«Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը» շարքէն
Ազատ Խօսք՝ Թերե՜ւս, Անկախ Մամուլի Խօսք՝ Թերե՜ւս
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 15 Նոյեմբեր 2013
Անվիճելի իրողութիւն է, որ հայ մամուլը (եթէ ոչ սկսած, գէթ) հետզհետէ իր հմայքը եւ հետաքրքրութիւնը կորսնցնելու վտանգին մէջ կը գտնուի, իսկ իր դերակատարութիւնն ու առաքելութիւնը կորսնցնելու վրայ է։
Նորութիւն չէ ասիկա, ոչ ալ անակնկալ, այլ՝ բիրտ իրականութիւն մը, որ ամէն օր ինքզինք զգացնել կու տայ, ամէն տեղ կը նշմարուի եւ ամէն ոք այդ գահավիժումին ականատես կ'ըլլայ։
«Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը» շարքէն
Ազատ Խօսք՝ Թերե՜ւս, Անկախ Մամուլի Խօսք՝ Թերե՜ւս
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 15 Նոյեմբեր 2013
Անվիճելի իրողութիւն է, որ հայ մամուլը (եթէ ոչ սկսած, գէթ) հետզհետէ իր հմայքը եւ հետաքրքրութիւնը կորսնցնելու
Նորութիւն չէ ասիկա, ոչ ալ անակնկալ, այլ՝ բիրտ իրականութիւն մը, որ ամէն օր ինքզինք զգացնել կու տայ, ամէն տեղ կը նշմարուի եւ ամէն ոք այդ գահավիժումին ականատես կ'ըլլայ։
Շատերու համար նեղացուցի՞չ է, վրդովեցուցի՞չ, նման հաստատում մը, սակայն, իր «խօսուն» ճշմարտութենէն ի՞նչ կը կորսնցնէ, երբ պատկերը մեր առջեւն է – հայ մամուլը կը նահանջէ կամ կը յետադիմէ, հայ թերթը կը վտիտնայ կամ կը հիւծուի, հայ տպագիր խօսքը կը տժգունի ու կ'այլափոխուի։
Անգամի մը համար, թէկուզ ճեպընթաց կարգով, ակնարկ մը նետենք հայ մամուլի գոյավիճակին վրայ, իր զանազան տարբերակներով ու պատկանելիութիւններով, մխիթարական կամ յուսադրական ի՛նչը կը գոհացնէ, լաւատեսութիւն կը ներշնչէ, իսկ ամենէն ահաւորը՝ ապագայ կը խոստանայ։
Այս վերջին կէտը, որոշապէ՛ս, հայ մամուլին տագնապելիութեան գագաթնակէտը կը հանդիսանայ, մանաւանդ որ անոր ձեւաւորուող մթամպածութիւնը արդէն իսկ սկսած է ինքզինք պարտադրել, ի տես՝
– Փակուելու կամ դադրելու դատապարտուած ոմանց անխուսափելի ճակատագրին
– Անբարեյոյս կամ անուղղայ ձեռքերու մէջ գտնուելու դառն իրականութեան
– Անհեռատես եւ անիրապաշտ պատահականութիւններու քմահաճոյքին ենթակայ ըլլալու իրողութեան
– Անժողովրդավարութեան եւ անհանդուրժողութեան մօտեցումներու ընդգծելի դառնալու գործընթացին
Այս բոլորէն կը բխի հայ մամուլին հիւանդկախութեան ախտատարածումը, որ, սակայն, շա՜տ քիչերուն մտահոգութիւն կը պատճառէ, որովհետեւ հայ մամուլ հրատարակողներու կամ ղեկավարողներու մեծ մասը, զուրկ է մամուլի հասկացողութենէն, հեռու է անոր առաքելութեան գիտակցութենէն, անտեղեակ է անոր կոչումին նուիրականութենէն։
Ո՛չ մէկ կասկած, հայ մամուլը կը տառապի խոպանութենէ։ Փա՞ստ, խնդրեմ՝
– Տպաքանակներու թիւի սահմռկեցուցիչ անկում
– Կարող ու հմուտ խմբագիրներու բացակայութիւն
– Հեղինակաւոր հրապարակագիրներու կամ յօդուածագիրներու նօսրացում
– Վերլուծական կամ մեկնաբանական գրութիւններու սահմանափակում
– Սիրողական եւ ոչ-արհեստավարժական կարգով վերաբերմունքի սովորամոլութիւն
– Հատուածական կամ ինքնացուցադրական բովանդակութիւններով ողողում
Շատ թերութիւններէն այս քիչին թուարկումը արդէն բաւարար չէ՞ որ հայ թերթը ինքնամեկուսանայ, ինքնամփոփուի եւ ինքնախտացուի, իր իսկական տեսիլքէն փարսախներ հեռանալով, որովհետեւ բոպիկային տրամաբանութիւն մը (կամ տրամադրութի՞ւն մը) կը տիրէ ոմանց մօտ, կարծելով թէ հայ թերթը իրենց ձեռքին խամաճիկ կամ խաղալիք է, ուրիշներու համար ալ՝ սեփական խանութ կամ կրպակ։
***
Այս մտորումներու լոյսին տակ, բարեբախտաբար, երբ տակաւին կան ԿԱՐԳ մը գիտակից կողմեր, նախանձախնդիր մտաւորականներ եւ յանձնառու հեղինակութիւններ, որոնք պատրաստ են հայ մամուլ հրատարակելու ու գլխաւորելու, ապա՝ զօրակցելու եւ աշխատակցելու անոր, ինչո՞ւ այդ առիթներէն չօգտուիլ, ինչո՞ւ այդ պատեհութիւնները չծառայեցնել անոր բարգաւաճումին ու ժողովրդատարածման։
Ճակատային հարցումներ, արդարե՛ւ, որովհետեւ հասնելու համար այդ ոգեւորիչ արդիւնքին, պէտք է շրջանցել խոչընդոտներ, չէզոքացնել անցարգելներ, փշրել պատնէշներ, մանաւանդ անոնք, որոնք արուեստական են ու կաղապարուած են մտայնութիւններու մէջ։
Հարցը կը վերաբերի ԱԶԱՏ խօսքի ու գրիչի մտածողութեամբ մամուլին, առանց կաշկանդումներու ու գրաքննութեանց, այնքան ատեն որ միտքի ու գաղափարի արտայայտութիւնները պատշաճ եւ օրինապաշտ հիմունքներով կը յագենան։
Դժբախտաբար, ազատ խօսքի այս ընտրանքը ընդհանրապէս բացակայ է հայ մամուլին մէջ, ինչ որ աններելի սրբապղծութիւն մըն է մամուլի բարենշութեան ու բարեմասնութեան անփոխարինելի կամ անփոխելի արժանիքներուն նկատմամբ։
Անկախ հրապարակագիրը երբ կ'արտայայտուի հայրենական թէ սփիւռքեան, մեղմ ըսած, քննադատելի երեւոյթներու մասին, շշուկային, կիսաձայնային կամ բարձրախօսային «սպառնալիք»ներ կը տեղան… «թլփատել»ու հրապարակագրութիւնը, որովհետեւ՝
– Հայաստանի իշխանութիւնները կը նեղուին, կը բարկանան, նոյնիսկ… կը պատժեն-այցելութիւն չընդունելով, պատիւ չընելով, շքանշան չբաշխելով եւ քիչ մը ամէն բան։
– Սփիւռքեան կողմեր կը մերժեն, կը վանեն ու կը լուսանցքեն «վտանգաւոր» գրութիւններ, աւելի ահաւորը՝ գրիչներ, որոնք կրնան գրգռել եւ անհանգստացնել ուրիշները, անոնք ըլլան հայրենական թէ տեղայնական սուր հարցեր կամ «փափուկ» դէմքեր։
Եթէ այս է մամուլին հետ վերաբերուելու «ծուռ» մերձեցումը եւ այդ հիմամբ մամուլ կը հրատարակուի, կը նշանակէ թէ՝ հայ հրապարակագիրը պիտի մնայ կաշկանդուած ու խափանուած, պրկուած ու անկիւնաւորուած, իսկ թերթը՝ զգալիօրէն պիտի տուժէ իր ազգային-քաղաքական եւ հայրենական-գաղափարական որակէն, ինչ որ այսօրուան տիրող տխուր վիճակն է։
Ներկայիս, մամուլ ունենալը եւ հրատարակելը բնաւ ալ չափանիշ չէ, ոչ ալ զայն պահելը ու հրապարակելը, եթէ ան պիտի մնայ անտէր, անգլուխ, անղեկ, անառաջնորդ, ուր կ'իշխէ խաւարամտութեան, կարճատեսութեան, կրաւորականութեան ու պատեհապաշտութեան անյարիրութեան ոգի մը, հետեւաբար, անյետաձգելիօրէն պայման է որ ան վերանորոգուի, բարեկարգուի, արհեստավարժուի եւ արդիականանայ՝ իր ԲՈՎԱՆԴԱԿ առումներով, այլապէս ամլութեան ու չորացումի սպառնալիքները անխուսափելի են։
Վերջապէս, անկախ եւ անձնական մամուլին մէջ ազատ խօսքը եւ միտքը պէտք է գրաւեն իրենց պատուական տեղը, երբ տակաւին կան հայ մամուլին կարեւորութեան ու շարունակականութեան հաւատացողներ։
2 comments
Ներկայիս, մամուլ ունենալը եւ հրատարակելը
Ներկայիս, մամուլ ունենալը եւ հրատարակելը բնաւ ալ չափանիշ չէ, ոչ ալ զայն պահելը ու հրապարակելը, եթէ ան պիտի մնայ անտէր, անգլուխ, անղեկ, անառաջնորդ, ուր կ'իշխէ խաւարամտութեան, կարճատեսութեան, կրաւորականութեան ու պատեհապաշտութեան անյարիրութեան ոգի մը, հետեւաբար, անյետաձգելիօրէն պայման է որ ան վերանորոգուի, բարեկարգուի, արհեստավարժուի եւ արդիականանայ՝ իր ԲՈՎԱՆԴԱԿ առումներով, այլապէս ամլութեան ու չորացումի սպառնալիքները անխուսափելի են։
Ասկէ աւելի լուրջ յօդուած կարելի չէր գտնել հայ մամուլին ողբերգական վիճակը նկարագրող:
ԱՄԷՆ:
Ազատ խօսքի եւ միտքի մամուլը
Ազատ խօսքի եւ միտքի մամուլը անգլուխ չի կրնար ըլլալ քանի որ ան արդէն գլուխ չունի:
Ազատ խօսքի եւ միտքի մամուլը հաւաքական արտահայտութիւն է: Հոն կ՛իշխէ «խաւարամտութեան, կարճատեսութեան, կրաւորականութեան ու պատեհապաշտութեան անյարիրութեան ոգի մը» երբ անոբ շուրջ համախմբուած հաւաքականութիւնը ինքն իսկ խաւարամիտ, կարճատես, կրաւորական ու պատեհապաշտ եւ անյարիր ոգի մը ունի:
Ազատ խօսքի եւ միտքի մամուլը չի դաստիարակէր եթէ նոյնիսկ իր տեսութիւնները ունի: Անկասկած որ նման մամուլ մը ունենալը եւ հրատարակելը եւ զայն պահելը ու հրապարակելը չափանիշներն են իր շուրջ համախմբուած հաւաքանութեան կենսունակութեան: Անշուշտ որ կը դադրին չափանիշներ ըլլալէ երբ այդ հրատարակութիւնը խօսնակն է միայն իր տեսութիւնները արտայայտող հաւաքականութեան մը եւ հետեւսբար դադրած է մամուլ ըլլալէ եւ դարձած է պաշտօնախօս:
Comments are closed.