Յարութիւն Իսկահատեան, Պէյրութ, 4 Յունիս 2016
Երկար սպասումէ ետք քայլ մը յառաջ կ'ընթանայ Հայկական Հարցը, գերմանական Պունտսթակի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով: Հայրենիքն ու Սփիւռքը օրն ի բուն մաքառեցան անցած տարիներուն, որպէսզի նման նուաճումներ ձեռք ձգեն: Անշուշտ այս ճանաչման իսկական դրդապատճառները գալիք դէպքերու նախագծումն են սեփական շահերը ապահովելով, սակայն մղիչ ոյժը միշտ կը կայանայ հայկական պահանջատիրութեան եւ հետապնդման մէջ: Հայը միշտ ալ պարտականութիւն եւ ընելիք ունի: Այս պատճառով պարտաւոր է ան արթուն եւ զգաստ մնալ:
Հայկական Հարցը Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի մէջ տիրող կացութենէն անկարելի է անջատել: Միջազգային հզօր ոյժերը ամէն տեղ ներկայ են: Դէպքերը ցոյց կու տան թէ Թուրքիա տագնապալի կացութեան մը մէջ մխրճուելու կը մօտենայ օրէ օր: Թրքական ուրացումի քաղաքականութիւնը անօգուտ ըլլալ կը փաստուի ներկայիս: Ցեղասպանութեան դրժումը անիմաստ է: Կարիք չկայ այլեւս ուրիշ հզօր պետութիւններու` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումներուն սպասելու, այս եզրակացութիւնը ընելու համար:
Երկար սպասումէ ետք քայլ մը յառաջ կ'ընթանայ Հայկական Հարցը, գերմանական Պունտսթակի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով: Հայրենիքն ու Սփիւռքը օրն ի բուն մաքառեցան անցած տարիներուն, որպէսզի նման նուաճումներ ձեռք ձգեն: Անշուշտ այս ճանաչման իսկական դրդապատճառները գալիք դէպքերու նախագծումն են սեփական շահերը ապահովելով, սակայն մղիչ ոյժը միշտ կը կայանայ հայկական պահանջատիրութեան եւ հետապնդման մէջ: Հայը միշտ ալ պարտականութիւն եւ ընելիք ունի: Այս պատճառով պարտաւոր է ան արթուն եւ զգաստ մնալ:
Հայկական Հարցը Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի մէջ տիրող կացութենէն անկարելի է անջատել: Միջազգային հզօր ոյժերը ամէն տեղ ներկայ են: Դէպքերը ցոյց կու տան թէ Թուրքիա տագնապալի կացութեան մը մէջ մխրճուելու կը մօտենայ օրէ օր: Թրքական ուրացումի քաղաքականութիւնը անօգուտ ըլլալ կը փաստուի ներկայիս: Ցեղասպանութեան դրժումը անիմաստ է: Կարիք չկայ այլեւս ուրիշ հզօր պետութիւններու` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումներուն սպասելու, այս եզրակացութիւնը ընելու համար:
Քանի մը տարի առաջ, Թուրքիա Արաբական Աշխարհի մէջ կարեւոր դեր մը վերցնելու եւ Միջին Արեւելքի ոստիկանը դառնալու նպատակով, մարդկային իրաւունքները պաշտպանողի դիմակով նաւարկեց մինչեւ պաղեստինեան Կազա ու փախեցաւ իրեն դաշնակից Իսրայէլի հարուածող խարակին: Անկէ ետք ինքնապաշտպանութիւն պատրուակելով ռուսական «սուխոյ»ին յաղթել կեղծեց, միայն ու միայն Ճերմակ Արջին ցասումին արժանանալով եւ բնականաբար դիւանագիտական ու տնտեսական մեծ վնասներ կրեց ու տակաւին պիտի կրէ: Թուրքիա մինչեւ հիմա կ'անգիտանայ թէ Միջին Արեւելքի մէջ հզօր պետութիւններու ձեռքին մէջ հոս ու հոն շարժուող ճատրակի քարէ մը աւելի չէ: Ու տակաւին Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ, Իրանի եւ Իսրայէլի հետ հաշիւներու խառնիճաղանճ կայ: Հապա քրտական հարցը…
Անցած տարիներուն եւ մինչեւ այսօր բացայայտ է Թուրքիոյ ժխտական դերը Սուրիոյ տագնապին մէջ, քաղաքական թէ զինուորական: Ան դաշնակից է Արեւմուտքի, Ռուսիոյ եւ համայն աշխարհի կողմէ դատապարտումի արժանացած ահաբեկչական կազմակերպութիւններու: Այս հարցին մէջ ալ թրքական ուրացումը արժէք չունի: Թրքական արարքներուն դէմ հակազդեցութիւնները հետզհետէ կը միտին աւելի վճռական դառնալ: Վերջ ի վերջոյ Թուրքիոյ դաշնակիցներն են որ անոր սանձարձակութիւններուն վերջ մը պիտի դնեն, նկատի առնելով անոր արարքներուն հասցուցած վնասները իրենց շահերուն:
Սեփական պատմութեան հետ առ երես գտնուելով, Գերմանիա իր սխալը կը փորձէ ուղղել եւ խրատել իրեն դաշնակից Թուրքիան նոյն քայլին դիմելու: Այսօր տասնամեակներ անցած են հրէական Հոլոքոսթի ճանաչման եւ հրեայ ժողովուրդին հատուցման գործընթացէն:101 տարի ետք ահաւասիկ Գերմանիա իր սեփական պատմութեան հետ կը հաշտուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով: Ալ ի՞նչ կը մնայ Թուրքիոյ համար…Տակաւին Թուրքիա իր սեւ գործերուն մէջ մխրճուած կը մնայ: Ան Հայոց Ցեղասպանութեան խնդիրով ասկէ ետք միայն ինքզինք դատապարտութեան կը մատնէ: Իրեն մեղսակից Գերմանիան ամէն ինչ կը խոստովանի: Հայոց դէմ կատարուած բռնարարքներուն` նուազագոյնը յիշելու համար, Մեծ Եղեռնի օրերուն գերմանացի սպաներ եւ զինուորներ թուրք զինուորներու հետ հայ աղջիկներ բռնաբարեցին ու սպաննեցին…հիմա գերմանացիներու նոր սերունդները կը խոստովանին իրենց պապերուն մեղքերը: Ալ ինչ կը մնայ թուրքերու նոր սերունդներուն…
Մինչեւ օրս, Թուրքիա առիթ կը փնտռէ պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսալու համար: Պատմութեան մէջ միշտ ալ այդպէս ըրած է: Մեծ Եղեռնի օրերուն օտարներէ պարպուած Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ հայոց դէմ ահռելի ոճիրներ գործեցին թուրքերը, խորհելով թէ ծածուկ պիտի մնան իրենց վատ արարքները: Այդ դժոխային վիճակէն վերապրող հայեր ապագային իրենց ականատեսի վկայութիւնները թուղթին յանձնեցին եւ աշխարհով մէկ տարածեցին: Գերմանացի զինուորներ իրենց լուսանկարչական սարքերով թուրքերու կատարած ոճիրները նկարեցին: Օտար միսիոնարներ, հիւպատոսներ եւ նոյնիսկ դեսպաններ իրենց բոլոր տեսածները ու լսածները լոյսին տուին: Ալ ի՞նչ կը մնայ թուրքին…
Ներկայիս, Սուրիոյ մէջ Թուրքիա իր ահաբեկիչ դաշնակիցներու ձեռքով հայեր կը սպաննէ եւ հայկական կառոյցներ կը քանդէ: Տակաւին քանի մը օր առաջ Հալէպի Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ չորս անմեղ հայեր զոհուեցան Թուրքիոյ դաշնակից ահաբեկիչներու գնդակներէն: Կրկին Սուրիոյ մէջ, Մեծ Եղեռնի յուշակոթողի եւ եկեղեցւոյ շէնքը Տէր Զօրի Մարկատա շրջանին մէջ, Թուրքիոյ արիւնոտ ձեռքին հետքերը կը կրեն: Թուրքը հոնկէ ալ անցաւ…
Թուրքերը եւ քիւրտերը Մեծ Եղեռնի օրերուն միասնաբար կեղեքեցին, չարչարեցին ու սպաննեցին հայերը: Այսօր ամէն տեղ անոնք իրար կը յօշոտեն: Հատուցման ժամը կը հնչէ: Չարը իր պատիժը կը ստանայ: Քիւրտը այսօր կիսապաշտօնական ձեւով կը խոստովանի թուրքերուն հետ մեղսակցաբար իր գործած ոճիրները: Ալ ի՞նչ կը մնայ թուրքին…Այսօր թրքական մոխիրին տակ կրակ ամբարուած է: Ամէն կողմ խլրտում եւ վայրագ միջոցներով բռնատիրական արարքներ կը գործադրուին քիւրտերու դէմ: Հայը յաջողած է Թուրքիոյ Խորհրդարանին մէջ ձայն բարձրացնել եւ լիահագագ գոչել "Ոճրագործ թուրքեր", յանձինս հերոս Կարօ Փայլանի: Տակաւին թուրքը յամառօրէն կը կառչի պատմութիւնը խեղաթիւրելու արարքին, առանց նկատի առնելու թէ այլեւս ոչ ոք կը հաւատայ իրեն: Ան առիթ չի փախցներ իրեն ցեղակից ու դաշնակից, շքանշան ստացած ազերի ոճրագործները շարժել հայոց դէմ, Արցախի սահմաններուն վրայ: Ան ամէն տեսակ օգնութիւն կը փութացնէ անոնց: Վերջերս Թուրքիա յանդգնութիւնը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան օդային սահմանները բռնաբարել: Յիմարութեան գագաթնակէտն էր այդ: Այս արարքները ցոյց կու տան թէ Թուրքիա շփոթած վիճակի մը մատնուած է եւ օրէ օր կը մօտենայ անդունդին:
Որքան տեղին է յիշել Սուրբ Գրային խօսքը, որ կ'ըսէ.
ՙՎա՜յ քեզի, ո՛վ կործանող, որ դուն չկործանեցար.
Վա՜յ քեզի, ո՛վ յափշտակող, որ քեզ չյափշտակեցին:
Երբ դուն կործանելը լմնցնես, Քե՛զ պիտի կործանեն.
Երբ յափշտակելէ դադրիս, Քե՛զ պիտի յափշտակեն:
(Մարգարէութիւն Եսայեայ, 33:01)
Ի տես այս բոլորին, ի՞նչ է հայուն կեցուածքը այս օրերուս: Հայը բոլոր հաւանականութիւններուն պարտի պատրաստ ըլլալ: Այս տարուան Ապրիլի սկիզբը Արցախի սահմաններուն ազերիական յարձակումները ցոյց տուին թէ ան պէտք եղածին չափ պատրաստ չէ դիմագրաւելու մարտահրաւէրները: Թերութիւնները բազմաթիւ էին, մանաւանդ մարտական առումով:
Ինքնապաշտպանութեան համար, մարտական պատրաստութեան զուգահեռ հայը կարիքն ունի քաղաքական հասուն միտքի եւ դիւանագիտական ճկունութեան: Գալիք օրերը յղի են նոր մարտահրաւէրներով: Նոր "հերիսա"յի կաթսա մը կը պատրաստուի: ի՞նչ պիտի տան հայուն: Ոչինչ: Հայը ինք պիտի առնէ: Ան պէտք է առնէ ինչ որ ինք կ'ուզէ եւ ոչ թէ ստանայ ինչ որ կու տան…
Պատրաստ Ըլլանք: