Առօրեայ Մտորումներ
Սեւակ Յակոբեան, Պէյրութ, 15 Նոյեմբեր 2014
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին, այլ մտորումներու շարքին ունիմ հատ մըն ալ, որ վերջերս միտքս սկսած է չարչրկել: Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, նաեւ հարիւրամեակն է մեր անլոյծ Դատին: Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը մեր յաւիտեան պարտքն ըլլալով հանդերձ, արդե՞օք բնական է հարիւրամեայ անլոյծ Դատ ունենալ: Ճակատագի՞ր է այս, թէ գործելակերպի եւ ռազմավարութեան սխալ:
Յստակ տեսլականի մը եւ արհեստավարժական մասնագիտականութեան չգոյութիւն չի՞ նշանակեր սա, որուն պատասխանատուութիւնը հաւասարապէս կ'իյնայ մէն մի Հայ ազգային ու քաղաքական հաստատութեան եւ կազմակերպութեան ատենի ղեկավարութեան վրայ, որոնք սփիւռքի մէջ առաւել կամ նուազ չափով յաջող հայապահպանման շնորհակալ աշխատանք տանելով հանդերձ, հայկական պահանջատիրութեան յստակ եւ գործնական ու մանաւանդ միասնական սահմանում մը ըստ երեւոյթին չեն յաջողած ունենալ:
Առօրեայ Մտորումներ
Սեւակ Յակոբեան, Պէյրութ, 15 Նոյեմբեր 2014
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին, այլ մտորումներու շարքին ունիմ հատ մըն ալ, որ վերջերս միտքս սկսած է չարչրկել: Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, նաեւ հարիւրամեակն է մեր անլոյծ Դատին: Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը մեր յաւիտեան պարտքն ըլլալով հանդերձ, արդե՞օք բնական է հարիւրամեայ անլոյծ Դատ ունենալ: Ճակատագի՞ր է այս, թէ գործելակերպի եւ ռազմավարութեան սխալ:
Յստակ տեսլականի մը եւ արհեստավարժական մասնագիտականութեան չգոյութիւն չի՞ նշանակեր սա, որուն պատասխանատուութիւնը հաւասարապէս կ'իյնայ մէն մի Հայ ազգային ու քաղաքական հաստատութեան եւ կազմակերպութեան ատենի ղեկավարութեան վրայ, որոնք սփիւռքի մէջ առաւել կամ նուազ չափով յաջող հայապահպանման շնորհակալ աշխատանք տանելով հանդերձ, հայկական պահանջատիրութեան յստակ եւ գործնական ու մանաւանդ միասնական սահմանում մը ըստ երեւոյթին չեն յաջողած ունենալ:
Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ եւ հարիւր տարիով ուշ տարուող վերջերս յայտնուող միջազգային ատեաններու դիմաց պահանջատիրական աշխատանքներ ձեռնարկելու միտքերուն կամ ծրագիրներուն ի տես, մտահոգութիւն մը սկսած է յայտնուիլ մէջս։ Չպատահի յանկարծ այնպէս մը, որ ազգային մեր կարգ մը հաստատութիւններուն Հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան սահմանումը սահմանափակուի եկեղեցապատկան կալուածներու վերատիրացման պահանջքի հետապնդումով:
Մինչեւ այս կէտը, արդարացի կամ երեւակայական մտորումներս տանելի կամ լուսաբանութեամբ մը բուժելի կրնան ըլլալ: Բուն մտահոգութինս սակայն այն է, թէ յանկարծ անցեալի մէջ ապրող կարգ մը մարդուկներ՝ ջուրը չտեսած բոպիկնալու տրամաբանութեամբ, ազգային լուրջ հարցի մը չվերածեն օրինակի համար Անիի եկեղեցիներուն արեւելեան թեմին թէ արեւմտեան թեմին պատկանելի ըլլալու ողբերգակատակերգութիւնը… որուն վրայ, ինչու չէ, գայ նաեւ աւելնալու Վասպուրականի Արծրունեաց Աղթամարի Կաթողիկոսութիւնը վերահաստատելու պահանջք մըն ալ՝ մեր այս երրորդ կաթողիկոսութեան աթոռանիստը սահմանելով անշուշտ ըստ հայոց պատմութեան՝ Վանայ Լիճի Աղթամար Վանքի Ս. Խաչ եկեղեցին, որպէս (cherry on top) «կարկանդակի գագաթին դրուած կեռաս»…:
3 comments
Անին Էջմիածնակա՞ն Թէ Անթիլիասական
Յօդուածագիրը «Յստակ տեսլականի մը եւ արհեստավարժական մասնագիտականութեան չգոյութեան» մասին կը խօսի, «յանկարծ անցեալի մէջ ապրող կարգ մը մարդուկներ՝ ջուրը չտեսած բոպիկնալու տրամաբանութեամբ, ազգային լուրջ հարցի մը չվերածեն օրինակի համար Անիի եկեղեցիներուն արեւելեան թեմին թէ արեւմտեան թեմին պատկանելի ըլլալու ողբերգակատակերգութիւնը…» ըսելով կը մտահոգուի, բայց գոյութիւն չունեցող հարց մը կ՚արծարծէ եւ նոյնինքն այդ հարցը կը ստեղծէ, պումերանկի նման իրեն վերադարձնելով իր պիտակումները։
Յարգելի Պարոն Յակոբեան, մենք տիրանանք Անիի եկեղեցիներուն, եւ հոգ չէ, անոնք Երուսաղէմի թող պատկանին…
Մենք տիրանանք Աղթամարին ու Վանին, եւ հոգ չէ, Աղթամարի Կաթողիկոսութիւնը թող վերականգնի որպէս երրորդ կաթողիկոսութիւն։ Մեր միակ խոչընդոտը այս թող ըլլայ։
Անին պէտք է պատկանի Հայ Ժողովուրդին
Յարգելի Պրն. Դաւիթեան,
Շնորհակալութիւն ձեր նկատողութեան համար, զորս կը հասկնամ եւ նոյնիսկ համաձայն եմ ձեր հետ եթէ հարցին մօտեցած ըլլայի ձեր նշած տեսանկիւնէն:
Ձեզմէ երեւի վրիպած է սակայն մտահոգութեանս բուն միտք բանին, որն է. «Չպատահի յանկարծ այնպէս մը, որ ազգային մեր կարգ մը հաստատութիւններուն Հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան սահմանումը սահմանափակուի եկեղեցապատկան կալուածներու վերատիրացման պահանջքի հետապնդումով»:
Մեր հարիւրամեայ արդար պայքարն ու պահանջատիրութեան հասկացողութիւնն ու սահմանումը շատ աւելի խորն է ու մեծ քան ձեր յիշած աթոռներուն յաւելեալ կալուածներու եւ հարստութեան տիրանալու ջանքը կամ փափաքը:
Անին պէտք է պատկանի Հայ Ժողովուրդին Պրն. Դաւիթեան եւ ոչ թէ Երուսաղէմին կամ այլ այսպէս կոչուած նուիրապետական աթոռի օրուայ գահակալին(երուն)….:
Յարգելի Պարոն Յակոբեան
Յարգելի Պարոն Յակոբեան,
Ձեր յօդուածը կարդալով փաստօրէն այնպէս չէի տպաւորուած որ անոր միտք բանին ձեր նշած տողերն են։ Ճիշդ է որ այդ տողերը գրած էք, բայց միտքերու ընդլայնումը ընթացած է այլ ուղղութիւններով։
Յօդուածի մը խորագիրը կը ներկայացնէ յօդուածի միտք բանիի խտացումը։ Իսկ այսօր ձեր խորագիրին մէջ օգտագործուած եզրերը՝ «էջմիածնական-անթիլիասական», ոչ միայն ժամանակավրէպ են, այլեւ շատոնց արդէն մեռած են ու թաղուած Խորհրդային Միութեան փլատակներուն տակ…
Անցեալ տարի երկու կաթողիկոսները մեր եկեղեցիներն ու եկեղեցական կալուածները վերադարձնելու կոչ մը հրապարակած էին։ Այս տարի Արամ Կաթողիկոսը Սիսի կաթողիկոսարանը վերադարձնելու համար դատ բանալու մասին յայտարարեց։ Չեմ կարծեր որ ոեւէ մէկուն մտքէն կ՚անցնի որ այս ձեւով մեր պահանջատիրութիւնը կը սահմանափակուի «եկեղեցական կալուածներու վերատիրացման պահանջքի հետապնդումով», եւ կամ մեր կաթողիկոսները տարուած են մեր «աթոռներուն յաւելեալ կալուածներու եւ հարստութեան տիրանալու» մարմաջով։
Իմ կարծիքով, եկեղեցիներու եւ եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձի պահանջքը թէեւ ուշացած բայց շատ ճիշդ քայլ է, մանաւանդ որ մենք չունինք մեր «պահանջատիրութեան սահմանումը», ո՛չ մեր քաղաքական կուսակցութիւնները, ո՛չ իսկ Հայաստանի պետութիւնը կրնան ըսել որ իրենք ունին պահանջատիրութեան պատկերացումը։ Նոր է որ կը սկսինք քննարկումներ կատարել, միջազգային օրէնքի մասնագէտներու ընդգրկումով, որպէսզի գիտնանք թէ այսօր ճիշդ ի՞նչ կրնանք պահանջել։ Այս պայմաններուն մէջ, եկեղեցիներու վերադարձի պահանջքը այն դուռն է, ուրկէ կը սկսի մեր ամբողջական իրաւունքներու վերադարձի պահանջքը։ Ի վերջոյ տեղէ մը պէտք է սկսիլ։
Կը ներէք որ շատ երկարեցի։ Յամենայն դէպս՝ հաճոյքով կը կարդամ ձեր յօդուածները։
Comments are closed.