Հալէպ չեմ ծնած, բայց փոքր տարիքէս միշտ կապուածութիւն մը ունեցած եմ Հալէպին եւ անոր միջոցով` սուրիական երկրին հետ: Կապուածութիւնս կու գայ այն իրականութենէն, որ ծնողքս` հայրս եւ մայրս, բնիկ հալէպցիներ են: Ասոր վրայ կ՛աւելնայ նաեւ այն, որ հօրեղբայրս` տոքթ. Ռոպեր Ճէպէճեան, կառչած մնաց հալէպահայ գաղութի արժէքին եւ իրականութեան` մինչեւ վերջ, որովհետեւ հաւատք ունէր հալէպահայ գաղութին նկատմամբ` իբրեւ սփիւռքահայ իրականութեան ամուր կռուանի: Եւ տակաւին, ան միշտ արժեւորեց հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն բարեկամութիւնն ու այդ բարեկամութեան համար ապրեցաւ նուիրական կեանք մը:
Ժողովներուն հերթականութիւնը պիտի ստիպէր, որ «մագոգային» ճամբորդութիւններու նման, յաճախ Հալէպ այցելէինք եւ այս` տարիներու վրայ երկարած: Այս բոլորը կը սկսէր մեր օրերու այսպէս ըսած «անուն վաստկած» մեր հայ վարորդներուն հետ: Կային` Գօգօ Սուսանին, Ապու Ներսոն, Կուկուլի Յակոբը եւ տակաւին` Բարսեղն ու երիտասարդական շարքերու ներկայացուցիչ Մանուկը: Բոլորը մեր «տղաներն» էին, որոնք երկար տարիներու վրայ իրենց կեանքի պատմութիւնը կիսեցին մեզի հետ: Պիտի լսէինք իւրաքանչիւրին «արկածախնդրութիւնները» եւ այդ բոլորին մէջ իրենց ներաշխարհը արտայայտող տագնապները: Կեանք մըն էր, զոր կ՛ապրէին իրենց հասկցած պարունակով, եւ որ հայկական մէկ իրական վիճակ էր` տեսնելու համար տարբեր «գունաւոր» ապրուող կացութիւնները:
Մեր օրերուն բաւական արկածախնդրական էր գիրքեր եւ հրատարակութիւններ Սուրիա փոխադրելը: Մեր եկեղեցւոյ հրատարակութիւնները սահմանէն միւս կողմ անցընելու քաղցր լուծը վերցուցած էին մեր տղաքը: Անոնց մէջ նշանաւոր էր Գօգօ Սուսանին: Ունէր իրեն յատուկ խօսելու ոճ եւ ժպիտը դէմքին` սահմանին վրայի պաշտօնեային կը կրկնէր անգիր ըրած իր յատկանշական նախադասութիւնը. «Այս սնտուկը սուրբ է, չդպչիս հա՛, այլապէս Աստուած պապան կը բարկանայ»:
Ապու Ներսոն ունէր աւելի խիստ ու զուսպ նայուածք: Հանդարտ էր ու վճռական: Ամէն անգամ որ կը խնդրուէր իրմէ ինքնաշարժին սնտուկը բանալ` ստուգման համար, Ապու Ներսոն կը պատասխանէր. «Բան մը չկայ մէջը»: Նոյնիսկ եթէ ինքնաշարժին սնտուկը հազիւ կարենար գոցել Ապու Ներսոն, իրենց յատուկ մշակոյթ եւ կենցաղ էր այս արտայայտութիւնը` հաղորդակցութեան միջոց մը սահմանի վրայ պաշտօնեային հետ, որուն պնդումներուն միեւնոյն պատասխանը կու տար Ապու Ներսոն. «Բան մը չկայ մէջը» յանկերգը կը կրկնէր ան այս անգամ աւելի ինքնավստահ եւ քիչ մըն ալ խիստ: Զիրար լաւ հասկցած ու իրարու վայել հասկացողութեամբ անոնք կը կրկնէին իրենց երկխօսութիւնը` նոյնքան հարազատութեամբ եւ արժէքով:
Ճամբորդութեան հաճելի երեւոյթներէն էին նաեւ Հալէպէն առաջ` Մաարա գիւղի ճաշարանները: Թէեւ կը կենայինք քիչ մը հանգստանալու, բայց իրականութեան մէջ այդ հանգիստին կը զուգորդուէր անուշեղէնի եւ նախաճաշ¬ճաշի խանդավառութիւնը: Հոն կար նաեւ ճաշարանատէրերուն կենցաղը, հիւրը յարգելու մշակութային կրկնուող յանկերգ¬արժէքը: Վճարելու ատեն անոնք անպայման պիտի ըսէին. «Խալի ալէյնա» (մեր վրայ ձգէ վճարումը): Հիւր էինք իրենց համար եւ արաբական¬միջինարեւելեան մշակութային մեծ եւ հիմնական կենցաղային գիծն է հիւրը յարգելը, թէկուզ` խօսքով. եւ մենք կը պատասխանէինք` «Չ՛ըլլար»: Ծանօթ¬անծանօթներ էինք, բայց կը հասկնայինք իրարու հաղորդականութեան ստեղծած արժէքին իւրայատուկ ջերմութիւնը, որ կը միացնէր մարդիկը իրարու` ստեղծելու կեանքի այն պահը, որ գեղեցիկ է եւ պիտանի…
Մեր ժողովները կը սկսէին Ճամալին «Բարի գալուստ»¬ի խօսքով. ան ընդհանուր ապահովութեան գրասենեակի հայկական բաժանմունքի պատասխանատուն էր, որ արդէն տեղեկացած էր, թէ ժողով մը կայ: Պիտի ողջունէր իւրաքանչիւրս, ապա մեր անձնաթուղթերուն հիման վրայ պիտի արձանագրէր մեր անունները իր տոմարին մէջ:
Այս մէկը կը կատարէր տարիներ շարունակ, չեմ գիտեր, թէ մեր անունները քանի՛ անգամ գրուած են հոն, մինչեւ որ օր մը ինք ալ բաւարարուեցաւ ու ըսաւ. «Պէտք չկայ ընելու այս ցանկագրումը: Նոյն մարդիկն էք, տարիներով կու գաք ու կ՛երթաք»:
Այդ օրերուն Սուրիան շատ աւելի «փակ» տնտեսութեան սկզբունքները կը կիրարկէր: Կարելի չէր օտար դրամանիշի անունն իսկ տալ, յատկապէս` տոլարի: «Կանաչը» լաւագոյն որակումն էր. այդպիսով պէտք էր հասկնայինք, թէ ինչպէ՛ս պէտք էր բացատրէինք պիւտճէական որակումները ըստ պատշաճի: Այն ժամանակ նոյնիսկ չէինք կրնար պատկերացնել, որ պիտի գայ օր, երբ առանց կաշկանդումի նոյնինքն «կանաչով» գնում պիտի ընէինք սուրիական որեւէ մէկ վաճառատան մէջ, նաեւ դիւրութեամբ փոխանցումներ պիտի կատարէինք եւ այլն:
Իւրաքանչիւր ճամբորդութեան, այցելութեան եւ ժողովի` ապրեցանք պահը եւ հարազատութիւնը իր ամբողջութեան մէջ: Տեսանք բարեկարգումի քայլ առ քայլ յառաջընթացը: Ապրեցանք «երազային» Հալէպն ու անոր ժողովուրդին եւ կենցաղին ստեղծած հարազատութեամբ լի ապրող մշակոյթը: Եթէ մէկ կողմէ կար պատմութիւն, արմատ եւ աւանդ, կար նաեւ մարդկութեան համար կեանքի արժէքը, որ իր մէջ կը պարունակէր նկարագիրն ու ոճը: Այդ նկարագիրն է, որ մեր կեանքերուն կու տայ արժէք եւ իմաստ:
Ծնանք, մեծցանք ու ապրեցանք (եւ տակաւին կ՛ապրինք) այս տարածաշրջանին մէջ, ուստի գիտենք նաեւ, որ շրջանը կարիքը ունի հսկայական բարեկարգումներու: Բայց նաեւ գիտենք, որ այս տարածաշրջանին մէջ կան մարդկային արժէքներ, որոնք մեր կեանքերուն իմաստ տուին, բարեկամութիւն եւ հաղորդականութիւն ստեղծեցին եւ այս բոլորէն ծնունդ առաւ մշակութային ջերմութիւնը:
Յունուար 2011-էն ի վեր արաբական աշխարհը կ՛ապրի «յեղափոխութիւններու» հեւք մը… Այսպէս կոչուած` «Արաբական գարուն»: Եթէ այդ բոլորը մէկ կողմէ տեղի կ՛ունենան բարեկարգումի կարգախօսով, բայց եւ այնպէս հոն կայ միջազգային օրակարգերու եւ անոնց զիրար հրմշտկելու հաշուարկները: Ուրիշ հարց է, թէ քաղաքական վերլուծումները ի՞նչ են տեղի ունեցածին մասին, եւ թէ` անոնք ո՞ւր կրնան առաջնորդել: Էականն ու մնայունը տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած մարդկային կեանքի արժէքներն են, որոնք եւս «կ՛այրին» այրող այլ իրավիճակներու շարքին եւ շրջանին մէջ տիրող բոլոր իրադարձութիւններուն խառնակութեան մէջ: Այս արժէքները կարեւոր են ո՛չ միայն շրջանին մարդկային կեանքին եւ անոր քաղաքակրթութեան համար, այլ` միջազգային ընտանիքին համար հաւասարապէս:
Եթէ «օձի պէս խորամանկ» չենք կրնար ըլլալ, գէթ պահուան մը համար ըլլանք «աղաւնիի պէս միամիտ»: Այս միամիտ հոգիով ու տրամադրութեամբ եւ բարձրաձայն խնդրանք մը ընենք միջազգային համակարգին.
«Հանգի՛ստ ձգեցէք տարածաշրջաները: Հոս կան արժէքներ, որոնք պէտք չէ՛ այրին»: