Մեթր Պարգև Դաւիթեան, Թորոնթօ, 20 Հոկտեմբեր 2015
Եւրոպայի ամենէն հռչակաւոր և կարող փաստաբաններէն մէկը նկատուող Ճէֆրի Ռոպըրթսընի ձայնին հետ միասին ձայն բարձրացուց անկասկած աշխարհի վրայ ապրող ամէն հայ հարց տալու համար թէ ինչպէ՞ս կարելի է առանձնացնել հրէական հոլոքոսթը (Holocaust) իբր միակ ցեղասպանութիւն և ընդունիլ ժխտումի օրինականութիւնը մէկ այլ ցեղասպանութեան որն է Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
Խօսքի ազատութիւն դաւանող կամ դասաւանդող քաղաքակիրթ աշխարհի Եւրոպական Ատեանը ին՞չ համարձակութեամբ կամ տրամադրութեամբ և տրամաբանութեամբ ընտրեց երկու զատ ու տարբեր նժարներու մէջ դնել ու դատել ցեղասպանութիւն կոչուող ոճիրը։ Ու թէև իրաւասութեան սահմանները (limitations) խօսքի և արտայայտութեան իրաւունքի հարցով (right to freedom of speech and expression) շատ նեղ ձեւով ճշդուած կամ սահմանափակուած են Եւրոպական Ատեանին կողմէ, նկատելի է որ Հրեայ Հոլոքոսթի ժխտումի պարագային այդ ատեանը հետեւողական ընթացքով (consistency) որոշումներ արձակած է ի նպաստ Հոլոքոսթին և լայն ձեւով կարկինը բացած է ընդունելու կամ թոյլ տալու խօսքի և արտայայտութեան իրաւունքի սահմանաբակ կիրարկումը այն ինչ որ կը վերաբերի հոլոքոսթը ժխտող հարցերու նկատմամբ:

Ահա թէ ինչու՞ անհասկնալի և անարդար պէտք է նկատել Եւրոպական Ատեանի արձակած որոշումը Switzerland v Perencek դատին հարցով ուր խօսքի ազատութիւնը գերադաս նկատեց ատեանը միւս բոլոր նկատառումներէն և յստակ պատմական ու օրինական բացատրութիւններէն։
Հայաստանի թէզը պաշտպանող փաստաբան Ամալ Ալամըտտին—Քլունիի մէկ միւս յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիան իր խօսքի ազատութիւնը խարանող ընթացքով և օրէնքով (թիւ 301 օրէնքը) պէտք է լրջօրէն մտահոգուի այդ վճիռի արձակումով վստահաբար խիստ կարեւոր ուշադրութեամբ պիտի ուսումնասիրուի Թուրքիոյ մէջ, տրուած ըլլալով որ այդ վճիռը կրնայ օրէնսգիտութիւն կամ իրաւագիտութիւն (Jurisprudence) որպէս գործածուիլ թուրք մարդկային իրաւանց շրջանակներուն կողմէ որոնց անդամները կամ ջատագովները իրենց հայանպաստ դիրքորոշումներով և յայտարարութիւններով կը հետապնդուին ու կը զսպուին, և շատ յաճախ ալ կը պատժուին ու կը բանտարկուին թուրք իշխանութեանց կողմէ։
Լաւ կ'ըլլար անշուշտ որ Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի տարւոյն մէջ տրուած վճիռը հայանպաստ ըլլար ու Զուիցերիոյ օրինակին հետեւելով Ֆրանսան ալ և ուրիշ եւրոպական երկիրներ քրէական պատիժի ենթարկէին Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը ճիշդ այնպէս ինչպէս քրէական պատիժի կ'ենթարկուի հոլոքոսթի ժխտումը։ Չեղաւ. բայց չըլլալով ալ շատ բան չփոխուեցաւ։ Ատեանը իր որոշումին մէջ նկատի առաւ այն պարագան որ աշխարհի պետութիւններէն շատեր տակաւին ճանչցած չեն հոլոքոսթին պէս մեր ցեղասպանութիւնը։ Ուրեմն, տակաւին ազգովին գործ ունինք ընելիք և հարիւրամեակի մեր համազգային կեցուածքն ու աշխատանքը պիտի շարունակենք կատարել մինջև որ ամէն ատեան ու պետութիւն աշխարհի մէջ ընդունի մեր ցաւն ու դատը և յարգալիր վերաբերմունք ցուցադրելով անոր հանդէպ "Հոլոքոսթի աստիճանին հասցնէ" ուրացումի պատժամիջոցը։
Մինչ այդ, հետաքրքրական է եթէ ոչ ծիծաղելի Թուրքիոյ վարչապետ Ահմէտ Տաուտօղլուի վերջերս ըրած յայտարարութիւնը Գերմանիոյ վարչապետին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք երբ կ'ըսէ թէ "մենք կ'ուզենք հայերուն հետ պատմական հաշտութեան հասնիլ և պատրաստ ենք համագործակցութեան". և մեկնաբանելով Գերման խորհրդարանի մէջ մեր ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրինագիծի քննարկումը, Տաուտօղլու վերստին կը կրկնէ այն յանկերգը թէ հարցը պէտք է քննարկուի ակադեմական մակարդակով յատուկ յանձնաժողովի միջոցաւ որ ներկայացուած պէտք է ըլլայ թուրք և գերման պատմաբաններէ։
Թող անգամի մը համար պարկեշտ ու անաչար ըլլայ թուրք պետութիւնը և մէկդի դնելով կեղծ յայտարարութիւնները ընդունի թէ հայերուս հետ պատմական հաշտոււթեան հասնիլ ուզողը նախ պէտք է հաշտուի իր անցեալին հետ և Թալէաթի և այլոց պէս ոճրագործներուն չմեծարէ և անոնց արձանները քանդէ ու անոնց անունները Հիթլէրի նման ոճրագործներու ցանկին վրայ դնէ։
Հաշտութիւն մենք ալ կ'ուզենք բայց ոչ պոռնիկ դառնալու վիճակին ենթարկուելով։
1 comment
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները
Նշուած է որ « աշխարհի վրայ ապրող ամէն հայ հարց տալու համար թէ ինչպէ՞ս կարելի է առանձնացնել հրէական հոլոքոսթը (Holocaust) իբր միակ ցեղասպանութիւն և ընդունիլ ժխտումի օրինականութիւնը մէկ այլ ցեղասպանութեան որն է Հայկական Ցեղասպանութիւնը։»
Չեմ ուզեր հարց տալ եւ ոչ ալ բաղդատութիւնը ընել քանի որ մեր եւ Հրեաններունը հիմնովին տարբեր վիճակներ կը ներկայացնեն:
Աշխարհ կոչուած այս մոլորակին վրայ ապրող մարդիկը երենց վճիռը արձակած են հրէական ցեղասպանութեանը: Անիմաստ է հրէական ցեղասպանութիւնը ուրանալը եւ կամ ընդունիլը: Վճիռը տրուած է. յանցաւորը պատժուած է. զոհը իր վնասուց հատուցումը ստացած է. յանցաւոր եւ զոհ ընդունած են մարդոց տուած վճիռը եւ իրենց կեանքը կը շարունակեն եւ ցեղասպանութեան առօրեայով այլեւս բեռնաւորուած չեն մեզի նման:
Ցարդ մեր ցեղասպանութիւնը ուրացողները շատ սահմանափակ եղած են, առկախելով անշուշտ թուրքը: Այդ ուրացողներուն մեր պատասխանները ցարդ մեզի ի նպաստ եղած են: Իրենց ուրացման դէմ մեր պայքարով մենք կրցած ենք մեր նոր սերունդները դաստիարակել:
Պահ մը երեւակայել որ դատարանի վճիռի վախով լռեցուցած ըլլանք քաղաքակիրթ աշխարհը եւ մենք ենք միայն որ մեր ցեղասպանութեամբ հրապարակ կու գանք: Ուրացման քրէականացումը պարզապէս անիմաստ եւ աննպաստ կը գտնեմ մեզի համար այնքան ատեն որ այս մոլորակը իր արդար վճիռը զլացած է, անկախ այն իրողութիւնէն որ միշտ պիտի ըլլան մարդիկ որոնք պիտի ուրանան հայոց ցեղասպանութիւնը ինչպէս կան հայեր որ կ'ուրանան Հրեաններուն Ողջակիզութիւնը:
Comments are closed.