Ծննդեան 90-ամեակին Առիթով
Մեթր Գասպար Տէրտէրեան, Պէյրութ, 16 Հոկտեմբեր 2012
Արմէն Դարեան լոկ գրող մը չէր, այլ՝ ամբողջական մտաւորական մը, որուն տեսանելի արտաքին արժանիքը տաղանդաւոր արձակագիրի հանգամանքն էր, եւ սակայն ան բազմաբնոյթ արժանիքներու ամբողջութիւն մըն էր՝ իր ներքին, անտեսանելի հոգեմտաւոր աշխարհով։
Ան, Տարագիր գրողներէն այն քիչերէն մէկն է, որ ունէր լայնահորիզոն գաղափարական մը, որ իր մէջ կ’ընդգրկէր՝ կեանքի եւ մահուան գիտական փիլիսոփայութիւնը, որ լատին մեծանուն ողբերգակ Սենեքայինն էր եղած, եւ մարդկութեան հասարակական կեանքի պատմութեան ամբողջական ու միասնական, ո՛չ հաւաքաբանական աշխարհայեացք մը, որ Ֆ. Էնկելսի եւ Ք. Մարքսի ներդրումն է աշխարհաճանաչումի գիտութեան, նաեւ՝ հաւաքական կեանքի կշռոյթով տրոփող մեծ սիրտ մը։
Ծննդեան 90-ամեակին Առիթով
Մեթր Գասպար Տէրտէրեան, Պէյրութ, 16 Հոկտեմբեր 2012
Արմէն Դարեան լոկ գրող մը չէր, այլ՝ ամբողջական մտաւորական մը, որուն տեսանելի արտաքին
Ան, Տարագիր գրողներէն այն քիչերէն մէկն է, որ ունէր լայնահորիզոն գաղափարական մը, որ իր մէջ կ’ընդգրկէր՝ կեանքի եւ մահուան գիտական փիլիսոփայութիւնը, որ լատին մեծանուն ողբերգակ Սենեքայինն էր եղած, եւ մարդկութեան հասարակական կեանքի պատմութեան ամբողջական ու միասնական, ո՛չ հաւաքաբանական աշխարհայեացք մը, որ Ֆ. Էնկելսի եւ Ք. Մարքսի ներդրումն է աշխարհաճանաչումի գիտութեան, նաեւ՝ հաւաքական կեանքի կշռոյթով տրոփող մեծ սիրտ մը։
Արմէն Դարեան ունեցաւ գիտական աներեր կողմնորոշում եւ բարոյական յանձնառու կեցուածք, մերժելով՝ ամէն պատեհապաշտական «պառկուածք» (Զահրատի բառապաշարով…)՝ կոսւակցական կամ՝ պետական պալատներու առջեւ…։ Ան՝ բնա՛ւ չեղաւ էսթապլիշմէնթի մը «մարդուկը», նոյնիսկ՝ երբ վարեց պատասխանատու պաշտօններ։
Ընդդիմանալով՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան սփիւռքին մէջ տիրող աւատատիրական պայմաններուն, եւ ոմանց կողմէ ստեղծուած երկփեղկուածութեան, հատուածականութեան ու մենատիրութեան մթնոլորտին,– որուն հետեւանքով Տարագիր Արեւմտահայութիւնը մնաց զուրկ՝ համահայկական ոգիով կազմակերպուածութենէ, եւ հետեւաբար ալ «անգլուխ»՝ 1915 թուի «գլխատումէն» ասդին –, ան առաջնորդուեցաւ՝ համահայկականութեան տեսլականով, եւ ցուցաբերեց այդ տեսլականին պահանջած հանդուրժողական ոգին ու բոլորին հետ գործակցելու պատրաստակամութիւնը։ Ըլլալով հանդերձ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի հիմնադիր գաղափարական հայրերէն մին, ան միաժամանակ եղաւ՝ ռամկավարներու «Շիրակ» ամսագրի խմբագիրը, Վարուժան Խտըշեանի «Թատրոն 67»ի գլխաւոր խորհրդականը, «Գեղարդ» արուեստի կեդրոնի աւագ գործակիցը եւ դաշնակցական «Համազգային»ի թատերական դատակազմի հեղինակաւոր անդամը։ Արմէն Դարեան այս բոլորը կրցաւ ըլլալ միաժամանակ, որովհետեւ՝ համամարդկայինը ընկալող միտքն ու համամարդկայինը ապրող հոգին են միայն, որ պիտի կարենային ազգայինը եւս ընկալել որպէս մէկ ամբողջութիւն, հեռու՝ մենատիրական մոլուցքէն եւ աւատատիրական հատուածամոլութենէն։ Տարագրութեան մէջ, մեր մտաւորականներէն քիչեր միայն կրցան նուաճել համահայկականութիւնն ու համամարդկայնութիւնը՝ միատեղ ու միաժամանակ։
Շնորհիւ՝ իր իմաստասիրական, քաղաքատնտեսագիտական, պատմաբարոյագիտական ու գրականագիտական զարգացումի մակարդակի ամբողջականութեան, Արմէն Դարեան կրցաւ դառնալ իր ապրած դարին իրազեկն ու գիտակը, իր գործած ժամանակաշրջանի ազգային եւ ընկերային ազատագրական պայքարներուն քաջածանօթ հետեւորդն ու ճշմարտախօս արիասիրտ վկան։ Եւ՝ այսպիսով, ան յստակօրէն զատորոշուեցաւ Տարագիր հայ գրականութեան «վիրաւոր» մնալուն պատճառ հանդիսացող միւս գրողներէն ու մտաւորականներէն, համաձայն Անդրանիկ Անդրէասեանի դիտարկումին թէ՝ «Սեփական ժամանակին տենդով համակուելու եւ զայն իր բովանդակ էութեամբ արտայայտելու յանդգնութեան եւ որոնումի խանդին պակասն է, որ առաւել վիրաոր կը դարձնէ հայ գրականութիւնը մեր օրերուն»։ Այս է Դարեան մտաւորական գրողի ամբողջականութեան գաղտնիքը։
Այս ամբողջական մտաւորականը եղաւ՝ միաժամանակ, հասարակական հեզահամբոյր գործիչ մը, գեղագէտ այլեւս քաղաքացի գրող մը, խոնարհ մարդոց սրտակից բարեկամն ու անոնց իրաւունքներուն անդաւաճան պաշտպանը, «խարիսխէն հեռու» ապրող հայրենակարօտ արեւմտահայոց մորմոքին ճենճերող սիրտը, համահայութեան համերաշխութեան սրտատրոփ, խռովայոյզ աղաւնին եւ՝ հայ-արաբ եղբայրակցութեան լուսամիտ ջատագովը։ Ան միաժամանակ եղաւ՝ խոհուն հրապարակախօս մը, զգաստ հրապարակագիր մը, ներհուն թատերագէտ մը, բարեխիղճ թարգմանիչ մը եւ բանասէր մը, Հայ Տիպ ու Տառի նուիրեալ սպասարկու մը, քաղաքական աննկուն բայց անաղմուկ գործիչ մը, որ կապուած էր իր ժողովուրդին ու հայրենի հողին եւ համայն մարդկութեան՝ իր բոլոր նեարդներով… որպէս ամբողջական Հայ մարդ, եւ՝ ամբողջական գլխագիր Մարդ։ Մարդկայնութիւն ճաճանչող՝ բղո՛ւկ մը ուղեղ, եւ մարդասիրութեամբ անուշցած պճե՛ղ մը բաբախուն սիրտ էր ան, որ չէր կրնար բանտուիլ փղոսկրեայ սառն աշտարակներու մէջ… այլ՝ ազատօրէն պիտի բաբախէր հասարակութեան հեւքին կշռոյթով։
Արմէն Դարեանի խոնարհ այլ՝ արժանապատիւ անձնաւորութիւնը, վայրի անտառային քաղքենիութեան գոռոզ «ես»ը չէր, այլ՝ Տիրան Չրաքեանի «հանրէական ես»ը, ոչ թէ սոսկ հանրէական հայը, որ լիովին կ’ապրէր համայն մարդկութեան անկումներն ու սխրանքները։ Որովհետեւ՝ ան ունէր կոչումը անթերի, ամբողջական մտաւորականին, որ գիտէ «իր սեփական անձին կամ՝ հայու մասնաւոր պիտակէն վեր բարձրանալ՝ մարդու տիեզերական էութեան» ինչպէս գրած էր Անդրանիկ Անդրէասեան, եւ շարունակած՝ «Ազգութեան գաղափարին անաղարտ ըմբռնումը պէտք է՝ մեր գրականութիւնը դարձնէ մարդկութեան ու աշխարհին վրայ մշտապէս բացուած դարպաս մը, եւ ոչ թէ՝ ասոնց դէմ կղպուած վանդակորմ մը»։
Եւ, սուրիացի ծանօթ արձակագիր Ուալիտ Իխլասին է, որ կը վկայէ՝ «Արմէն Դարեան՝ մէկ կողմէ, իր խարիսխէն հեռու կարճ պատմուածքին մէջ կ’ըսէ՝ ես երբեք չեմ տեսած Արարատը, բայց ես կը ճանչնամ զայն՝ իմ ծնունդէս ալ առաջ… միւս կողմէ՝ ան ունի տիեզերական գաղափարական մը, որ մարդկային մեծ ընկերութիւնը կը դիտէ որպէս՝ մէկ ամբողջութիւն»։
•••
Գրողին գործը մտային որոնումի հետախուզական աշխատանք մըն է, որ կը ձգտի հասնիլ կամ գէթ մօտենալ՝ իր շօշափած իրականութեան ներքին էութեան։ Այս աշխատանքին մէջ, գրողէն կը պահանջուի կատարել վերցարկումի կամ ապստրահումի, իմա՝ abstraction-ի գործողութիւն մը, որ կը պահանջէ ստեղծագործ միտքի բարձր լարում, որուն ընթացքին, իրարու զուգահեռ կ’ընթանան երկու՝ իրարու լրացուցիչ ենթագործողութիւններ, մին՝ փիլիսոփայական, եւ միւսը՝ գեղագիտական։ Փիլիսոփայականը՝ իրականութեան ներքին էութեան բացայայտումն է, որ կախեալ է հեղինակին դաւանած գաղափարականէն, որ կրնայ ըլլալ՝ յեղափոխական, կամ՝ պահպանողական։ Իսկ գեղագիտական ենթագործողութիւնը՝ բացայայտելի ներքին էութեան տարազումի, զգեստաւորումի հարցն է, որ կախեալ է հեղինակին ոճային ճաշակէն, որ կրնայ ըլլալ՝ նորարարական, կամ՝ աւանդապահական։ Դարեանի գրականութիւնը խորքով՝ յեղափոխական է, իսկ ձեւով՝ նորարարական, ինչ որ յատուկ է յառաջապահ եւ ամբողջական մտաւորականութեան։
Մեր նահատակ յառաջապահ, յեղափոխական բանաստեղծը Դ. Վարուժան կը պնդէր՝ «Մեր գրականութեան մէջ, արուեստը՝ ձեւով հա՛յ պէտք է ըլլայ, իսկ անոր խորքը կամ հիմը կազմող յատակը՝ համամարդկային։ Այսպիսով է՝ որ մեր ազգային զարգացումը յառաջդիմական տարրերու վրայ հաստատած պիտի ըլլանք, առանց՝ մեր ազգային յատուկ դրոշմը կորսնցուցած ըլլալու»։
Արուեստի ամէն վաւերական գործ՝ ձեւով ազգային է, իսկ խորքով՝ համամարդկային։ Թէ՛ ձեւով եւ թէ՛ խորքով զուտ ազգայինը մեզ կը տանի ինքնամեկուսացումի, լճացումի եւ յետամնաց յետադիմութեան, խափանելով՝ մեր գրականութեան զարգացումի ուղին։ Միւս կողմէ՝ թէ՛ խորքով եւ թէ՛ ձեւով լոկ միջազգայինը իրական չէ, վաւերական չէ, բռնազբօսիկ է եւ օդէն կախուած վերացականութիւն… կամ՝ բնազանցական բրածոյ։
Կրօնական զգացումն անգամ՝ որ չունի ազգային բնոյթ, այլ՝ տիեզերական է, հաւաքականութեան մը մէջ իր դրսեւորումին ընթացքին, կը ստանայ ա՛յդ հաւաքականութեան հոգեւոր ու պատմական զարգացման մակարդակին յատուկ դրոշմը…։
Ընկերային արդարութեան զգացումը եւս տիեզերական է, չունի ազգային բնոյթ, սակայն, իր գործնական դրսեւորումին ընթացքին, տուեալ ժողովուրդի մը մէջ, կը ստանայ այդ ժողովուրդին հոգեմտաւոր եւ պատմական զարգացման մակարդակին յատուկ դրոշմը։ Հայ արդի պատմութեան մէջ, ընկերային արդարութեան գաղափարը իր գործնական դրսեւորումը գտաւ Սովետական Հայաստանի մէջ, եւ՝ ողնասիւնը կազմեց սովետահայ արժեհամակարգին, հայկական դրոշմով, այսինքն՝ հայ մշակոյթի աւանդութեան մէջ առկայ նախատարրերուն համաձայն, սկսեալ՝ հայ հեթանոսական շրջանի դիցաբանութենէն եւ անցնելով՝ մեր «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպին արժեհամակարգէն… Մինչեւ Նազովրեցի Յիսուսի անաղարտ եւ անեղծ քարոզչութեան նենգափոխումը Արեւմուտքի մէջ։ Նենգափոխում՝ որուն դէմ ծառացան հայ թոնտրակեցիները, միջնադարեան խաւարին մէջ, Եւրոպայէն 3-4 դար առաջ… քանի որ ընկերային արդարութեան եւ ընդհանրապէս արդարութեան գաղափարը հարազատ էր հայ ժողովուրդի հոգեխառնութեան՝ հեթանոսական ժամանակներէն, եւ մեր դիցաբանութեան մէջ գոյութիւն չունի պատերազմի աստուած… կամ բիրտ ուժի պաշտամունք։
Միւս կողմէ, ընկերային շահագործումն ու անարդարութիւնը օրինականացնող դրամատիրութիւնը՝ արդի հայ պատմութեան մէջ, իր դրսեւորումը գտաւ՝ Արեւելահայաստանի Գ. հանրապետութեան մէջ, – զանց առնելով Ա. Հանրապետութեան խիստ կարճատեւ նախընթացը –, օլիկարխներու բացարձակ մենատիրութեամբ, իր վայրի անտառային, շուկայական քզմոփոլիթ, ոչ ազգային, արժեհամակարգով, ինչ որ խորթ է հայ ժողովուրդի հոգեխառնութեան։ Եւ ա՛յս է պատճառը՝ Գ. Հանրապետութեան մէջ, պետականութեան չկայանալուն… եւ՝ անկարելիութեան… որովհետեւ՝ պետականութեան կեդրոնական իշխանութեան կայացումը կը պահանջէ՝ համայնական շահերը պաշտպանող արժեհամակարգ, եւ ոչ թէ եսապաշտ-դրամապաշտ արժեհամակարգ։
Արմէն Դարեան ամբողջական մտաւորականը ահա՛՝ որդեգրած էր Դանիէլ Վարուժանի գրական դաւանանքը եւ՝ սովետահայ արժեհամակարգը։ Հետեւաբար, անոր վաղահաս մահը՝ 1990 թ. Յունուարի 21-ին, իրեն խնայեց խորին տառապանքը տեսնելու՝ սովետահայ արժեհամակարգին ոտնահարումը եւ եսապաշտ արժեհամակարգին հաստատումը Հայաստանի մէջ։
•••
Արմէն Դարեան մտաւորականին ամբողջականութիւնը մենք տեսանքնաեւ՝ անոր բանասիրական մէկ գործին մէջ անգամ, հրատարակուած 40 տարիներ առաջ, 1972-ին, «Ակնարկ՝ Հայ-Արաբ Մշակութային Կապերու Վրայ» վերնագրով, որուն մէջ ան՝ մեր հին պատմիչներու համբերատարութեամբ, ուսումնասիրած էր նիւթին առնչուող աղբիւրներուն կարելի մեծագոյն մասը, ի մի բերելով՝ մօտ հարիւր ականաւոր բանասէրներու, մատենագիրներու, պատմաբաններու, լեզուագէտներու եւ գրականագէտներու վկայութիւնները, ինչպէս՝ Վեր. Եղիա Քասունիի, Փրոֆ. Աշոտ Աբրահամեանի, Նիքոլա Մառի, Նիկողայոս Ադոնցի, Սեբէոսի, Տիգրան Սաւալանցեանի, Դոկտ. Գրիգոր Աստարճեանի, արաբագէտ Արամ Տէր Ղեւոնդեանի, Ակադ. Մանուկ Աբեղեանի, Հայր Ներսէս Ակինեանի, Հենրիկ Գաբրիէլեանի, Ստեփան Մալխասեանի, Ակսել Բակունցի, Ակադ. Յովսէփ Օրբելիի, Փրոֆ. Մօրուս Հասրաթեանի, Հրաչեայ Աճառեանի, Ծերենցի, Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի եւ այլոց։ Ան մանրամասն յիշած է նաեւ մինչեւ՝ 1972 թուական, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ կատարուած հայերէն-արաբերէն թարգմանչական աշխատանքին ամբողջ հունձքը, առանց մոռնալու հայերէն-արաբերէն բոլոր բառգիրքերը, եւ՝ Երեւանի Գիտական Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան Բաժանմունքին ձեռնարկած Արաբերէն-Հայերէն 20,000 բառ եւ արտայայտութեան կերպեր բովանդակող բառարանը՝ Սուին Չուլճեանի եւ Յարութիւն Սարգսեանի պատրաստութեամբ, արաբագէտ Արամ Տէր Գէորգեանի խմբագրութեամբ եւ Գրիգոր Համամճեանի մաքուր, բծախնդիր հրատարակութեամբ։
•••
Երանութիւնը ունեցած ըլլալով՝ կրտսեր ընկերը ըլլալու՝ այս ամբողջական մտաւորականին մղած քաղաքական պայքարին ալ, պարտք կը զգամ վկայելու թէ ան՝ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէր նաեւ՝ երկրի քաղաքական արտաօրինական, ընդյատակեայ պայքարին, որպէս իրօք ամբողջական մտաւորական, հերքելով՝ ա՛յն սահմանափակ, ապաքաղաքական թիւր կարծիքը թէ՝ գրողը հեռու պէտք է մնայ քաղաքական եւ մասնաւորաբար արտաօրինական, յեղափոխակա՛ն պայքարին։ Անցեալ դարու 50-ականներու սկիզբը, ցուրտ պատերազմի տաք՝ թէժ տարիներուն, համաշխարհային խաղաղութեան կողմնակիցներու Լիբանանի մարտնչող ընկերներուն մղած արգիլեալ պայքարին՝ Ա. Դարեան անձամբ կը մասնակցէր, Պէյրութի փողոցներուն պատերուն վրայ՝ արաբերէնով լոզունքներ գրելու կէս գիշերային աշխատանքներուն, ի պահանջեալ հարկին՝ անձամբ շալակելով գործածուող փայտէ աստիճանը, կամ՝ ներկի դոյլն ու վրձինը…։
•••
Մեծ սիրերգակ, հայերգակ ու մարդերգակ բանաստեղծին՝ Վ. Թէքէեանի նման, Ա. Դարեան կը հաւատար՝ որ աշխարհի ժողովուրդները վաղը օր մը, պիտի կազմէին «մէկ ընտանիք»՝ «մէկ աշխարհին այս վերեւ»… քանի որ՝ ամէն հրեայ սիոնիստ չէր, ամէն թուրք փանթուրքիստ չէր, եւ բոլո՛ր ազգերու ազգայնամոլները փոքրամասնութիւններ էին սոսկ՝ իրենց ազգին մէջ…։
Դարեանի աշխարհին բացուելու ցանկութիւնը չմնաց անարձագանգ, եւ օտար մտաւորականներ ողջունեցին անոր տիեզերական գաղափարականը։ Բացի Ուալիտ Իխլասիէն, լիբանանեան թատրոնի 60-ականներու զարթօնքին տիրական դէմքը հանդիսացող թատերագիր, թատերագէտ ու բեմադրիչ Ժալալ Խուրի՝ Արմէն Դարեանը գնահատեց որպէս «յենակէտ»՝ հայ եւ արաբ մշակոյթներուն ու ժողովուրդներուն միջեւ, իսկ ԻՒՆԵՍՔՕ-ն Փարիզի մէջ, 1969-ին, «Արաբական Թատրոնը» խորագրով եւ հանրագիտարանային ծաւալով մեծ հատորին հրատարակութեան առիթով։ «Լիբանանեան Հայախօս Թատրոն»ը ենթաբաժինին մէջ, բարձր գնահատեց Արմէն Դարեանի աշխատանքը թատերական մարզէն ներս, գրելով՝ «Լիբանանեան հայախօս թատրոնը մեծ ներդրում ունեցաւ Լիբանանի արդի թատրոնի ստեղծումին մէջ, մասնաւորապէս՝ բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանի եւ ծանօթ արձակագիր Արմէն Դարեանի շնորհիւ, որոնք միակն էին՝ Լիբանանի մէջ, որ Ժորժ Շեհատէի աշխարհածանօթ փիէսը՝ «Վասքոյի Հեքիաթը» հայերէնի թարգմանեցին եւ բեմադրեցին»։
•••
Արմէն Դարեանի հոգեմտաւոր աշխարհի «ներքին պարտէզին» ծանօթանալու համար, կը բաւէ կարդալ «Մատեան Բանաւոր Խօսքի» խորագրեալ հատորը՝ ուր ամփոփուած են Դարեանի երեք տասնեակ դասախօսութիւնները։ Նոյնիսկ կը բաւէ կարդալ այդ դասախօսութիւններէն տասնեակ մը միայն նուիրուած Դ. Վարուժանի, Վ. Թէքէեանի, Վիքթոր Հիւկոյի, Օմար Ֆախուրիի, Վահէ-Վահեանի, Հրաչեայ Քոչարի, Ըմբոստ Շահնուրի, Անդրանիկ Ծառուկեանի, Յակոբ Օշականի եւ Գեղամ Լ. Սեւանի։ Կամ՝ այս տասնէն ի հարկին միայն մէկը՝ նուիրուած Դ. Վարուժան քաղաքացի գրողին, որուն մէջ Դարեան ամբողջականօրէն համակուած է Վարուժանի ազգային անաղարտ՝ յառաջադէմ, յեղափոխական գաղափարականով, համամարդկայնական աշխարհայեացքի լայն մտահորիզոնով։ Կը բաւէ կարդալ Դարեանի սա գնահատականները Դ. Վարուժանի մասին՝
«Դ. Վարուժան գլխահասակով մը առաջ է անցեր մեր ալ ժամանակակիցներէն՝ թեւակոխելու համար այն դարը, զոր վաղը պիտի կոչենք 21-րդ…»։
«Անոր «Հեթանոս Երգեր»ը ուրիշ բան չէին եթէ ոչ՝ կոչ մը՝ տեսնելու, գիտակցելու, անդրադառնալու՝ այս նոր դարին փտութեան՝ սուտի, կեղծիքի վրայ հիմնուած աշխարհի մը մէջ՝ մարդուն եւ մարդկութեան տառապանքներուն՝ ոսկի հորթի տիրակալութեան տակ…»։
Եւ՝ անսխալականօրէն պատկերացնելու համար Դարեանի գաղափարական անաղարտ դիմագիծը, հարկ է անպայման կարդալ անոր երախայրիքը հանդիսացող «Մեր Հացը» պատմուածքներու հատորը, կամ գէթ՝ հատորին իբր վերջաբան գրուած Մեր Հացը բանաստեղծական արձակ ինքնանկարը, ուր կը պսպղայ՝ ընկերային արդար հասարակարգի մը յոյսին աստղը… սրտառուչ հաղորդականութեամբ ու վճիտ արտայայտութեամբ, որուն մէջ ան կ’ըսէ՝
«Քու դա՛րդ բացաւ՝ այս երա՜զ իրականութեան ճամբան։ Քու դասակարգդ տուաւ քեզի՝ ա՛յս հաւա՛տքը։ Երախտապարտ ես դուն՝ ա՛յս դարին եւ քու դասակարգիդ՝ որ իր գաղափարականով իմաստաւորեց կեանքդ։ Ու դուն հիմա՝ կը սիրես ա՛յս կեանքը, նո՛ր եւ անզո՛ւսպ կրակով… որովհետեւ՝ հիմա՛ գիտես, թէ ինչու եւ որո՛ւն համար՝ կը տրոփէ սիրտդ։
«Ուզեցիր երախտագիտութիւնդ յայտնել, գրելով այս էջերը՝ պարզ ու հիանալի այն մարդոց մասին, որոնց կապուած ես՝ կեանքի եւ պայքարի նոյն շղթայով, որպէսզի՝ արիւնով, արցունքով ու դառն քրտինքով շահուած այս օրուան Մեր Հացը՝ փոխարինուի՝ սիրոյ պէս քա՜ղցր ու անհաշիւ՝ հանապազօրեայ ոսկի՛ հացով, եւ այդ հացին հետ՝ տուներէն ներս՝ ժպտին նաեւ՝ հանապազօրեայ բոսորագեղ վարդեր։
«Միայն դո՛ւն կրնաս գիտնալ թէ՝ ինչքա՜ն խորունկ սիրով կապուած ես ա՛յս կեանքի, այս պայքարի ընկերներուդ։
«Միայն դո՛ւն գիտես, որ՝ մէկուն ըսածին պէս, սիրտդ կը տրոփէ ձա՛խ կուրծքիդ տակ։ Մի՛շտ, միշտ ձա՛խ կուրծքիդ տակ։
«Ու դուն՝ այնքա՜ն հպարտ ես, ատոր համար…»։
Եւ՝ ա՛յս մարդն է՝ ամբողջական մտաւորական Արմէն Դարեանը։
1 comment
Derderian and Tarian
Maitre Kaspar Derderian’s presentation does justice to the late Armen Tarian and to the maitre himself. Western Armenian prose of such eloquence and depth is, alas, fast disappearing.
Comments are closed.