Աղանդները Աղալու….

Իսկ Աղանդաւորները՝ Աղացնելու Պա՛հը

Պարոյր
Աղպաշեան, Պէյրութ, Պէյրութ, 26 Սեպտեմբեր 2011
 
Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, ոչ մէկ անգամ աղանդաւորական շարժումները այնքան չեն թափանցած հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, որքան անկախութեան այս հանգրուանին:
 
Նոյն հետեւողութեամբ, հայաշխարհին մէջ, ոչ մէկ անգամ աղանդաւորական շարժումները այնքան մեծ թիւ չեն կազմած, որքան անցնող շուրջ քսան տարիներուն:
 

Իսկ Աղանդաւորները՝ Աղացնելու Պա՛հը

Պարոյր
Աղպաշեան, Պէյրութ, Պէյրութ, 26 Սեպտեմբեր 2011
 
Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, ոչ մէկ անգամ աղանդաւորական շարժումները այնքան չեն թափանցած հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, որքան անկախութեան այս հանգրուանին:
 
Նոյն հետեւողութեամբ, հայաշխարհին մէջ, ոչ մէկ անգամ աղանդաւորական շարժումները այնքան մեծ թիւ չեն կազմած, որքան անցնող շուրջ քսան տարիներուն:
 

Եթէ ատենին թափանցած են ալ, չեն կրցած որեւէ յիշատակելի հետք ձգել, տկարացնել հայ եկեղեցին, բարեպաշտներ ներգրաւել իրենց մէջ:
 
Ընդհակառակը, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, այնքան հզօր եւ անխախտ եղած է, որ կրցած է փոխարինել հայ պետականութիւնը, պատասխանատուութիւն վերցնել, հաւատքի եւ յոյսի անխորտակ լաստ դառնալ:
 
Ի զուր տեղ չէ որ՝ հայ ժողովուրդը, իր Աղօթատունը՝ Եկեղեցին, նկատած է Ազգային եւ այդ ոգիով զօրացած է ու զօրացուցած իրերայաջորդ սերունդներ, ստանձնելով հայապահպանումի ու հայակերտումի դերեր:
 
Ներկայիս, երբ Հայաստանը անկախ կարգավիճակ մը ունի, ենթադրուած է որ պետութիւնեկեղեցի համագործակցութեան ծիրէն ներս, հայ ժողովուրդը կառչած մնայ իր հոգեւոր զուլալ ակունքներուն, այս պարագային՝ հայ եկեղեցւոյ, որ եղած է ու պիտի մնայ իր գոյութեան անվիճելի գրաւականը:
 
Դժբախտաբար, սակայն, երազուած եւ իրականացած անկախութեան հետ, նաեւ եկան օտարամէտ եւ արեւմտամէտ բարքեր, որոնք ոչ միայն վնասեցին հայու ինքնութեան հարազատութեան, այլեւ զայն հեռացուցին ու խորթացուցին հայոց դարաւոր պաշտամունքէն եւ եկեղեցիէն:
 
Աղանդաւորական այս շարժումները, իրենց կեդրոններով ու գրասենեակներով, քարոզիչներով եւ անդամներով, այսօր բացարձակ իրականութիւն մըն են, այն ալ պետականպաշտօնական արտօնագիրներով ու Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյաչքին առջեւ:
 
Կըսուի թէ (իսկ ասիկա վաւերական է)՝ Հայաստանի մէջ, մինչեւ 2011, պաշտօնապէս գրանցուած 67 կրօնական կառոյցներէն միայնիննը կը պատկանի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցիին:
 
Ուրեմն, մնացածը՝ 58, աղանդաւորական է, Առաքելական եկեղեցիէն հերձուածութեամբ եւ կամովին հոն արձանագրուողներու մեծաթիւ անդամակցութեամբ:
 
Ի դէպ, հետաքրքրական է գիտնալ, թէ աղանդաւորական այս շարժումներուն անդամակցողները, Առաքելական եկեղեցիին համար ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը դասուին (օրինակի համար, պսակի, մկրտութեան, յուղարկաւորութեան ժամանակ): Անոնց անունները կը ջնջուի՞ն Առաքելական եկեղեցւոյ պաշտօնական գրանցումներէն (կամ տոմարներէն):
 
Սակայն, կայ աւելի ահաւորը. աղանդաւորական շարժումները ունինմենաշնորհեալ” ըլլալու հանգամանքը. անվերահսկելի են: Ընկերաբաններու կամ փորձագէտներու համար անոնքփակ” են, այսինքն՝ անոնց աշխատանքի ուղիները, միջոցները, նպատակները, կապերը, եւայլն, հասարակութեան համար անհասանելի են:
 
Աղանդներու գործունէութիւնը չի սահմանափակուիր միայն հոգեորսութեամբ, այլ՝ հետախուզական գործողութիւններովտուեալներու հաւաքում, տեղեկութիւններու ապահովում, լսումներու արձանագրում, գործարքներու թափանցում եւ պայման չէ որ այս բոլորը իրականանան պաշտօնական կառոյցներէն ներս, այլ՝ մայրաքաղաքի մարզերու եւ գիւղերու մէջ շրջուն քարոզիչներու երեւումով:
 
Յաճախ կը խօսուի Հայաստանի (նաեւ Արցախի) անվտանգութեան գործօններուն մասին, կը լսուին մտահոգութիւններ երկրի ապահովութեան մասին, բայց պատկան կողմեր չե՞ն տեսներ, չե՞ն հասկնար այն վտանգները, որոնք կրնան ծառանալ այդ օտարոտի ու խորհրդաւոր աղանդներէն…:
 
Աղանդաւորական շարժումները ուրիշառաւելութիւն” մը եւս ունին. հայ երիտասարդը իրաւունք ունի բանակին մէջչծառայելու, որովհետեւ, ըստ անոնց, զէնք վերցնելը արտօնուած չէ, իսկ հայութենէ պարպուած ընտանիքներ եւ երիտասարդներ, այդ աղանդներուն կանդամագրուին, պարզապէս հայրենիքը չպաշտպանելու ու բանակէն խուսափելու համար:
 
Մինչդեռ, նոյն այդ աղանդաւորական երիտասարդները, որոնք դարձած են մէյմէկ թաղայինզայիմ” – “տուզեր, եկեղեցիներու վրայ կը յարձակին ու բարեպաշտներ կը խոշտանգեն, ինչպէս պատահած էր, Մայիս 16ին, Երեւանի ՄալաթիաՍեբաստիոյ վարչական շրջանի Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ դէմ…:
 
Պետութիւնեկեղեցին ի՞նչ կընէ այս աղանդներըաղալու եւ աղացնելու համար:
 
Կը սաստէ՞, կը հետապնդէ՞, կը պատժէ՞ թէ՞՝ կը յորդորէ, կը զգուշացնէ, կը համոզէ:
 
Բայց, ասոնք լուծումներ չեղա՜ն ու չե՛ն, մեկնելով տխուր օրինակներէն ու դատապարտելի արարքներէն:
 
Թիւերը անոնց կը շատնան, զարհուրելի արագութեամբ:
 
Գործունէութիւնները կը ծաւալին, տագնապեցնող տարողութեամբ:
 
Աղանդաւորներու թիւը, այսօր, Հայաստանի մէջ կը հասնի շուրջ 300-350 հազարի:
 
Իսկ այս հսկայ թիւը, շուրջ երկուկէս (կամ երե՞ք) միլիոն բնակչութեամբ Հայաստանին համար փշաքաղիչ չէ՞:
 
Արտագաղթը եթէ այնքան չի մտահոգեր իշխանութիւնները, ապա, այս ա՞ճն ալ չի մտահոգեր
 
Ասկէ քանի մը ամիս առաջ, աղանդաւորականմորմոն” շարժումի ղեկավարը ժամանեց Երեւան (գալով Ամերիկայէն), ազատհամարձակ այցելեց իրհօտը, խրատեց ու խրախուսեց, ապա, մամլոյ ասուլիսով մը իր նախագահած կազմակերպութեանբարիքներն ուօգուտները անամօթաբար բացատրեցքրիստոնէութիւնը պետական կրօնք ընդունող առաջին ժողովուրդին, ինչ որ, իրօք, անարգանք մըն էր հայ պետականութեան, հայ եկեղեցիին եւ ընդհանրապէս Հայաստանին համար:
 
Մինչդեռ, Հայաստանի իշխանութիւնները, ընդ հովանեաւ Ս. Էջմիածինի, առաջին գործերնին պիտի ըլլար արտօնագիր (վիզա) չտա՛լ անոր, այլապէս ալ՝ ականջները բռնելով ու զայն դուրս շպրտելով Հայաստանէն:
 
Կարծեմ՝ ՀայաստանԱմերիկա դիւանագիտական խզում պիտի չառաջանար, իսկ եթէ եւրոպական Միութիւնն ալ պիտի բարկանար, հօ՜, աշխարհի վերջը չէր…:
 
 
3 comments
  1. Հարգելի Ջեբեջյան

    Հարգելի Ջեբեջյան

    Ես դեռ չեմ հադիպել մի անկախ մտածողության տեր Հայի, որը եկեղեցի կոչվածին չհամարի Հայոց ժողովրդի ու պետության ամենամեծ թշնամին: Եթէ կկարողանաք մի այդպիսի մարդու համոզել, թէ իր կարծիքը անգամ մի հյուլեի չափով ճիշտ չէ, ապա ձեզ կարող էք համարել մի նոր արարիչ:

    Անահիտի միտումով ստեղծված շինությունները ճամբաբաժաններում մարդկանց համար «եկ և եղիցէ» էին. քրիստոնիայի եկեղեցին մոմ ծախելու կրպակ է:

    Այս մեկին «կաթողիկոս»  դարձնելը սկզբից խառնակություն մտցվեց Մոսկվայի հայերի մեջ իր եղբորը  գահի նստեցնելու համար, որն իր առաջին գործն արեց ՀԱՅԵՐԵՆ ՏՊՎՈՂ «ՀՅՈՒՍԻՍԱՓԱՅԼ» լրագիրը  փակելը

     

  2. Աղանդավորնրի մասին

    Կրոնական բոլոր  աղանդավորություն մտցնել ցանկացողներին պետք է լավ ծեծել, տուգանել ու դուրս վռնդել Հայաստանից, մութ ժողովրդին էլ  պետք է ստիպողական  բացատրել, որ աղանդի քարոզիչներն իրենց հույսը դնում են  հետամնաց մարդկանց ապուշության վրա:  Թող աշխատեն  խաբեբաների համար մշտական ապուշ չմնալ:

  3. Cults

    The Armenian government should enact mandatory military service law, regardless of the citizen’s religious affiliation. As a military emergency measure it would protect the country as long as Armenia is threatened by Azerbaijan and Turkey. When those threats stop and there’s a peace treaty between Armenia and its neighbours, it would be a different story. Until then, Armenia should not allow religious cults to demand exemption from military service. These so-called religions only weaken the Armenian spirit.

Comments are closed.

You May Also Like
Read More

Տիկին Ռիթա Պոյաճեան

Հարցազրոյցը վարեց՝ Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 14 Մայիս 2010   Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի՝ Գէորգ Հարպոյեան Վարժարանի Տնօրէնուհի  …
Read More