Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Թորոնթօ, 14 Մայիս 2018
Մայիս 28-ով հռչակուած Հայաստանի Ա. հանրապետութիւնը, որուն հարիւրամեակի նշումը պիտի կատարուի այս ամիս սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ, հազարամեակի վրայ կորսուած եւ կոխկռտուած մեր ազգային պետականութեան օրհնեալ վերականգնումը եղաւ։ Ցեղասպանուած մեր ժողովուրդի գլխատուած ղեկավարութեան ճակատագրին չենթարկուած մնացորդացին վիճակուեցաւ իշխել դժուար պայմաններու տակ, որպէսզի պահուէր ու պահպանուէր այն ինչ, որ ձեռք բերուեցաւ ազատագրական պայքարներու հերոս մարտիկներով եւ սարդարապատեան համազգային յաղթանակով։
Արտաքին եւ ներքին հարուածներու տակ հիւանդ ծնած մանուկը երկուքուկէս տարեկանին՝ մահամերձ վիճակի մէջ Նոյեմբեր 29-ին որդեգրութեան խնամքի յանձնուեցաւ, որպէսզի ան ստոյգ մահէ ազատէր։ Եւ տասնամեակներ ամբողջ, Սովետական Հայաստանի մեր երկրորդ հանրապետութեան երկաթեայ պարիսպներուն մէջ զրկանքներով լեցուն հասակ առաւ այդ մանուկը, դարձաւ ուսեալ մարդ, զարգացաւ եւ «առողջ միտք, առողջ մարմինի մէջ» հաւատամքով՝ աշխարհի ախոյեան մարզիկ դառնալու պատուին արժանացաւ։
Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Թորոնթօ, 14 Մայիս 2018
Մայիս 28-ով հռչակուած Հայաստանի Ա. հանրապետութիւնը, որուն հարիւրամեակի նշումը պիտի կատարուի այս ամիս սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ, հազարամեակի վրայ կորսուած եւ կոխկռտուած մեր ազգային պետականութեան օրհնեալ վերականգնումը եղաւ։ Ցեղասպանուած մեր ժողովուրդի գլխատուած ղեկավարութեան ճակատագրին չենթարկուած մնացորդացին վիճակուեցաւ իշխել դժուար պայմաններու տակ, որպէսզի պահուէր ու պահպանուէր այն ինչ, որ ձեռք բերուեցաւ ազատագրական պայքարներու հերոս մարտիկներով եւ սարդարապատեան համազգային յաղթանակով։
Արտաքին եւ ներքին հարուածներու տակ հիւանդ ծնած մանուկը երկուքուկէս տարեկանին՝ մահամերձ վիճակի մէջ Նոյեմբեր 29-ին որդեգրութեան խնամքի յանձնուեցաւ, որպէսզի ան ստոյգ մահէ ազատէր։ Եւ տասնամեակներ ամբողջ, Սովետական Հայաստանի մեր երկրորդ հանրապետութեան երկաթեայ պարիսպներուն մէջ զրկանքներով լեցուն հասակ առաւ այդ մանուկը, դարձաւ ուսեալ մարդ, զարգացաւ եւ «առողջ միտք, առողջ մարմինի մէջ» հաւատամքով՝ աշխարհի ախոյեան մարզիկ դառնալու պատուին արժանացաւ։
Այդ մանուկը որդեգրութեան տուած ծնողքը, իր կորսնցուցած զաւկին ցաւով տառապած եւ յաճախ օտարին տուած խմիչքով գինովցած, հայրենիքէն հեռու եւ Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ամերիկա, աջ ու ձախ հարուածեց՝ իր զաւկին ազատութիւնը պահանջելով եւ անոր ազգային նկարագրին պակասը հարցականի տակ դնելով։
Ծնողքի ազգականներն ու հայրենակիցները սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ քէն պահեցին իրեն հետ, որովհետեւ ան չէր ուզեր տեսնել իր զաւկին առողջ ու անվտանգ երթը ուրիշի հովանիին տակ, եւ անպայման զայն ետ ունենալու իր փառասիրութեան մոլուցքին առջեւ կանգնողները կոխկռտեց:
Իր պատուաբեր «Նեմեսիս»-ի գործողութիւններէն հազիւ տասնամեակ մը վերջ, թուրքին դէմ պարզած ատելութեան զէնքն իր ուղղեց հայու դէմ՝ ազգային գործիչներ Սարգիս Տխրունիի (սպաննուած 1929-ին, Պէյրութ), Միհրան Աղազարեանի (սպաննուած 1933-ին, Պէյրութ), Ամերիկայի առաջնորդ Ղեւոնդ Արք. Դուրեանի (սպաննուած 1933-ին, Նիւ Եորք) եւ ուրիշներու, մինչեւ Պէյրութի եղբայրասպան կոչուող կռիւները (1958), որոնց ցաւալի հետքերը գոյ են տակաւին հոս՝ Թորոնթոյի մէջ, Բաբգէն Պոյաճեան կրտսերի ներկայութեամբ, որուն նոյնանուն հայրը վաթսուն տարի առաջ սպաննուած էր Պէյրութի մէջ իրմով ութ ամսու յղի մօրը հետ քալելու ատեն։
Այդ մարդոց ազգի բռնաբարութիւնը վերջ գտաւ ինքնապաշտպանութեան զէնքով փողոց իջած հակահարուած տուողներու կողմէ, եւ գրեթէ կէս դար ամբողջ տեռորիստ հոգեբանոութեամբ գործող այդ դաշնակցական խմբակը պէտք է մեռնէր, որպէսզի իր յաջորդները այդ արիւն թափելու հոգբանութենէն դուրս գային՝ մերժելով սեւ ու արիւնոտ անցեալը։ 1965-էն ետք, նորօրեայ դաշնակցականները իրենց հիմնադիր հայրերու ազգանուէր ուղիին մէջ կրկին մտնելով՝ համազգային ջանքերով Հայ Դատ հետապնդեցին եւ սփիւռքի կրթական ու մշակութային կեանքին մեծ նպաստ բերին։
Ներկայ ուղղափառ կուսակցականները պէտք է քաջութիւնն ունենան իմաստութեամբ եւ ազնուութեամբ ներողութիւն խնդրելու իրենց եղբայրասպան անցեալի խմբակին գործած ազգաքանդ գործունէութեան համար։ Այն խմբակին, որ բոլոր ժամանակներու ազգային աննման հերոս Զօրավար Անդրանիկ օձիք թօթուելով հեռացաւ իրենցմէ, որոնք, ըստ ամերիկացի զօրավար Ճէյմս Ճ. Հարպըրտի (Gen. James G Harbord) պատրաստած "Report on Russian Armenia" տեղեկագրին, յանձնուած 1919-ին Խաղաղութեան Վեհաժողովին (Peace Conference, League of Nations), կուսակցութիւնը վարողները չէին, այլ քաղաքական ընկերութեան մը (political society) անդամներ էին։
Հոս շատեր պիտի ըսեն՝ պէտք չէ հին վէրքեր բանալ, բայց միթէ այդ պատճառաբանութեամբ չէ՞, որ թուրքը այսօր չ’ուզեր խօսիլ իր անցեալ սերունդի գործած ոճիրներուն մասին եւ ընդունիլ զայն։
Երկրորդ հանրապետութեան էջը փակուեցաւ Սովետ Միութեան փլուզումով եւ ամէն հայու ցնծութեամբ հռչակուած ազատ ու անկախ Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան ծնունդով՝ 1991 թուականի Սեպտեմբեր 21-ին։
Որպէս բարիք ունեցանք Արցախի ազատագրումը, հայ քաջարի բանակի կազմաւորումը, ազգային ոգիի առողջ մշակումը, աշխարհի տարածքին հայ դեսպանատուն ունենալու հրճուանքն ու հպարտութիւնը։ Իսկ որպէս չարիք՝ ունեցանք անգործութեան ու յուսալքութեան պատճառաւ տեղի ունեցող արտագաղթը եւ հայրենապարպումի վնասաբեր հետեւանքները. Ազգային Ժողովին մէջ խոստմնալի պետական աւագանիի ամօթալի ահաբեկումը. օլիկարգ կոչուող դասակարգի մը հայրենի տնտեսութեան անսանձ շահագործումը. օլիկարգներ, որոնց ներկայացուցիչները անարդար եւ անօրէն միջոցներով ու հնարքներով գրաւեցին մեր հայրենիքի քաղաքական հաստատութիւններն ու կրօնական սրբութիւնները։
Կաթիլ առ կաթիլ լեցուած համբերութեան բաժակը յորդեցաւ ժողովրդային պոռթկումով եւ մեր գիտակից ժողովուրդին դէմ չելաւ մեր գիտակից ազգային բանակն ու ոստիկանութիւնը, եւ երգի ու պարի ուրախ մթնոլորտի մէջ Մայիս 8-ին ծնաւ Հայաստանի չորրորդ հանրապետութիւնը։ Քաղաքական մենաշնորհի ձեւ ունեցող իշխանութիւնը տապալեցաւ եւ անոր տեղ հիմը դրուեցաւ ժողովուրդին ծառայող նոր վարչակարգ մը ունենալու սերմերուն։ Տայ Աստուած, որ արտաքին ու ներքին մութ ձեռքեր չխանգարեն անոր յաջողութիւնը։
2 comments
Im hishoghotyunes… Harkely Papken Boyadjian
Harkely Papken Boyadjian,
Serdy tsavov gue neshem vor 1958-in gorsentsoutsadz es hayret, yev garacharges neroghoutyun khentren kezme.
Yes ayt tevaganin 8 daregan eyi yev lav ge hishem yerp arachin zohe yeghav Shamin. Meg zavagi hair er yerp sbanetsin zink vorbes tashnagtsagan. 7 Up ge pajner Hadjeni mech, ink yeghadz er HMEM-i football khaghtsogh. Artiok hantsavor er vor zink sbanetsin? Ov neroghotyun bidi ese anor zavgin?
Ourish me hamalsaran gertar, hanragarki mech yeridasart me vor Bourdj Hamouden gou kar; bedk e vor tashnagtsagan ella, yev ayt hokepanoutiamp garevanken zink. Danelov Hadjeni Hanes Seukuniani poure voghch voghch poure netelov gayren ayt yeridasarte.
Hima esek indzy, ov voroun neroghoutyun bidi khentre?
Ge pave hin echere panalov kerkrek nor seroute.
Amen inch meg goghmov chenk gernar khosil. Yes hajakh ge lesem aysbisi esi esavner. Tsav gesgam vor ge kerkrek midian.
Khentrem, yes im antsnagan kidtzases e vor gardahaydem.
Shenorhagalootyun.
Անանուն Հայրենակից…Այո՛, Կը Պահանջե՛մ
Սիրելի անանուն հայրենակից,
Չեմ գիտեր ինչու այս երկտողը ինծի հասցէագրուած է փոխանակ յօդուածի հեղինակին: Նախ ըսեմ որ կը գնահատեմ այս նիւթի մասին արտայատուիլդ: Անհրաժեշտ է հաւաքաբար խօսիլ այս սեւ շրջանի մասին որպէսզի թափանցիկօրէն հասնինք եզրակացութեան մը որ վերջապէս առիթ պիտի տայ բազմաթիւ ընտանիքներու բաց վէրքերու սպիացման:
Հապճեպ ըսեմ որ տեղեկութիւններդ Գէորգ Ոսկերիչեանի (Շամի) կապակցութեամբ ամբողջապէս սխալ են: Դիտումնաւոր սխալ տեղեկութիւնները այդ մասին օգտագործուեցան իր կողմնակիցներու ղեկաւարութեան կողմէ արդարանալու համար յետագայի ոճիրներէն որոնց առաջին զոհերէն եղաւ հայրս:
Քանի ութը տարեկան էիր այդ ցաւալի դէպքերուն ժամանակ ՝ խորհուրդ պիտի տայի որ պատմութիւնը լաւ իմանայիր եւ այնուհետեւ քանի մը խօսք այդ մասին գրէիր: Ասացուածքը կըսէ, «եթէ տունդ ապակի է մի քարկոծեր ուրիշի տունը»: Ես երեսուն տարի ուսումնասիրած եմ 1958-ի դէպքերը, հաւաքած եմ բաւական փաստեր եւ կազմած եմ ընդարձակ թղթածրար մը: Կը դատապարտեմ բոլոր ոճիրները, քանի գիտեմ կրակը ինկած տեղը կայրէ:
կը դատապարտեմ Շամիի սպաննութիւնը. տեղեկացնեմ որ Շամին գաղափարական հակառակորդներու գնդակով չսպաննուեցաւ այլ սխալմամբ իր ընկեր զօրակիցներու «վրիպած» փամփուշտներով: Ունիմ փաստեր որոնք կը վկայեն դէպքի մանրամասնութիւնները:
կը դատապարտեմ նաեւ այն ուսանողին դէմ կատարուած վայրագ ոճիրը որու մասին կը խօսիս: Ըստ երեւոյթին անծանօթ է քեզի ոչ միայն Շամիի այլեւ ուսանողին անունը: Առ ի տեղեկութիւն՝ Վարդան Սաղտճեան (1936-1958) կը կոչուէր այդ մատղաշ երիտասարդը: Հայկազեան Գոլէճի աստուծաբանութեան դասընթացքներուն կը հետեւէր: Տարբերութիւն մը կայ այս սպաննութեան ու հօրս զգետնումի գործադրութեան դրդապատճարներուն միջեւ, եւ կը փափաքիմ որ լաւ իմանաս այդ:
Սիրելիս, «վերէն» որոշուած ցանկի մը հետեւողութեամբ է որ հայրս սպաննեցին, մինչ Սաղտճեանի պարագան հետեւանք էր ժողովրդային վրդովումին ու զայրոյթին երբ ամէն ինչ հսկողութենէ դուրս ելած էր: Կը ցաւիմ, քանի նոր որբեր եւ այրիներ աւելցան այդ սեւ օրերուն իմ եւ մօրս ճակատագիրին մատնուելով:
Իրաւունքս է առ որ անկ է բարձրաձայն ներողութիւն պահանջել բոլոր այն անմեղ նահատակներու մայրերուն, այրի կիներուն եւ որբերուն ի խնդիր. կը պահանջեմ արդարութեան ու մարդկային ամենասուրբ սկզբունքին համար որ մեզի կը պատգամէ մարդ էակի կեանքը փորձանքի չենթարկել, ուր մնաց սպաննել: Կը պահանջեմ բոլոր այն մասնակից կողմերէն որոնք իրենց ամօթէն քու նմաններուդ միջոցով կը յորդորեն որ պէտք չկայ անցեալի էջերը բանալով գրգռել նոր սերունդը:
Կը հաւատամ որ եթէ նոր սերունդը տեղեակ ըլլայ անցեալին գործուած ոճիրներուն, գիտակցի կատարուածի ահաւորութեան եւ արթուն ըլլայ ապա հնարաւոր է որ խափանէ «վերէն» եկած անմարդկային հրահանգներու գործադրութիւնը: Տեղեակ եմ որ տակաւին կան «ղեկավարներ» որոք անհատի նկատմամբ գորրծադրուող «տերոր»ը կը նկատեն ընդունելի, եւ կան նաեւ հետեւորդ սակայն տգէտ շարքայիններ որոնք կը փառաբանեն «տերոր»ը: Այլապէս ինչպէս բացատրել վերջերս Պուրճ Համուտի մէջ, օր ցերեկով յարձակումը Ռաֆֆի Տուտագլեանի դէմ որ կրնար մահով աւարտիլ:
Չեմ զարմանար եթէ լսեմ որ այդ քստմնելի «յեղափոխական» առաքելութենէն յետոյ գործադրողները մի քանի բաժակ օղի ըմպեցին, «յեղափոխական» երգերով մթնոլորը ծաղկեցուցին, եւ այնուհետեւ ամենադատապարտելին՝ իրենց «շէֆիկ»ներէն գովասանքի արժանացան: Ահա թէ ինչու հրամայական անժամանցելի պահանջք է այդ ահաբեկիչ տարուան վաթսունամեակին առիթով հաւաքաբար, թափանցիկօրէն արտայատուիլ ու ներողութիւն պահանջել:
Թուրքէն ներողութիւն ու արդարութիւն կը պահանջենք: Արդեօք մենք մեզմէ կը պահանջե՞նք:
Այդ ո՞ր հայրենասէր «հայ»ն էր որ ութ ամսական յղի կնոջ՝ մորս վրայ կրակեց․․․մայրս մինչեւ գերեզման տարաւ այդ փամփուշտներէն մին՝ մխրճուած սրտի կողքին:
Բարեկամօրէն՝
Բաբգէն Պօյաճեան (կրտսեր)
Comments are closed.