«Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը» Շարքէն

«Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը» Շարքէն



Այսպիսի պարագաներուն ամէն լսածիս չեմ հաւատար, բայց եթէ այս մարդիկը իսկապէս Կիւլէնական են, եթէ իրենք զիրենք հաւատացեալ հաւակնելով այս վատութիւնը գործեցին եւ եթէ այս երկրի ապագային սարսափելի այս հունտը նետեցին, ապա այս երկիրը զիրենք երբե՛ք պիտի չներէ… եւ պէտք չէ ալ ներէ: Ով ուզէ թող ըլլայ, կարելի չէ ներողամիտ գտնուիլ նման ստորնութեան:
Եւ սակայն հանրութեան պէտք է բացայայտուին այս մարդոց ունեցած յարաբերու-թիւնները իրենց ապացոյցներով: Պարզապէս «Ֆէթօ»ական պիտակաւորելով կարելի չէ անցնիլ այս գործին վրայէն:
Ինչպէս կ՛ըլլայ որ տարիներով հետապնդուող Կիւլէնականներ զօրագունդի հրամանատար, սպայակոյտի լրաքաղութեան պետ, սպայակոյտի դիւանապետ եւ կամ նախագահին գլխաւոր թիկնապահը կրնան նշանակուիլ:
Եթէ այս մարդիկը «իրենց հրահանգները ստացան բանակէն դուրս գտնուող կեդրոնէ մը» ինչպէս որ կը պնդուի, ապա անոնք բանակային աստիճաններէն ինչպէս բարձրացան:
«Քառասուն տարուայ հարց է» ըսելով չեք կրնար խնդիրը փակուած համարել, այլապէս ինչպէս բացատրել վերջին տարիներուն կատարուած պաշտօնի բարձրացումներն ու նշանակումները: Կրնայ ըլլալ որ բանակին մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր խառն ու վտանգաւոր կապերը «Ֆէթօ»ական պիտակաւորուած ծրարի մը մէջ թխմելով տեսողութենէն կը հեռացուի:
Եթէ իսկապէս այդպէս կը կատարուի, այն ատեն շատ աւելի մեծ սպառնալիքներ ծածկուած կը մնան:
Հիմա անցնինք խնդրին աւելի վտանգաւոր տարողութեան:
Ամբողջ կեանքիս ընթացքին այնքան շատ յեղաշրջում կամ յեղաշրջումի փորձ տեսած եմ որ անոնց թիւը նոյնիսկ չեմ յիշեր: Հիմնուելով այս տեսածներուս վրայ կրնամ հաստատել որ եթէ բանակի մը մէջ գոյութիւն ունի «70 զօրավարէ» բաղկացած զինուորական խունթա մը, ապա մեծ հաւանակութեամբ տարբեր եւ նոյնիսկ աւելի բազմամարդ դիւով խունթաներ ալ կան:
Անգամ մը որ յեղաշրջումի շարքը սկսի դիւրաւ չի վերջանար:
Որպէսզի կարենանք կանխել հաւանական աղէտները հարկ է հարցնել երկու հարցում:
Ինչ պատահեցաւ որ Թուրքիան մտաւ այսպիսի յեղաշրջումի մթնոլորտի մը մէջ:
Տակաւին հինգ տարի առաջ համոզուած էինք որ այլեւս երբե՛ք յեղաշրջում պիտի չկատարուի, ինչ պատահեցաւ որ զինուորը զինուորին վրայ կրակ բացաւ, աւելի քան երկու հարիւր մարդ սպաննուեցաւ եւ խորհրդարանը ռմբակոծուեցաւ:
2010ին երբ այլեւս վերջնականապէս վերջ գտած էր «յեղաշրջումները», ինչ բանն է որ 2016ին դարձեալ վերակենդանացուց այս ուրուականը:
Եթէ այս հարցումին չկարենանք իրապաշտօրէն պատասխանել ապա մեր յետագայ կեանքը շատ աւելի սարսափելի պիտի ըլլայ ցարդ մեր ապրածէն: Նախապէս շատ խօսուեցաւ որ աղէտը կը մօտենայ, իշխանութիւնը բազմիցս զգուշացուեցաւ որ ուշադիր ըլլայ, գրողներ բազմաթիւ յօդուածներ հրապարակեցին այս նիւթին վրայ:
Նկատի առնող չեղաւ: Հիմա անգամ մը եւս կը կրկնեմ: Եթէ այս ծառին հողը չդարմացնէք, մեր առջեւ պիտի իյնայ աւելի մեծ թունաւոր պտուղ մը եւ ոչ ոք ապահովուած պիտի ըլլայ:
Եթէ քաղաքական իշխանութիւն մը իր ուղին շեղէ արդարութենէն եւ ժողովրդավարութենէն երկիրը կ՝առաջնորդէ գազաններով լեցուն ճամբայ մը: Գազան մը կ՝ոչնչացնէք ուրիշ մը կ՝ելլէ ձեր դէմը, վայրագութիւնն ու գազանութիւնը վերջ չ՝ունենար:
Այս վերջին վատութիւնը իրականութեան մէջ մեզի առիթ մը կը հրամցնէ, անշուշտ եթէ կարենանք օգտագործել:
Խաչմերուկի մը վրայ կը գտնուինք, կամ պիտի շարունակենք ընթանալ ժողովրդավարութենէն եւ արդարութենէն հեռացող ճամբէն եւ կամ պիտի վերադառնանք դէպի ժողովրդավարութիւն եւ օրէնքի ճամբան:
Ժողովրդավարութեան առարկայական դրսեւորումը անցեալ օր տեսանք միասնաբար երբ չորս քաղաքական կուսակցութիւններ խորհրդարանին մէջ միատեղ դէմ կանգնեցան յեղաշրջումին:
Երբ կարենանք խորհրդարանը վերածել ժողովրդավարութեան կեդրոնի, եթէ կարենանք ժողովուրդին կողմէ ընտրուածներուն աշխատանքը անկաշկանդ ապահովել սահմանադրութեան եւ օրէնքի սահմաններուն մէջ, եթէ ընտրուած կառավարութիւնը երկիրը կառավարէ սահմանադրութեան եւ օրէնքի սահմաններուն մէջ, այդ ժամանակ կրնանք փրկուիլ:
Տեսանք թէ որքան սփոփիչ եւ վստահութիւն ներշնջող տեսարան մըն էր չորս կուսակցութիւններուն միասնական դիրքորոշումը յեղաշրջումի դէմ, պէտք է ուժգնօրէն փարիլ այս տեսարանին:
Սակայն եթէ այսպէս չ՝ընենք, սահմանադրութիւնը անտեսենք, խորհրդարանը, օրէնսդրութիւնն ու կառավարութիւնը իրենց դերակատարութենէն զրկելով թեքինք դէպի զարտուղի ճամբաներ, մեր ապագան կ՝ըլլայ սարսափելի:
Մի մոռնաք որ կը խօսինք երկրի մը մասին ուր միլիոնաւոր մարդիկ ատելութեամբ լեցուած են իրար դէմ, եւ այս նիւթերը կը քննարկենք անդունդի մը եզրին կանգնած:
Տեսէք, եթէ մարդու մը թոքին մէջ ուռ մը յայտնուի, ատիկա կ՝արգիլէ որ մարմնի կարգ մը մասերուն թթուածին հասնի, ինչ որ պատճառ կ՝ըլլայ մանրէներու կուտակումին եւ հիւանդը կը վարակուի թոքատապով:
Թոքատապը կարելի է դարմանել, սակայն կրնայ կրկնուիլ, եւ ամէն անգամուն աւելի ծանր. իսկ ուռը տակաւ մեծնալով հարկ չկայ ըսելու թէ ինչ կ՝ըլլայ արդիւնքը: Հիւանդը փրկելու համար պէտք է դարմանել ուռը. լաւանալու տարբեր միջոց չկայ:
Յեղաշրջումին յաջորդած զարգացումներու կարգին էին Սահմանադրկան դատարանի, Վճռաբեկ եւ Պետական ատեանի անդամներուն հակաօրինական ձերբակալութիւնները, սպառնական եւ ատելավառ արտայայտութիւններու տարածումն ու տեղեկատուական կայքերու կասեցումը, որոնք յուսադրիչ զարգացումներ չեն երբե՛ք:
Ասոնք պատճառ կ՝ըլլան որ ուռը աճի:
Այս երկիրը փրկուեցաւ սարսափելի յեղաշրջումի փորձէ մը, սակայն եթէ չկարենանք փոխել այդ յեղաշրջումին տուն տուող պայմանները, նոր փորձաքներ անխուսափելի պիտի ըլլան:
Եթէ մթնոլորտը չփոխուի այս փորձանքը վերջ չունենար: Ափսոս կ՝ըլլայ այս երկրին:
Չի բախցնենք վերջին այս առիթը:
Տէր կանգնինք ժողովրդավարութեան, օրէնքին, խորհրդարանին: Այս է մեր միակ փրկութիւնը: Ո՛չ որպէս գրող, այլ իբրեւ մէկը որ շատ ապրած եւ բազմաթիւ դէպքերու եւ փորձանքներու ականատէս եղած է այս երկրին մէջ, կոչ կ՝ընեմ երկրի բոլոր քաղաքագէտներուն, ամուր կառչեցէք ժաղովրդավարութեան եւ օրէնքին, եթէ չ՝ընէք, օր մը կը յիշէք այս գրութիւնը սակայն շատ ուշ կ՝ըլլայ: