“Ալ Գրելու Ուժ Չմնաց”

Հրայր Ճէպէճեան, Կիպրոս, 23 Ապրիլ 2013

Հօրենական կողմէ մեծ մօրս  մայրը՝ երիցուհի Մարիամ Մելքոնեան-Գունտաքճեանի նամակն է՝ Հասան Պէյլիէն գրուած՝ 7 մայիս 1909-ին՝ իր զաւակներուն, «Երանի ստիպուած չըլլայի այս պատահած ահռելի դժբախտութիւններուն մասին գրելու ձեզի։ Պիտի նախընտրէի ցաւս առանձինն կրել ու ձեզ խնայել տառապանքէ, սակայն յարմար նկատեցի գրելը, որովհետեւ, ինչ ալ ըլլար, մի կերպ պիտի լսէիք թէ ի՞նչ պատահեցաւ»։

Բայց ինչպէ՞ս Մարիամ կրնար «ստիպւած» չըլլար գրելու այս «ահռելի դժբախտութիւնը», որ պատահեցաւ իրեն եւ հայ ժողովուրդին 1909-ին։

Հրայր Ճէպէճեան, Կիպրոս, 23 Ապրիլ 2013

Հօրենական կողմէ մեծ մօրս  մայրը՝ երիցուհի Մարիամ Մելքոնեան-Գունտաքճեանի նամակն է՝ Հասան Պէյլիէն գրուած՝ 7 մայիս 1909-ին՝ իր զաւակներուն, «Երանի ստիպուած չըլլայի այս պատահած ահռելի դժբախտութիւններուն մասին գրելու ձեզի։ Պիտի նախընտրէի ցաւս առանձինն կրել ու ձեզ խնայել տառապանքէ, սակայն յարմար նկատեցի գրելը, որովհետեւ, ինչ ալ ըլլար, մի կերպ պիտի լսէիք թէ ի՞նչ պատահեցաւ»։

Բայց ինչպէ՞ս Մարիամ կրնար «ստիպւած» չըլլար գրելու այս «ահռելի դժբախտութիւնը», որ պատահեցաւ իրեն եւ հայ ժողովուրդին 1909-ին։

Մարիամ աւարտած էր Հասան Պէյլիի ծիսական դպրոցը՝ հոն սորված Մեսրոպեան տառերը, որոնք արմատացած էին իր մտքին ու հոգիին մէջ, որմէ ետք իր բարձրագոյն ուսումը առած էր Այնթապի Աղջկանց նորաստեղծ վարժարանին (Սեմիներիի) մէջ։ Ան իր ամբողջ կեանքը նուիրեց Աստուծոյ, եկեղե- ցիին եւ իր շրջապատին՝ խօսելով ու քաջալերելով զիրենք, եւ Քրիստոսի Յոյսի պատգամը փոխանցելով մարդոց։ Ամուսինը՝ վեր. Յակոբ Գունտաքճեանն էր, որ Հասան Պէյլիի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւն էր, որուն հետ Մարիամ կազմած էր բազմանդամ ընտանեկան յարկ մը՝ 13 զաւակներէ բաղկացած։

Եւ Մարիամ կը շարունակէ գրել «Աղէտին» մասին։ «Աղէտը տեղի ունեցաւ կայծակի նման։ Արցունքով կը գրեմ ձեզի։ Ձեր հայրը աւելի բախտաւոր էր՝ քան մենք, որովհետեւ ան սպաննուեցաւ Ատանայի ճամբուն վրայ, բոլորէն առաջ ու չտեսաւ մեր գիւղին վրայ կատարուած անակնկալ, բայց ծրագրուած յարձակումը։ Չտեսաւ իր գիւղին այրուիլը, չլսեց սարսափահար աղերսանքը, քստմնելի ու անգութ կրակոցը թշնամիին։ Չտեսաւ իր հարազատներուն ջարդուիլը՝ մէկը միւսին ետեւէն։ Չտեսաւ զաւակներուն, քոյրերուն ու եղբայրներուն եւ ազգականներուն գնդակահարուիլը…»։

Վեր. Յակոբ Գունտաքճեան 12 ապրիլ 1909-ին, Ատանա ճամբորդութեան ընթացքին, մասնակցելու համար Կիլիկիոյ Աւետարանական եկեղեցիներու տարեկան համագումարին, ինք եւ իր եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը՝ 23 անդամներ Օսմանիէի մօտակայ վայրի մը մէջ սպաննուած էին։ Մարիամին մխիթարութիւնը այն էր, որ իր ամուսինը չտեսաւ այս բոլորը՝ աւելի քան 25 ընտանիքի անդամներու նահատակութիւնը։ Ու տակաւին, ան չտեսաւ իր աւելի քան երեսուն տարիներու հովուած եկեղեցիին «անյայտացումը»՝ եւ իր շատ սիրած գիւղին «տուներու հրկիզումը, այգիներու ու պարտէզներու քանդուիլը»։ Եթէ Մարիամ «մխիթարուած էր», որ իր ամուսինը չտեսաւ այս բոլորը, բայց ան պիտի ապրէր, որպէսզի մէկ-մէկ փորձէր «ապ- րուած նահատակութիւնը» եւ անոր արհաւիրքը՝ տարիներու վրայ երկարած…։

Իսկ արհաւի՞րքը…։

«Ուրբաթ, 16 ապրիլին խումբ մը վայրագ թուրքեր, քիւրտեր ու չերքէզներ յարձակեցան Հասան Պէյլիի վրայ։ Մեր երիտասարդները իրենց սահմանափակ զինամթերքով քանի մը ժամ հերոսութեամբ դիմադրեցին ու մեզ պաշտպանեցին…։ Սակայն թշնամիին մարախի նման ներխուժումը ստիպեց մեզ շրջակայ բլուրներուն վրայ ապաստան գտնելու։ Այդ բարձունքին վրայ համախմբուեցանք, իրարու փաթթուելով միասին աղօթեցինք ու Աստուծմէ խնդրեցինք որ մեզ փրկէ։ Զիրար ողջագուրելով, զիրար քաջալերեցինք եւ ուխտեցինք մինչեւ մահ հաւատարիմ մնալ մեր հաւատքին»։

Եւ Մարիամ հաւատարիմ մնաց իր հաւատքին, նոյնիսկ երբ ան ճաշակեց իր հարազատ զաւակներուն նահատակութիւնը…։ Մարիամի զաւակներէն Օգոստինը ընկերներուն հետ գացած էր Խառնը՝ ողնայարի ցաւէ կազդուրուելու համար։ Ան երբեք չվերադարձաւ տուն…։ Անոր դիակը գտնուեցաւ Ճիհան գետին մէջ նետուած…։ Ու կը շարունակուի Մարիամի հաւատարմութիւնը իր հաւատքին…։ Ռոպերթը՝ իր 14-ամեայ զաւակը դէպի Պախճէ ճամբորդութեան ընթացքին, խումբ մը ընկերներու հետ, զինեալ մարդիկ իրենց վրայ յարձակելով կը սպաննեն բոլորը եւ Ռոպերթը վիզէն դանակով վիրաւորուած, կը մնայ արիւնլուայ դիակներու մէջ՝ կիսամեռ։ Ուշքի գալով՝ վզին վէրքը իր գօտիով կապելով կը փախչի ու կը պահուըտի Գուլիա կոչւած մօտակայ գիւղի մը ջաղացքին մէջ…։ Եւ կը պատահի անսպասելին։ Թուրքեր գտնելով զինք՝ դուրս կը բերեն ջաղացքէն…։ Պատանի Ռոպերթ կը պաղատի որ խնայեն իր կեանքը…։ Բայց անօգուտ…։ Թուրքերը կը սպաննեն զինք՝ կրակելով գլխուն… Ռոպերթի դիակը կը մնայ անթաղ եւ միայն բաւական ժամանակ մը ետք է, որ խուզարկող գիւղացիներ կը գտնեն անոր ոսկորները եւ ցնցոտիները….։

Մարիամ «շալկեց» այս բոլորը…։ Եւ կը շարունակէ գրել՝ «Մեզ կիներս աքսորեցին դէպի Պախճէ…։ Սպառնացին մեզ մեռցնել, եթէ իսլամութիւնը չընդունէինք։ Բոլորս ալ բոպիկ ենք, չափազանց յոգնած։ Կիսամեռ վիճակի մէջ ենք։ Մեր ոտքերէն արիւն կը հոսի…»։

 

Բայց արդեօք միայն Մարիամի ոտքերէ՞ն արիւն հոսեցան։ Մարիամ նոյն այս արիւնը «շալկեց» հետը մինչեւ 1915՝ Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը…։ Ան ապրեցաւ իր մէկ այլ զաւկին՝ վեր. Տիգրան Գունտաքճեանի նահատակութիւնը…։ Քեսապի հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ՝ 1908 թուականէն սկսեալ, մօր Մարիամի իսկ վկայութեամբ՝ «Եղեռնի դժնդակ այդ օրերուն ալ՝ վեր. Տիգրան գտաւ Ամենազօրին հաճելի ընթացք մը բռնելու պահանջը, ինքնամոռաց ծառայել իր դժբախտ ժողովուրդին»։ Վեր. Տիգրան Գունտաքճեան իր երեք զաւակները յանձնելով մօրը՝ Մարիամի, նկատի ունենալով որ կինը մահացած էր 1913-ին՝ հիւանդութեան պատճառով, իր ժողովուրդին հետ կը բռնէ գաղթականութեան ճամբան։ Ան կը փորձէր բոլորին հասնիլ՝ օգնութեան ձեռք երկարելով առանց խտրութեան։ «Յոգնիլ չգիտցող հայորդին» էր վեր. Տիգրան, որուն հոգին եթէ տոկաց, սակայն ֆիզիքական մարմինը չկրցաւ տանիլ այդ բոլորը։ 1915 սեպտեմբեր 1-ին ան կը վարակուէր թիֆուսի հիւանդութեամբ։ Վեր. Տիգրան Գունտաքճեանի վերջին վկայութիւնը՝ գրուած մօրը՝ Մարիամին. «Դիմացս երեք լոյսեր կան (կ’ակնարկէր Հօր, Որդի եւ Ս. Հոգիին-ընդգծումը մեր կողմէ)՝ մէկն ալ գաղթականինը թող ըլլայ…»։ Եւ այդ «գաղթականին լոյսով» շիջեցաւ վեր. Տիգրան Գունտաքճեան, նոյնինքն հայ գաղթականներուն հետ եւ անոնց համար։ Դիակը մնաց անթաղ ու անյայտ։ Բայց կարելի՞ է թաղել անոր անունը եւ յիշատակը, բայց անպայմանօրէն՝ անոր վարկն ու գո՞րծը։

Անկախ այն իրավիճակէն, որ կացութիւնը աննպաստ էր, վեր. Տիգրան երբեք չվարանեցաւ եկեղեցաշէն աշխատանքի լծուելու։ 1909 թուականէն սկսեալ, ան ձեռնարկեց Քեսապի մէջ եկեղեցաշինութեան աշխատանքի։ Եկեղեցիին կառոյցը բարձրացած էր եւ պատրաստ՝ վրան գոցուելու, երբ վրայ հասան 1915-ի Ցեղասպանութիւնը եւ տեղահանութիւնը։ Եկեղեցին մնաց անաւարտ ու վրան բաց…։ Մանկութեանս ու պատանեկութեանս տարիներուն, 1960-ական թուականներուն, երբ ամառները Քեսապ կը գտնուէինք ամրան արձակուրդով, հայ Աւետարանական Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցւոյ անաւարտ շէնքին մէջ յաճախ կը խաղայինք որպէս մանուկ-պատանիներ։ Այդ օրերուն, որպէս պատանիներ, մեզի համար եկեղեցւոյ անաւարտ շէնքը պարզապէս խաղավայր էր՝ խոտերով ծածկուած։ Մեր մեծնալու տարիքին հետ պիտի սորվէինք եւ անդրադառնայինք, որ նոյնինքն այդ եկեղեցիին մէջ եթէ մէկ կողմէ կար արիւն, արցունք, մահ եւ նահատակութիւն, միւս կողմէ կար հաւատք ու պատմութիւն, որ շարունակական էր։ Հաւատքը վեր. Տիգրան Գունտաքճեանին եւ իր ժողովուրդին, որ գիտցաւ տոկալ ու գոյատեւել։ Հետագային, Հայ Աւետարանական Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցին վերաշինուեցաւ (1970-ին) վեր. Տիգրան Գունտաքճեանի քրոջ՝ Եւնիկէ Ճէպէճեանի ջանքերով։ Այսօր եկեղեցին կանգուն է իր շէնքով եւ ժողովուրդով, որպէս կենդանի վկայութիւն նոյնինքն հայուն շարունակուող հաւատքին ու պատմութեան։

Բայց Մարիամին նամակը կը շարունակ-ւի. «Մարդու կեանքը, ո՜հ գարուն մըն է լոկ, որ կը յայտնուի ու կը կորսուի շուտով», բայց ոչ հաւատքը՝ որովհետեւ Մարիամ կը գիտակցի ու կը խթանէ իր զաւակներուն, որ՝ «… մեզի համար մի՛ լաք, այս անբացատրելի ճգնաժամային օրերուն ջանացէք կարօտեալներուն օգնել»։

Մարիամ մահացաւ 1939-ին, Հալէպի մէջ։ Մինչեւ իր խոր ծերութիւնը ան ապրեցաւ նոյնինքն այդ հաւատքին տեսլականով, միշտ փորձելով հասնիլ բոլորին՝ խրախուսելով զիրենք դիմագրաւելու կեանքի տարբեր դժուարութիւնները ու տակաւին գրելով եւ քարոզելով կրօնաբարոյական եւ հոգեւոր նիւթերու շուրջ։ Իր կեանքին ընթացքին կորսնցուց ամուսինը եւ եօթը զաւակները (ու տակաւին հարազատները), այսուհանդերձ, ընկճուիլ չգիտցող Մարիամը բոլոր փորձառութիւններու մէջէն դուրս եկաւ յաղթական։ Ան իր յաղթական երթով «ճեղքեց» ամէն արիւն, վիշտ, արցունք ու տառապանք՝ ու տակաւին «ապ-րուած նահատակութիւնը»՝ մինչեւ որ հասաւ հոն, եւ ինչպէս իր նամակը եզրափակեց ըսելով՝ «ալ գրելու ուժ չմնաց…»։

Եթէ գնաց Մարիամին ուժը, բայց մնաց նոյնինքն այդ ուժին յառաջացուցած կեանքը եւ այդ կեանքին նկատմամբ հաւատքը։ Հաւատքը՝ ապրելու եւ վերապրելու, որ Ցեղասպանութեան (իր տարբեր հանգրուաններով) արհաւիրքէն դուրս եկաւ յաղթական, որպէս կենդանի իրականութիւն իր ազգային-քրիստոնէական դիրքորոշումներով։

Մարիամին ուժը սպառեցաւ, որովհետեւ Մարիամ ո՛չ միայն ապրեցաւ այդ ուժը, այլ փոխանցեց զայն մեզի, որպէս կեանքի հաւատք ու ապրելու շարունակականութեան մէկ մեծ մարտահրաւէր։

Եւ այս հայուն պատմութիւնն է եւ այս պատմութեան ընթացքին անոր ստեղծած «ուժը»։ Ուժը հայուն՝ անոր հաւատքին, որ կը նորոգէ եւ կը նորոգուի եւ կը շարունակէ իր յաղթական երթը…

Եթէ «գրելու ուժ չմնաց», բայց մնաց «ապրելու ուժը», որովհետեւ հայ «Մարիամները» գիտակցեցան, որ տեղի պէտք չէ տան՝ քանի տեսան իրենց ժողովուրդին վերապրելու տեսլականը, այսօր եւ վաղը։

Մարիամին ուժը, բայց անպայմանօրէն՝ հայուն ուժը։

Եւ այս ուժին մէջն է հայուն պատմութեան եւ պահանջատիրութեան շարունակականութիւնը։

 

You May Also Like