Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը Շարքէն
Ահմէտ Ալթան, Հապերտար
Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ, Դեկտեմբեր 2015
Այս օրերուն ռուսական առած մը շատ ժողովրդականութիւն գտած է. «Եթէ արջը
Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը Շարքէն
Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ, Դեկտեմբեր 2015
Այս օրերուն ռուսական առած մը շատ ժողովրդականութիւն գտած է. «Եթէ արջը
Վստահաբար այս տեսակի տարօրինակ վարուելակերպ մը ունեցեր ենք մեր սովորութիւններուն մէջ, որպէսզի ունենանք այսպիսի առած: Ուրեմն մենք կը սիրենք չունեցած մեր ոյժը իբրեւ մե՛րը ցոյց տալ եւ մեր գլխուն փորձանք բերել. եւ մեր այս սովորութիւնը հասեր է մինչեւ մեր օրերը:
Ինչո՞ւ երկիր մը իրմէ տասնապատիկ հզօրութեամբ դրացի երկրի մը օդանաւը կը ջախջախէ իր սահամանները 17 երկվայրկեան հատած ըլլալուն համար: Մեկը կրնա՞յ բացատրել: Արդեօ՞ք ներսը կարենալ յոխորտալու համար որ «մենք կրնանք ամէնուն ասպարէզ կարդալ», կամ ալ մէկ տարի ետք տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն «ազգայնական հովեր» աւելցնելու համար… Ինչո՞ւ։ Եւ տակաւին մեր արարքէն այն աստիճան վախցեր ենք որ օդանաւը վար առնելէն երկու վայրկեան ետք ՕԹԱՆին վազեր ու «Մեզ պաշտպանէ» ըսեր ենք:
Իբրեւ ճակատագրի հեգնանք, արեւմուտքին «ժողովրդավարական, մարդու իրաւունքներու, կարծիքի ազատութեան» նման արժեքները ատող, այդ արժէքներէն հեռու կեանք մը վարելու համար «Շանկհայի հնգեակ» կոչուող բռնակալներու միութեան անդամակցելու համար պաղատող իշխանութիւն մը, այսօր ինկած է նոյն այդ արեւմուտքին օգնութեան կարօտ վիճակին եւ պահուըտելու անոր փէշերուն տակ:
Վստահաբար կը յիշէք, Լալէլի թաղամասի խումբ մը խանութպաններ կռիւի բռնուած էին յաղթանդամ Իրլանտացի զբօսաշրջիկի մը հետ, տեսերիզը օրերով պտտած էր ընկերային ցանցերու վրայ. այդտեղ կարճահասակ մարդ մը յարձակած էր իր կրկնապատիկը եղող մարդուն վրայ եւ փորձած էր բռունցքով հարուածել զայն:
Այդ մարդը ինչո՞ւ յարձակած էր յաղթանդամ մարդուն վրայ. յաջորդ օր սրճարանին մէջ կարենալ պարծենալո՞ւ համար թէ ինչպէս զարկած էր, թէ ինքզինք եղածէն աւելի հուժկու կարծելո՞ւն համար։ Կամ ալ վայրկեանի մը համար խանդավառուելով իրականութիւնները մոռնալուն համար: «Օդանաւի» մեր արկածախնդրութիւնը ինծի միշտ այդ մարդը կը յիշեցնէ: Ինչպէս որ այդ տրամաբանութիւնը չէի հասկցած, այս մէկուն ալ տրամաբանութիւնը չկրցայ հասկնալ: Սակայն, հարցին մէջ երբ պետութիւններ կը մտնեն խնդիրը «մէկ բռունցքով» չի վերջանար:
Ռուսիան հաստատամիտ է հարցը հետապնդելու. պիտի հետապնդէ ալ, որովհետեւ Ռուսիոյ գլուխը կը գտնուի մէկը որ իր ամբողջ քաղաքական ապագան հիմնած է «ազգայնականութեան» վրայ. մտադրած է «Մեծն Պետրոս» մը դառնալ եւ յարձակելով շրջանի երկիրներուն վրայ՝ կը բարդացնէ իր երկրին ալ վիճակը. եթէ նահանջէ Թուրքիոյ կողմէ իր օդանաւի կործանումի թնճուկէն, քաղաքական ապագան խղճալի վիճակի պիտի մատնուի: Աւելին, Թուրքիոյ առած այս քայլը Սուրիոյ մէջ իրեն համար սքանչելի առիթ մը ստեղծեց. գրեթէ ոեւէ մէկուն չհամարձակածը ըրինք՝ Սուրիան Ռուսիոյ նուիրեցինք: Հիմա պատճառաբանելով որ «յարձակումի ենթարկուած է», սկսած է Սուրիոյ մէջ զէնք կուտակել, որուն ո՛չ ոք կրնայ դէմ կենալ:
Այսքանով ալ չէ բաւարարուած, ամբողջ աշխարհի հանրային կարծիքին մօտ մեծ արշաւի մը սկսած է պնդելով որ «Տաէշին» նաւթը Թուրքիոյ ճամբով կը ծախուի աշխարհին եւ անոր ղեկավարները կը գանձեն «միջնորդչէքեր…»։ Այս պնդումը ընդունելութիւն գտած է Արեւմուտքի մէջ, եւ ամէն օր իրենց մամուլին մէջ յօդուածներ լոյս կը տեսնեն Թուրքիա-Տաէշ նաւթի գործակցութեան վերաբերեալ:
Վերջերս կարդացի տեղեկագրութիւն մը, ուր կ՝ըսուէր թէ Սուրիայէն արտահանուող նաւթը Թուրքիա մտնելով կը հասնէր Ճէյհանի նաւահանգիստը, ուրկէ Մալթա կը ղրկուէր, վերջաւորութեան հասնելու համար Իսրայէլ:
Այս նիւթին վերաբերեալ գրողները նաեւ հարց կու տան թէ որո՞նք են նաւթը գնողներն ու ծախողները, «միջնորդչէք» առնողները… եւ ընդհանրապէս նախագահ Էրտողանին անունն ալ կը յիշատակուի:
Ներկայիս, Թուրքիա-Տաէշ եւ կամ Էրտողան-Տաէշ յարաբերութիւնը կախում ունի թէ Ռուսիան ի՛նչ ձեւով հրապարակ պիտի քշէ. հարցին մինչեւ ՄԱԿ փոխադրուիլը հաւանական է:
Երկրին մէջ թերթերը կրնան տարբեր ձեւով ներկայացնել սակայն համաշխարհային մամուլը ընդունած է Թուրքիոյ հետ Տաէշին ունեցած գործակցութիւնը:
Մարդոց մտածողութեան մէջ մեր երկիրը միաւորուեցաւ ահաբեկչական կազմակերպութեան մը հետ, որ արար աշխարհ կ՛ատէ:
Երբ կը գտնուինք այս փորձանքին կեդրոնը եւ արեւմուտքին փէշերուն տակ ծուարած վախէն կը գալարուինք, յանկարծ կը տեսնենք որ զինուոր մտցուցեր ենք Մուսուլ:
Ինչո՞ւ այսպիսի բան մը կ՝ընենք. որեւէ բացատրութիւն չկայ:
Անմիջապէս որ մեր զինուորները Մուսուլ հասան, Ամերիկան յայտարարեց. “Զինուորական այս գործողութիւնը մեզի հետ առնչութիւն չունի»: Իրաքն ալ իր կարգին յայտարարեց. «48 ժամէն քաշեցէք ձեր զինուորները, այլապէս ամէն տեսակ միջոցառման պիտի դիմենք»: Ասկէ զատ յայտարարութիւն մը եւս ըրին. «Եթէ հարկ ըլլայ, Ռուսիան կրնանք կանչել»:
Մարդ ակամայ հարց կու տայ թէ արդեօ՞ք մեր իշխանութիւնը գաղտնօրէն Ռուսիոյ հաշւոյն կ՝աշխատի, որովհետեւ դէպքերը ցոյց կու տան որ Սուրիայէն ետք Իրաքին ալ դռները բացինք Ռուսիոյ առջեւ:
Տարբեր երկրի մը հողերուն զինուոր կը մտցնենք առանց հարցնելու այդ երկրին… այս բանը ընելու ոյժը ունի՞նք։
Չունինք. Ինչո՞ւ կ՝ընենք ուրեմն:
Պատասխանը պահուած է Լալէլի թաղի խանութպաններուն վարմունքին մէջ:
Այս խառնակ կացութեան մէջ, այս անգամ ալ Իրանը բարկացնող յայտարարութիւն մը եկաւ Էրտողանէն, որուն յաջորդեց Իրանի կարծր պատասխանը, «Գիտցէք ձեր սահամանները»:
Այս վայրկեանի դրութեամբ, թշնամական դիրքերու վրայ կը գտնուինք Ռուսիոյ, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի հետ:
Թուրքիոյ 75 միլիոն բնակիչները ի՞նչ շահ ունին տարօրինակ եւ անիմաստ արտաքին այս քաղաքականութենէն:
Ո՛չ մէկ շահ. ընդհակառակը մեր կեանքը շատ աւելի պիտի դժուարանայ եւ պիտի աղքատանանք: Միլիոնաւոր մարդոց անգործ մնալը շատ հաւանական է… Տոլարը սլացեր գացեր է, սղաճի մէջ աշխարհի հինգերորդն ենք:
Մինչ մեր բոլոր դրացիներուն հետ «պատերազմի» մթնոլորտի մէջ կ՛ապրինք, անդին հարաւարեւելեան նահանգներուն մէջ ներքին պատերազմի տեսարաններ կը պարզուին, ոստիկաններ եւ զինուորներ թաղեր եւ շրջաններ կը պաշարեն, բախումները կը շարունակուին, մահերու թիւը կը բարձրանայ: Մօտ ատենէն Տիգրանակերտին «Հալէպի վերածուելու» մասին կը խօսուի բացէ ի բաց: Միեւնոյն ժամանակ շշուկներ կը շրջին թէ ՔԱԿը (Քիւրտիստանի Ազատագրութեան Բանակ) բռնութիւնները պիտի փոխադրէ Թուրքիոյ արեւմտեան մեծ քաղաքներ:
Ո՛չ ոք մղեց մեզ այս կացութեան:
Այս իշխանութիւնն է որ պատճառ դարձաւ այս բոլորին:
Պարզուած տեսարանին ի տես կրնա՞նք պնդել որ «այս երկիրը իսկապէս լաւ կը կառավարուի»:
Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը ձեւով մը ընտրութիւններուն մէջ յաջողութին կ՝արձանագրէ, սակայն երկիրը կառավարելու մէջ անյաջող է:
Վերածուեր ենք աղքատացող երկրի մը, որ զինուորական առճակատումի մէջ է իր բոլոր դրացիներուն հետ, պատերազմելու կարողութենէն զուրկ եւ գործած սխալներուն պատճառով արեւմուտքին բոլոր հրահանգները գործադրելու պարտաւորուած:
Ինչո՞ւ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը (Ա. եւ Բ. Կուսակցութիւն) կ՝ընէ այս բոլորը:
Լալէլիի նպարավաճառը ինչո՞ւ կը յարձակի յաղթանդամ մարդուն վրայ:
Եթէ Լալէլիի նպարավաճառին տրամաբանութիւնը կարենանք լուծել, կրնանք լուծել նաեւ Ա. եւ Բ. Կուսակցութեան տրամաբանութիւնը:
Անշուշտ երբեւիցէ եթէ տրամաբանութիւն մը կայ …