(Յարութ Երէցեանի Յիշատակին)
Յարութ Երէցեանին այսքան արագօրէն եւ անշշուկօրէն մեկնումը, անկասկած, շանթահարած է, ինչպէս իր ընտանիքն ու հարազատները, նոյնպէս իր անկեղծ ընկերներուն ու բարեկամներուն լայնածիր շրջանակները, սկսած Լիբանանէն, Ամերիկայէն մինչեւ Հայաստան:

Գիտական սուր միտքով, գեղարուեստական ճոխ գիտելիքներով եւ ընդհանրական հարուստ պաշարներով առլցուն Յարութը, միշտ մնաց կեդրոնական դէմք իր միջավայրերէն ներս, «տերվիշ» ըլլալու համեստութեամբ:
«Ապրիլ» գրատունը եղաւ իր մտաւորական աշխարհի կեդրոնը, ատկէ «բաժին» հանելով նաեւ ուրիշներու, մինչեւ հեռաւոր ափեր:
Գիտցաւ «Ապրիլ»ը ապրեցնել «երէց»ներու վայել լրջութեամբ ու խոհեմութեամբ, անոր ընդմէջէն միտքի, խօսքի ու գրիչի լոյս սփռելով ամենուրէք:
Ապրիլ սիրող, կենսուրախ ու լաւատես սիրելի Յարութին այս «բացակայութիւն»ը (եղբօր՝ Նուպարէն, քրոջ՝ Անահիտէն ետք, դարձեա՛լ կանխահասօրէն), որոշապէ՛ս, ցնցած է բոլորը, որովհետեւ տակաւին ընելիք ունէր, իր աշխոյժ ներկայութեամբ, արդիւնաւէտ գործունէութեամբ ու տիպար ծառայասիրութեամբ:
Այս արագ մտորումը, իր երկարամեայ սրտամօտիկ ընկերոջմէն, կը պարտաւորեցնէ բոլորս իր յիշատակը ՎԱՌ պահել, ի դէմս իր անտեղի, անժամանակ եւ …«աններելի» մեկնումին:
Տխուր է իրականութիւնը, բայց աւելի ցաւցնող՝ ճշմարտութիւնը: