Ապամշակութացումի Հոսանքին Դէմ

Մշակութային Տիպար Երեկոյ Մը

 

Մեթր Գասպար Տէրտէրեան, Պէյրութ, 5 Նոյեմբեր 2012

Պէյրութի “Արարատեան” սրահին մէջ, 25 Հոկետմբերի երեկոյեան, բախտը ունեցանք վայելելու գեղարուեստական ասմունքի իր պարզութեամբ շքեղ եւ ուսանելի տօնահանդէս մը, շնորհիւ վաւերական ասմունքող Յակոբ Գույումճեանի սխրանքին: Երկար սպասուած մշակութային այս տիպար տօնահանդէսի յայտագրին ու կատարողութեան կրկին ու կրկին մատուցումը` լիբանանահայութեան տարբեր շերտերուն, եւ մասնաւորաբար նորահաս սերունդին, հայակերտումի հրամայական միջոցներէն մէկը կը հանդիսանայ` ներկայի ապամշակութացնող խորշակին դէմ…:    

Յակոբ Գույումճեան վաւերական արուեստագէտ վաստակաւոր ասմունքողը, որ լիբանանահայ բեմին կը վերադառնայ աւելի քան 10 տարիներու բացակայութէնէ մը վերջ, 1971 թուին աւարտած Երեւանի բազմարուեստից ինստիտուտը ճարտարապետի տիտղոսով, աւարտական մըն է ՀԲԸՄի Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդականէն:      

Մշակութային Տիպար Երեկոյ Մը

 

Մեթր Գասպար Տէրտէրեան, Պէյրութ, 5 Նոյեմբեր 2012

Պէյրութի “Արարատեան” սրահին մէջ, 25 Հոկետմբերի երեկոյեան, բախտը ունեցանք վայելելու գեղարուեստական ասմունքի իր պարզութեամբ շքեղ եւ ուսանելի տօնահանդէս մը, շնորհիւ վաւերական ասմունքող Յակոբ Գույումճեանի սխրանքին: Երկար սպասուած մշակութային այս տիպար տօնահանդէսի յայտագրին ու կատարողութեան կրկին ու կրկին մատուցումը` լիբանանահայութեան տարբեր շերտերուն, եւ մասնաւորաբար նորահաս սերունդին, հայակերտումի հրամայական միջոցներէն մէկը կը հանդիսանայ` ներկայի ապամշակութացնող խորշակին դէմ…:    

Յակոբ Գույումճեան վաւերական արուեստագէտ վաստակաւոր ասմունքողը, որ լիբանանահայ բեմին կը վերադառնայ աւելի քան 10 տարիներու բացակայութէնէ մը վերջ, 1971 թուին աւարտած Երեւանի բազմարուեստից ինստիտուտը ճարտարապետի տիտղոսով, աւարտական մըն է ՀԲԸՄի Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդականէն:      

Դպրոցական օրերէն ան մեծ սէր եւ հիացում ունեցած է բանաստեղծութեան եւ ասմունքի հանդէպ, որուն մէջ նկատելի դեր մը խաղցած են անոր հեղինակաւոր ուսուցիչները հայագիտութեան ճիւղերուն մէջ, ինչպէս Արեգ Տիրազան, Օննիկ Սարգիսեան, Վարուժան Պետիկեան, Սիմոն Սիմոնեան եւ մասնաւորաբար` Զարեհ Մելքոնեան. հաւանաբար նաեւ անոր երէց եղբայրը Գրիգոր, որ սիրողական շնորհալի ասմունքող մըն էր եւ զարդը Պէյրութի հանդէսներուն:

Երեւանի մէջ ուսանողութեան իր տարիներէն` Յակոբ Գույումճեան մաս կազմած է Երեւանի Հայֆիլհարմոնյայի “Հայ-Համերգ” գեղարուեստական խումբին, եւ պարբերաբար ասմունքային ընթերցումներ կատարած է` Հայ Պետ Ռատիոյի Սփիւռքահայութեան համար պատրաստուած ամէնօրեայ հաղորդումներուն մէջ` հայ քերթողութեան գոհարներէն, մասնաւորաբար արեւմտահայ եւ տարագիր հայ բանաստեղծութեան գանձարանէն: Ճարտարապետի տիտղոսին տիրանալէ ետքն ալ, ան 1978-1997 տարիներուն շարունակած է ասմունքային ընթերցումները Հայ Պետ Ռատիոյէն:

Ան իր առաջին մենահամերգը տուած էր 40 տարիներ առաջ, 1972ին Պէյրութի մէջ, ուր ահա՛ան կու տար իր երկրորդ մենահամերգը, որ իր 19-րդ մենահամերգն է…, նախորդող 17-ն տուած ըլլալով Հայաստանի, Սուրիոյ, Յորդանանի, Եգիպտոսի, ԱՄՆի եւ Գանատայի մէջ: Ուրեմն Պէյրութի իր այս երկրորդ մենահամերգը ան կու տար` բոլորովին նոր սերունդի մը քննութեան, որ գրեթէ տասնեակ տարիներ զրկուած էր եւ անծանօթ մնացած` գեղարուեստական ասմունքի ճիւղէն, քանի որ հրապարկէն քաշուած էին լիբանանահայ գեղարուեստական ասմունքի տիրական դէմքեր Խաչիկ Արարատեան, Յակոբ Կիւլոյեան (“Համազգային”էն) եւ Վարդան Չարըքեան ու Թորոս Սպիտանեան (Լիբ. Գրական Շրջանակէն) եւ ուրիշներ:

Հետեւաբար, այս երկրորդ մենահամերգին սրահին մեծամասնութիւնը կը կազմէին` համայնքի միջին ու նորահաս սերունդը, որոնք նոր պիտի ծանօթանային գեղարուեստական “ասմունքի երեկոյ” ըսուածին` Յակոբ Գույումճեանի ընդմէջէն…: Իսկ այս սրահի փոքրամասնութիւնը կազմող երէց սերունդը, որ Պէյրութի մէջ ծանօթացած էր Սուրէն Քոչարեանի, Ժան Էլոյեանի եւ Լիբանանի երէց սերունդի ասմունքողներու արուեստին, եկած էր բաղդատութիւն ընելու իրեն վաղածանօթ վարպետներուն եւ այս “նորածանօթ” վարպետին միջեւ: Այս երէց սերունդի ունկնդիրներէն էր նաեւ այս տողերը գրողը, որ իր պատանեկութեան տարիներուն, ինք եւս սիրողական մակարդակի ասմունքող մը եղած էր, ահա կու գայ իր կարծիքը տալու Յակոբ Գույումճեան վարպետին մասին:

Այս տողերը գրողը վայելելով այս երկրորդ մենահամերգին շռայլ յայտագիրն ու արհեստավարժ կատարողութիւնը, կու գայ անվերապահօրէն հաստատելու` թէ մեր ժամանակներու ապամշակութացնող, շուկայական, անսիրտ ու անհոգի մթնոլորտին մէջ, Յակոբ Գույումճեան ոչ միայն խիզախօրէն կը վերցնէ իր ուսերուն այս մթնոլորտին հակազդելու մարտահրաւէրը յաղթականօրէն, առանձինն եւ առանց կազմակերպութեան մը նեցուկին…, այլեւ հզօր ուժով կը դիմադրէ նահանջող մեր հայերէնագիտութեան եւ արուեստագիտութեան անկումային հոսնաքին դէմ: Անոր այս սխրանքը պարտին քաջալերել` հայակերտումի եւ հայապահպանումի բոլոր իրա՛ւ անկեղծ ու ազնիւ պաշտպանները, այս մենահամերգի յայտագրին  ու կատարողական բարձր մակարդակին բազմիցս կրկնումն ու անոր ժողովրդականացումը ապահովելով` հայկական կրթական երկորդական ու բարձրագոյն հաստատութիւններէն ներս, -առանց մոռնալու Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի հայ ուսանողութիւնը-, նոր սերունդներուն ծանօթացնելեու համար մեր բարձրամակարդակ ու տիեզերաշունչ քերթողութիւնը` շօշափելի եւ բաբախուն կերպով, նաեւ մեր մեծասքանչ մայրենին` իր ջինջ ու վճիտ առոգանութեամբ, հմայիչ երաժշտականութեամբ եւ հարուստ բառամթերքով…:

Այս մենահամերգով Յակոբ Գույումճեան հաստատեց փաստը իր վաւերական բանաստեղծի հոգեխառնութիւնն ու յեղափոխական շունչը: Ան յաջողեցաւ ունկնդիրին հաղորդել կեանքի զարտուղութիւններուն եւ անարդարութեանց սուր ու ցաւատանջ զգացողութիւնը իր բոլոր նրբերանգներով, առանց դիմելու բեմական արհեստավարժական զինամիջոցներու օգնութեան, անշպար, անդիմակ ու մէն-մինակ…: Ան միայն իրեն բնատուր եւ իր ձեռք բերած շնորհներով` անսպառ հմայիչ ձայնով, բեմը լեցնող իր յաղթահասակ ներկայութեամբ, մարմնի, դէմքի եւ ձեռքերու թատերակախարդական խօսուն շարժուձեւերով, եւ` երբեմն-երբեմն խոհական պերճախօս լռութիւններով (պաոզա), կրցաւ ապահովել արտաքին ձեւի եւ հոգեւոր խորքի ամբողջական ներդաշնակութիւն մը եւ գեղագիտական միասնութիւն մը, որ արուեստի վաւերական գործի մը հիմնական նախապայմաններէն մէկն է: Այս բոլոր երանելի առաւելութիւններով` ան անկեղծօրէն ու լիովին ապրեցաւ իր արտասանած մէն մի բառը, եւ այսպիսով կրցաւ ապրեցնել մեզ, կենսատրոփ խօսքին ուժով:

Մէկ խօսքով այս վաստակաւորը կը լրացնէ գեղարուեստական ասմունքողէն խստապահանջօրէն ակնկալուած բոլոր ընդոծին եւ ստացական ձիրքերը, բոլոր բնատուր եւ արհեստավարժութեամբ ձեռք բերուած արժանիքները` հաղորդական ջերմ ու հմայիչ ձայն, ջինջ ու առոյգ առոգանութիւն, վարակիչ շունչ ու հոգեկան կրակ, սուր յիշողութիւն, համոզիչ շեշտադրութիւն` ճշգրիտ եւ իմաստալից կէտադրումով, խորիմաց մեկնաբանութիւն, անսեթեւեթ այլ խօսուն շարժուձեւ, եւ ապրումի անկեղծութիւն ու հարազատութիւն, որ կը ջերմացնէ արհեստավարժ հմտութեամբ ձեռք բերուած կատարողական վարպետութիւնը եւ զինք կը դարձնէ սրտի մօտիկ`  ունկնդիրներուն, հալեցնելով` արհեստավարժութեան սառնութիւնն ու պաշտօնականութիւնը…:

Քերթուածի մը պատգամին անոր կողմէ տրուած զգացական մեկնաբանութիւնը կը դառնայ հասկնալի, համոզիչ ու սրտի մօտիկ, քանի որ ան կը յաջողի պատգամին իմացական արժէքը փրկել իր պաղ մերկութենէն, վերացականութենէն ու քարոզչականութենէն, անոր տալով միս ու ոսկոր, համ ու հոտ, գոյն ու ջերմութիւն… իր սեփական հոգիին կրակով: Եւ այս ճամբով Յակոբ Գույումճեան մեզի մատչելի կ’ընծայէ` մեր քնարերգութեան մեծերուն իմաստուն խորհուրդներն ու մարդկայնական տեսլականը (մասնաւորաբար` Վահան Թէքէեանի “Աղօթք Վաղուան Սեմին Առջեւ” քերթուածին մէջ), միաժամանակ մեզի առիթ կու տայ ըմբոշխնելու մեր մայրենիին ողջ գեղեցկութիւնը, զորս կը կրկնենք, հարկ է ընծայել մեր նորահաս սերունդին, անոր հայակերտումին սատարող շօշափելի եւ ազդեցիկ ազդակներ հայթայթած ըլլալու համար:

Յակոբ Գույումճեան հրամցուց հմտօրէն կազմուած բարձրորակ յայտագիր մը, ապացոյցը տալով ոչ միայն իր բարձր ճաշակին, այլեւ իր նպատակասլացութեան ու հասարակական պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեան: Հրամցուած յայտագիրը կը բաղկանար հետեւեալ երեք մասերէն.- Առաջինը` “Եղիցի Լոյս”, Պարոյր Սեւակի, Վահան Թէքէեանի, Ռազմիկ Դաւոյեանի, Եղիշէ Չարենցի եւ Համօ Սահեան անկրկնելի քերթուածներուն  միահիւսութեամբ: Երկրորդը` “Սիրերգութիւն”, Վահան Թէքէեանի եւ Սիլվա Կապուտիկեանի սիրոյ քնքոյշ, խոհական, անխոստովանելի կարծուած բայց համարձակ բանաստեղծութիւններով եւ` Սայեաթ Նովայի ծննդեան 300 ամեակը նշող համադրումով մը` Սայեաթ Նովայի, Եղիշէ Չարենցի եւ Սիլվա Կապուտիկեանի անզուգական քերթուածներուն, որոնց մեկնաբանութեան որպէս թատերական խորք` նազանի հայուհի մը (որուն անունը  մեզի անծանօթ մնաց), հայկական ժողովրդական պարի աւանդական պսպղուն հանդերձանքով հեզաճկուն մենապար մը հրամցուց, սայեաթնովական սիրատոչոր երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, ամբողջացնելով երեկոյի պարզագեղ թատերականութիւնը, զոր արդէն ստեղծած էր վարպետ ասմունքողը մէն-մինակ…: Երրորդը` “Լինելութիւն”, եզրափակիչ մասը, կազմուած Վահագն Դաւթեանի  եղերահունչ “Ռեքւիէմ”ին հատուածներով, եւ Գէորգ Էմինի հայրենաշունչ “Սասունցիների Պարը” պոէմայի մէկ տարբերակով, ափոթէոզի հասցնելով այս օրինակելի տիպար գեղեցկութեամբ ու մարտունակօրէն իմաստալից եւ ուսանելի երեկոն:

Յակոբ Գույումճեան յաջողեցաւ` մենահամերգի ամբողջ տեւողութեան, ունկնդիրները կլանուած պահել իր արուեստի ովասիսին մէջ, նոյնիկսկ` նոր սերունդէն անոնք, որոնք բացատրելի շարք մը պատճառներով չէին կրցած քայլ պահել վարպետի ալեկոծումներուն հեւքին հետ, սակայն հմայուած էին անոր ստեղծած թատերական մթնոլորտի կախարդանքով, առանց լրիւ կերպով հասկնալու յայտագրի բոլոր համարներու պատգամը, որուն ապացոյցն էին անոր որոտընդոստ ու երկարարեւ ծափահարութիւնները ամբողջ սրահին կողմէ յայտագրի աւարտին: Որովհետեւ ասոնք դէմ հանդիման կը գտնուէին նորածանօթ ովասիսի մը, իրենց շուրջ տիրող վայրի դրամատիրութեան “համաշխարհայնացում”ի խորշակին ապամշակութացնող անապատին ու հոգեզրկող ամայութեան հեղձուցիչ մթնոլորտին պատճառով:

Վարպետը աւելորդ ճիգ մը չըրաւ` գրաւելու համար ունկնդիրներու լարուած ուշադրութիւնը, այլ առինքնեց զանոնք իր բիւրեղեայ արուեստին ուժով ու մագնիսականութեամբ, որովեհետեւ ան սրահին հետ խօսեցաւ որպէս մտերիմ զրուցակից, անոնց փոխանցելով  ի՛ր բանաստեղծ հոգիին տուայտանքն ու անդոհանքը` աշխարհի եւ հայ իրականութեան մէջ տիրող անարդարութեանց ու աւատատիրական բաժանուածութեան հետեւանքով, կարծէք իր արտասանած խօսքերը իրօք ի՛րն էին… եւ ոչ թէ` ուրիշներունը:

Վարձքդ կատար` վարպետ:

 

Հակոբ Գույումճյանի Ասմունքի Երեկոն

You May Also Like