Անապատի Տեսիլքը


Հրայր Ճէպէճեան, Ազդակ, Քուէյթ, 5 Օգոստոս 2010

ՙՏակաւին նորածին զաւակս չեմ տեսած՚: Քումարն է, որ Հնդկաստանէն եկած է Քուէյթ՝ իբրեւ բանուոր եւ իր օրապահիկը պիտի ապահովէ ստանձնելով մաքրութեան եւ մատակարարութեան այլ պաշտօններ: Մէկ տարի եղած է զաւկին ծնունդին ու ան տակաւին կը սպասէ այն օրուան, երբ առիթը պիտի ունենայ վերադառնալու տուն, բայց անպայմանօրէն ընտանիքին՝ ջերմանալու եւ ջերմացնելու իր տան օճախը…: Մեր Աստուածաշունչի ընկերութեան գրասենեակին մաքրութիւնը կատարելով՝ կապ մը ստեղծեց հետս, իսկ իմ հետաքրքրութիւնս ա՛լ աւելի խորանալով՝ խօսակցութիւնը ընդարձակեցինք աւելի ծանօթանալու համար անոր:



Հրայր Ճէպէճեան, Ազդակ, Քուէյթ, 5 Օգոստոս 2010

ՙՏակաւին նորածին զաւակս չեմ տեսած՚: Քումարն է, որ Հնդկաստանէն եկած է Քուէյթ՝ իբրեւ բանուոր եւ իր օրապահիկը պիտի ապահովէ ստանձնելով մաքրութեան եւ մատակարարութեան այլ պաշտօններ: Մէկ տարի եղած է զաւկին ծնունդին ու ան տակաւին կը սպասէ այն օրուան, երբ առիթը պիտի ունենայ վերադառնալու տուն, բայց անպայմանօրէն ընտանիքին՝ ջերմանալու եւ ջերմացնելու իր տան օճախը…: Մեր Աստուածաշունչի ընկերութեան գրասենեակին մաքրութիւնը կատարելով՝ կապ մը ստեղծեց հետս, իսկ իմ հետաքրքրութիւնս ա՛լ աւելի խորանալով՝ խօսակցութիւնը ընդարձակեցինք աւելի ծանօթանալու համար անոր:

Բայց Քումարը մէկն է այն աւելի քան տասը միլիոն բանուոր հաւաքականութենէն, որոնք կու գան ասիական ու ափրիկեան ցամաքամասերէն դէպի անապատ՝ Արաբական ծոցի շրջան, ծաղկեցնելու համար զայն՝ շինարարական ու այլ բնագաւառներու մէջ: Անոնք կու գան ձգելով տուն եւ հարազատ՝ ընտանիք ու բնակարան, վաստակելու համար իրենց լուման: Իսկ վաստակուած լուման հազիւ կը հասնի երկու հարիւր տոլարի, որուն մէկ մասով պիտի ապրի ինք, իսկ մնացեալը պիտի ղրկէ տուն՝ ապահովելով ընտանիքին ապրուստը: Եւ իրենց կեանքի պայքարը պիտի սկսի նոյնինքն անապատին մէջ՝ իրենց կեցութեան առաջին օրէն սկսեալ:

Աշխատանքային բնակավայրերու մէջ անոնք կը զետեղուին իւրաքանչիւր տասը-տասնհինգ անդամը մէկ փոքր խուցի մէջ, որ կը դառնայ մէկ կողմէ տուն, իսկ միւս կողմէ՝ աշխատանքային վայր: Եւ եթէ գոյապայքարը կը սկսի բժշկական, իրաւական, աշխատանքային ու ընկերային բնագաւառներուն մէջ, բայց անպայմանօրէն կը հասնի մինչեւ հոգեկանը: Մինակութիւնն ու առանձնութիւնը, ճնշումն ու ճնշուածութիւնը անպայմանօրէն բացասական անդրադարձ կ՝ունենան իւրաքանչիւրին վրայ: Մեծ է թիւը անոնց, որոնք կը յանձնուին անձնասպանութեան եւ այլ ընտրանքներու: Տակաւին կայ այն իրականութիւնը, թէ իր ստանալիք փոքր ՙիրաւունքը՚ կրնայ քաշքշուիլ, ձգձգուիլ եւ ուշանալ, ասիկա՝ քանի մը ամիսներու վրայ երկարած: Այս բոլորը կը կատարուին, որովհետեւ կայ գոյապայքարի հրամայականը, որուն անդրադարձները զգալի կը դառնան իւրաքանչիւրին եւ անոր մօտ ու հեռու հարազատներուն վրայ:

Արաբական ծոցի մէջ քրիստոնէական ներկայութիւնը ընդհանրապէս օտարազգի է: Քուէյթի եւ Պահրէյնի մէջ կայ տեղացի արաբ քրիստոնէական փոքր հաւաքականութիւն, որ պետականօրէն ճանչցուած է երկու երկիրներու պարագային: Բայց եւ այնպէս քրիստոնէական ներկայութիւնը՝ աւելի քան երկու ու կէս միլիոն, կը կազմեն օտարներ, որոնք հաստատուած են այս երկիրներուն մէջ՝ աշխատանքային նպատակներով:

Իսկ Արաբական ծոցի իւրաքանչիւր երկիր փոքր աշխարհ մըն է ինքն իր մէջ եւ ինքն իրեն համար: Մարդկային քաղաքակրթութիւններու եւ սովորութիւններու, կրօններու եւ հաւատամքներու, մշակոյթներու եւ կենցաղի խճանկար մը կը կազմուի, ուր մարդ կը սորվի, նաեւ՝ կը սորվեցնէ, կը յարաբերի, կ՝անդրադառնայ, թէ կայ ՙուրիշը՚, որ կ՝ապրի նոյն այդ աշխարհին մէջ, եւ որուն պէտք է ծանօթանայ, բայց նաեւ ճանչնայ: ՙՈւրիշը՚ ունի իր ապրելակերպը, բայց նաեւ՝ յոյսերն ու յոյզերը, նաեւ՝ պայքարը: Կայ նաեւ երազը՝ աւելի լաւ վաղուան մը ու ձգտումը՝ այդ օրերուն հասնելու:

Աւելի քան քսան տարիներէ ի վեր կը յարաբերիմ այդ ՙուրիշ՚ին հետ: Իբրեւ Աստուածաշունչի ընկերութիւն, եթէ մէկ կողմէ կը փորձենք նեցուկ ըլլալ քրիստոնէական եկեղեցիներու ու անոնց առաքելութեան, բայց միւս կողմէ՝ տեսնել նաեւ մարդը իր հարազատութեամբ: Եւ մարդուն ապրած վիճակը հոգեկան ու ընկերաբանական գործընթաց մըն է, որ կը կառավարէ իւրաքանչիւրին կեանքը իր տարբեր երեսներով: Եթէ մէկ կողմէ պէտք է հասնիլ իւրաքանչիւրին ընկերային կարիքն ու պէտքը, բայց նաեւ պէտք է իրենց մէջ սերմանել ՙյոյս՚ի հասկացողութիւնը՝ աւելի լաւ վաղուան մը հասնելու իւրաքանչիւրին տեսլականին զարկ տալով: Այսպիսով Աստուածաշունչին շնորհած ՙյոյս՚ը պէտք է վերածել իրական կեանքի՝ մէկ կողմէ բաժնեկցելով անոնց հետ, բայց միւս կողմէ՝ ապրելով զայն:

Արաբական ծոցին մէջ քրիստոնէական եկեղեցւոյ ներկայութիւնը մեծ աշխատանք մըն է, ուր մարդ կը սորվի իր նմանին հետ ապրիլ ու յարաբերիլ: Բայց կայ նաեւ տարբեր եկեղեցական վարդապետութիւններու հետ ՙհասարակ յայտարարներ՚ գտնելու հրամայականը: Միջեկեղեցական (էքիւմենիք) շարժման մեծ փորձառական դպրոցը, ուր կը սորվիմ հաւատամքը իւրաքանչիւրին, կը սորվիմ նաեւ բաժնեկցիլ եւ յարգել իւրաքանչիւրը:

Արդարեւ, իւրաքանչիւր եկեղեցական հաւաքականութեան մէջ կը փորձենք հիմնել Աստուածաշունչի կեդրոններ, որոնց գլխաւոր նպատակը Աստուածաշունչ եւ քրիստոնէական գրականութիւն ապահովելն է իւրաքանչիւր հաւաքականութեան համար՝ անկախ համայնքային ու վարդապետական, լեզուական ու մշակութային պատկանելիութենէն: Վերջին չորս ամիսներուն ընթացքին կարելի եղաւ չորս նոր կեդրոններ հիմնել Օմանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ: Իւրաքանչիւր Աստուածաշունչի եւ քրիստոնէական գրականութեան ներմուծումին համար պէտք է ստանալ յատուկ արտօնագիր, որուն գործընթացը կրնայ ըլլալ մէկ կողմէ դիւրին, բայց նաեւ՝ քաշքշուքներով լեցուն: Բայց կը մոռնամ այդ բոլորը, երբ կը տեսնեմ, որ իւրաքանչիւր եկեղեցական հաւաքականութիւն ՙկը պարենաւորուի՚ հոգեւոր ժառանգով՝ օտար ափերուն վրայ պահելով մէկ կողմէ հաւատքը, բայց միւս կողմէ՝ նաեւ յոյսը:

Կը մտնեմ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ եւ հաւաքականութեան կեանքին մէջ՝ ապրելով իրենց հետ եւ իրենց աշխարհին ու հաւատամքին մէջ: Թէեւ անոնք տարբեր են մեր ինքնութենէն, բայց միւս կողմէ հարստութիւն է այդ բոլորը՝ մարդկային, կրօնա-մշակութային եւ կենցաղային իմաստով, որ կը լեցնէ կեանքս եւ կու տայ ամբողջական բովանդակութիւն: Կը սորվիմ իւրաքանչիւրին պատմութիւնը եւ մշակոյթը, նաեւ կը բացատրեմ իմ պատմութիւնս եւ կը բաժնեկցիմ իմ մշակոյթս: Բաժնեկցելով իմ պատմութիւնս՝ կը մտնեմ նաեւ հայկական իրականութեան մէջ, Արաբական ծոցի անապատին մէջ: Վստահաբար տարբեր է հայկական իրականութիւնը, ոչ թէ գերակայութեան իմաստով, այլ պարզապէս ինքնութիւն ըլլալու պարագայ է, ՙիմս՚ ըլլալու իրականութիւնն է, որ կարեւոր է ու արժէքաւոր:

Հայկական իրականութիւնը Արաբական ծոցին մէջ սկսած է ստանալ մնայուն ու կազմակերպուած համայնքի ու հաւաքականութեան կարգավիճակ: Աւելի քան երեք հազար անդամէ կը բաղկանայ Քուէյթի գաղութը, իսկ հինգ հազար՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ ու փոքր ներկայութիւն՝ Քաթարի եւ Պահրէյնի մէջ. այսպիսով հայկական իրականութիւնը կ՝ամրապնդուի այս շրջանին մէջ:

Այս ամրապնդուած իրականութիւնը կը սկսի, երբ ամէն անգամ կը մտնեմ Քուէյթի Ազգային առաջնորդարանի եւ եկեղեցւոյ դարպասէն ներս, ուր մեսրոպեան տառերը ամրօրէն ցցուած են եւ ցոյց կու տան հայկական ներկայութեան հաստատ կառչած մնալու իրականութիւնը: Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կորիւն արք. Պապեանի աշխուժ եւ շրջահայեաց առաջնորդութեամբ եւ քահանայ հայրեր՝ Արտակ Քեքեայեանի եւ Արամ Տեկիրմենճեանի նուիրական ծառայութեամբ հայկական իրականութիւնը կը շարունակէ վերապրելու հրամայականը անապատին մէջ իսկ: Ասիկա հայուն փորձառութիւնն ու մարտահրաւէրն է՝ անապատին մէջէն կեանքը կերտելու ու ամրապնդելու ինքնութեան իրականութիւնը: Արդարեւ, հայը մէկ կողմէ ճաշակած է անապատի դառնութիւնը, բայց անպայմանօրէն սորված է կեանքը շարունակել նոյնինքն անապատին մէջ: Եւ այս փորձառութիւնն է, որ այսօր կը շարունակուի Արաբական ծոցին մէջ, ուր մեսրոպեան տառերը արմատ կը նետեն նաեւ անապատին մէջ:

Քումարը եւ իր նմանները կ՝ապրին վաղուան հրամայականը՝ կերտելու համար կեանքը իրենց ընտանիքին ու հաւաքականութեան համար: Անոնք անապատի փորձառութիւնը կը վերածեն իրական ու ապրուած կեանքի՝ հասնելու համար վաղուան յոյսին: Հայուն պայքարն ալ նոյնինքն վաղուան յոյսին համար է, ուր մեսրոպեան տառերը եւ ազգային-քրիստոնէական հաւատքը կը կազմակերպուին վաղուան համար՝ շարունակելու համար հայուն գոյապայքարը:

Եւ այս գոյապայքարն է, որ պէտք է շարունակուի: Պատմութեան էջերէն սկսած՝ հասնելու համար այսօրուան, բայց անպայմանօրէն՝ վաղուան համար:

Եւ ասիկա անապատի տեսիլքն է… շարունակականութիւնը գոյապայքարին:

 
You May Also Like