Ամանորեայ Մեր Խօսքը

Խմբագրական, 24 Դեկտեմբեր 2013

Տարի մը եւս յանձնեցինք պատմութեան եւ ապագային կը նայինք զգուշաւոր լաւատեսութեամբ:

Անցնող շրջանին «Գեղարդ»ի հայկական բաժինը դրուեցաւ աւելի կայուն հիմքերու վրայ եւ շարունակեց իր առաքելութիւնը որպէս անկախ կայքէջ՝ մայրենի լեզուի երկու տարբերակներով իր հայ ընթերցողներուն հասցնելով աննախապաշարեալ յօդուածներ, վերլուծումներ, քննարկումներ, լուսաբանութիւններ, որպէսզի հայ կեանքը յուզող գլխաւոր հարցերու հանդէպ մեր մօտեցումներուն իրազեկ դառնայ հայ ընթերցողը: Մեր հիմնարար մեկնակէտը եղաւ ու պիտի շարունակէ մնալ հայ ժողովուրդին գերագոյն շահերը՝ հաւատալով որ չկայ առողջ հասարակութիւն առանց սրտբաց, անաչառ ու թափանցիկ մօտեցման ու ժողովրդավարութեան:

Խմբագրական, 24 Դեկտեմբեր 2013

Տարի մը եւս յանձնեցինք պատմութեան եւ ապագային կը նայինք զգուշաւոր լաւատեսութեամբ:

Անցնող շրջանին «Գեղարդ»ի հայկական բաժինը դրուեցաւ աւելի կայուն հիմքերու վրայ եւ շարունակեց իր առաքելութիւնը որպէս անկախ կայքէջ՝ մայրենի լեզուի երկու տարբերակներով իր հայ ընթերցողներուն հասցնելով աննախապաշարեալ յօդուածներ, վերլուծումներ, քննարկումներ, լուսաբանութիւններ, որպէսզի հայ կեանքը յուզող գլխաւոր հարցերու հանդէպ մեր մօտեցումներուն իրազեկ դառնայ հայ ընթերցողը: Մեր հիմնարար մեկնակէտը եղաւ ու պիտի շարունակէ մնալ հայ ժողովուրդին գերագոյն շահերը՝ հաւատալով որ չկայ առողջ հասարակութիւն առանց սրտբաց, անաչառ ու թափանցիկ մօտեցման ու ժողովրդավարութեան:

Ճգնաժամի մէջ կը գտնուի հայրենիքը, հայ պետականութիւնը, Հայաստանեայց եկեղեցին, հայկական սփիւռքը, հայկական կազմակերպութիւնները, հայ դպրոցը: Անկախութենէն աւելի քան երկու տասնամեակ ետք տակաւին մութ ամպերը չեն հեռացած մեր ժողովուրդի երկնակամարին վրայէն: «Գեղարդ»ը, որպէս հայ ժողովրդավարական միտքի խօսնակ, ի շարս այլ ազատական ու անկախ մամուլի ներկայացուցիչներու, պիտի շարունակէ ջատագովը հանդիսանալ առողջ քննադատութեան ու կառուցողականութեան, մանաւանդ այս հանգրուանին, երբ հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին երիտասարդ սերունդ մը յանձնառու դարձած է իր հունին մէջ դնելու մեր խախտած ընկերային, հասարակական ու քաղաքական կեանքի ընթացքը:

Ժխտական բազում երեւոյթներու կողքին սերունդ մը մէջտեղ եկած է բարեշրջելու մեր ներքին թէ արտաքին խոհանոցը: Քաջալերական կը գտնենք այն երեւոյթը, որ քանի մը տասնամեակէ  ի վեր Եւրոպա հաստատուած հայեր, մանաւանդ երիտասարդներ, գործի լծուած են եւ խոստմնալից միջոցառումներով թարմ շունչ կը բերեն հայ դատի հետապնդման երկար ու բարդ գործընթացին մէջ:

Մենք կը հաւատանք թէ, եթէ ազգ մը չի փափաքիր ծունկի գալ եւ ատամներով կը պայքարի այս արեւուն տակ իր արդար տեղը ունենալու, ոչ մէկ ոյժ կրնայ զգետնել  զինք:

Ուրեմն թող Ամանորը թարմ լիցք եւ ուժականութիւն հաղորդէ մեր բոլոր առաջամարտիկներուն, որպէսզի անոնք իրենց մաքուր ու զուլալ ակնաղբիւրներուն ջուրերը հոսեցնեն հայ կեանքէն ներս:

Շնորհաւոր Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ:  

2 comments
  1. Ուղղագրութիւն

    Յարգելի՛ տնօրէնութիւն «Գեղարդ»-ի

    Ձեր կայքը կը հաւնիմ, ինչպէս նաև ձեր տեսակէտները կը յարգեմ:  Ես ուղղագրական հարցերով շատ կը զբաղիմ, առ այս շատ խորթ կը գտնենմ խորագրերու բոլոր բառերը գլխագրելու ձեր սկզբունքը, օրինակ՝  «Հայ Մամուլի Դերը, Տեղը և Առաքելութիւնը» և նմանները, ինչ որ հայերէնի ուղղագրական սկզբունքներուն բոլորովին հակառակ երևոյթ է, այլ հարց թէ համաճարակի մը պէս տարածուած է ան  մեր հրապարակագրութեան մէջ…բայց բոլորովին տգիտութեան պատճառով և հետևողութեամբ ամերիկեան կարգ մը թերթերու:

    Չէ՞ք գտներ, թէ աւելի ազնիւ է գրել՝ «Հայ մամուլի դերը, տեղը և առաքելութիւնը», ինչպէս շատ կոկիկ ու հայեցի ոճով կ'ընեն զայն արևելահայերը, որոնք Ամերիկա  հաստատուելով՝ ամերիկեան թոյնէն չեն խաթարուած: Խորագիրի հանգամանքը յարգելու  համար՝ կարելի է անոր տառերը քիչ մը խոշոր ընտրել. օրինակ՝ 12-ի փոխարէն՝ 14: Փորձեցէ՛ք և պիտի տեսնէք, թէ որքա՜ն վայելուչ է ան, մանաւանդ՝ հայեցի է: Կրնա՞մ այս մասին ձեր տեսակէտը ունենալ և ակնկալել փոփոխութիւն մը:

  2. Արմենակ, Նկատողութիւններ Եւ նկատողութիւններ

    Արմենակին աշակերտը եղած եմ տասնեակ մը տարիներ առաջ, բայց ոչ հայագիտութեան այլ քիմիագիտութեան: Այդ օրերէն ի վեր անյագ ընթերցող մը մնացած եմ Արեւմտահայերէնով եւ Արեւելահայերէնով: Մայրս իմ տկար ուղղագրութիւնս կը վերագրէր այդ իրողութեանը, ինչպէս այս քանի մը տողերը շատ հաւանաբար ցոյց տան:

    Լեզուագէտ չեմ, բայց հետեւեալը նկատողութեան կը յանձնեմ նախկին ուսուցչիս:

    Վերնագիրերը նախադասութիւններ չեն: Հոն չկան բայեր եւ ոչ ալ կը վերջանան վերջակէտով մը: Հետեւաբար վերնագիրերը զուրկ են քերականական օրէնքներէն որոշ չափով:

    Վերնագիրերը բառերու շարան մըն են, ինչպէս է պարագան այս նկատողութեանը: Վերնագիրերը ընթերցողը կը կարդայ հետեւողութեամբ: Հետեւաբար իւրաքանչիւր բառ պատշաճ է որ գլխագիրով մը սկսի, ինպէս է պարագան բառարանի մը բառերու սկզբնատառ վերնագրին:

    Այսպէս, չեմ բաժներ Արմենակին այս նկատողութիւնը, ոչ ալ կը ժխտեմ քերականական հիմքերու վրայ: Իմ նախընտրութիւնս է տեսնել վերնագրին սկսբնատառերը գլխագիրով ներկայացուած: Եթէ Հայաստանցի մեր հայրենակիցները այդ սովորութիւնը չեն որդեգրած, այդպէս թող ըլլայ իրենց համար այնքան ատեն որ «հայացուցած» օտար բառեր չեն անոնք:

    Գալով Արմենակին Պարոյր Աղպաշանեանին  նկատողութեանը, այդ Կը բաժնեմ ամբողջութեամբ:

Comments are closed.

You May Also Like