Համօ Մոսկովեան, Պէյրութ, 11 Մայիս 2014
Հայ Ոսկերիչներու Միութեան (AJA) եւ համայն Ռուսիոյ Ոսկերիչներու «Կիլտ»ի նախագահ Գագիկ Գէորգեան դարձեալ յատուկ հրաւէրով այցելեց Պէյրութ։ Ան սիրով ընդառաջելով Լիբանանի AJA-ի հրաւէրին, ժամանեց Պէյրութ, գործնական հանդիպումներ ունենալով Հայ Ոսկերիչներու Միութեան վարչութեան հետ, ներկայ եղաւ նաեւ ընդհանուր հանդիպումի մը՝ «Royal» շքեղ պանդոկի դահլիճին մէջ, իր գործընկերներուն հետ։
Այցելութեան գլխաւոր նպատակը՝ Սփիւռքի “մայրաքաղաք” Պէյրութի հեղինակաւոր եւ մեծ եռանդ ունեցող ոսկերիչներուն ծանօթացնել էր այն մեծ աշխատանքները, որոնց ձեռնամուխ եղաւ AJA-ը, վերջին տարիներուն, տարածաշրջանային ու միջազգային մակարդակով, նաեւ համընդհանուր ուժերով դարձեալ ծաղկեցնել այս հայկական հինաւուրց արհեստ-արուեստը Մայր Հայրենիքին մէջ։
Համօ Մոսկովեան, Պէյրութ, 11 Մայիս 2014
Հայ Ոսկերիչներու Միութեան (AJA) եւ համայն Ռուսիոյ Ոսկերիչներու «Կիլտ»ի նախագահ Գագիկ Գէորգեան դարձեալ յատուկ հրաւէրով այցելեց Պէյրութ։ Ան սիրով ընդառաջելով Լիբանանի AJA-ի հրաւէրին, ժամանեց Պէյրութ, գործնական հանդիպումներ ունենալով Հայ Ոսկերիչներու Միութեան վարչութեան հետ, ներկայ եղաւ նաեւ ընդհանուր հանդիպումի մը՝ «Royal» շքեղ պանդոկի դահլիճին մէջ, իր գործընկերներուն հետ։
Այցելութեան գլխաւոր նպատակը՝ Սփիւռքի “մայրաքաղաք” Պէյրութի հեղինակաւոր եւ մեծ եռանդ ունեցող ոսկերիչներուն ծանօթացնել էր այն մեծ աշխատանքները, որոնց ձեռնամուխ եղաւ AJA-ը, վերջին տարիներուն, տարածաշրջանային ու միջազգային մակարդակով, նաեւ համընդհանուր ուժերով դարձեալ ծաղկեցնել այս հայկական հինաւուրց արհեստ-արուեստը Մայր Հայրենիքին մէջ։
Հանդիպման ընթացքին, առաջինը ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի Հայ Ոսկերիչներու Միութեան նախագահ Յակոբ Տագէսեան, որ ներկայացուց Մոսկուայէն ժամանած պատուարժան հիւրը։ Ապա՝ խօսք տրուեցաւ Միութեան Գործադիր Խորհուրդի հիմնադիր անդամ Նազարէթ Սապունճեանի, որ ներկայացուց այս համահայկական կարեւոր միութեան անցեալի ու վերջին տարիներու նախագահները (1997էն սկսեալ)։ Ան նշեց թէ վերոյիշեալ նախագահները եկած են աշխարհի տարբեր անկիւններէն, ինչպէս՝ պելճիքահայ Հայկ Ասլանեան, Սարգիս Քէսինեան (ԱՄՆ), որ եղած է Հայ Ոսկերիչներու Միութեան “հայրը”։ Գագիկ Աբրահամեան (Հայաստան), Վարդգէս Գնաճեան (Զուիցերիա), Գագիկ Գէորգեան (Ռուսիա), որպէսզի մարդիկ գիտնան որ AJA-ը ի մի բերած, շաղկապած է բոլոր հայ ոսկերիչները, իրար ծանօթացուցած է, նաեւ զարգացնելով ոսկերչութեան արուեստը եւ օգտակար ըլլալով հայրենիքի տնտեսութեան վերելքին։
Բովանդակալից կերպով խօսք առաւ AJA-ի նախագահ Գագիկ Գէորգեան, մանրամասնօրէն փոխանցելով Միութեան կարեւոր աշխատանքներն ու նուաճումները։ Ան նշեց նաեւ փառաւոր հանդէսի մը տպագրումը, որ պատիւ կը բերէ Միութեան, մամլոյ շարունակական, բազմալեզու համացանցային հաղորդագրութիւններով, որ կը ծանօթացնէ AJA-ի գործունէութիւնը հազարաւոր ընթերցողներու։ Նորաստեղծ կազմակերպութիւնը ունի նաեւ «Հայկական Ժառանգութիւն» (Armenian Heritage) համացանցային կայքէջը, որ կը պրպտէ ու կը ներկայացնէ ոսկերչութեան արուեստի զարգացումը Հայաստանի եւ Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, չմոռնալով յիշել նաեւ, որ հայ նշանաւոր ոսկիի վարպետներն են, որոնք նաեւ գլխաւոր դեր խաղցած են ոսկերչութեան արուեստի զարգացման մեր աշխարհին մէջ։
Ապագայ ծրագիրները կը միտին Մայր Հայրենիքի մէջ ոսկերչական դպրոցներ բանալ, հիմնականօրէն պատրաստելով այս դժուարին արհեստին հմուտ եւ երիտասարդ վարպետներ։ Նաեւ շարունակել կազմակերպելը Երեւանի Ոսկերչութեան 4-րդ ցուցահանդէսը (Yerevan Jewelry Show)։ AJA-ի նախագահին Լիբանան այցելութեան նպատակներէն մէկը, մեր ոսկերչական տուները հրաւիրելն է, որ մասնակցին Երեւանի ցուցահանդէսին, ուր արդէն աւելի քան 600 գլխաւոր վաճառողներ եւ գնորդներ ներկայ կ’ըլլան, նորանոր պայմանագիրներով ու ծրագիրներով, գործի եւ արտադրանքի պահանջ հայթայթելով հայրենի թէ սփիւռքահայ ոսկերիչներուն։
Գագիկ Գէորգեան ուրախութեամբ նշեց, թէ Հայաստանի կառավարութեան եւ մասնաւորապէս Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ եւ որոշմամբ Մայր Հայրենիքի մէջ կը կառուցուի «Ազատ Գօտի», ուր զանազան երկիրներ կարելիութիւն պիտի ունենան տուրքերէ զերծ արտադրութիւն կազմակերպել։ Հիմնականին մէջ, աշխատողները հայաստանցիներ պիտի ըլլան եւ այս քայլը ոչ միայն պիտի աշխուժացնէ երկրին տնտեսութիւնը, այլ պիտի դառնայ ոսկերչութեան միջազգային կեդրոններէն մէկը։
_ «Հայ Ոսկերիչներու Միութեան նախագահին հետ մեր վերջին հանդիպման, աւելի քան 40 լիբանանահայ ոսկերիչներ ներկայ էին։ Մէկ անպատեհութիւն կար որ արաբական զանազան երկիրներուն մէջ շուրջ 20 ոսկերչական տուներ կը մասնակցէին միջազգային ցուցահանդէսներո, անոր համար չկարողացան ներկայ ըլլալ այս կարեւոր հանդիպման՝ «Royal» շքեղ պանդոկի դահլիճին մէջ, Շաբաթ, 3 Մայիսի երեկոյեան։ Սակայն, այցելութեան 3 օրերու ընթացքին Գագիկ Գէորգեան այցելեց հայ ոսկերչական զանազան հաստատութիւնները, մօտիկէն ծանօթանալով բարձրորակ արտադրութիւններուն։ Իսկ Երկուշաբթի օր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի Ոսկերչական Սենտիքային հետ, ուր քննարկուեցան AJA-ի եւ լիբանանցի ոսկերչական շրջանակներու հետ համագործակցութեան ուղիները»,- եզրափակեց իր խօսքը Նազարէթ Սապունճեան։
Յիշեցնենք թէ շուտով, Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ ոսկերչական միջազգային համագումար, նախաձեռնութեամբ նաեւ AJA-ի նախագահին, Ռուսիոյ Ոսկերիչներու «Կիլտ»ին եւ անշուշտ հայկական «Էսթեթ» ոսկերչական նշանաւոր տան։