Անկախութենէն Մինչե՜ւ … Ճշմարտութիւն

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 26 Յունուար 2011
 
Լիբանանը նորոյթի եւ արդիականութեան հետեւող բացառիկ եւ իւրայատուկ երկիր մըն է, իր ծնունդէն ի վեր, բայց ամենէն աւելի անցնող 30-35 տարիներուն, ընդհուպ՝ 2005էն ասդին:
 
Չկարծուի թէ խօսքը կը վերաբերի նորաձեւութեան կամ պճնազարդութեան, ո՛չ, այլ՝ կարգախօսներու ու լոզունգներու պէսպիսութեան, խայտաբղէտութեան ու առատութեան, որոնք ողողած են լիբանանեան քաղաքական շուկան:

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 26 Յունուար 2011
 
Լիբանանը նորոյթի եւ արդիականութեան հետեւող բացառիկ եւ իւրայատուկ երկիր մըն է, իր ծնունդէն ի վեր, բայց ամենէն աւելի անցնող 30-35 տարիներուն, ընդհուպ՝ 2005էն ասդին:
 
Չկարծուի թէ խօսքը կը վերաբերի նորաձեւութեան կամ պճնազարդութեան, ո՛չ, այլ՝ կարգախօսներու ու լոզունգներու պէսպիսութեան, խայտաբղէտութեան ու առատութեան, որոնք ողողած են լիբանանեան քաղաքական շուկան:

Խժալուր սիմֆոնիա մը ստեղծուած է լիբանանեան քաղաքական դաշտին մէջ, ուր ղեկավարներու ազդանշաններուն (՞) վրայ, գործակիցներ թէ հետեւորդներ, ականջ խլացնելու ու համը հանելու աստիճան, կը թութակեն ու կը յանկերգեն բառեր, խօսքեր, նախադասութիւններ, որոնք իբր թէ կը ծառայեն Լիբանանի անձեռնմխելիութեան ու լիբանանցիին բարօրութեան:
 
Անկախութիւն կը գոռան, նոյնհետայն, կը լքեն զայն:
 
Ազատութիւն կը փնտռեն, նոյնհետայն, կը պղծեն զայն:
 
Գերիշխանութիւն կը փայփայեն, նոյնհետայն, կը քարկոծեն զայն:
 
Արդարութիւն կը պահանջեն, նոյնհետայն, կը դատափետտեն զայն:
 
Ճշմարտութիւն (Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան) կ՝աղաղակեն, նոյնհետայն, կը խոցեն զայն:
 
Ո՞վ կրնայ հակառակիլ այս կարգախօսային պոռչտուքներուն անիրականութեան, երբ ամէն վայրկեան ու ժամ, ցերեկ ու գիշեր, օր ու շաբաթ, ականջալուր կ՝ըլլանք ատոնց, շատ յաճախ անհաճոյ անձնաւորութիւններէ, իսկ աւելի յաճախ՝ բռնազբօսիկ ու պատեհապաշտ շրջանակներէ:
 
Այսինքն՝ ինչպէ՞ս պէտք է ընկալել վերոյիշեալ նուիրական հասկացողութիւնները՝ անկախութենէն մինչեւ ճշմարտութիւն, երբ զանոնք տրոհելու փորձերը շատ աւելի են, իսկ զանոնք իրենց էութենէն պարպելը՝ կրկնակիօրէն:
 
Անկախութենէն ի՞նչ մնացբացի փետրաթափութենէն:
 
Ազատութենէն ի՞նչ մնացբացի կախեալութենէն:
 
Գերիշխանութենէն ի՞նչ մնացբացի անիշխանութենէն:
 
Արդարութենէն ի՞նչ մնացբացի քինախնդրութենէն:
 
Ճշմարտութենէն ի՞նչ մնացբացի ստախօսութենէն:
 
Այս է տխուր պատմութիւնը նորօրեայ Լիբանանին ու նորապաշտ լիբանանցիին, որ զուր տեղը կը սպասէ իր իշխանաւորներու ու մեծաւորներու սթափումին, որովհետեւ բացառուած է ատիկա:
 
Արդի՞ւնքը այս բոլորին՝

Կոյր հաւատաւորութիւն ու հետեւողականութիւն

Ակամայ համակերպուածութիւն եւ յարմարաւէտութիւն

Բթացած անտարբերութիւն եւ անփութութիւն

Բուռն ընդդիմութիւն եւ հակազդեցութիւն

Եթէ առաջին երեքը, այս կամ այն ձեւով տիրող դրուածքին եւ իշխող կեցուածքին դէմ անզօրներն են, ապա, չորրորդը, որքան ալ կարծր եւ անզիջող, ի վերջոյ տեղի տուողն ուչուողն է:
 
Իսկ ո՞վքեր են անոնք, եթէ ոչ երիտասարդները, համալսարանաւարտ սերունդը, որ հիասթափուած կը լքէ երկիրը, առանց ետ նայելու, մինչ լիբանանցի «փոլիթիքոս»ները, կը շարունակեն երգել անկախութենէն մինչեւ ճշմարտութիւնը, լոկ բան մը չըսելու, այլ՝ քաղաքական հող գրաւելու շահադիտակութեամբ, պետականկառավարական մակարդակներու վրայ, բայց մանաւանդ՝ գրպանականշահամոլական հեռանկարով:
 
Զաւեշտականը այն է, որ լիբանանեան քաղաքական կողմերուն մեծ մասը, լոզունգային անկախութենէն մինչեւ ճշմարտութիւնը, աճուրդի կը հանէ այլուր, երբ արտաքին աշխարհի վրայ յոյսեր կը դնէ, նոյնիսկ՝ գրաւի, ակնկալելով որ երկրի «փրկութիւն»ը կու գայ դուրսէն:
 
Այստեղ արդէն կը ծագի «արշակաւան»ը, փոխադարձ ամբաստաութիւններով, ցեխարձակումներով, վարկաբեկումներով, վիրաւորանքներով, սակայն, միշտ նոյն կարգախօսներու վկայութեամբանկախութենէն մինչեւ ճշմարտութիւն:
 
Զարմանալի չէ՞ որ՝ լիբանանեան «քաջամարտի՜կ» քաղաքագէտները, տակաւին չեն ուզեր անդրադառնալ, թէ ոեւէ մէկուն հոգը չէ Լիբանանի անկախութեան պահպանումը կամ ճշմարտութեան բացայայտումը եւ թէ՝ ի՞նչ ճակատագիրի կրնան ենթարկուիլ անոնք, այնքան ատեն որ իրենց շահն է նախապատուականը, իրենց ախորժակն է՝ նախամեծարեալը:
 
Չեն ուզեր համոզուիլ, թէ ի՞նչ կատարուեցաւ ու կը կատարուի իրենց չորսդինՊաղեստին, Իրաք, Աֆղանիստան, Սուտան, Թունուզ եւ, շատ հաւանաբար, այլ երկիրներ, իսկ ինչպէս երէկ, այսօր, աւելի քան երբեք, Լիբանանը թիրախ է եւ կամ՝ Լիբանանի միջոցով «հաշիւներ» կը փորձուի մաքրել շրջանի պետութիւններու հետ:
 
Միթէ պարզ չէ՞ որ՝ առճակատումով կամ պատերազմով, նախայարձակումով կամ ներխուժումով չյաջողած փորձերուն փոխարէն արդէն իսկ պատրաստուած են քաղաքական եւ ապահովական ահաբեկչական «աժէնտա»ներ, որոնց լաւագոյն փորձադաշտերէն է Լիբանանը:
 
Ինչո՞ւ անկախութենէն մինչեւ ճշմարտութիւն իրենք զիրենք մխրճած (ան)նախանձախնդիր կողմեր ու «փոլիթիքոս»ներ չեն ուզեր հաւատալ որ Իսրայէլ կը մնայ այն ահաբեկիչվիշապը, որ շահագործելով իր սիոնիստական մագիլները, իր կառքին լծած է մեծապետական երկիրներու (ներառեալ ՄԱԿի) ստրկամիտները եւ անոնց ձեռքով կը տնօրինէ ու կը ձեւէ ամէն ինչ:
 
Մինչդեռ, Լիբանանի մէջ, մոռցած կամ հաւկուրացած, տակաւին շատեր կը շարունակեն գեղգեղել անկախութենէն մինչեւ ճշմարտութեան կարգախօսներու մասին:
 
Այս խլացնող թոհուբոհին մէջ, ուր ամբոխվարութիւնը եւ աղմկարարութիւնը աւելի լսելի ու տեսանելի են, այդ ո՞ր կարգախօսը իր հարազատ բովանդակութեան գործնական հայելին է եւ այդ ո՞ր կարգախօսողը իր անկեղծ ուղղութեան կրողն է:
 
Այս առիթով, պէտք է արձանագրել նաեւ հետեւեալը.
 
Լիբանանահայութիւնը, որ ամենէն աւելի պարկեշտ ու գիտակից եղած է այս լոզունգներուն պահպանումին ու գործադրութեան մէջ, դժբախտաբար, մաս մը անկէ, անհամոզիչ դերակատարումներու մէջ գտնուեցաւ (ու կը գտնուի), երբ այդ կարգախօսներուն հաւատարիմ մնալու բարեմտութեամբ, առնուազն, կը գտնուի անյարիր վիճակի մը մէջ, որ ինքնին լուրջ հիմնահարց մըն է, կարօտ՝ համապատասխան քննարկումի ու վերլուծումի:
 
Անկախութենէն մինչեւ ճշմարտութիւն մե՜նծ ԲԱՆ մը կայ, որ պէտք է փոխուի, բարեկարգուի, ապա թէ ոչ՝ շրթնամարզանքները պիտի շարունակեն աւերներ գործել:
You May Also Like