Այս յօդուածը պատրաստուած էր նախքան հայրենական իրադարձութիւնները, ինչ որ աւելի կը բնորոշէ անոր այժմէականութիւնն ու թափանցիկութիւնը:- Խմբ.
Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 20 Ապրիլ 2018
Աշխարհը խելակորոյս վիճակ կը պարզէ:
Վարչակարգերը կրկնակիօրէն խելակորոյս ընթացքի մէջ են:
Իշխանութիւնները եռակիօրէն խելակորոյս թափի մէջ են:
Կառավարութիւնները քառակիօրէն խելակորոյս յորձանուտի մէջ են:
Իսկ գլխաւորողները (թագաւոր, նախագահ, եւայլք) անսահմանօրէն խելակորոյս դերի մէջ են:
Պաղ պատերազմը այսքան խելակորութիւն չէր ներկայացուցած մարդկութեան, որքան այս օրերու խելակորուսութիւնները, խելակորուսները ու խելակորսուեալները:
Այս յօդուածը պատրաստուած էր նախքան հայրենական իրադարձութիւնները, ինչ որ աւելի կը բնորոշէ անոր այժմէականութիւնն ու թափանցիկութիւնը:- Խմբ.
Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 20 Ապրիլ 2018
Աշխարհը խելակորոյս վիճակ կը պարզէ:
Վարչակարգերը կրկնակիօրէն խելակորոյս ընթացքի մէջ են:
Իշխանութիւնները եռակիօրէն խելակորոյս թափի մէջ են:
Կառավարութիւնները քառակիօրէն խելակորոյս յորձանուտի մէջ են:
Իսկ գլխաւորողները (թագաւոր, նախագահ, եւայլք) անսահմանօրէն խելակորոյս դերի մէջ են:
Պաղ պատերազմը այսքան խելակորութիւն չէր ներկայացուցած մարդկութեան, որքան այս օրերու խելակորուսութիւնները, խելակորուսները ու խելակորսուեալները:
Արդարեւ, մեծապետական երկիրներու ղեկավարութեանց մեծամասնութիւնը կը տառապի բարդոյթներէ, ինքնահաւանութենէ ու բռնատիրութենէ, ոչ միայն իր ժողովուրդներուն նկատմամբ եւ իր երկիրներէն ներս, այլեւ՝ մագիլները երկարելով իր սահմաններէն անդին, անցնելով նոյնիսկ ովկիանոսներ:
Մեծապետական երկիրներու վարչակարգեր տակաւին կ’ապրին ու կը գործեն գաղութարարական հոգեբանութեամբ ու քաղաքականութեամբ, ճզմելով՝
– Մարդկային արժանապատուութիւններ
– Ազգային պատկանելիութիւններ
– Ժողովրդային իրաւասութիւններ
– Ոտնակոխելով նուիրականութիւններ
– Արհամարհելով օրինակարգութիւններ
Այս ոտնձգութիւններու նկատմամբ վերաբերմունքները ի՞նչ կրնան ըլլալ, երբ անոնք կը գործադրուին տուեալ երկրի մը մէջ, առաւել՝ կը հարկադրուին այլ պետութիւններու վրայ, ատոնք ըլլանք փոքր թէ կարօտեալ:
Պատմութեան պիտի չերթանք, այլ պիտի կեդրոնանանք այն չոր իրականութեան վրայ, որ այսօր կը տեսնուի ու կը զգացուի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, երբ՝ այս կամ այն վարչակարգի պարագլուխներ, իրենց բիրտ քաղաքականութեամբ ու կարծր վարքագիծով, կը բռնանան իրենց ժողովուրդներուն վրայ, կը ստրկացնեն ուրիշ ժողովուրդներու ազատականութիւնը:
Անգամ մը նայինք մեր չորսդին, հետեւինք կարգ մը պետութիւններու անհաշտ վարմունքներուն, ուսումնասիրենք ուրիշներու անտանելի գործելաձեւերը, ծանօթանանք ոմանց բռնակալ ճնշամիջոցներուն, ասոնք արդեօք չե՞ն նշանակեր, որ իշխող եւ իշխուող կողմերուն միջեւ կան.
– Անհանդուրժողութիւններ
– Անբարոյութիւններ
– Անիրաւութիւններ
– Անտեսութիւններ
– Անհաւասարութիւններ
Բնական է, ատոնք կը նշանակեն այդպէս եւ կամ՝ նուազագոյնը, կը միտին այդ վերաբերմունքներուն, երբ կայ բռնատիրութեան գործադրութիւնը, քաղաքականութիւնը, յարաբերակցութիւնը կամ պարտաւորութիւնը:
Վերջին հաշուով, թագաւորական հասկացողութիւնը, շահական ըմբռնողութիւնը, ցարական դատողութիւնը կամ կայսերական տրամաբանութիւնը, կրնա՞ն շարունակուիլ իրենց աւանդական կամ պատմական գործընթացով, հոգ չէ թէ տակաւին նման ընտրանքներու հետեւորդներ ու հաւատացողներ կան կամ՝ փորձ կը կատարուի այդ «սիստեմ»ները վերակենդանացնել:
Ժամանակները ցոյց տուած են (ու կու տան) որ վերոյիշեալ իշխանատենջութեամբ եւ իշխանավարութեամբ գործելը եւ իշխելը անյարիր են՝ ժողովրդավարութեան, իսկակա՛ն ժողովրդավարութեան, ազատախոհութեան, իսկակա՛ն ազատախոհութեան, հաւասարութեան, իսկակա՛ն հաւասարութեան, համաիրաւութեան, իսկակա՛ն համաիրաւութեան սկզբունքներու նուիրականութեան հետ:
*****
Այս հպանցիկ մտորումները կատարեցինք, պարզապէս յանգելու համար գաղափարանիւթի մը, որ կը վերաբերի ԱՅԼԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ, եւ ներկայիս, առաւել կամ նուազ չափերով, յաճախականութեամբ եւ տեղաշարժութեամբ, գոյութիւն ունի բազմաթիւ երկիրներու մէջ:
Այլախոհութիւնը պէտք չէ շփոթել ընդդիմադրութեան հետ:
Ընդդիմադիրը պէտք չէ նոյնացնել այլախոհին հետ:
Այլախոհ – ընդդիմադիր:
Ահաւասիկ զոյգ բառակապակցութիւններ, որոնք իրենց անուանարկային, արտասանական եւ հնչիւնաբերական պարունակներէն դուրս գալով, կը զգենուն լայնիմաստ ու խորիմաստ սահմաններ:
*****
Խորհրդային Միութեան եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, այլախոհութիւնը աններելի յանցագործութիւն էր, իսկ այլախոհը՝ դաւաճան մը:
Նոյնն էր պարագան Ամերիկայի, երբ Մըքքարթեան տխրահռչակ շրջանին, հաւատաքննչական քաղաքականութիւնը կը դարպասէր ձախակողմեան հակումներ կրողներն ու նոյնիսկ… մտածողները:
Տարբեր չէին (եւ չե՛ն) Ափրիկեան եւ Արաբական կարգ մը երկիրներու մէջ այլախոհականներու պարագան եւ անոնց սպառնացած ճակատագիրը:
Ուրեմն՝ ի՞նչ:
Այլախոհութիւնը անխուսափելիութիւն մըն է այն երկիրներուն համար, ուր տիրողը՝
– Բռնապետութիւն է
– Անարդարութիւն
– Կողմնակալութիւն
– Ստորակայութիւն
– Անձնակեդրոնութիւն
Սակայն, կ’ արժէ յստակացնել ու պարզել, թէ այլախոհութիւնը կրնայ ըլլալ երկու տեսակի.
ա. Դրական՝ գործող ռեժիմէն դժգոհողներու ու բողոքողներու հատուածներ, որոնք լուրջ, կարգապահ ու քաղաքակիրթ արտայայտութիւններով, ընդյատակեայ թէ ոչ, կը հակառակին իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան եւ կ’ ընդդիմանան անոր հալածողական ու բռնատիրական հետապնդումներուն:
բ. Ժխտական՝ գործող իշխանութիւններու դէմ պայքարելու համար, օտար պետութիւններու գործակալական կազմակերպութիւններու ծառայողներ եւ անոնց դաւադրական ծրագիրներու նպաստողներ, որոնք կը նկատուին ուղղակի դաւաճաններ:
Ի հարկէ, մեր ակնարկութիւնը բնաւ այս երկրորդ հատուածին չի վերաբերիր, այլ՝ հիմնովին դէմ է, բայց, այլախոհութիւնը, իր ամենէն լայն իմաստով եւ առումով ընդունելի ու բնական է, յանուն՝
– Ազատ խօսքի արտայայտութեան
– Ազատ մտքի ընտրութեան
– Ազատ գրիչի գործադրութեան
– Ազատ տեսիլքի հետեւողութեան
– Ազատ հաւատքի անխափանութեան
Այս մեկնակէտով, երբ այլախոհութիւնը եւ հակաայլախոհութիւնը կը գտնուին հակադիր բեւեռներու վրայ եւ մէկը միւսը կը հակադրէ կամ հակադրուի միւսին, պէտք է ընդունիլ ու հաստատել, որ այլախոհութեան նկատմամբ կիրարկուելու է յստակ մօտեցում եւ ըմբռնում, ընդունելով անոնց առողջացման էութիւնը կամ ապառողջացման հետեւանքները:
*****
Եթէ այլախոհութիւնը մասնաւորենք կարգ մը տարածքներու վրայ, իր գոյութեամբ կամ գործունէութեամբ, իր յարաբերութեամբ կամ կիրարկութեամբ, կը նկատենք թէ՝ ան ուժգնօրէն առկայ է, թէ՛ մեծ պետութիւններու, թէ՛ միջին, թէ՛ փոքր երկիրներու մէջ, հակառակ այն ցնորամտութեան ու ցանկատեսութեան, որ նորօրեայ զարգացած ( ՞ ) աշխարհին մէջ չկայ նման… անհեթեթութիւն մը:
Բայց, ո՞վ ըսաւ թէ չկայ կամ ոմանց համար բացառուած է անոր գոյութիւնը, երբ ան կը վխտայ՝ իր գոյնով ու թոյնով , տեղ մը խոշոր տարողութեամբ, ուրիշ տեղ մը… համեստ, այդուհանդերձ, ցաւցնող հետեւանքներով ու հոլովոյթներով:
Պիտի չխօսինք կամ յիշենք այդ երկիրներէն ներս տարուող ու գոյութիւն ունեցող այլախոհականութեան եւ այլախոհներուն մասին, որոնք կը կազմեն վիթխարի՜… գերկապոց մը, բայց, արդեօ՞ք մեր անմիջական շրջաններէն ներս չկան նման պետութիւններ, ուր հիմնովին արգիլուած է խօսիլ, գործել, արտայայտուիլ, նոյնիսկ մտածել այլախոհօրէն:
Բնական է, շա՜տ են անոնք եւ պիտի մնան այդպիսին, թերեւս ալ աւելի խորանալով ու տարածուելով, իսկ հիմա՝ հարցերուն – հարցը , Հայաստանը, անկա՛խ Հայաստանը, ո՞ւր կը գտնուի այլախոհութիւն թոհ ու բոհին մէջ:
Պատասխաննե՞րը, խնդրե՛մ.
– Այլախոհութի՞ւն. կա՛յ, էն էլ ո՜նց…
– Այլախոհութի՞ւն. կա՛յ, բայց արգիլուած է…
– Այլախոհութի՞ւն. կա՛յ, ինչպէս ամէն ինչ…
– Այլախոհութի՞ւն. կա՛յ, ժառանգականօրէն…
– Այլախոհութի՞ւն. կա՛յ, բռնակալօրէն…
Եթէ այլախոհութիւնը (այս պարագային Հայաստանեան իրականութեան մէջ) կա՛յ, գէթ բազմաթիւ օրինակներէ տեսնուած ու հաստատուած, ապա, ինչպէ՞ս բնորոշել հայրենական ժողովրդավարութեան, ազատականութեան եւ անբռնազբօսիկութեան քաղաքական ուղեգիծերուն ու հաւատամքներուն դրսեւորումները, իրենց ժխտական անբաղձալիութիւններով ու վտանգաւոր սայթաքումներով:
Ուրեմն՝
Այլախոհութիւնը իրաւունք մըն է (ո՛չ երեւոյթ), որուն նկատմամբ բրտութիւնը, սաստկութիւնն ու մոլեռանդութիւնը անընդունելի են:
Կարելի՞ է մտածել այս մասին:
Իսկ ինչո՞ւ ո՛չ: