Կարծես չէի սխալած երբ բացայատօրէն յայտարարած էի նախորդ յօդուածներուս մէջ թէ՝ Աբբահայր Հայր Եղիա Քիլաղպեան կամակատարն է Վատիկանեան սադրանքներուն, այլ խօսքով որոշուած լուծարքին, որուն ենթարկուած է Մխիթարեան Միաբանութիւնը այսօր, եւ ահա այդ ճանապարհին վրայ, օր ըստ օրէ կը հիւծծի ներքին եղբայրական պայքարներով, ամբողջապէս հիասթափելով արդարամիտ եւ պարկեշտ միաբանները, որոնցմէ շատեր արդէն հեռացած են վանքէն, պարզապէս դէմ հանդիման չի գալու այն պարտադրուած «ղեկավարին», որ ամբողջ դարերու կուտակուած Հայ ժողովուրդի գանձերն ու կալուածները յանձնած է բախտի անիւին ։


Նոյնքան եւ աւելի տժգոյն է պարագան Արժանթինի Պոյնէս Այրէս Քաղաքի Մխիթարեան Վարժարանի ապագան։ Հոն, ուր տարիներով սերունդներ դաստիարակուեցան եւ պատրաստուեցան հայ ժողովուրդի կեանքին նոր մարտահրաւէրներուն, այսօր՝ տարիներու եւ ժամանակներու թաւալումին հետ՝ կը ներկայացնէ տարբեր եւ աղօտ պատկեր մը, մանաւանդ վերջին տասնամեակին, երբ դպրոցը ունեցաւ իր ներքին փոթորիկները, Մխիթարեան Միաբանութեան ղեկավարութեան լրջախոհութեան պակասին հետեւանքով։ Այնքան խորացան եւ զօրացան ներքին պայքարները անպատասխանատու Աբբահայր Հ. Եղիա Վրդ. Քիլաղպեանին դէմ, որ այսօր Աբբահայրը, որպէս անբաղձալի անձ, չի՝ կրնար այցելել Մխիթարեան Վարժարան, որովհետեւ խորտակած է բարեկամութեան ամէն կամուրջները մասնաւորաբար տեղւոյն բարերարներուն հետ, որոնք տարիներէ ի վեր իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը բերած էին սերունդներու դաստիարակութեան մէջ։ Դժբախտաբար, իմ անձնական փորձերս ալ ապարդիւն մնացին, երբ Աբբահօր Քիլաղպեանի խնդրանքով տարի մը առաջ փորձեցի միջամտել, բայց եւ այնպէս բարերարները անդրդուելի մնացին յայտարարելով որ, Աբբահօր երեսն անգամ չեն ուզեր տեսնել։ Ահաւասիկ, կրնաք երեւակայել թէ որքան վշտացուցած է Աբբահայրը այս հայ մշակոյթի հաւատաւորները, որոնք նոյնիսկ չեն փափաքիր տեսնել զինք, կամ ոեւէ ներկայացուցիչ իր կողմէ առաքուած։ Հո՞ երթաս Մխիթարեան Միաբանութիւն։
Առաւել եւս տժգոյն է պարագան Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան Վարժարանին, որ մինջեւ 2008 թուական ներքին պայքարներով եւ դատերով կը կորսնցնէր իր հմայքը եւ օրէ օր կը նօսրանար իր աշակերտութեան թիւը։ Այս վարժարանի գոյութիւնն ու յարատեւումը կը պարտինք միայն անձնուրաց հոգեւորականի մը , Հայր Օգոոստինոս Վրդ. Սեքուլեանին, որուն երկունքներուն արգասիքն է Մխիթարեան Վարժարանը։ Եւ ինչպէս յայտարարծ էի իմ նախորդ յօդուածներուս մէջ, այս վարդապետը, իր յետին չքաւորութեան մէջ, Մխիթարեան վարժարանէն ներս Աւետարանին մէջ պատմուած աղքատ կնոջ դրուագին նման՝ դպրոցի եւ հայապահպանումի գանձանակին մէջ կը ներդնէր իր ունեցած համեստ լուման՝ կեանքի արդար քրտինքով օծուն: Արեւի նման պայծառ այս իրողութեան դիմաց, այսօր Հայր Օգոստինոս Վարդապետ, երեք ամիսներէ ի վեր դուրս դրուած է իր պաշտօնէն՝ Աբբահայր Հայր Եղիա Քիլաղպեանի ձեռամբ, մեղսակցութեամբ եւ գործակցութեամբ երկիցս ձախողած Հայր Դաւիթ Ղազարեանի, աւելի ճիշտ պիտի ըլլար ըսել՝ անարժան եւ յաւէտ ձախողած միաբանին, ո՛չ օրինական ճամբաներով, խարդախութեամբ, սուտերով, եւ օրինական թուղթեր կեղծելով։ Այս բոլոր անիրաւութիւններուն դիմաց, 88 ամեայ ծերունի վարդապետը, տոկուն իր հաւատքին մէջ, գիտակից իր առաքելութեան, տակաւին համեստօրէն կը սպասէ արդարութեան, կը մնայ ան իր համեստ տան մէջ, իր աղօթքներով զօրացած եւ իր պատարագներով ներշնչուած:
Ամենանողկալին այն է որ երեք ամիսներ անտարբեր մնալէ եւ իր միաբան աւագ եղբայրը լքելէ ետք, որուն կը պարտի որոշ չափով իր վերադարձը՝ Մխիթարեան Միաբանութեան շարքերը, այս օրերուն՝ Հայր Դաւիթ Ղազարեան իր յաճախակի գաղտնի այցելութիւններով, իր նկարագրի ամենափայլուն առաքինութեամբ՝ օձալեզու կեղծ լորձունքներով կը փորձէ Հայր Օգոստինոսը համոզել, որ մոռնայ իր դէմ կատարուած անարդարութիւնները, որոնք ընդհանրապէս կատարուած են Աբբահայր Քիլաղպեանի անխոհեմ արարքներով, ինչպէս նո՝յնինքն Հայր Ղազարեան կը յայտարարէ, եւ վերադառնայ դպրոց։ Ահաւասիկ անգամ մը եւս դէմ հանդիման կուգանք խախտուած ուղեղներու եւ նկարագիրներու որոնց յաձնուած է միաբանութեան ղեկավարութիւնը եւ նոր սերունդի պատրաստութիւնն ու դաստիարակութիւնը։ Անշուշտ մեծապէս գնահատելի է Հայր Օգոստինոս վարդապետի ողջախոհութիւնն ու արդարամտութիւնը եւ իր ունեցած բացառիկ յարգանք ու սէրը հանդէպ իր պաշտած միաբանութեան, որուն նուիրած է իր ամբողջ կեանքը։ Ահաւասիկ ելլելով ա՝յս գաղաբարականէն, Հայր Օգոստինոս Վարդապետ՝ ոչ մէկ օրինական քայլ ուզեց առնել իր արդար օրինական իրաւունքները պաշտպանելու համար, նախ որպէս պատասխանատու մեծաւոր Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան հաստատութեան ու ապա որպէս անդամ ոչ-շահակցական ընկերակցութեան (non-profit corporation), որովհետեւ կը հաւատար որ որեւէ օրինական դատական քայլ, միայն պիտի վարկաբեկէր Մխիթարեան Միաբանութիւնը անգամ մը եւս, վերջնական մահացու հարուած մը տալով նաեւ Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան վարժարանին։ Այս բոլորին խոր գիտակցութիւնը ունենալով, Հայր Օգոոստինոս Վարդապետ թելադրած է Հայր Ղազարեանին թէ ինք Վարժարան կը վերադառնայ ՄԻԱՅՆ երբ Աբբահայր Հայր Եղիա Քիլաղպեան գրութեամբ եւ պաշտօնապէս յետս կը կոչէ իր անարդար յատարարութիւնները։
Երկար է շարքը անարդարութիւններուն եւ ժամանակի բախտին ձգուած մեր կրթական առաքելավայրերուն ի սփիւռս աշխարհի……… բայց Ո՞Վ ՊԻՏԻ ՊԱՀԱՆՋԷ։