Անհատ, Կուսակցութիւն, Պետութիւն

Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճէլըս, 19 Յունուար 2019

Կարդացինք ՀՅԴ 33րդ Ընդհանուր ժողովի բացման հանդիսութեան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Հրանդ Մարգարեանի խօսքը: Եթէ իր խօսքը սահմանափակուէր միայն իր շարքային ընկերներուն, անհրաժեշտութիւնը պիտի չզգայինք գրելու այս յօդուածը: Բայց նկատի առած, որ հոն կան մեր ժողովուրդը յուզող կարգ մը էական միտքեր, որոշեցինք գրի առնել մեր այս խորհրդածութիւնները:

Դու էլ նայիր սեգ ճակատին, Ու անցիր…

Մարգարեան կ'ըսէ. «Եթէ ժամանակին ամէն ինչ արւում էր ներհայաստանեան կեանքում դրական ոչինչ չտեսնելու, հիմա նոյնը ինքնաբերաբար սկսել է վերաբերել անցեալին, ուր ամէն ինչ ներկայացւում է բացասական երանգի ներքոյ: Անցեալն ամէն կերպ մերժող այս ընթացքը մեզ տանելու է ԻՆՔՆԱԿՈՐԾԱՆՄԱՆ» (շեշտադրումը մեզմէ՝ ՅՏԴ): Համաձայն ենք, որ այս մտայնութիւնը քանդիչ բնոյթ ունի եւ ատոր համար էր, որ կը քննադատէինք ՀՅԴ մամուլի մոտեցումները 1990-ական թուականներուն, երբ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան տարիներուն ամէն ինչ կը ներկայացուէր բացասականօրէն:

Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճէլըս, 19 Յունուար 2019

Կարդացինք ՀՅԴ 33րդ Ընդհանուր ժողովի բացման հանդիսութեան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Հրանդ Մարգարեանի խօսքը: Եթէ իր խօսքը սահմանափակուէր միայն իր շարքային ընկերներուն, անհրաժեշտութիւնը պիտի չզգայինք գրելու այս յօդուածը: Բայց նկատի առած, որ հոն կան մեր ժողովուրդը յուզող կարգ մը էական միտքեր, որոշեցինք գրի առնել մեր այս խորհրդածութիւնները:

Դու էլ նայիր սեգ ճակատին, Ու անցիր…

Մարգարեան կ'ըսէ. «Եթէ ժամանակին ամէն ինչ արւում էր ներհայաստանեան կեանքում դրական ոչինչ չտեսնելու, հիմա նոյնը ինքնաբերաբար սկսել է վերաբերել անցեալին, ուր ամէն ինչ ներկայացւում է բացասական երանգի ներքոյ: Անցեալն ամէն կերպ մերժող այս ընթացքը մեզ տանելու է ԻՆՔՆԱԿՈՐԾԱՆՄԱՆ» (շեշտադրումը մեզմէ՝ ՅՏԴ): Համաձայն ենք, որ այս մտայնութիւնը քանդիչ բնոյթ ունի եւ ատոր համար էր, որ կը քննադատէինք ՀՅԴ մամուլի մոտեցումները 1990-ական թուականներուն, երբ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան տարիներուն ամէն ինչ կը ներկայացուէր բացասականօրէն:

Գլխաւոր օրինակ մը բերած ըլլալու համար նշենք, որ  «ցուրտ ու մութ տարիներ»ուն պատասխանատուութիւնը կը բեռցուէր ամբողջութեամբ անոր ուսերուն, իսկ Արցախեան ազատամարտի նուաճումները կ'իրագործուէին «ի հեճուկս» իրեն: Յետադարձ ակնարկ մը նետելով այդ տարիներուն վրայ, կրնա՞ք երեւակայել, որ ազգովին որքա՜ն շահաւոր կ'ըլլայինք, եթէ  այդպիսի հատուածամոլ մտայնութեամբ չառաջնորդուէինք:

Մարգարեան կ'ըսէ. «Խորհրդարանական ընտրութիւնների (9 Դեկտ. 2018-ի. ՅՏԴ) արդիւնքում ձեւաւորուել է, ըստ էութեան, մէկ քաղաքական ուժի իշխանութիւն, որն իր ձեռքում կենտրոնացնելով թէ՛ օրէնսդիր, թէ՛ գործադիր իշխանութիւնը, իր ճնշման տակ է պահում նաեւ դատական իշխանութիւնն ու, այսպէս կոչուած, չորրորդ իշխանութիւնը՝ զանգուածային լրատուամիջոցները: Ըստ էութեան խախտուել է կառավարման խորհրդարանական համակարգի կարեւորագոյն յատկանիշը՝ իշխանութեան հակակշռելիութեան ու հաշուետուողականութեան սկզբունքը»: Նախ ճշտենք, որ ըսուածը ճիշտ չէ, որովհետեւ դատական համակարգի մարդիկը մեծամասնութեամբ նախորդ իշխանութեան մարդիկն են, իսկ լրատուամիջոցներու մեծամասնութիւնը դարձեալ նախորդ իշխանութեան մարդոց ձեռքին է: Բայց հարցումը, որ անմիջապէս ի մտի կու գայ, այն է, որ անցնող 20 տարիներուն պարագաները նոյնը չէի՞ն, երբ ՀՅԴ-ն մաս կը կ'ազմէր այդ իշխանութեան: Ի՞նչու լուր մնացին այդ տարիներուն եւ ի՞նչու այս լարախաղացումը հիմա:

Մարգարեան կ'ըսէ. «Ուստի այս պայմաններում մեզ այլ ելք չի մնում, քան դիրքաւորուել ներքին վտանգներին դիմակայելու համար: Լինելով կառավարութիւնից եւ խորհրդարանից դուրս՝ շարունակել լինել ժողովրդի կողքին՝ անընդհատ եւ ամէնուրեք եւ ժողովրդի հետ միասին չթողնել, որ մինչեւ յաջորդ ընտրութիւններ կառավարութիւնը եւ խորհրդարանը ճակատագրական սխալներ անեն, իսկ յաջորդ ընտրութիւններին արդէն տուն ուղարկել այս իշխանութիւններին եւ ստանձնել երկրի ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ (շեշտադրումը մեզմէ՝ ՅՏԴ) ղեկավարման գործը»: Ի՞նչ «ամբողջական ղեկավարման» մասին է խօսքը, երբ նախկին պարբերութեան մէջ ան կ'այպանէր «մէկ քաղաքական ուժի իշխանութիւն»ը: Ի՞նչ «ժողովրդի կողքին-միասին» ըլլալու մասին է խօսքը, երբ 1991-ի նախագահական ընտրութիւններուն հազիւ 4 տոկոսը անցած ՀՅԴ-ն, 2018-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն նոյնիսկ 4 տոկոս չկրցաւ ապահովել: Այս ի՜նչ մեծամտութիւն, որ գլեց անցաւ ռոպերթքոչարեանական եւ սերժսարգսեանական գոռոզութիւնն ու ժողովուրդին վերէն նայելու մեծամտութիւնը: Եթէ նոյնիսկ վայրկեանի մը համար ենթադրենք, որ իր այս արտայայտութիւնը սայթաքում մըն էր, կարդացէք մեր յաջորդ պարբերութեան մէջ նշուած իր խօսքը:

Մարգարեան կ'ըսէ. «Դաշնակցութեան խանգարողները միշտ էլ եղել են ու միշտ էլ լինելու են: Առաւել եւս հիմա, երբ օրախնդիր է ազգայինի պահպանումը: Չափազանցրած չեմ լինի, եթէ ասեմ, որ ինձ յաճախ թւում է՝ ՄԵՐ ԴԷՄ ԱՇԽԱՐՀՆ Է ՊԱՅՔԱՐԻ ԴՈՒՐՍ ԵԿԵԼ (շեշտադրումը մեզմէ՝ ՅՏԴ): Պայքարում են պետութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւններ, քաղաքական, հասարակական միաւորումներ, զանգուածային լրատուամիջոցներ»: Բայց ի՞նչ է պատճառը, որ ՀՅԴ-ի դէմ ամբողջ «աշխարհն է պայքարի դուրս եկել»: Մարգարեան կու տայ պատասխանը՝ «Բուն հարցը՝ Դաշնակցութեամբ մարմնաւորուած ազգային արժեհամակարգն է»: Տարբեր խօսքով՝ դաշնակցութիւնէն դուրս գտնուող հայութեան բոլոր մարմինները ազգային արժեհամակարգի գիտակցութիւնը չունին: Աւելի պարզաբանելով՝ ապազգային են: Կ'անդրադառնայ արդեօ՞ք Մարգարեան իր խօսքի տարողութեան, որ 2019-ին կու գայ յիշեցնելու 1950-ականներուն հնչած «ան որ Դաշնակցական չէ, հայ չէ» խօսքի ահաւորութիւնն ու կործանարարութիւնը:

Տակաւին կարելի է երկարել շարքը Մարգարեանի ելոյթին մէջ հնչած, մեղմ ըսած՝ արտասովոր եւ տարօրինակ միտքերուն, բայց պիտի բաւարարուինք միայն վերի չորս գլխաւորներով: Զանց կ'առնենք մեկնաբանել արտաքին թէ ներքին իրավիճակի մասին հնչեցուցած իր կարծիքներուն,  հայկական բանակի պախարակման վարկածին, Արցախը հայկական քաղաքական իրականութիւնէն դուրս մղելու ենթադրութեան, երկիրը իր ազգային ուղեգծէն հանելու ծրագրին, եւայլն, եւայլն:

Կարդալով իր ելոյթը, մենք կ'ունենանք այն տպաւորութիւնը, որ Մարգարեան դէմ է Թաւշեայ յեղափոխութեամբ Հայաստանի մէջ զարկ առած նոր մտայնութիւններու ձեւաւորման գործընթացին:  Իր մտածելակերպին աւելի հարազատ կը հնչէ նախկին իշխանութիւններու վարած մենատիրական, վերէն պարտադրելու քաղաքականութիւնը: Ատոր համար է, որ ներկուսակցական ընդդիմութեան ակնարկելով, ան կ'ափսոսայ, «որ ընդհանուր մթնոլորտից ազդուած՝ ունեցաւ պահեր ու պարագաներ, ուր մոռացուեցին մեր աւանդոյթները, մեր կարգն ու բարոյական հասկացութիւնները՝ ակամայ ջուր լեցնելով այլոց ջրաղացին»:

Յստակ է, որ Մարգարեան հանգիստ չէ տասնամեակներէ ի վեր խմորման ընթացք ապրող նորարար մտածելակերպերու գաղափարին հետ եւ կուսակցութիւնը կը վարէ իր նախորդներէն ժառանգած մտածելակերպով: Բայց ժամանակները եւ իրադրութիւնները փոխուած են: Եւ ամենակարեւոր փոփոխութիւնը այն է, որ մենք մօտ երեք տասնամեակներէ ի վեր մեր անկախ պետութիւնը ունինք ու չենք կրնար կուսակցական մտածելակերպով պետութիւն ղեկավարել:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկման պատճառներէն մէկն ալ այդ մտածելակերպի դրսեւորումն էր: Վարչապետ Քաջազնունիի հաստատմամբ՝ «Չենք կարողացել տարբերել պետութիւնը կուսակցութիւնից ու կուսակցական մտայնութիւն ենք մտցրել պետական կեանքի մէջ»: Մարգարեանի այս մտածելակերպի արդիւնք է իր «այդպէս էլ չհասկացան, որ կայ ու կը մնայ Դաշնակցութիւնը» խօսքը, որ դժբախտաբար վերածուած էր իր ելոյթի խորագրին:  

Պետական մտածողութեան տէր ամէն գիտակից հայ կը հասկնայ, որ Դաշնակցութիւնով չսկսաւ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւ Դաշնակցութիւնով ալ պիտի չվերջանայ: Հազարամեակներու մեր պատմութեան մէջ մենք ունեցած ենք շատ աւելի հզօր մարմիններ, նախարարական տուներ եւ թագաւորութիւններ: Ամէն մէկը իր ներդրումը ունեցած է հայ ժողովուրդի գոյատեւման պայքարին ու անցած: Եկէք մեր այս խորհրդածութիւնը աւարտենք Աւետիք Իսահակեանի բառերով՝

Արարատի ծեր կատարին
Դար է եկել, վայրկյանի պես,
Ու անցել:
…..
Հերթը հիմա քոնն է մի պահ.
Դու էլ նայիր սեգ ճակատին,
Ու անցիր…

 

2 comments
  1. Անհատ, Կուսակցութիւն, Պետութիւն

    Հնարաւո՞ր է որ ես ինծի թոյլ տամ մատնանշել, թէ մինչեւ հին դարերը ետ երթալու կարիքը չունի յարգելի Պր. Տէր Դաւիթեանը երբ մեր վերջին մէկ դարու պատմութեանը բոլորտիքը պար բռնած գրողներն ու խօսողները կը թուին հիւանդագին  (կամ արդեօք անդարմանելի՞) մոռացկոտութիւն ցուցաբերել նախացեղասպանութեան, նախա-առաջին հանրապետութեան  եւ երրորդ հանրապետութեանց միջեւ  ինկած շրջաններու կառակառուն քանի-քանի դէմքերու ու պետական նշանաւոր եւ վաւերական իրագործումներուն նկատմամբ:

  2. Hey guys. This anarchist site

    Hey guys. This anarchist site is THEIR site; and we're trying in vain to put sense into it. These people are merely venomous, with their past, their present, and even with their future; they cannot free themselves from spreading hatred and divisionism amongst Armenians. It is sad to try to fix the unfixable: They also have to enjoy their momentous peek at the mountaintip, and then fade away. They represent the anti-establishment, the anti-organizational anarchism. Hayr Garbisian (possibly Der Tavitian's teacher at one point too), used to say, that in the fields, you throw your rock to the most fruitful tree… And of course Mr. Aprahamian will call this a personal attack, will send me a note, and not publish this: As much as he rebelled Mr. Topjian, he inherits some traits from him.

Comments are closed.

You May Also Like