Խմբագրական, 24 Ապրիլ 2015
Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը թափ տուաւ համաշխարհային մամուլի մէջ աւելի շատ արձագանգներու արժանանալու։ Ի հարկէ քիչ չէ դերը հայրենի իշխանութիւններու (թէեւ ոչ-բաւարար), Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ (Առաքելական-Ուղղափառ, Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական), հռչակուած հայ աստղերու եւ
Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը թափ տուաւ համաշխարհային մամուլի մէջ աւելի շատ արձագանգներու արժանանալու։ Ի հարկէ քիչ չէ դերը հայրենի իշխանութիւններու (թէեւ ոչ-բաւարար), Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ (Առաքելական-Ուղղափառ, Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական), հռչակուած հայ աստղերու եւ
Մեր կատարած աշխատանքները գերազանց չնկատելով հանդերձ պէտք է մեր զգուշաւոր գոհունակութիւնը յայտնենք կատարուածին համար և ասիկա այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ դիմացինները, այս պարագային Թուրքիան ու Ատրպէյճանը արդէն քանի տարիներէ ի վեր Հայաստանի տարեկան ամավարկէն աւելի գումարներ կը ծախսեն իրենց խելակորոյս հակահայ արշաւին մէջ։ Մեր ինքնավստահութիւնը պէտք է աւելի զօրացած զգանք մանաւանդ երբ մեր անմիջական հակառակորդին (Թուրքպէյճանի) կողքին կեցած են ռազմական (ՆԱԹՕ) ու տնտեսական (քարիւղ, ռազմամթերքի վաճառք) հաշիւներով տարուած Արեւմուտքն ու Միջին Արեւելեան կարգ մը պետութիւններ։ Դաւիթի ու Գողիաթի կռիւ մըն է, զոր մղեցինք եւ այսուհետեւ պիտի մղենք աւելի դիպուկ կերպով։
«Լաւագոյն պաշտպանութիւնը յարձակումի մէջ է» սիկիլիական զկզբունքը (զոր ճատրակի մեծ վարպետ Տիգրան Պետրոսեանը յաճախ կը կիրարկէր). պէտք է սկսէինք առնուազն տասնամեակ մը առաջ՝ աւելի համագործակցուած, ծրագրուած ու գիտական հիմունքներուվ զօրացած։ Այս շարժումը պէտք է ունենար մէկ ընդհանուր «ուղեղ», որ համադրէր կամ աշխատանքային բաժանումներ սահմանէր։ Այսինքն՝ աշխատանքներ, որոնք Հայրենի իշխանութիւններուն բաժինը պէտք է ըլլային, եւ աշխատանքներ, որոնք Սփիւռքի հայութեան պարտաւորութիւններն էին։
Անցնող մէկուկէս տասնամեակի մեր փորձառութիւնը կը պարտաւորեցնէ մեզ լուրջի առնել Թուրքիոյ բազմազգ հասարակայնութեան խճանկարը։ Փաստ է որ մեր գործունէութեան մէջ ունեցանք այդ ուղղութեամբ կատարուած դրական քայլեր եւ հասանք կարգ մը շօշափելի դրական արդիւնքներու։ Հեւեւաբար խորհրդանշական Ապրիլ 24-ին յաջորդող օրն իսկ ծրագրուած քայլերով պէտք է ընդլայնել շփումները երկու ուղղութեամբ, ի հարկէ առանց երազատեսութեան, քաղաքական ռոմանթիզմի եւ, որ ամենէն կարեւորն է, աչալուրջ ըլլալով չօգտագործուիլ Թուրքիոյ բազմադարեայ փորձառութիւն ունեցող պետութեան քաղաքական ու դիւանագիտական ձեռնածութիւններէն։ Այլ խօսքով՝ առիթ չտալ որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները սայլը իրենց ուղղութեամբ տանին, բան մը՝ որուն անձկութեամբ կը սպասէ Արեւմուտքը՝ իր զինակիցն ու տնտեսական գործընկերը չխռտչեցնելու համար։ Միւս ուղղութիւնը պէտք է ըլլայ շփումներու մակարդակէն բարձրանալ եւ ուղղակի համագործակցուած աշխատանք տանիլ տարածաշրջանի բախտակից ազգերու հետ, Թուրքիոյ բնակչութեան մաս կազմող փոքրամասնութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական սկզբունքներ դաւանող Թուրքիոյ մտաւորականութեան ու հասարակ ժողովուրդին հետ։
Վերը յիշուած խնդիրներու առընչութեամբ պէտք է գալ ընդհանուր հասկացողութեան մը.
ա.- Ո՞վ կամ ո՞ր համահայկական կազմակերպութիւնները պիտի երկխօսութեան մէջ մտնեն մէկ կողմէ Թուրքիոյ այժմու ղեկավարութեան եւ միւս կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, արդարութեան վերականգնման եւ հատուցման հանդէպ դրականօրէն տրամադրուած Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութեան հետ։
բ.- Որո՞նք են չափանիշները կամ անհրաժեշտ պայմանները, որոնք կ՚որակաւորեն «համահայկական» կամ «համասփիւռքեան» կոչել կազմակերպութիւն մը։ Ժողովրդավարական ու թափանցիկութեան տիեզերական օրէնքներն ու կանոնները որպէս նախապայման երաշխաւորուա՞ծ են, թէ՞ խորհրդաւորութեան մշուշի մէջ պիտի գտնուին կրկին ու կրկին։
գ.- Միանգամընդմիշտ եւ տիեզերականօրէն վերջնական սահմանում մը պիտի խմբագրուի՞ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ հասկացութեան։ Ուրեմն առ այդ՝
– Հայկական Պահանջատիրութիւնը (ՀՊ) պէտք է յստակօրէն արտայայտէ մեր ժողովուրդի հիմնական պահանջքը, որ ՀՈՂԻ (Հայրենիք) պահանջքն է նախ եւ առաջ։
– ՀՊ-ը մինչեւ օրս բռնազաւթուած շարժական եւ անշարժ գոյքերու, կալուածներու (սեփական թէ հաւաքական) ամբողջական վերադարձն է իրաւատիրոջ։
– ՀՊ-ը աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայութեան արեան գինն է։
– ՀՊ-ը Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ տրուելիք այն երաշխիքն է, որով Թուրքիան կը պարտաւորուի ՄԱԿ-ի կողմէ ընդունուած բոլոր համաձայնագրերով ապահովել հայոց եւ այլ փոքրամասնութիւններու (որոնք նոյնպէս ենթարկուած են հայրենազրկման ու ցեղասպանութեան) իրաւունքներու հաստատումը։
Ընգծելով հանդերձ վերոյիշեալ մեր կեցուածքը, հարկադրաբար փակագիծի մէջ կը նշենք որ որեւէ հասարակութեան մէջ, անհատներ եւ կամ կեդրոնախոյս խմբաւորումներ, յուսախաբ ըլլալով տարուած աշխատանքներու խիստ անցանկալի արդիւնքէն՝ կրնան ընդվզիլ եւ դիմել ծայրայեղ միջոցներու: Թուրք պետութեան դաժան ու դատապարտելի ժխտողական քաղաքականութիւնը եւ հայկական հողերու շարունակուող բռնագրաւումը չեն բացառեր չնախատեսուած արտակարգ այդօրինակ պոռթկումներ: