Անշահախնդիր Խիզախութիւնը

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Լուսաբաց, Թորոնթօ, 16 Օգոստոս 2018

Հայաստանի մէջ Փաշինեանի նորակազմ իշխանութիւնը կը թուի, թէ իր խիզախ գործելակերպով անհանգստացուցած է շատերը, որոնց շարքին՝ փութինեան Ռուսիան: Շիրակ մարզի Փանիկ գիւղին շուրջ գտնուող տարածքներուն վրայ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը հսկող ռուսական ռազմակայանին ռազմափորձը քանի մը շաբաթ առաջ, առանց տեղեկացնելու շրջանի հայկական իշխանութիւնները, վստահաբար թիւրիմացութեան արդիւնք չէր:

Ռուսական ռազմակայանի ցուցանակ, Կիւմրի

Այդ ռազմակայանը իր գրեթէ հարիւր տարուան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով «մոռցած էր» այդ մասին տեղեկացնել իր զինավարժութիւն կատարելու գործողութեան մասին, բան մը, որ տեղւոյն բնակչութեան սարսափ ազդած էր, որովհետեւ անոնք չէին գիտեր, թէ պատահածը ռազմակա՞ն բնոյթ ունէր կամ՝ զինավարժական: Այդ տեսակի փրոթոքոլային խախտում մը ռուսերուն կողմէ Սարգսեանի իշխանութեան օրերուն գուցէ չէր կատարուեր, որովհետեւ անոնք գոհ էին քծնանքի քաղաքականութեամբ հարստացող իշխանաւոր դասէն: Ժողովուրդի հանգիստին ու շահին համար գործող Նիկոլ Փաշինեան յանդգնութիւնը ունեցած էր խիստ գանգատով բողոք յայտնելու փրոթոքոլային խախտումին համար: Յանդգնած էր նաեւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Երեւանի զինեալ ուժերու նախկին հրամանատար Եուրի Խաչատուրովի դէմ քրէական հետապնդում յառաջացնելով՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովը անհանգստացնել:

Կասկած չկայ, որ Հայաստանի համար խիստ կարեւոր է Ռուսիոյ հետ մեր ունեցած բարեկամական յարաբերութիւնը: Սակայն ի՞նչ ընել, երբ Ռուսիա ալ խիստ կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի շուրջ գտնուող երկիրներուն մէջ իր շահերը հետապնդելը եւ անոնց հետ իր բարեկամական յարաբերութիւնները ամրապնդելը: Սովետ Միութեան փլուզումէն ետք, Վլատիմիր Փութին Պորիս Ելցինի թոյլ իշխանութիւնը ստանձնելով՝ Ամերիկայի նախագահ Տանըլտ Թրամփի գործածած Make America Great Again կարգախօսէն շատ առաջ իսկ ինք Make Russia Great Again եռանդով աշխատեցաւ: Այդ քաղաքականութիւնը վարելով՝ փութինեան Ռուսիան կը թուի, թէ կը գործէ ճիշդ այնպէս, ինչպէս կ’ընթանար ատենօք ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը կեդրոնական եւ լատինական Ամերիկաներու մէջ, ուր Ամերիկան իր ուզած մարդը կը դնէր իշխանութեան գլուխ: Եւ երբ այդ իշխանաւորը իր գործած բռնատիրութեան պատճառաւ ժողովրդային պոռթկումով կը զգետնուէր, յանկարծ ժողովուրդի սիրելի ղեկավարը persona non grata կը նկատուէր Ամերիկայի կողմէ: Լաւրովի անհանգստութիւնը հայաստանեան վերջին անցուդարձերուն նկատմամբ՝ կարծէք ուղղակի որդեգրումն է նախկին ամերիկեան շահախընդիր քաղաքականութեան:

Անժխտելի իրականութիւն է, որ Փաշինեանի իշխանութիւնը ծնաւ ժողովրդային պոռթկումով ընդդէմ անոնց, որոնք Ռուսիոյ օրհնութեամբ ծանրօրէն նստած էին հայրենի ժողովուրդի ուսերուն եւ սրտերուն վրայ: Անժխտելի իրականութիւն է նաեւ, որ ներկայ պայմաններուն տակ Հայաստան պէտք ունի Ռուսիոյ եւ խիստ կարեւոր է անոր հետ լաւ յարաբերութիւն ունենալը: Բայց ո՞վ պիտի ուզէր ընդունիլ, որ իրեն պաշտպան կանգնող զինեալը որոշէր տանտէրի եւ տանտիկինի պարտականութիւնները …զինք գոհացնելու համար: Եւ յետոյ, ինչո՞ւ մեր մէջ պիտի չգտնուէին մարդիկ, որոնք փոխանակ Ռուսիոյ քծնելու՝ ջանք թափէին անոր հասկցնելու, թէ իր հարաւային սահմաններուն վրայ իր դէմ սարքուող բոլոր դաւերուն դէմ կանգնած Հայաստանը խիստ կարեւոր է իր շահերուն, նոյնքան կարեւոր, որքան Հայաստանի իր ընծայած ապահովութիւնը:

Փաշինեանի իշխանութեան անշահախնդիր խիզախութիւնը իր ուժը ստացաւ մեր հայրենի եւ սփիւռքահայ ժողովուրդին թիկունքով: Նախկին իշխանաւորները, հայրենիքի եւ սփիւռքի, իրենց ուժը կը ստանային գաղտնի համաձայնութիւններ կնքելով ժողովուրդի կռնակին ետեւէն: Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի նոր նշանակուած տնօրէնը՝ նախկին լիբանանահայ եւ այժմ ֆրանսահայ Պետիկ Թերզեան, իր ժամանակաւոր նշանակումի հանգամանքով իսկ կը ներկայացնէ դրական շեղում անցեալի այն սադրանքային քաղաքականութենէն, որ կը վարուէր սարգսեանական ռեժիմին կողմէ՝ սփիւռքի իշխանութիւնը յանձնելով իրեն դաշնակից ՀՅԴ-ին:

Այս շաբաթավերջին, օգոստոս 17-ին, Փաշինեանի իշխանութեան դէմ սարքուող բոլոր սադրանքներուն ձախողութիւնը յաջողցնելու համար ժողովրդային հաւաք տեղի պիտի ունենայ, որպէսզի խիզախութեամբ գործող եւ ժողովուրդին ծառայող այս նորակազմ իշխանութիւնը չխարխափի եւ չընկրկի չարագործներու կողմէ: Ամենայն հայոց բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի հոգին պիտի սաւառնի ժողովրդային զանգուածներուն վրայ, որպէսզի իր «Ապստամբութիւն»  բանաստեղծութեամբ նախկիններուն «դուք դարձաք հեծեալ, ժողովուրդը՝ գրաստ, օտարի դուռն ընկած մի մուրացիկ» կոչեալներուն անկումին որպէս վկայ՝ հառաչանքով կրկնէ. «Ո՛ւր էլ հանգչեմ, ո՛ր մի գերեզմանում, ես ձեր դատաստանին լինելու եմ ներկայ»:

You May Also Like