Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 28 Ապրիլ 2015
«Կրնամ աչքս գոց վերարտադրել մէն մի արհաւիրք»։
Ցեղասպանութեան արհաւիրքի մասին է ակնարկութիւնը…։ Հոն՝ պատմութեան այդ դաժան մէկ ժամանակահատուածին, երբ հայը ջարդուեցաւ ու տակաւին տեղահան եղաւ իր արմատներէն…։ Հայը կորսնցուց անհամար մարդկային հոգի՝ հող, կալուած եւ հայրենի տուն…։ Բայց նաեւ կորսնցուց մտաւորական ու մշակոյթի եւ գեղարուեստական մտքի «հսկաներ»…։ Անոնք որ տակաւին երկար պիտի կարենային ստեղծագործել եւ շատ աւելիով հարստացնել հայկական «Աւանդը»՝ եթէ…։
Եւ ցեղասպանութեան այս արհաւիրքին մէջ, Տէր Զօրը՝ «…Հրաբորբոք, կիզիչ ու խանձող արեւին տակ, անսահման տարածութեամբ փշրուած անապատը» եղաւ մէկ կողմէ գերեզման, բայց նաեւ վերապրում…։ Տեղահանուած հայուն տոկուն հաւատքը, որ չմահացաւ, երբ նոյնիսկ անոր (հայուն) ֆիզիքականը ոչնչացաւ…։ Իսկ ան (անոնք), որոնք ապրեցան, այդ նոյն հայուն հաւատքն էր որ տուաւ շունչ՝ դուրս գալու համար այդ արհաւիրքէն…, որպէսզի հայուն կեանքը եւ անոր մշակութային աւանդը շարունակէ ապրիլ ու ապրեցնել…։
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 28 Ապրիլ 2015
«Կրնամ աչքս գոց վերարտադրել մէն մի արհաւիրք»։
Ցեղասպանութեան արհաւիրքի մասին է ակնարկութիւնը…։ Հոն՝ պատմութեան այդ դաժան մէկ ժամանակահատուածին, երբ հայը ջարդուեցաւ ու տակաւին տեղահան
Եւ ցեղասպանութեան այս արհաւիրքին մէջ, Տէր Զօրը՝ «…Հրաբորբոք, կիզիչ ու խանձող արեւին տակ, անսահման տարածութեամբ փշրուած անապատը» եղաւ մէկ կողմէ գերեզման, բայց նաեւ վերապրում…։ Տեղահանուած հայուն տոկուն հաւատքը, որ չմահացաւ, երբ նոյնիսկ անոր (հայուն) ֆիզիքականը ոչնչացաւ…։ Իսկ ան (անոնք), որոնք ապրեցան, այդ նոյն հայուն հաւատքն էր որ տուաւ շունչ՝ դուրս գալու համար այդ արհաւիրքէն…, որպէսզի հայուն կեանքը եւ անոր մշակութային աւանդը շարունակէ ապրիլ ու ապրեցնել…։
Արմենակ Միսիրեան նոյն այս հայուն հաւատքին արգասիքն է որ վերապրեցաւ։ Ատիեաման ծնած ու փոքր տարիքէն արդէն հօրմէն որբ մնացած՝ ապրեցաւ նաեւ հայուն ցեղասպանութեան արհաւիրքը…։ Եւ ինչպէս ինք կը վկայէ, «կրնամ աչքս գոց վերարտադրել մէն մի արհաւիրքը…»։ Եւ այդ արհաւիրքէն հրաշքով փրկուած Արմենակ եւ իր ընտանիքը կը հաստատուին Իրաքի Մուսուլ քաղաքը, որմէ ետք կը փոխադրուին Հալէպ…։ Այս քաղաքին մէջ կը սկսի զարգանալ իր նկարչական տաղանդը, ինչ որ կը քաջալերէ զինք մեկնելու Փարիզ, ուր իր նկարչական արուեստի ճամբով կը մասնագիտանայ Սէն Ժիւլիէն եւ Կրան Շոմիէր արուեստի ազատ կաճառներուն մէջ…։ Եւ կամաց-կամաց կը սկսի թափ առնել Արմենակի նկարչական տաղանդը, ինչ որ շուտով պիտի հասնէր միջազգային համբաւի՝ ստեղծելով իր սեփական ոճը եւ ուր կը սկսի գործածել եւ ճանչցուիլ իր ԱՐՄԻՍ գեղարուեստական անունով։
Բայց Տէր Զօրը ուրուականի մը նման հալածեց Արմենակը…։
Ապրած ու տեսած էր Հայուն մահը Տէր Զօրի մէջ…։ Բայց նաեւ ան վերապրող Հայն էր նոյնինքն Տէր Զօրին ու անոր մէջէն…։ Եւ Տէր Զօրը Արմենակը վերածած էր, ինչպէս ինք կ՚ըսէ «խորան»ի եւ որուն վրայ ան կերտած էր իր ամբողջ կեանքը։ Եւ այդ Տէր Զօրի «Անապատի խորան»ին վրայ ան կերտած էր իր հայու հաւատքի կեանքը՝ իր լման կեանքը նուիրելով մէկ կողմէ գեղանկարչական մշակոյթին, բայց նաեւ գրական, երաժշտական ու տակաւին հոգեւոր առաջնորդութեանը։ Արմենակ Միսիրեան դարձաւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիի ձեռնադրեալ հովիւ-կղերական եւ ծառայեց իր ժողովուրդին Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու մէջ։
Եւ այս իմաստով Արմենակի կեանքը եւ գործունէութիւնը եղաւ ամբողջական։
Բայց չդադրեցաւ Արմենակի տէր զօրեան հոգեներաշխարհը եւ անոր ապրումները…։ Բայց ինչպէ՞ս չապրիլ այդ բոլորը…։ Երբ տեսած էր թէ ինչպէ՞ս Տէր Զօրը դարձած էր «…տառապակոծ հայուն ահաւոր գերեզմանոցը»…։ Երբ նոյն Հայը հոն քշուած էր որպէս «բարբարոս թուրքին դիւային ծրագրին միակ պարծանքը»…։ Արմենակ «անհուն կսկիծով խոցուած» դիտած էր գաղթականութեան «վրաններու քուրջի կտոր պաստառները», որոնք «գետնաթաւալ կուտակուած էին ամէն կողմ»։ Եւ այդ վրաններուն մէջէն Արմենակ ապրած էր հայուն, իմա՝ իր «ջախջախուած սէրը, հրկիզուած յոյսը ու նահատակուած հաւատքը», որոնք «մոխրակոյտի վերածուած» էին…։
Բայց Արմենակի ապրած այս ցեղասպանութեան արհաւիրքը՝ նաեւ ստեղծած է իր մէջը Հայուն Յոյսը…։ «Թուրքին հրէշածին շունչը մարած էր բոլոր կանթեղները, խորանը վերածուած էր մոխրակոյտի եւ փշրուած էր սուրբ խաչը», բայց Հայուն զօրաւոր հաւատքը դարձեալ վերապրեցուց նոյնինքն Հայուն խորանը «…որ կը մնար հաղորդուած իր երակներուն մէջ ժամերգութիւնը ու իր արեան մէջ պատարագը»։ Եւ Արմենակ այս բոլորին մէջէն կրցաւ տեսնել «վառ ու պայծառ Լուսաւորչի Աստղը» որ «աւելի քան երբեք կը շողար…»։
Եւ այդ «շողացող Աստղին» տակ հայ քահանան Աւետարանը ձեռքին կը պատարագէր ու կը խրախուսէր իր ժողովուրդը երգելով «Տէր Ողորմեա, Տէր Ողորմեա, անօգնական ազգիս հայոց»…։ Եթէ Արմենակ «արտասուքով շաղապարած» կ՚երգէր այս մեղեդին, բայց նաեւ կը զգար թէ ինչպէս այս «մեղեդին կ՚ողողէր անապատի խորանը ու կը շարժէր փշրուած ոսկորները»։
Եթէ Արմենակ ապրեցաւ այս Հայուն խորանը, բայց նոյն այս խորանին հաւատքը եղաւ իր կեանքին մղիչ ուժը…։ Եւ այս ուժին միջոցաւ ան անդադար ստեղծագործեց։ Արմենակի յետ-ցեղասպանութեան կեանքն ալ զերծ չէր փորձառութիւններէ…։ 1952 թուականին ան կորսնցուց իր կողակիցը եւ մինակ մնաց իր երեք որբ զաւակներուն հետ…։ Սակայն Տէր Զօրի գեհէնին դիմացած հայ մարդը տեղի չէր տար յուսալքումի…։ Եթէ Արմենակ կուտակած էր այս «ուժը», որովհետեւ իր հոգիին մէջ «գծուած» էր մէկ կենդանի «պաստառ»՝ իր տեսած ու ապրած Տէր Զօրեան արհաւիրքէն…։ Եւ այս պաստառը «Անապատի Խորան»ն է եւ որ ինչպէս Արմենակ նկարագրած է իր բանաստեղծութեանը մէջ «…որպէս անջինջ, աներեր ու յաղթապանծ պատկեր»։
1956 թուականին Արմենակ Միսիրեան պաշտօնական այցելութեամբ մը ոտքը դրաւ Մայր հայրենիք։ Ան խանդավառ էր տեսնելով «վերապրող հայը եւ հայրենիքը»։ Իր շատ մը պաստառներէն նուիրեց Հայրենիքին եւ որ մինչեւ այսօր տակաւին պահուած եւ ցուցադրուած են։ Այցելութենէն ետք ան չէր թոյլատրեր ոեւէ մէկուն աննպաստ արտայայտութիւններ ունենալ Հայրենիքի մասին։ Գանգատողին միշտ կը յիշեցնէր…։ «Միթէ դուք մոռցա՞ք Տէր Զօրը…»։
1965 թուականին, Եղեռնի Յիսնամեակին, Արմիս իր սրտի մէջի «Անապատի Խորանը»ը դուրս հանեց որպէս գեղանկարչական հսկայ արուեստի գործեր։ Ան պատրաստեց քառասուն պաստառ իր ապրած տէր զօրեան արհաւիրքէն…։ Դժուառութիւն չունեցաւ զայն իրականացնելու…։ Ապրած էր այդ բոլորը, բայց նաեւ ունէր «ուժը» զայն արտադրելու…։ Իսկ «ո՞ւժը»…։ Ան առած էր այն «Խորան»էն, որ իր սրտին ու հոգիին մէջ արմատացած էր իր ապրած «Անապատի» արհաւիրքի այդ օրերէն …։ Արմիս քառասուն պաստառներու նկարաշարը կոչեց «Ցեղասպանութիւն»…։
Եւ այսօր 2015-ին, Յեղասպանութեան հարիւր ամեակին նկարաշարը տակաւին զօրաւոր կերպով կը խօսի։
Վերապատուելի Արմենակ Միսիրեան մահացաւ 1977-ին, Ֆրանսայի մէջ…։ Անոր սրտին մէջ միշտ մնաց «Անապատի Խորանը»ը։ Այն «Խորանը»ը, որ իրեն տուաւ կեանք եւ ա՛լ աւելի կեանք…։ Եւ այս այն «Խորան»ն է, որ Արմենակ նկարագրեց իր գրութեանը վերջին նախադասութեանը մէջ որպէս «…յաւիտենական»։ Եթէ «…անագորոյն ժամանակի վազգը ու հեւքը մոռացութեան վիհը նետեց պաստառներուս մէկ մասը ու արեւին ճաճանչները աւաղ խլեցին վառ երանգներս, որոնք դաշնաւորած էի հոգիէս պաստառներու վրայ, սակայն միակ պաստառը որ կայ ու կը մնայ յաւիտենապէս հոգիիս սրբարանին մէջ ատ ալ Անապատի Խորան Է»։ Այս «ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԽՈՐԱՆԸ»ը եթէ մէկ կողմէ կը յիշեցնէ Հայուն «Արհաւիրքը» բայց նաեւ անոր «Աւանդը»։ Ու տակաւին այս «Աւանդին» պահպանումը եւ պահանջատիրութիւնը…։
Եւ այս «Անապատի Խորան»ն է եւ անոր կերտած «հաւատքը», որ հայուն տուաւ ուժը ապրելու եւ ստեղծագործելու։ Հարիւր Ամեակ ու տակաւին անդին…։
«Անապատի Խորան»ը…։ Արմիսը՝ Արմենակ Միսիրեանը ապրեցնողը, բայց անպայմանօրէն ողջ Հայութիւնը…։
Click on any picture to start the slide show.