Ապրիլեան Փոթորիկ

Տոքթ. Ճօրճ Բարսեղեան, Ռակ Մամուլ, Դամասկոս, Սուրիա, 18 Մայիս 2010

Կրկին Ապրիլ ամիսն էր, եւ կրկին անգամ ականատես եղանք նոյն ներկայացումներուն։

Ներկայացումներ ըսելով նկատի ունիմ՝ միջոցառումներ «համարեա նոյն ծրագիրներով», յայտարարութիւններ՝ «նոյն բովանդակութեամբ՝ տարբեր նախադասութիւններով», դասախօսութիւններ՝ «տարբեր դասախօսներով, լեզուներով ու լսարաններով բայց նոյն նիւթի շուրջ», սրտի, կուսակցութիւններու, կղերական, համայնքային եւ այլ խօսքեր ու յայտարատութիւններ՝ էապէս «տարելից» բառէն առաջ թուանշանի մը փոփոխութեամբ միայն»։ Նաեւ տարեկան ազգային կամ Հայ Դատի վերաբերեալ նուաճումներու տեղեկագիրներ, որոնց մէջ նոր պետութեան մը խորհրդարանին անունը կը հնչէ՝ բուռն ծափահարութիւններու արժանանալով…։

Տոքթ. Ճօրճ Բարսեղեան, Ռակ Մամուլ, Դամասկոս, Սուրիա, 18 Մայիս 2010

Կրկին Ապրիլ ամիսն էր, եւ կրկին անգամ ականատես եղանք նոյն ներկայացումներուն։

Ներկայացումներ ըսելով նկատի ունիմ՝ միջոցառումներ «համարեա նոյն ծրագիրներով», յայտարարութիւններ՝ «նոյն բովանդակութեամբ՝ տարբեր նախադասութիւններով», դասախօսութիւններ՝ «տարբեր դասախօսներով, լեզուներով ու լսարաններով բայց նոյն նիւթի շուրջ», սրտի, կուսակցութիւններու, կղերական, համայնքային եւ այլ խօսքեր ու յայտարատութիւններ՝ էապէս «տարելից» բառէն առաջ թուանշանի մը փոփոխութեամբ միայն»։ Նաեւ տարեկան ազգային կամ Հայ Դատի վերաբերեալ նուաճումներու տեղեկագիրներ, որոնց մէջ նոր պետութեան մը խորհրդարանին անունը կը հնչէ՝ բուռն ծափահարութիւններու արժանանալով…։

 
Ոգեւորիչ է։ Հայկական ու օտար կայաններէն ցոյցեր, ելոյթներ, զրոյցներ ու յայտարարութիւններ կը տեղան տարուան այս օրը, երբ աշխարհի բոլոր հայերը «անշուշտ նաեւ համեստս» կը մասնակցին այդ միջոցառումներուն, նախ իրենց հոգիին եւ ազգային պարտքը համարելով զայն, բայց նաեւ գիտակցելով որ իրենց ներկայութեամբ գուցէ աւելի լսելի դառնայ մեր սեփական ազգին ու մարդկութեան հանդէպ քործուած եւ ցարդ անպատիժ մնացած ոճիրին դէմ բողոքի մեր ձայնը՝ ողջ աշխարհի ականջներուն համար։

Ականջներ՝ որոնց մէկ մասը կը լսեն ու կ’արձագանգեն, իսկ մնացածը կամ խլացած են նման աղմուկներէ, կամ չլսել կը ձեւացնեն, եւ կամ պարզապէս չեն լսեր, անտարբերութիւն, սեփական շահեր եւ քաղաքականութիւն կոչուած ականջակալներ դրած ըլլալնուն համար։ Անշուշտ շնորհակալութեան արժանի են այս յաջողութիւններուն ետեւը կանգնած ազգանուէր ու հայրենասէր մարդիկ, սակայն այս բոլորը միայն Հայապահպանութեան կը ծառայեն՝ ոչ աւելի ոչ պակաս։ Մեծ, տարածուն ու նօսրացող Սփիւռք կոչուածին՝ ազգային ջերմութիւն տուող օջախին՝ փայտ դնել է պարզապէս, այն ալ տարին մէկ անգամ միայն։

Վերջապէս ի՞նչ է մեր ուզածը։ Ի՞նչ նկատի ունինք պահանջատիրութիւն, կամ Հայ Դատի արդարացի լուծում ըսելով։

Կը խորհիմ որ մեր բոլոր կարողութիւնները լարած, ճանապարհը անցնելու մասին կը մտածենք, ուստի եւ ժամանակ չունինք յստակօրէն պատկերացնելու թէ ո՞ւր կ’երթանք։ Երբ նման զրոյց կամ վէճ մը կը սկսի, երկար արծարծումներէ ետք, վերջաբանը հետեւեալ նախադասութեան պէս բան մը կ’ըլլայ «Հէլէ սա ցեղասպանութիւնը թող ընդունին, յետոյ Աստուած մեծ է՝ բան մը կ’ընենք»։

Այդ «բան մը կ’ընենք»ն է որ զիս կը մտահոգէ՝ ցեղասպանութիւն բառը «արտասանուեցաւ –չարտասանուեցաւ» քաշքշուքէն անդին…։

Պահ մը մոռնանք թէ մեր հարցը, բազմաթիւ այլ երկիրներու համար, պարզապէս քաղաքական «ժօքէր» մըն է՝ Թուրքիոյ վրայ, պէտք եղած ժամանակ, տնտեսական կամ ռազմական քայլեր պարտադրելու. եւ սեպենք որ օր մը մոլորակի խորհրդարաններուն կէսէն աւելին ընդունեցին ցեղասպանութեան փաստը, խօսքերնին մէկ ըրած, իրենց սեփական շահերը մէկ կողմ դնելով, յանուն «մարդկային արդարութեան» Թուրքիոյ ստիպեցին ընդունիլ այդ անհերքելի փաստը։ Թուրքիան ալ՝ ոչ աս ոչ ան, աշխարհի «խաթիրին» համար ընդունեց տեղի տալ, վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ…։ Նախ Հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրելու արարողութիւն մը կ’ըլլայ բնականաբար, զգացմունքային է ու յուզիչ… անցանք առաջ։ Ապա եւ՝ փոխ հատուցում։

Փոխ հատուցում ըսելով ի՞նչ հասկնանք, այսինքն մեզի դրա՞մ պիտի տան, թէ՞ հողային տարածք։ Նախ ճշդենք «մեզին» ո՞վ է…

-Տուժած ընտանիքներուն մնացած ժառանգորդնե՞րը

-Հայ դատը հետապնդող Հայ կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւննե՞րը – «ամէն մէկուն քանի՞ տոկոս կը հասնի այդ շահոյթէն… պէտք է հաշուել»։

-Հայաստանի Հանրապետութի՞ւնը «սահմանելով այնտեղ գործող պետական ու սեփական կառավարութիւններուն առանձին բաժինները»։ Յետոյ ճշդենք նաեւ թէ փոխ հատուցում ըսելով ի՞նչ նկատի ունինք։

-Նահատակներու արեան գի՞նը… Տոլարո՞վ թէ Իւրոյով։

-Հողային տարածութիւննե՞ր… խօսքը Սեւրի Դաշնագրով ճշդուած Հայաստանի մասի՞ն է, որտեղ Քիւրտ բնակչութեան թիւը կը գերազանցէ 20 միլիոնը։

-Միջա՞նցք դէպի սեւ ծով։

Այս բոլոր հարցերը յստակօրէն ճշդելու համար, անհրաժեշտ է կլոր սեղան մը, ուր մեր քաղաքական բանակին ներկայացուցիչները ոչ թէ կը բանակցին, այլ կը խորհրդակցին, որոշում կը կայացնեն, եւ այդ որոշումը իրականացնելու գործին կը լծուին՝ անկախ ամէն մէկուն մինչ որոշման կայանալը ունեցած կարծիքէն։ Բանակցիլ բառը այս պարագային հարազատ չէ, որովհետեւ մտովին այն պատկերացումը կու տայ որ՝ կողմերը նստած են, ամէն մէկը իր առջեւ իր փաստաթուղթերը, վրան ալ հրացանը դրած, ներկաներուն հետ կը խօսի այդ տապանճայի(*) փողին մեծութենէն մեկնելով, եւ անոր համապատասխան իրաւունք կը վերապահէ ինքն իրեն։

«Բանակի մը ոյժը կարգապահութեան մէջ է»։ Սուրիական բանակ ծառայողներուն քաջ ծանօթ է այս նախադասութիւնը… եւ ինչո՞ւ միայն. որեւէ բանակի ոյժը անոր կարգապահութեան մէջ է՝ ըլլայ ան զինուորական բանակ, ազգային, քաղաքական, գիտական, մշակութային թէ կուսակցական։ Այսօր որեւէ նուաճում ձեռք բերելու համար անհրաժեշտ է պայքար, որ առանց բանակի չ’ըլլար։ Արդարութիւն կը պահանջենք, Հայ Դատի արդարացի լուծում մը ստանալու համար կը պայքարինք։ Անգամ մը, այդ գործը առաջ տանող, մեր ունեցած սա քաղաքական բանակին նայինք։

Անոր գլխաւոր բաղադրեալները՝ Հայաստանի կառավարութիւնը, եւ սփիւռքի կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները իրարու հետ հա՞շտ են, համապատասխան գործակցութեան մէ՞ջ են, այդ բանակի գլխաւոր մասերուն միջեւ կարգապահութիւն կա՞յ։ Յետոյ հատ մըն ալ շարքերուն նայինք. Հ.Հ. կառավարութիւնը ինքն իր մէջ համերա՞շխ է, կուսակցութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն մէջ կարգապահութիւն կը տիրէ՞։ Իմ գտնուած տեղս գոնէ, վիճակը մխիթարական չէ։ Այստեղ «Դամասկոսի մէջ» թերեւս Ապրիլ 24-ի հսկման երեկոն ու անոր նուիրուած միջոցառումները անջատ ձեւով կը կատարեն՝ դաշնակցականներն ու ոչ-դաշնակցականները։ Իսկ կուսակցութեանս «Սփիւռքեան քաղաքական ձախ թեւի՝ Ռամկավարներուն» ներքին վիճակը, այնքան ալ փայլուն չէ այսօր՝ կարգապահութիւնը պահպանելու տեսակէտէն «աւելին չըսենք…» բարւոք չէ նաեւ աջ թեւին առողջութիւնը…։

95 տարի է դեռ Դաշնակ, Հնչակ, Ռամկավար կը խաղանք, եւ ասոր ալ քաղաքականութիւն կ’ըսենք եղեր, այն ինչ ոչ թէ քաղաքականութիւն է, այլ անքաղաքականութիւն, եւ դեռ եթէ կ’ուզէք՝ ազգային քաղաքականութեան անքաղաքավարութիւն։ Ի՞նչ համարձակութեամբ մենք մեզի մէկ ազգ կը կոչենք, երբ ունինք մի քանի ղեկավարութիւններ «յաճախ թշնամացած», եւ դեռ «յստակօրէն իրարամերժ» նոյն դաւանանքի հաւատամքներ, որոնց զանգակատուները միշտ վէճի մէջ են թէ ո՞վ է անոնցմէ «Մինորը», եւ ո՞վ՝ «Մաժորը»…։ Մեր ազգին մեծ մասը սփիւռքը կը կազմէ, որ իրեն յարմար ազգային կառավարութիւն մը չունի, եթէ այսօր թուրքը իր գործած ոճիրին վերաբերեալ զոհին տիրոջը «եկուր նայիմ, ուզածդ ի՞նչ է» ըսէ, որու՞ն հետ պիտի խօսի … պատուիրակութեան մը հետ, որուն անդամները տարիներէ ի վեր անհամերաշխ ըլլալով, իրարու հետ չխօսելու, զիրար չհասկնալու տխուր փորձն ու փորձառութիւնը ունենալու պատճառով, պիտի չկրնան որոշել թէ ո՞վ է իրենց ղեկավարը։

Ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ամբողջ Հայութեան հայրենիքն է, անոր պետականութիւնն ու կառավարութիւնը մեր բոլորին սրբութիւնն է, սակայն հասկնալի պատճառներով, «քաղաքական, աշխարհագրական, տնտեսական, միջազգային պարտաւորութիւններ եւ այլն» պահանջատիրութեան հարցին վերաբերեալ լայն կարողութիւններ չունի ռազմավարելու, «մանուվրելու», հետեւաբար սփիւռքը անհրաժեշտութիւնն ունի ինքնուրոյն առանձին կառավարութեան մը, որ վերը նշուած կապանքներէն ոչ մէկէն կը խանգարուի։ Կառավարութիւն մը՝ որ պէտք է ամբողջ սփիւռքին ենթակայութիւնն ունենայ, առանց որեւէ կողմի բացառութեան, ու անոր որոշումները ունենան օրէնքի ուժ՝ ամբողջ սփիւռքահայութեան համար։ Նորութիւն մը չէ ըսածս. դեռ վերջերս, Ռ.Ա.Կ. Մամուլը հրատարակեց նոյն գաղափարը կրող շահեկան յօդուած մը Ընկ. Դոկտ. Մինաս Գոճայեանի ստորագրութեամբ։

Անյստակ եղող հարց մը եւս։

Եթէ վիճակուի ազգային հարցեր լուծող կախարդական ցպիկ մը ունենալ, ապա ես զայն ստիպուած կ’ըլլամ եռակի անգամ գործածել։ Ընդ որում, առաջին՝ մեր գրաւեալ պապենական հողերը կը վերցնեմ, ու Հայաստանի Հանրապետութեան կը միացնեմ «երեւակայական ու երանելի բախտաւորութիւն մը, որ թերեւս աւելի դիւրին է երկրորդէն», ապա եւ, երկրորդ՝ ամբողջ Սփիւռքահայերուն վերադարձը կ’ապահովեմ պապենական հողեր՝ ոչ որպէս թուրիստ, այլ՝ մշտական բնակիչ: «Աս ալ իր հերթին երրորդէն հեշտ է»։ Եւ դեռ երրորդ՝ մեր պապենական հողերուն վրայ բնակող, սունկի նման աճող, եւ 20 միլիոնը գերազանցող քիւրտերու տեղահանութիւն մը կը յաջողցնեմ, որպէսզի երկրորդ հանգրուանը իրականացնելու պարագային, Հայերը իրենց պապենական հողերուն վրայ փոքրամասնութիւն չըլլան։
Մեկնելով կախարդական ցոպիկի վարկածէն, մեր երազային նպատակին հասնելու համար ունինք երեք գլխաւոր հանգրուաններ.-

-Պապենական հողերուն վերատիրանալ «որուն համար գլուխ կը կոտրենք… խարխափելով»։

-Պապենական հողերը Հայերով վերաբնակեցնել «երբ դեռ մեր ունեցածին ամայացումը չենք կրնար կանխել»։

-Քիւրտերու տեղահանութիւն… «առանց մեկնաբանութեան»։

Եթէ նոյնիսկ հրաշքով մը մեր քաղաքական բանակը կարգապահ դառնայ, ապա այս երեքէն ամենահեշտը գուցէ՝ հողերուն վերատիրանալն է, այն՝ մինչ, այդ ուղղութեամբ, 95 տարուան ընթացքին ոչ մէկ շօշափելի յաջողութեան հասած ենք, ալ ո՞ւր մնաց երկրորդը. հապա երրո՞րդը։

Ո՞ւր է իմ «Սփիւռքի Կառավարութիւնս» որ ապրիլեան փոթորիկը յաջողցնելէն յետոյ, այս հարցերուն՝ «բան մը կ’ընենք»ին մասին խորհրդակցի, ծրագրաւորէ ու գործի անցնի, վերջն ալ եթէ յարմար գտնէ ինծի նման շարքայինները տեղեակ պահէ, որ գիտնանք թէ սա քարքարոտ ճամբուն վերջը ու՞ր կը տանի…։ Ո’ւր ալ տանի միեւնոյնն է, պիտի քալենք, մեր զաւակներն ալ մեզի հետ պիտի չարչարենք, բայց գոնէ երթալիք տեղերնիս գիտնանք, յոյսով քալենք, յոյսով չարչարուինք, յոյսով պայքարինք։ Վերջապէս յստակ նպատակ մը թելադրող քայլերգ մը, առաւել արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ նախադասութիւնէ մը, որ հետեւեալին պէս բան մըն է՝ «Հէլէ սա ցեղասպանութիւնը թող ընդունին, յետոյ Աստուած մեծ է՝ բան մը կ’ընենք… տեղ մը կ’երթանք զա՛ր»:

(*) Տապանճա – Օսմանեան շրջանէն մնացած հրացան , որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի որպէս ֆիզիքական «երբեմն նաեւ գաղափարական ու քաղաքական» ինքնապաշտպանութեան կամ յարձակման միջոց. ունի կարմիր եւ կապոյտ գոյնի կապարներ, որոնց օգտագործման ժամանակ կ’առաջանայ փաթրթոց, իրարանցում եւ մշուշապատ մուխ։

 

You May Also Like