմերը պատրաստ են զօրակցելու իր առաքելութեան, պայմանաւ որ, սակայն, դաւադրութեանց հեղինակները վերջ տան ահաբեկչական ու քանդողական գործողութիւններուն:
Եթէ յիշեալ գործընթացը շարունակուի, թէկուզեւ որոշ ժամանակի մը հեռաւորութեամբ, տագնապը կրնայ հետզհետէ տերեւաթափուիլ, այլապէս անխուսափելին… անխուսափելի կը դառնայ ամբողջ շրջանին համար: