«Անորոշ» Վերամուտներ

Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 27 Սեպտեմբեր 2012

Ապրիլ 1975-ին սկսած քաղաքացիական կռիւները յեղաշրջեցին եւ յեղափոխեցին լիբանանեան իրավիճակը, ներառեալ` լիբանանահայ գաղութը: Փոխուեցան` երկրին կարգավիճակը, արտաքին աշխարհին մէջ տեղ գտած անոր հմայքը, կենցաղը, ապրելակերպը, նաեւ` մարդուժը: Լիբանանահայ գաղութն ալ անցաւ (յետադարձ ակնարկով մը կարելի է տեսնել զայն) շատ երկար եւ նոր պատմութեան մը հոլովոյթի հանգրուան մը, որ հաւանաբար կը շարունակուի մինչեւ օրս:

Այդ տարիներուն Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտ էի, եւ կը պատրաստուէինք ամավերջի հանդէսին` ստանալու համար մեր վկայականները: Ապրիլ 1975-էն ետք դպրոցական օրերը եւ դասապահերը մէկիկ-մէկիկ սկսան ընդհատուիլ եւ անցան անցումային եւ հանգրուանային շրջաններէ` քիչ մը դաս, քիչ մը պարտադիր արձակուրդ-ընդմիջում մթնոլորտով: Ամավերջի հանդէսը դարձաւ անորոշ հորիզոնին վրայ երեւցող-չերեւցող (ան)հասանելի իրականութիւն:

Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 27 Սեպտեմբեր 2012

Ապրիլ 1975-ին սկսած քաղաքացիական կռիւները յեղաշրջեցին եւ յեղափոխեցին լիբանանեան իրավիճակը, ներառեալ` լիբանանահայ գաղութը: Փոխուեցան` երկրին կարգավիճակը, արտաքին աշխարհին մէջ տեղ գտած անոր հմայքը, կենցաղը, ապրելակերպը, նաեւ` մարդուժը: Լիբանանահայ գաղութն ալ անցաւ (յետադարձ ակնարկով մը կարելի է տեսնել զայն) շատ երկար եւ նոր պատմութեան մը հոլովոյթի հանգրուան մը, որ հաւանաբար կը շարունակուի մինչեւ օրս:

Այդ տարիներուն Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտ էի, եւ կը պատրաստուէինք ամավերջի հանդէսին` ստանալու համար մեր վկայականները: Ապրիլ 1975-էն ետք դպրոցական օրերը եւ դասապահերը մէկիկ-մէկիկ սկսան ընդհատուիլ եւ անցան անցումային եւ հանգրուանային շրջաններէ` քիչ մը դաս, քիչ մը պարտադիր արձակուրդ-ընդմիջում մթնոլորտով: Ամավերջի հանդէսը դարձաւ անորոշ հորիզոնին վրայ երեւցող-չերեւցող (ան)հասանելի իրականութիւն:

Բայց երեւաց եւ հասաւ: Թէեւ դպրոցի շրջափակին մէջ շքեղ հանդիսութիւն տեղի չունեցաւ, ինչպէս աւանդութիւն էր կատարել իւրաքանչիւր կրթական տարեշրջանի աւարտին, բայց եւ այնպէս դպրոցի սրահին մէջ, աւելի սեղմ ու ապահով մթնոլորտի եւ պայմաններու մէջ կայացաւ ամավերջի հանդէսը:

Այսպիսով, Լիբանանն ու լիբանանահայ գաղութը դրուեցան նոր իրականութիւններու դէմ յանդիման, ուր գլխաւոր յատկանիշներէն մէկը անորոշութիւնն էր: Մեր անհատական, ընտանեկան եւ հաւաքական ու գաղութային կեանքերը կը կազմակերպուէին, կամ, աւելի ճիշդ, կը փորձուէր կազմակերպել թէականութեան եւ անորոշութեան հովանիին տակ:

1975-76 տարեշրջանը սկսաւ քիչ մը ուշ` նկատի ունենալով երկրի քաղաքական անորոշ ու աննպաստ պայմանները: Երկրորդ պաքալորէայի աշակերտներ էինք, տարեշրջանը սկսանք յունուար 1976-ին, իսկ կրթական տարին տեւեց միայն մէկ ամիս, սակայն այս անգամ առկախումը բաւական երկարեցաւ: Իւրաքանչիւր ընտանիք եւ երիտասարդ պիտի որոշէր եւ ընտրէր յարմար ու լաւագոյն միջոցը` դուրս գալու համար լիբանանեան պատերազմի արհաւիրքէն: Մենք ընտանեօք որոշեցինք երթալ Հալէպ, որ եղաւ մեր նոր կայքը:

Հալէպի մէջ վերսկսաւ իմ դպրոցական կեանքս, թէեւ ժամանակաւորապէս, բայց` ամբողջովին նոր տարբերակով: Յարմար նկատուեցաւ զիս արձանագրել Լեւոն Նազարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան հայկական վարժարանի պաքալորէայի դասարանը` փորձելով բան մը «կորզել» կորսուած ժամանակներուն փոխարէն: Մեծ տարբերութիւններ կային հոն` լիբանանեան մեր դպրոցական կեանքին հետ բաղդատելով: Նոր դպրոց, նոր դասընկերներ, թէեւ նոյնանման դասանիւթեր, սակայն` ամբողջովին արաբերէն լեզուով: Տակաւին կային նոր մթնոլորտն ու կենցաղը, հակառակ անոր որ շուրջս բոլորը հայեր էին ու ամէն ինչ հայկական էր: Ուսողութեան եւ գիտութեան դասապահերուն ուսուցիչներու բացատրութիւններուն կը հետեւէի` փորձելով, գէթ համեմատելով իմ գիտցած անգլերէն եզրերուս հետ, հասկնալ մատուցուածը:

Պէյրութի մէջ 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտները շաբաթը անգամ մը կը կատարէին զինուորական վարժութիւն` հսկողութեամբ լիբանանեան բանակին կողմէ նշանակուած հայ զինուորական Ստեփան Օգնայեանի: Սուրիական քաղաքացիութիւն ունեցող հայերը զերծ կը մնային այս վարժութիւններէն: Հալէպի մէջ ալ, շատ աւելի շեշտուած կերպով, կային զինուորական վարժութիւններու դասապահեր: Իրականութեան մէջ դպրոցի ամբողջ առօրեան կլանուած էր նաեւ այդ մթնոլորտով: Լիբանանի մէջ որդեգրուած քաղաքականութեան հետեւելով, երբ բանակի դասատուէն խնդրեցի, որ զիս զերծ կացուցէ այս դասապահէն, նկատի ունենալով, որ լիբանանեան քաղաքացիութիւն ունէի, ան կտրուկ կերպով «ո՛չ» պատասխանեց: Աւելի՛ն. բացատրեց, որ Սուրիոյ պետականութեան կարգախօսն է` «Մէկ արաբական հայրենիք», որ կրնայ ընդգրկել բոլոր արաբ քաղաքացիները:

Այս տարիներուն երիտասարդական նորաձեւութիւն էր նաեւ տղոց երկար մազերը ներառեալ` իմս: Զինուորական դասատուն ըսաւ, որ պէտք է երթամ սափրիչին եւ ըսեմ, թէ մազերս պէտք է կտրուին զինուորական դասապահերու պատշաճ ոճով: Չկրցայ հասկնալ, թէ այդ ի՞նչ կը նշանակէր. սակայն ամէն ինչ յստակ դարձաւ, երբ գլուխս դրի սափրիչին տրամադրութեան տակ, եւ շատ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին մազերս ամբողջովին անհետացան: Երիտասարդական զգացումներս չուշացան, մէկ կողմէ նեղութիւն, բարկութիւն կը զգայի, բայց միւս կողմէ` նաեւ զսպուած արցունքներ կային եւ մտորումներ` «Ես ո՞ւր եմ»:

Բայց եւ այնպէս փորձեցի շարունակել այս «երթը»` քիչ մը հասկնալով, շատ նիւթեր չհասկնալով, համակերպելով եւ հանդուրժելով բոլոր նոր վիճակները, բայց նաեւ` վայելելով Հալէպն ու հալէպահայութիւնը, ապրելով դասընկերներուս ջերմութիւնը, ինծի նկատմամբ ունեցած իրենց հասկացողութեամբ լեցուն վերաբերումը: Տեսայ «սրտեր», որոնք պատրաստ էին ընդգրկելու ծանօթ-անծանօթ բարեկամութիւններ եւ տեղ տալու անոնց` որպէս հարազատի: Հալէպի մէջ ապրած այդ քանի մը ամիսները լաւ հիմնաքարը եղան շարունակելու եւ հասկնալու բարեկամութեան եւ հաղորդակցութեան արժէքներն ու հասկացողութիւնը:

Լիբանան վերադարձիս, թէեւ շարունակուեցաւ կրթական եւ ընդհանրական մեր կեանքը, բայց իւրաքանչիւր տարուան հետ կար նաեւ անորոշութիւնը` պիտի կարենա՞նք արդեօք սկսիլ ու բարւոք աւարտին հասցնել տարեշրջանը: Իւրաքանչիւր տարեշրջանի սկիզբը կարծէք «մութ փապուղի»-ի մը մէջէն ճամբորդելու փորձ կ՛ընէին, թէեւ անյստակ, բայց` վճռական, որովհետեւ կար հայեցի դաստիարակութիւն եւ ուսում ստանալու հասկացողութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը, որոնք վեր էին ապահովական ամէն տեսակ պայմաններէ:

Այսօր յետադարձ ակնարկով կը դիտեմ այն երկար ճամբան, ուրկէ անցան Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը, կը նայիմ անձկութեամբ, նաեւ` գոհունակութեամբ: Անորոշութիւններով լեցուն այդ բոլոր հանգրուաններուն մէջէն փորձեցինք հաւաքաբար մեր երթը շարունակել, թէկուզ` մինչեւ օրս շատ դժուարութեամբ, բայց` մեր կեանքերուն հիմք ունենալով հայեցի դաստիարակութիւնը: Մեր իւրաքանչիւր վարժարանը իր իւրաքանչիւր կրթական տարեշրջանին իր անորոշ վերամուտով կրցաւ ամբողջացնել տարին` «քար» մը եւս ամրացնելով հայեցի դաստիարակութեան հայկական հիմքին:

Եթէ այսօր լիբանանեան քաղաքական բեմը տակաւին ունի շատ մը անորոշութիւններ, ասոր վրայ պիտի գան աւելնալու շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս` սուրիական իրավիճակը, որուն իբրեւ հետեւանք` սուրիահայ մեր ընտանիքները կ՛անցնին դժուար պայմաններէ: Պատմութիւնը դարձեա՞լ ինքզինք կը կրկնէ` այս անգամ երկիրներու շրջուած կարգավիճակով:

Թէեւ «անորոշ» վերամուտները պիտի շարունակուին, բայց կայ լիբանանահայութեան փորձառութիւնը: Մութ փապուղիէն լոյսը գտնելու եւ անոր հասնելու ձգտումն ու յաջողութիւնը` երկար տարիներու վրայ: Այս պիտի նշանակէ, թէ «անորոշ» վերամուտին ատեն իսկ պարտինք շարունակել հաւատալ մեր վարժարաններուն հայեցի եւ գիտական դաստիարակութեան: Հաւատալ, որ մեր հայկական վարժարաններուն տուած դաստիարակութիւնը նոյնքան ուժեղ հիմնաքար է մեր զաւակներուն կեանքերուն համար եւ անոնց ասպարէզային բնագաւառներուն մէջ «տեղ մը հասնելու» մարմաջին երաշխիքը: Պէտք է շարունակենք գիտակցիլ, որ ազգային ինքնութիւնը եւ մեր մշակութային ժառանգութիւնները պահպանելը ապրուած եւ ապրուելիք կեանքերուն համար արժէք եւ հարստութիւն է, հայը պէտք է պահէ այդ արժէքն ու հարստութիւնը:

Ու տակաւին, եթէ հալէպահայ եւ սուրիահայ ընտանիքներու զաւակները պիտի համախմբուին մեր վարժարաններուն երդիքներուն տակ, այս պիտի նշանակէ, թէ պատրաստ պէտք է ըլլանք ոչ միայն հիւրընկալելու բոլորը, այլ նաեւ մեր բարեկամութիւնը, հաղորդակցութիւնը եւ հասկացողութիւնը կիսել իրենց հետ` փորձելով կամրջել կրթական, ընկերային եւ կենցաղային բոլոր տարբերութիւնները:

«Անորոշ» վերամուտներ… բայց` անպայման հայ արժէքը պահպանելու մեր առաքելութիւններու առաջնահերթութեամբ ու առաջադրանքով:

You May Also Like