Ահաբեկչութիւն՝ Ահաբեկչութեան Կարգով

Եւ Ահաբեկչական Գործընթացով

Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 13 Յունուար 2015

Ահաբեկչութիւնը՝ իր զանազան դրսեւորումներով ու զարգացումներով, տարողութիւններով ու խորաչափութիւններով, ահաւորութիւններով ու բարբարոսութիւններով, զոհերով եւ աւերներով, ողողած է ամբողջ աշխարհը, յատկապէս այն գօտիներն ու շրջանները, ուր կան մեծապետական երկիրներու շահեր եւ ընչաքաղցութիւններ:

Համաշխարհային երրորդ պատերազմը, անպաշտօրէն, արդէն հռչակուած է, բայց, երեւելի «գործնական արդիւնքներով», ի տես անոր չարաբաստիկ հետեւանքներուն, անչափելի պատուհասներուն ու շարունակուող այլանդակութիւններուն:

Եւ Ահաբեկչական Գործընթացով

Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 13 Յունուար 2015

Ահաբեկչութիւնը՝ իր զանազան դրսեւորումներով ու զարգացումներով, տարողութիւններով ու խորաչափութիւններով, ահաւորութիւններով ու բարբարոսութիւններով, զոհերով եւ աւերներով, ողողած է ամբողջ աշխարհը, յատկապէս այն գօտիներն ու շրջանները, ուր կան մեծապետական երկիրներու շահեր եւ ընչաքաղցութիւններ:

Համաշխարհային երրորդ պատերազմը, անպաշտօրէն, արդէն հռչակուած է, բայց, երեւելի «գործնական արդիւնքներով», ի տես անոր չարաբաստիկ հետեւանքներուն, անչափելի պատուհասներուն ու շարունակուող այլանդակութիւններուն:

Սակայն, ո՞վ ծնունդ տուաւ այս սատանայական շարժումին, որ մերթ կրօնի, մերթ արդարութեան, մերթ ալ խաղաղութեան անուան տակ կը գործէ, մինչդեռ ծայրայեղութիւնն ու մոլեռանդութիւնը, այլատեացութիւնն ու քինախնդրութիւնն են, որոնք դարձած են տիրապետող գործօններ:

Պատասխա՞նը վերոյիշեալ հարցադրումին, պէտք է փնտռել ռազմաքաղաքական այն ոլորտներուն մէջ, ուր բռնատիրութեան սերմնացանները, միաիշխանութեան մունետիկներն ու մրցակցութեան երկրպագուները, առանձնաբար թէ միասնաբար, դատաստան կը տեսնեն փոքր եւ անկար ժողովուրդներուն դէմ, յաճախ զիրար թշնամացնելով, չէզոքացնելով, ստրկացնելով, անդամալուծելով:

Դժբախտաբար, այս բոլորը տեղի կ’ունենան իրենք զիրենք ժողովրդավար, մարդասէր եւ արդարադատ յաւակնող կողմերէ, որոնք ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ կը գործեն, իրենց շահերը գերադասելով այլոց տարրական իրաւունքներէն, իրենց գծուծ հաշիւներով սեւ ճակատագիրի ենթարկելով ուրիշները, «պարարտ» հող ստեղծելով ահաբեկչական տարատեսակ գործողութիւններու:

Ահաւասիկ, ճիշդ այս տխրահռչակ արշաւին լծուած են ահաբեկչութեան… ահաբեկչապետերը, ատոնք ըլլան Իսրայէլը թէ Ամերիկան, Արեւմուտքը թէ Արաբական յեղադիմականութիւնը, Թուրքիան թէ Ատրպէյճանը:

Չմոռնա՛լ, ահաբեկչութեան եւ ահաբեկիչներու նորօրեայ ժամանակաշրջաններու «վարպետ»ները կը հանդիսանան Թուրքիան եւ Իսրայէլը, իսկ անոնց այժմու «ճարտարապետ»ները՝ Միացեալ Նահանգներ եւ ընկերք:

Ո՛չ ամբաստանութիւն, ո՛չ ալ գուշակութիւն են ասոնք, այլ՝ դռնբաց ու թափանցիկ ճշմարտութիւններ, եթէ հայեացք մը նետուի մօտիկ անցեալի պատմութեան վրայ, համոզուելու անոնց… մերկութեան:

Հեռու չերթանք. Ուսամա Պըն Լատէնը՝ իր հռչակաւոր «Քայիտա»ով, ո՞վ մէջտեղ բերաւ եւ ինչպէ՞ս կազմաւորուեցաւ, եթէ ոչ ուաշինկթընեան նեղ ու մութ բաւիղներուն ու փենթակոնեան գոց ու խորհրդաւոր գզրոցներուն մէջ, մինչեւ որ անիկա իր գլխուն հսկայ «պէլա» մը դարձաւ (11 Սեպտեմբեր 2001ի նիւ եորքեան զոյգ աշտարակներու ահաբեկչական թիրախացումով, պատճառելով հազարաւոր զոհեր):

Ատիկա դաս չեղաւ Ուաշինկթընի վարչակազմին, որովհետեւ իր ծաւալողական քաղաքականութեան յագեցում տալու համար, չբաւարարուելով Աֆղանախրումի, ապա՝ Իրաքախրումի գործողութիւններուն մէջ, նախաձեռնակ եղաւ Միջին Արեւելքը զաւթելու, այս անգամ ծնունդ տալով ՏԱԷՇական (իսլամական պետութիւն Իրաքի ու Դամասկոսի մէջ) ահաբեկչական շարժումի մը, որուն տրամադրութեան տակ դրուեցան անսպառ նիւթական, արդիական զինամթերք, մեծաթիւ վարձկաններ, սահմաններու բացում, փոխադրութեան դիւրութիւններ, եւայլն:

Ճիշդ է, այս ահաբեկչական շարժումը ոչ միայն աւերներ գործեց (ու կը գործէ), այլեւ՝ անխնաօրէն մարդ յօշոտեց (ու կը յօշոտէ), աննկարագրելի տեսարաններով եւ անբացատրելի սառնասրտութեամբ, ահ ու սարսափ ստեղծելով շրջաններուն մէջ, բայց, հարց է, կը հասնի՞ իր վախճանական նպատակին, կը դառնա՞յ տիրապետական, կ’ իշխէ՞ ամենուրէք:

Անգամ մը եւս, ՏԱԷՇը սնուցանողները, ամբարտաւանօրէն ընդունեցին իրենց սխալը, բայց, նոր աճպարարութեամբ, երբ ամերիկեան-նաթօական ուժերը (իբր թէ) միասնաբար պիտի հակազդեն ու… ճզմեն այդ ահաբեկչական վոհմակներուն յառաջխաղացքը:

Այսօր, այդ ձաբռտուքներէն ի՞նչ մնացած է, երբ տխուր պատկերը մեր առջեւն է.

  • ՏԱԷՇականները կը ֆինանսաւորուին, կը զօրակցուին, կը հրահրուին, կը զինուին, կը յարձակին, կը գերեն, կը լլկեն ու մասամբ նորին:
  • ՏԱԷՇի դէմ պայքարի ու զսպելիութեան կոչերը կը մնան լոկ մակերեսայնութեան սահմանին ու կարգախօսային պարունակին մէջ:
  • ՏԱԷՇը ինքզինք պարտադրելու եւ իր ներկայութիւնը զգացնելու բազմաթիւ ու բազմաղբիւր միջոցներով կ’ օժտուի:
  • Արաբական թէ ոչ արաբական կողմերը, կը շարունակեն արաբական աշխարհը խոշտանգել, իրենց սին ու փուճ հաշիւներուն յագուրդ տալու կամ այլոց… ծառայելու համար:

*****

Ինչո՞ւ «Քայիտա»ն փոխարինուեցաւ «ՏԱԷՇ»ով կամ յաջորդեց անոր:

Վստահաբար, զայն ստեղծողին համար թաքթիկական խաղ մըն էր, նախ՝ արար-աշխարհին ցոյց տալու, թէ առաջինը վերջ գտաւ, երկրորդին ծնունդով, ապա՝ իր հաշիւները մաքրելու բոլոր անոնց հետ, ովքեր իր հետ չեն, հետեւաբար, «հաշուեյարդար»ի նստելու պարտաւորութեան առջեւ պիտի գտնուին:

Աւելի քան յստակ է, թէ ՏԱԷՇը «որդեգրուած» է ամերիկեան-նաթօական առանցքէն, շրջանը մխրճելու համայնքային եւ յարանուանական փապուղիի մը մէջ, որուն առաջին նախանշանները երեւան եկան Ժորժ Պուշ կրտսերի նախագահութեան շրջանին, բաժնելու ու մասնատելու Միջին Արեւելքը, ի ծառայութիւն Իսրայէլի անվտանգութեան ու հզօրութեան:

Շրջանին ներքին բզքտումը ու խառնաշփոթութիւնը պատեհ առիթը պիտի տային միջազգային նաֆթի ընկերութեանց, ի մասնաւորի ամերիկեան, ձեռք ձգելու նաֆթի նուազած սակեր (չըսելու համար այդ առատահոս աղբիւրները բռնագրաւելու), ինչ որ արդէն տեղի կ’ունենայ ՏԱԷՇ կազմակերպութեան գոյառումով:

Ամերիկան, որ տնտեսական եւ արժութային լուրջ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուի, բնական է, այրող կարիքը ունէր նման յորդահոս աղբիւրներու, թէկուզ ատոնք ըլլային իրաքցիներու, սուրիացիներու, յորդանանցիներու, պաղեստինցիներու ու լիբանանցիներու արեան գնով:

Ներկայիս, Ամերիկան հասած է իր նպատակին, ՏԱԷՇի միջոցով ամբողջ շրջանը ապակայունացնելով, սակայն, ինքզինք գտնելով նոր աղէտի մը դիմաց, ի լուր ՏԱԷՇի սանձարձակութեան ու բռնազբօսիկութեանց, որուն «մագիլ»ները սկսած են հասնիլ իրեն եւ իր դաշնակիցներուն:

Ամերիկեան-արեւմտեան ռազմական հակադարձութիւնները, որոնք այժմ ուղղուած են ՏԱԷՇին, պարզապէս աշխարհը խաբելու նոր փորձ մըն է, մե՜նծ «պըլըֆ»  մը, այս ձեւով իրենց խստապահանջութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը ( ՞ ) ցոյց տալու՝ «խեղդելու» իրենց… որդեգիրը, մինչդեռ, եթէ անկեղծութեան ու պարկեշտութեան  նուազագոյն տրամադրութիւն ըլլար, այդ ուժերը կրնային վերջ մը դնել ՏԱԷՇականութեան:

Անկախաբար այս վարկածէն, ՏԱԷՇականները, որպէս ահաբեկչական շարժում, համոզուած են, որ իրենք «հաւատացեալներ» ըլլալով, պիտի շարունակեն իրենց գործն ու երթը, որովհետեւ ՏԱԷՇիզմը այլեւս դարձած է… գաղափարախօսութիւն ու մուտք գործած՝ արաբական աշխարհի բազմաթիւ շրջանակներէ ներս:

Իսլամ թէ քրիստոնեայ հաւաքականութիւնները բռնօրէն ՏԱԷՇացնելու վճռակամութեան մէջ, ի գին նոյնիսկ մորթոտումներու ու խողխողումներու, ՏԱԷՇականներ ատոնց մէջ տարօրինակ ոչինչ կը գտնեն, այնքան ատեն որ իրենք կը հետեւին «սրբացած» նորովի գաղափարախօսութեան մը:

Աւելին. անոնք կ’ ըսեն թէ՝ եթէ կան պետութիւններ, որոնք ձեռք, գլուխ կամ մարմնանդամ կը կտրեն, հրապարակային ցուցադրականութեամբ, ինչո՞ւ իրենց կատարածը կը քննադատուի ու կը դատապարտուի:

Չենք գիտեր, թէ ՏԱԷՇը ստեղծողները, «Քայիտ»ական դառն փորձութիւններէն ետք, անդրադարձա՞ծ են իրենց շահադիտական նկրտումներուն եւ անփառունակ քաղաքականութեան ընթացքին, յատկապէս արաբական աշխարհը խրելով քաոսային յորձանուտի մէջ:

Նոյն հետեւողութեամբ, կը գիտակցի՞ն, թէ ինչ կրնար պատահիլ փոքրամասնութիւններուն, մասնաւորաբար քրիստոնեաներուն, որոնք դարաւոր անցեալի հարուստ ժառանգութիւն մը ունէին հոն, իսկ այսօր՝ մեծ մասը շոգիացած ու չքացած է:

Բայց, այդպիսիներուն համար ի՜նչ նշանակութիւն ունին մարդկային արժանապատուութիւնները, երբ նաֆթը, զինամթերքը ու նիւթը առաջնահերթութիւն են, հետեւաբար, ատկէ դուրս ամէն ինչ ունայն է, «անտառի օրէնք»ի գործադրութեամբ եւ «ինձմէ ետք ջրհեղեղ»ի տրամաբանութեամբ:

Այս օրերուն, Լիբանանը եւս ՏԱԷՇուելու սպառնալիքին տակ կը գտնուի, գիտակցութեամբ զինք ծնանող կողմին, որ սինիքաբար Լիբանանի զօրակցութեան կոչեր կը հնչեցնէ, սակայն, խորքին մէջ, իսրայէլեան կամակայանութիւններուն կը համակերպի, արգիլելով լիբանանեան բանակին զինօգնութիւնը գերարդիական զէնքերով, իսկ արաբական որոշ կողմեր, յամառաբար, կը շարունակեն թիկունքէն դաշունահարել անտեղիտալիօրէն իրենց արաբականութեան կառչածներուն, յանուն իրենց աւատապետականութեան պահպանումին եւ աւատապետական գերշահերուն:

Պէտք չէ կասկածիլ, որ ՏԱԷՇածնողները, ի վերջոյ, պիտի ՏԱԷՇացնեն զիրենք ծնողները. ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս, ժամանակը ցոյց պիտի տայ:

 

You May Also Like