Անապատի Մեղեդիներէն Աշնանային Համանուագ

Մովսէս Ծիրանի, Պէյութ, 17 Նոյեմբեր 2014

Բազմաթիւ ու բազմատեսակ արուեստագէտներ, աւելի ճի'շդը արուեստով զբաղողներ, յատուկ որոշումով, ուսումնասիրութիւններով ու երբեմն նոյնիսկ երկարատեւ աշխատանքով փորձած են ու կը շարունակեն փորձել ինքնատիպ ու գրաւիչ ոճի արհեստական կաղապարման, քաջ իմանալով որ ինքնատպութիւնը կենսական բանալի է յաջողութեան: Անոնք առհասարակ չեն յաջողած ու չեն յաջողիր, որովհետեւ ինքնուրոյնութիւնը կը փնտռեն իրենցմէ դուրս՝ արտաքին աշխարհի ձեւականութեան մէջ, անտեսելով ներաշխարհի խորքայինը, որ գրաւականն է սեփական Եսի բացայայտման ու դրսեւորման:

Հարճը 40"x42"

Նոյն տրամաբանութեամբ դժուար թէ գեղանկարիչ մը կարողանայ ի մի բերել Եգիպտոսի կիզիչ, անապատային ու միագոյն աւազուտներն ու Գանատայի աշնանային, զով ու երփներանգ բնութեան տպաւորութիւններն ու արտայայտչաձեւերը. ու անցընելէ ետք զանոնք իր հոգեմտաւոր պրիսմակէն, դրսեւորել կտաւի վրայ իբրեւ ուրոյն ու գրաւիչ ոճ ունեցող ստեղծագործութիւն: Փաստօրէն եթէ ան ի վերուստ օժտուած չըլլար արուեստագէտի համապատասխան խառնուածքով ու տաղանդով, պիտի չյաջողէր: Այս բոլորը ի յայտ եկան ու բացայայտուեցան Պերճ Չաքէճեանի արուեստին մէջ, ենթագիտակցաբար ու տարերայնօրէն:

Մովսէս Ծիրանի, Պէյութ, 17 Նոյեմբեր 2014

Բազմաթիւ ու բազմատեսակ արուեստագէտներ, աւելի ճի'շդը արուեստով զբաղողներ, յատուկ որոշումով, ուսումնասիրութիւններով ու երբեմն նոյնիսկ երկարատեւ աշխատանքով փորձած են ու կը շարունակեն փորձել ինքնատիպ ու գրաւիչ ոճի արհեստական կաղապարման, քաջ իմանալով որ ինքնատպութիւնը կենսական բանալի է յաջողութեան: Անոնք առհասարակ չեն յաջողած ու չեն յաջողիր, որովհետեւ ինքնուրոյնութիւնը կը փնտռեն իրենցմէ դուրս՝ արտաքին աշխարհի ձեւականութեան մէջ, անտեսելով ներաշխարհի խորքայինը, որ գրաւականն է սեփական Եսի բացայայտման ու դրսեւորման:

Հարճը 40"x42"

Նոյն տրամաբանութեամբ դժուար թէ գեղանկարիչ մը կարողանայ ի մի բերել Եգիպտոսի կիզիչ, անապատային ու միագոյն աւազուտներն ու Գանատայի աշնանային, զով ու երփներանգ բնութեան տպաւորութիւններն ու արտայայտչաձեւերը. ու անցընելէ ետք զանոնք իր հոգեմտաւոր պրիսմակէն, դրսեւորել կտաւի վրայ իբրեւ ուրոյն ու գրաւիչ ոճ ունեցող ստեղծագործութիւն: Փաստօրէն եթէ ան ի վերուստ օժտուած չըլլար արուեստագէտի համապատասխան խառնուածքով ու տաղանդով, պիտի չյաջողէր: Այս բոլորը ի յայտ եկան ու բացայայտուեցան Պերճ Չաքէճեանի արուեստին մէջ, ենթագիտակցաբար ու տարերայնօրէն:

Ինչո՞ւ:

Նախ անոր համար որ ո'չ ինք եւ ո'չ ալ իր ծնողները որոշած էին որ ինք գեղանկարիչ դառնայ, այլ պարզապէս 1939-ին ծնած էր արուեստագէտի խառնուածքով էակ մը Գահիրէի մէջ Եղեռնէն ճողոպրած ընտանեկան համեստ յարկի մը տակ: Փոքր տարիքէն բացառիկ սէր կը ցուցաբերէ գեղանկարչութեան հանդէպ: 1957-ին աւարտելէ ետք Գահիրէի ֆրանսա-Եգիպտական երկրորդական վարժարանը, զինք կ'ուղարկեն «Լէոնարտօ ՏաՎինչիի» անուան գեղարուեստից ուսումնարանը, ուր բախտը կ'ունենայ աշակերտելու յայտնի արուեստագէտներ՝ Ամէտէօ Թրէվիսոննոյի եւ Սայէտ Ապտըլ Ռասուլի: Ան իր մանկապատանեկան կեանքը անցուց Գահիրէի մարդաշատ ու նեղլիկ փողոցներուն մէջ, ուր կեանքը քարշ կու գար դժուարութեամբ ու կարգ մը պարագաներու՝ դաժանութեամբ: Նոյն ժամանակաշրջանին, տարբեր առիթներով կ'այցելէր անապատը, ուր չոր ու կիզիչ արեւու տակ սլացող բուրգերը, սֆինքսերն ու առհասարակ հին եգիպտական արուեստը իրենց վեհութեամբ ու կոթողայնութեամբ կը տպաւորեն ու կը լիցքաւորեն իր մատղաշ բանաստեղծական հոգին:

Տաք, միագոյն ու անծայրածիր անապատներու եւ Գահիրէի եռեւեփող կեանքի տպաւորութեան տակ իրագործուած եգիպտական շրջանի անոր ստեղծագործութիւնները, կը բաղկանան դիմանկարներէ, անկենդան բնութիւններէ եւ քաղաքային հնատիպ փողոցներէ առնուած տեսարաններէ, ուր մարդը արժեւորուած է իբրեւ բանական էակ իր միջավայրով ու դրական յատկութիւններով: Ան Գահիրէի մէջ քանի մը անգամ ցուցադրուելէ եւ որոշ գնահատանքներ ստանալէ ետք, 1966-ին կը մեկնի Գանատա, Մոնթրէալ, ուր մշտական բնակութիւն կը հաստատէ: Հոն զարմանալիօրէն տասնեակ տարիներ ստեղծագործական գետնի վրայ կը վարէ ամուլ կեանք մը: Թէեւ Գանատան իր կենցաղով, կլիմայով ու վարք ու բարքով ճիշդ հակապատկերն էր Եգիպտոսի, սակայն դիւրութեամբ մերուեցաւ գանատական կեանքին:

Ջուրի Գլգլոցը 56×70 սմ.

Սիրեց երկիրը, նոյնի'սկ ընտելացաւ պաղին հետ եւ այնուհետեւ սիրահարուեցաւ ու իր սփոփանքը գտաւ Քէպէքի գեղեցիկ բնութեան, ի մասնաւորի աշնանային գեղեցկութեան մէջ: Ան թէեւ սկզբնական շրջանին չէր ստեղծագործեր, սակայն յաճախ կ'այցելէր թանգարաններ, պատկերասրահներ ու ցուցասրահներ, ուր կ'ուսումնասիրէր ժամանակակից արուեստը, իրեն ընկեր ունենալով ժամանակակից արուեստի եւ գեղագիտութեան վերաբերող հրատարակութիւններ ու պատկերագիրքեր: Բնութիւնը իր տարերքն էր, աշնան յաճախ իր ազատ ժամերը կ'անցընէր անտառներու եւ դաշտերու մէջ, ուր երփներանգ տերեւաթափը մեղմ զեփիւռի տակ բոցավառ գուներանգներու տպաւորութիւն կը ստեղծէին: Որովհետեւ ինք ծնած էր ստեղծագործելու համար, իր մէջ արտայայտուելու մղումը բուռն էր ու անդիմադրելի, իր կողակիցի՝ Նայիրիի քաջալերանքով գեղեցիկ օր մը՝ 1994-ին դարձեալ վրձինը կը վերցնէ ու կը սկսի ստեղծագործել: Արդէն իսկ տասնեակ  տարիներ անցած էին եգիպտական շրջանէն, ինք հասունցած էր իբրեւ մարդ, կազմաւորուած էր իբրեւ ինքնուրոյն լեզուամտածողութեան տէր մտաւորական. ու կեանքն ու արուեստը կը ճանչնար շատ աւելի:

Կարճ ժամանակի ընթացքին՝ տարի մը ետք իր գործերը կը ցուցադրուին Մոնթրէալի «Սալոն տէ Կալըրի տ'Արթ» ցուցասրահին մէջ ու կ'արժանանայ ջերմ ընդունելութեան ու բարձր գնահատանքներու: Զարմանալին այն էր որ ան առանց մասնաւոր ստեղծագործական ճիգի եւ եղափոխութեան, արուեստասէր հասարակութեան կը ներկայանայ բոլորովին նոր  ու ինքնատիպ ոճով մը, ուր ի յայտ կու գար իբրեւ արդէն իսկ իր ստեղծագործական ուղին ճշդած ու հասուն արուեստագէտ: Այնուհետեւ Պերճ Չաքէճեանի ստեղծագործական յաջողութիւնները կը յաջորդեն իրարու, կը սկսի ցուցադրուիլ գանատական շարք մը ցուցասրահներու մէջ ու մասնակցիլ մրցոյթ ցուցահանդէսներու: 1999-ին կ'արժանանայ CAPSA-ի «Prize of Excellence»ի յայտնի մրցանակին: Անոր գործերը դուրս գալով Գանատայի սահմաններէն կը ցուցադրուին նաեւ Նիւ Եորքի, Մոնաքոյի, Փարիզի եւ Պէյրութի միջազգային ցուցահանդէսներուն: Ընթացքին իր գեղանկարներէն երկուքը իբրեւ գիրքի շապիկի նկարազարդում օգտագործուած են Փարիզի «Պէլֆոնտ» հրատարակչատան կողմէ: Բացի հայկական բազմաթիւ թերթերէ, անոր արուեստին անդրադարձած են նաեւ օտար արուեստի հրատարակութիւններ. ինչպէս “Magazine d'Art”, “B. Digest”, “Magazine Parcours”, եւայլն:

Եթէ եգիպտական շրջանի Պերճ Չաքէճեանի արուեստը թաթաւուն էր  տպաւորապաշտութեամբ, ապա գանատական շրջանի անոր ստեղծագործութիւնները կը մտնեն գերիրապաշտական ոլորտներու մէջ, ուրկէ ուղիղ գիծը գրեթէ կը բացակայի ու տեսարանները, նաթիւրմորդերն  ու կերպարները իրագործուած են կոր ու կլոր կերպերով ու գիծերով: Անոր բնանկարները, ուր ծառերը իրենց կենսական տեղը կը գրաւեն, անծայրածիր են ու ինչ որ տեղ երբեմն էրոթիկ բնոյթ ունին: Ի դէպ անոր էրոթիզմը դրսեւորուած է յատկապէս կին կերպարներու մէջ, որոնք թէեւ գռեհկութենէ հեռու, հոլանի, վաւաշոտ ու երբեմն նաեւ կրքոտ վիճակներ կը պարզեն, սակայն բարի են, վեհանձն ու վսեմ. իսկ յաճախ ալ մայրանալու ընդունակ պարմանուհիներ են պարզապէս: Գոյները տաք են, պայծառ, եգիպտական անապատներու նման եւ երփներանգ, կենսունակ, ներդաշնակ ու գեղեցիկ՝ Գանատայի աշնան տեսարաններուն նման, ուր դրսեւորուած կը թուի ըլլալ նաեւ թեթեւ զեփիւռի տակ շարժուող գունագեղ տերեւներու բոցավառ հմայքը:

Թաւջութակ Նուագողը 40"x48"

Չաքէճեանի գերիրապաշտութիւնը հեռու է Շակալի, Մարքս Էրսդի եւ կամ Սալվատոր Տալիի երազներէն ու մղձաւանջներէն: Իր մօտ տուայտանքները կան սակայն անդոհանքը չկայ. մտահոգութիւնը կայ սակայն՝ յուսահատութիւնը չկայ, գոյատեւման մարտահրաւէրը կայ սակայն՝ անձկութեամբ լի խուճապը կը բացակայի: Երեւակայութիւնը կայ սակայն ծայրահեղ ու արհեստական ձգտումները չկան: Իր մարդասիրական (յատկապէս կնոջական իրաւունքները պաշտպանելու  ծիրէն ներս) բովանդակութեամբ յագեցած կտաւներու պարագային երբեմն նոյնիսկ, ինչ որ տեղ երգիծական տարրեր կը նշմարուին ու ժպիտ կը յառաջացնեն: Ան լաւատեսութեամբ հետամուտ է պատկերելու եւ դրսեւորելու գեղեցիկը, բարին ու վսեմը, մարդու՝ անոր  շրջապատի եւ օգտագործած առարկաներու ընդմէջէն:

Վերջին շրջանի անոր ստեղծագործութիւնները աստիճան մը աւելի կը բարձրանան ու գերիրապաշտութիւնը կ'օժտեն անհեթեթի զգացողութեամբ, որ տարերայնօրէն կը բխի երկրագունդի մերօրեայ կեանքի տագնապներէն ու ապագայի անորոշ ու մտահոգիչ վիճակներէն:

Ի դէպ Պերճ Չաքէճեան պարբերաբար իր գործերէն նուիրած է հայ եկեղեցիներու եւ այլ հաստատութիւններու: Այս անգամ ան Մոնթրէալի Համազգային «Սանահին» ցուցասրահի մէջ Դեկտեմբերի առաջին կիսուն կայանալիք անհատական ցուցահանդէսի ամբողջական եկամուտը կը նուիրէ Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցիի բարեզարդման ֆոնտին: Հոգեւոր ծիրէն ներս ան իրագործած է նաեւ ժամանակակից ոգիով թելադրուած կարգ մը սրբանկարներ, որոնք արժանի են առանձինն վերլուծման եւ մեկնաբանման:

Կապտականաչ Մրգամանը 56×64 սմ.

Պերճ Չաքէճեան արդէն իսկ կայացած եւ ինքնուրոյն արտայայտչաձեւերու տէր գեղանկարիչ է: Անոր արուեստի բովանդակութիւնն ու ոճային եղափոխութիւնը զինք կ'առաջնորդեն դէպի առաւել բիւրեղացում եւ հասունացում:
 

You May Also Like