Անմոռանալի Նախաձեռնութիւն Մը

Սեդա Թելեան, Քէպէք, 21 Հոկտեմբեր 2011 իրերայաջորդ

2011-ի սկիզբէն կը պատրաստուէր հանդիպումը ….

Ան տեղի պիտի ունենար Յունիսի 16-էն 19 երկարող շաբաթավերջին՝ Ուաշինկթընի մէջ։ Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յակոբեան Երկրորդական Վարժարանի 1962 տարուան շրջանաւարտ դասարանը պիտի տօնէր իր դպրոցի աւարտման 49-ամեակը։
 

 

Սեդա Թելեան, Քէպէք, 21 Հոկտեմբեր 2011 իրերայաջորդ

2011-ի սկիզբէն կը պատրաստուէր հանդիպումը ….

Ան տեղի պիտի ունենար Յունիսի 16-էն 19 երկարող շաբաթավերջին՝ Ուաշինկթընի մէջ։ Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յակոբեան Երկրորդական Վարժարանի 1962 տարուան շրջանաւարտ դասարանը պիտի տօնէր իր դպրոցի աւարտման 49-ամեակը։
 

 

Մեր անզուգական ընկերուհիներէն Անի Սիմոնեան-Թոթան իր տունը տրամադրած էր որպէս կեցութեան վայր՝ բոլորիս համար անխտիր. ան նկատի առած էր ամէնադոյզն մանրամասնութիւնը որպէսզի իր մօտ մեզի ընծայուած հրաւէրը ըլար հանգստաւէտ, հետաքրքրական ու յիշատակելի …

Հիւսիսային Ամերիկայի տարբեր քաղաքներէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն, իրարու յաջորդելով կը հասնէինք ժամադրավայր. գիրկընդխառնում, ողջագուրում, խինդ ու արցունք կը հրմշտկէին զիրար … Շուրջ կէս դարուայ ֆիզիքական հեռաւորութեան մը ընթացքին ապրուած կեանքէ մը ետք կը վերագտնէինք զիրար. կարելի՞ է միթէ գրիչով նկարագրել վայրկեաններն այդ երանելի …

Երբեմնի մեր դասարանի 24 աշակերտուհիներէն 12-ը ներկայ էին. 13րրորդը Անգլիայէն՝ մետասաներորդ ժամուն անհանգստութեան պատճառաւ բացակայեցաւ հաւաքէն։

Ընթրիքի ընթացքին հերթով խօսք առինք բոլորս, նկարներու օգնութեամբ պատմեցինք անցած-դարձածները. ուրախացանք յաջողութիւններով, ու տխրեցանք մեր ցաւերուն թողած սպիներով …

Մեծցած էինք որքա՜ն ու հասունցած, պահելով հանդերձ պատանեկան օրերու անմեղ չարաճճիութիւնները ոմանց համար, կատակասիրութիւնն ու լրջութիւնը ուրիշներու համար։

Մայրեր ու մեծ մայրեր էինք գրեթէ բոլորս. պատրաստած էինք սերունդ մը հետեւելով Յ. Շիրազի, մեր պատուական ծնողներուն, որոնք արտաշխարհի մէջ հայկական եկեղեցիներ ու դպրոցներ կառուցողներու սերունդին կը պատկանէին, եւ անշուշտ մեր ազգանուէր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու կտակին. չէ՞ որ վերջ ի վերջոյ Վահեաններու, Թօփճեաններու, Ահարոնեաններու, Մելքոնեաններու, Պետիկեաններու եւ այլ խոնարհ հերոս-հերոսուհիներու հոյլին պատկանող՝ անոնց դաստիարակած սերունդին կը պատկանէինք մենք. «խարխուլ խրճիթ»ներէ ծնած աշխարհներ էինք ամէն մէկս՝ համեստ կարծիքս վկա՛յ։

Յաջորդ օրերու ընթացքին, իրարու հետ բաժնեցինք պաշտօնական եւ անպաշտօն ընթրիքներ, գիշերանոցով մտերմիկ նախաճաշեր, ըրինք խմբովին մարզանքներ, լողացինք միասին, զբօսնեցինք, մեր ձիրքերու ցուցադրութեամբ գերազանցեցինք մենք զմեզ. Անիի գեղազարդ սրահներէն մէկուն մէջ ամէն մէկս հանդէս եկաւ իր բնատուր այլեւ կատարելագործուած կարողականութեամբը. երգ, նուագ, կատակներ, պար, ասմունք, մեր դպրոցական կեանքը վերապրեցնելու համար պատրաստուած հարցարաններ յաջորդեցին իրարու. ամէնէն հետաքրքականը սակայն, տանտիրուհիին – մինչ այդ մեզի բոլորիս անծանօթ – երգելու տաղանդն էր ։ Երա՞զ էր թէ իրականութիւ՞ն …

Վերադարձի մեր նախօրեակին, ներկայ գտնուեցանք Ուաշինկթընի Ազգային Նուագախումբի ներկայացման. բնական է այցելեցինք նաեւ Ուաշինկթընի տեսարժան վայրերը, որ պսակադրուեցաւ տեսակցութեամբը, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ, congressman Chris Van Hollen-ի հետ: Capitol-ի մէջ. ան ազնուօրէն ընդունեց մեզ եւ առաջնորդ մը տրամադրեց որպէսզի պտըտցընէ մեզ վերոյիշեալ կառոյցի զանազան սրահերը։ Մեր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեցինք կոնգրէսմէնին Հայկական Հարցին առնչութեամբ իր ուաշադրութեան եւ տարած աշխատանքներուն ի խնդիր։
 

Ինչքա՜ն աշխատանք, խոնջենք, յոգնութիւն ու քրտինք թափած է Անին, յաճախ տրամդրելով իր բնակարանն իսկ, իր անձնական այլազան գործերուն զուգահեռ եւ նոյնիսկ գերադաս՝ յառաջ տանելու համար մասնաւորաբար մեր քաղաքական ոյժը։ Ազգասիրութեան, ազգանուիրումի, զոհողութեան որակներով զարդարուած՝ հայուհիի տիպար օրինակ մըն է ան, որուն հետ աշխատիլը մեր դատին ի խնդիր, մեծ հաճոյք է. քաջ գիտեմ նաեւ թէ մեր ժողովուրդին մէջ քիչ չեն իր նմանները ։ Առ այդ, գործակցինք իրարու հետ, ընենք այնպէս որ չչէզօքացնենք ոգի ի բռին տարուած աշխատանքները՝ երկուստէք, չխաչաձեւենք զիրար, վերացնենք «Մենք»ն ու … «Անոնք»ը ու զօրանանք միասնաբար. բոլորս ալ Հայկ Նահապետի ու Քաջն Վարդանի Թոռները չե՞նք միթէ, Հայկական Հարցը բոլորս հետաքրքրող հասարակաց հարց մը չ՞է արդեօք։

Չէ՞ որ «Եթէ կրնաս բարձրացիր, բայց գիտես ու՞ր, մինչեւ ու՞ր,
            Եւ ուրիշներն քեզի հետ, եթէ կրնաս բարձրացուր…»

Բարձրանա՛նք. քանի վեր ելլենք ջերմացնենք զիրար, որպէսզի օր մը «Վարդահեղեղ Արշալոյսի մը», որուն «ոտնաձայնը» ես ալ կ՚առնեմ ահա, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն հասնինք մեր նպատակին, մեր սրբազան լերան կատարին:  Դարուհիի, Յովակիմեանի, Ճեմարաններու, Հռիփսիմեանցներու, Մխիթարեաններու, Աւետարանական Գոլէճներու սերունդները վկա՛յ։ Թող իրարու նեցուկ կանգնելով աշխատիլը ըլլայ պատգամը, կտակը մեր՝ գալիք սերունդներուն։

Բիւր շնորհակալութիւններ Անի՛, առանձին-առանձին մեր բոլորին կողմէ, եզակի ու գերազանցօրէն առաջնակարգ հիւրասիրութեանդ համար. վարձքդ լիօրէն կատա՛ր։
 

You May Also Like
Read More

«Պէտք է ջնջուի՛ այդ անունը մեր քարտէզից» – Բողոքագիր հայկական քաղաքը թուրք բարբարոսի անունով կոչուելու դէմ

Ծանօթագրեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց՝ Դոկտ. Գէորգ Եազըճեան, Երեւան, 6 Մայիս 2020 Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ առ այսօր գոյութիւն ունի…
Read More
Read More

Եվ եղան հայեր․․․

Սամվել Հովասափյան, Բեռլին, փետրվար 2021                                                                                               Եվ եղան Հայեր․․. Շահան Շահնուր Հայտնություն չի լինի եթե ասել, որ ծանր…
Read More
Read More

Թուղթ Առ «Եղբայրք»

Պրոֆ. Խաչատուր Ի. Փիլիկեան, Լոնտոն, Յունիս 2011 Ահաւասիկ «թշուառ, անտեր» հովանաւորեալ «պետական օրհներգի» տաղի շերեփը ի՛նչ «հարիսա»ի մէջ…
Read More