Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 13 Յունուար 2011
Հայաստանի հիւսիսային եւ հիւսիսարեւելեան շրջաններու (Կիւմրիի, Վանաձորի, Ստեփանաւանի, Սպիտակի, Նալբանդի եւ աւելի քան հարիւր այլ գիւղերու) տարերային երկրաշարժէն քսաներկու տարի ետք, ի՞նչ է կացութիւնը «աղէտի գօտի»ին:

Աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր հարցադրել, թէ ինչո՞ւ մինչեւ հիմա կայ «աղէտի գօտի» հասկացողութիւնը, ինչո՞ւ շուրջ ԻՆԸ հազար ընտանիք տակաւին կը մնայ անօթեւան, անպատսպար եւ անտուն, մանաւանդ սաստիկ ձմեռնաշունչ եղանակին:
Արդեօք բաւարա՞ր են մասնակի ու կարկտան կարգադրութիւնները տնային շինարարութիւններուն կամ բնակարային կառուցումներուն, որոնք նոյնիկ «կրիայ»ի տրամաբանութեամբ, այսօր կրնային աղիտեալ շրջանները վերականգնել եւ աղիտահար բնակիչները ապահովել սեփական օճախներով:
Տակաւին Խորհրդային իշխանութիւններու շրջանին, բացառիկ որոշումով մը, խոստացուած էր վերականգնել աւերեալ ամբողջ գօտիները, սակայն, ըստ պաշտօնական տուեալներու, մինչեւ օրս շինարարական ծրագիրները չեն հասած իրենց լրիւ լուծումներուն, ողբերգութեան նոր պայմաններ ստեղծելով, շարունակելի ըլլալու ամենայն հաւանականութեամբ:
Ո՞վ է յանցաւորը այս պարտազանցութեան:
Ո՞վ է պատասխանատուն այս անփութութեան:
Անտարակոյս, կեդրոնական իշխանութիւնները, իրերայաջորդ կառավարութիւնները, որոնք քսաներկու տարուան ընթացքին, ի վիճակի չեղան «աղիտաթափ» ընել տուեալ շրջանները ու բարօրելի կեանք մը պարգեւել տեղւոյն բնակչութեան:
Որեւէ կասկած չկայ, որ կառուցողական աշխատանքներ կատարուած են հոն կամ բնակարաններու համալիրներ բարձրացած, բայց աւելի քան երկտասնամեակ հեռաւորութենէ ետք, երբ կը խորաչափենք արձանագրուած նուաճումները ու շուրջ ինը հազար ընտանիքներու անտէր-տիրականութիւնը (այսինքն՝ մօտաւոր հաշիւով քառասուն հազար հոգի), կը նշանակէ թէ կայ աններելի պատասխանատուութեան անընդունելի անպատասխանատուութիւն մը:
Ուրիշ բնորոշում կամ բացատրութիւն չկայ (ու չի կրնար ըլլալ), այնքան ատեն որ 2008-էն ի վեր, անօթեւաններու թղթածրարով զբաղող պետական հետաքրքրութիւն գրեթէ չկայ, այս հիմնահարցը ձգելով պատահականութիւններու կամ անհատական նախաձեռնութիւններու տնօրինումներուն:
Մեր կարծիքով, գէթ 2011 տարեշրջանին, անօթեւաններու պարագան, նաեւ աղիտեալ գօտիի հետքերը վերացնելու հրամայականութիւնը, պէտք է դառնան ՄՆԱՅՈՒՆ օրակարգ, յստակ ու նախագծուած ժամանակաշրջանի մը մէջ, զանոնք հերթաբար եւ յաջորդաբար լուծելով:
Ինչպէս Արցախի վերականգնումը, վերաբնակեցումն ու վերաբարեկարգումը, հայ ժողովուրդի ուշադրութեան կիզակէտին վրայ կը մնան, արդարօրէ՛ն, «աղէտի գօտի»ն եւս նոյն հոգատարութեան տակ պէտք է գտնուի, իրաւացիօրէ՛ն:
Հայրենի իշխանութիւններու սեպուհ պատրականութիւններէն պէտք է ըլլայ այս ազգային առաջադրանքը, ինչո՛ւ ոչ, կազմակերպելով ու մշակելով յատուկ ծրագիրներ, վերանորոգութիւն ու վերաթափութիւն տալով շինարարական աշխատանքներուն ու բնակարանակերտութեան քաղաքականութեան:
Բառերը պէտք չէ ծամծմել, ոչ ալ մատներու ետին պահուըտիլ. անկախաբար անտարբերութեան վարքագիծէն, կայ նաեւ շահագործութեան միտում, յատկապէս այնպիսիներէ, որոնք իրենց անհատական ընչաքաղցութեան գերին դառնալով, «զոհ» կը դարձնեն հասարակութեան իրաւունքները:
Հոս կարելի է, կրկնելու գնով կրկնել հետեւեալ «պերճախօս» պատումը, որ դառն իրականութեան մը տխուր մէկ պատկերն է.
Աղիտահարներուն օգնելու հայրենասիրական-մարդասիրական նախանձախնդրութեամբ, օրի՛ն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, սննդեղէնի հսկայական սառնարան մը կառուցեց-նուիրեց Կիւմրիին, որ արժեց շուրջ 6-7 միլիոն տոլար:
Քանի մը տարիներ ետք, պետական աւագանիին սառնասիրտ հայեացքներուն տակ, այդ սառնարանը «իւրացուեցաւ» վաշխառուի մը կողմէ, փոխան…հարիւր յիսուն հազար տոլարի:
Այս դատապարտելի արարքին դէմ ի՞նչ ըրին իշխանութիւնները, երբ այդ սառնարանը աղիտեալներուն սնունդ մատակարարելու կը ծառայէր: Հակառակ Սփիւռքէն հնչող բողոքներուն ու աղաղակներուն, ամէն ինչ մնաց անարձագանգ եւ անհետեւանք:
Ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել (կամ հաւատալ), որ այդօրինակ զաւթումները վերջ գտած են, երբ անպատժելիութիւնը կը մնայ տիրապետող գործօն, գէթ կարգ մը մակարդակներու վրայ:
Անապաստաններու թողլքուածութիւնը միթէ՞ այս շրջագիծին մէջ չիյնար, երբ հայրենակիցներու մեծ թիւ մը, տարուան չորս եղանակներուն, կը դեգերի բաց երկնքի տակ, կը գիշերէ հիւղակներու ու տնակներու մէջ:
Հանրապետութեան նախագահը, որ գովելի աշխուժութիւն ցոյց կու տայ, ամէն տեղ գտնուելու եւ այցելելու (նոյնիսկ փոքրիկ եւ աննշան վայրեր), աւելի լաւ չըլլա՞ր իր շրջապտոյտի ծիրը հասցնէր նաեւ «աղէտի գօտի»ները, ապրէր կարօտեալներուն մղձաւանջներն ու տագնապները, հուսկ՝ գործի լծէր պատկան կողմերը, որպէսզի անոնք յաւելեալ տասնամեակներ չմնան այդ անմխիթար վիճակին մէջ:
Եթէ այս անյետաձգելիութիւնը եւս պիտի ձգուի հովին, ինչպէ՞ս պիտի զսպուի առանց այդ ալ գլուխը առած-գացած արտահոսքը, մանաւանդ երիտասարդութեան, որ դարձած է ազգային աղէտ:
Այլ ընտրանք չունին հայրենի իշխանութիւնները (իմա՝ պալատական օթեւանիկները), բացի՝ «աղէտի գօտի»ն վնասազեղծելէ, որքան շուտ՝ այնքան լաւ, «որեւէ ընտանիք անօթեւան չձգելու» կարգախօսով, սկսելով հե՛նց այս րոպէէն: