Ահաւասիկ Այդ 100 Հազար Հայէն Մէկը

«Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը» Թարգմանութիւններու Շարքէն

Էզկի Պաշարան, Ռատիքալ, 28 մարտ 2012, Հայացուց Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ

Քաղաքական խաղաքարտի կարգավիճակով եւ որեւէ պաշտպանութենէ զուրկ, պարզապէս իր օրապահիկին համար աշխատող 100 հազար փախստականներէն մէկն էր Նարինէն, որ չկայ հիմա:

Վարչապետ Էրտողան Օպամային ըսեր է. «Խնդրե՛մ, ամէն տարի աս Հայոց ցեղասպանութեան հարցը օրակարգի բերելէ հրաժարեցէ՛ք եւ ամէն գարնանամուտին մեզ ճնշումի տակ մի՛ պահէք:»

Իսկ Օպաման իբրեւ պատասխան` ըսեր է. «Անշո՛ւշտ, իրաւունք ունիք, բայց այսինքն քաղաքականութիւնը… ի՞նչ կրնանք ընել, ես ալ մինչեւ որոշ տեղ մը կրնամ բան ընել…»: Եւ աւելցուցեր է, «Ի՛նչ լաւ եղաւ փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ ձեր առած նախաձեռնութիւնները. պրաւօ», եւ այլն:
 
* * *

Վերջին շրջանին մեծագոյն թիւով գաղտնի գործողութիւններ իրագործած, նոպելեան խաղաղութեան մրցանակակիր Ամերիկայի նախագահին հետ, «Քազզաֆիի անուան մարդու իրաւունքներու մրցանակին արժանացած Թուրքիոյ վարչապետին ունեցած երկխօսութեանը ընթացքին ան անուշ-անուշ կը ցատկէր այս անկարեւոր «հայեր – փոքրամասնութիւններ» նիւթին վրայէն, եւ կու գար բուն հարցին` Սուրիոյ եւ Ասատի ապագային մասին… Անդին, Պոլսոյ մէջ, ընտանիք մը, անհուն ցաւի եւ ճարահատութեան մէջ նստած` դուրսը կը դիտէր: Հայաստանցի 21-ամեայ Նունէ Մկրտչեանի ընտանիքը… Եղբայրը` Ժորան, հայրը եւ չար լուրը առնելով Երեւանէն խենթերու պէս եկող մայրը` Նունէն:

Հիմա լսեցէք պատմութիւնը: Նարինէն չորս տարի առաջ գալով` տեղաւորուեցաւ Գումգափու. աշխատանք գտաւ արծաթագործի մը քով: Սիրահարեցաւ դրացիին տղուն Օրհանին եւ կը ծրագրէր ամուսնանալ հետը:

* * *

Սակայն Օրհանը… որ ըստ երեւոյթին, տակաւին չէր կրցած անհրաժեշտ ոստումները ընել մարդկութեան եւ անասնական աշխարհի երկար ճանապարհին վրայ, Նարինէին մերկ նկարները կ՛արձանագրէ: Աւելի՛ն. կը սպառնայ, որ եթէ եղբօրը` Պարըշին հետ ալ սեռային յարաբերութիւն չունենայ, տեսերիզը պիտի դնէ համացանցին վրայ:

Նարինէ բնականաբար կը մերժէ: «Ուրեմն ինծի դրամ բեր, այլապէս տեսերիզը համացանցին մէջ կը գտնես» ըսելով` կը շարունակէ սպառնալիքները:

Օրհան եւ Պարըշ անունով տականքները մէկ կողմէն Նարինէն կը նեղեն, իսկ միւս կողմէն եղբայրը Ժորան հարցին մէջ ներքաշելով, կը ջանան լարուած թակարդին սահմանները լայնցնել: Մինչ Նարինէն կ՛աշխատի պարտքի դրամ ապահովել գործընկերներէն, անդին, Պարըշ Ժորային ցոյց կու տայ քրոջը նկարները: Տուն վերադարձին, Ժորան կը պախարակէ եւ կ՛ապտակէ Նարինէն…

Յաջորդ առաւօտ, Նարինէն հայրն ու եղբայրը գործի ճամբելէ ետք թոյն կը խմէ…

Տան միջանցքին մէջ, այդպէս կը մեկնի:

Արդեօք գաղափար մը ունի՞ք թէ «սիյանիւրը» ինչպիսի ուժգնութեամբ խեղդամահ կ՛ընէ մարդս:

Ժորան եւ Նարինէն սարսափազդու այս դէպքին ո՛չ մէկ հանգրուանին կրցան դիմել ոստիկանութեան, որովհետեւ փախստականի կարգավիճակ ունէին. չուզեցին երկրէն դուրս դրուիլ, որովհետեւ դրամի կարիքը ունէին, ստիպուած էին աշխատելու այս երկրին մէջ գոյութիւն չունեցողի մը կարգավիճակով:

Նարինէն անձնասպան եղաւ. յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ գործընկերներուն օժանդակութեամբ: Հետաքննութեան եւ դիազննութեան տեղեկագիրները չյանձնուեցան Ժորային տէր կանգնող «Ակօս»-ի փաստաբանին` հակառակ ո՛չ մէկ իրաւաբանական պատճառաբանութիւն գոյութիւն ունենալուն: Նպատակը բացայայտ է:

* * *

Ճիշդ երկու տարի առաջ, այս օրերուն, հայկական բանաձեւերու կապակցութեամբ, վարչապետ Էրտողան հետեւեալը ըսած էր. «Թուրքիոյ մէջ ապրող 170 հազար հայերուն 100 հազարը թրքահպատակ չէ: Մենք ներկայիս աչք կը գոցենք: Սակայն վաղը ի՞նչ կրնամ ընել. եթէ հարկ ըլլայ, այս հարիւր հազարը իրենց երկիրը պիտի վերադարձնեմ. ասիկա պիտի ընեմ»:

Իբրեւ քաղաքական խաղաքարտ եւ որեւէ պաշտպանութենէ զուրկ, իր օրապահիկը վաստկելու համար, աշխատող այդ 100 հազար հոգիէն մէկն էր Նարինէն: Գնա՛ց:

Այս միջոցին արդէն Օպաման եւ Էրտողանը տարբեր նիւթի անցած էին:

Իսկ Պարըշն ու Օրհանը դատախազութեան մօտ իրենց վերագրուած մեղադրանքները կը մերժէին: Ձերբակալուեցան:

Իրենց ճակատագիրը կախեալ է դատախազէն, որ Նարինէին մահը կրնայ մեկնաբանել իբրեւ «յուսախաբութիւն ապրած երիտասարդ աղջկան մը պատմութիւն» եւ կամ` տիրող մթնոլորտէն:

You May Also Like