Առաջնորդութիւն. Եկեղեցական Թէ՞ Աշխարհական

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 11 Հոկտեմբեր 2010

Կային ժամանակներ, ոչ-հեռաւոր, երբ հոգեւոր տուները կը գործէին զուտ իրենց կալուածներէն ներս, եկեղեցական արարողութիւններով ու գործունէութիւններով, իրենց կապը իրենց հօտին հետ ըլլալով առիթէ-առիթ կամ յատուկ պարագաներու:

Կային նաեւ ժամանակներ, դարձեալ ոչ-հեռաւոր, երբ ազգային-մշակութային-միութենական կեդրոնները, անկախաբար իրենց ներքին կազմակերպչական աշխատանքներէն եւ շարժումներէն, կը ծաւալէին բեղուն գործունէութիւններ ու կը լծուէին հրապարակային բազմատեսակ ձեռնարկներու:

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 11 Հոկտեմբեր 2010

Կային ժամանակներ, ոչ-հեռաւոր, երբ հոգեւոր տուները կը գործէին զուտ իրենց կալուածներէն ներս, եկեղեցական արարողութիւններով ու գործունէութիւններով, իրենց կապը իրենց հօտին հետ ըլլալով առիթէ-առիթ կամ յատուկ պարագաներու:

Կային նաեւ ժամանակներ, դարձեալ ոչ-հեռաւոր, երբ ազգային-մշակութային-միութենական կեդրոնները, անկախաբար իրենց ներքին կազմակերպչական աշխատանքներէն եւ շարժումներէն, կը ծաւալէին բեղուն գործունէութիւններ ու կը լծուէին հրապարակային բազմատեսակ ձեռնարկներու:

Այսօր, կարելի՞ է ըսել նոյնը կամ՝ արդեօ՞ք նոյն վիճակը կը տիրէ:

Հազի՜ւ թէ, որովհետեւ, արագ ակնարկ մը, սփիւռքահայ տարբեր հայօճախներու կեանքին վրայ, ցոյց կու տայ, թէ՝ մէկուն կամ միւսին պարագային, առաւել կամ նուազ չափերով, պատկերը շրջուած է, դերերու փոխարինում կայ եւ կամ… զիջում:

Այս դերերու բաշխումը կամ փոխարինումը, եկեղեցական եւ աշխարհական միաւորումներու միջեւ, ոմանք կրնան բացատրել ինքնանպատակ տեսանկիւնէ, ուրիշներ՝ նոր պայմաններու լոյսին տակ, իսկ մաս մըն ալ՝ մերժէ ընդունիլ զայն:

Սակայն, չոր ու թափանցիկ իրականութենէն ի՞նչ կը փոխուի, այնքան ատեն որ կա՛յ այդ ՙանցում՚ը կամ ՙտարբերակ՚ը, կարգ մը հայաշրջաններու մէջ խիստ զգալի տեսանելիութեամբ:

Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ հայ եկեղեցին վերստանձնած է իր աւանդական դերակատարութիւնը, առաջնորդող դերակատարութիւնը, յար եւ նման անպետական եւ անկախական շրջաններուն, իսկ աշխարհիկ կազմակերպութիւններու (իմա՝ կուսակցութիւններու) առաջնորդող դերը, մեղմ ըսուած, նուազած:

Իսկ ինչո՞ւ ոչ, երբ կը տեսնենք ու կը լսենք եկեղեցիին շատ աւելի աշխոյժ, լայնատարած դաշտը, երբեմն նոյնիսկ իր սահմաններէն դուրս ելլելով կամ ՙգրաւել՚ով աշխարհականներու գործունէութեան մարզերը:

Հարցին քննարկումը կամ անդրադարձումը այն չէ, թէ ի՞նչ արդիւնաւէտութեամբ, արժանաւորութեամբ կամ մակարդակով կը կատարուին (որոնք՝ կրնան ըլլալ շինիչ կամ… նուազ շինիչ), այլ՝ կայ թէ՞ չկայ այդ անցումը, կայացումը:

Մինչդեռ, աշխարհիկ կազմակերպութիւններուն մեծ մասը, եթէ ոչ նահանջ, գէթ տեղքայլի մէջ է: Մնաց որ՝ մաս մըն ալ կ՝ապրի մարդաթափի (տերեւաթափի նմանողութեամբ) վիժում մը:

Հոս ալ հարցին քննարկումը կամ անդրադարձումը այն չէ, թէ ի՞նչ յաջորդականութեամբ, յաճախականութեամբ կամ պարբերականութեամբ կ՝ըլլան ատոնք (որոնք՝ բոլոր պարագաներուն արդարանալի չեն), այլ՝ կարելի՞ է հերքել կամ մերժել այդ վաւերականութիւնը:

Այս մատնանշումները ենթադրել կու տան, որ ՙսխալ բան մը՚ սկսած է ձեւաւորուիլ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ, որուն, որպէս հետեւանք, առաջանալ սկսած են այս անհարթութիւնները:

Սխալ պէտք չէ հասկցուիլ. հոգեւորական ու աշխարհական առաջնորդութիւնները զիրար ամբողջացնող հարազատ լծակներ են, իսկ կառոյցները՝ եւս, իրենց ազգային ընդհանրական ծառայութիւններով ու ներդրումներով, բայց, երբ այդ առնչութիւնները կ՝ըլլան մէկուն կամ միւսին հաշւոյն, դերերու անօգտակար, անըմբռնելի եւ անհանդուրժելի վերիվայրումներով, ուրեմն, կ՝առաջանան խախտումներ, մինչդեռ պահանջուածը զանոնք պահելն է իրենց ինքնուրոյնութեան սահմաններուն մէջ, առանց, կամայ թէ ակամայ, դերափոխութիւններու:

Շատերու համար այս թղթածրարին քննարկումը կամ հրապարակումը կրնայ թուիլ շատ… զգայուն:

Կրնայ ըլլալ: Սակայն, նպատակը ոչ մէկը թերագնահատել, ոչ ալ միւսը՝ գերագնահատել, ոչ մէկը ստորադասել, ոչ ալ միւսը՝ գերադասելն է, այլ ցոյց տալ իրավիճակ մը, երբ առաջնորդութիւն հասկացողութիւնը, գործնական գետնի վրայ, սխալ հորիզոնականի վրայ է:

Հոս պէտք է յստակացնել հարց մը եւս, առանց լայնօրէն ընդհանրացնելու.

Եկեղեցին եթէ աւելի կազմակերպուած է (՞) եւ որոշ հայագաղութներու մէջ ՙղեկ՚ը իր ձեռքը առած է կամ աւելի ազդեցիկ եւ առաջնորդող է, ատոր պատճառը, շատ յստակ է, աշխարհիկ կառոյցները, իրենց զանազան գունաւորումներով ու պիտակներով, յառաջատարի դերի մէջ չեն, որովհետեւ իրենց մօտ կը պակսի սերնդափոխութեան գործօնը, պատասխանատութեան սթափութիւնն ու մանաւանդ՝ տեսլապաշտ ղեկավարութեան գոյութիւնը:

Այս տխուր երեւոյթը նշմարելի է քիչ մը ամէն տեղ: Օրինակ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի ու Քանատայի մէջ, ՙիշխող կառոյցներ՚ը աւելի եկեղեցական են, քան՝ աշխարհական: Առաջնորդները… առաջնորդող են, իսկ աշխարհականները՝ աւանդութիւն պահելու (կամ խաղալո՞ւ) ընթացքի մէջ են, բայց հազի՜ւ զգալի դառնալու դերակատարութեամբ:

Միջին Արեւելքի պարագային, թէեւ ոչ նոյն հնչեղութեամբ, սակայն գրեթէ նոյն վիճակն է որ կը տիրէ. աշխարհական առաջնորդութեան համար կարելի՞ է ըսել թէ կը յիշեցնէ 50-60-70-80-90ական թուականները:

Հիմա այս տխուր իրավիճակին մասին պիտի չուզէի խօսիլ (թէեւ յաճախ արտայայտուած եմ), բայց, պէտք չէ խաղալ ջայլամի քաղաքականութիւն կամ գտնուիլ այդ դերին մէջ, չտեսնելու թէ՝ աշխարհիկ կազմակերպութիւններէն կարեւոր մաս մը ինքզինք անշքացուցած է, իր գործունէութեան, մարդուժի թէ ղեկավարութեան ամլացումով:

Ասկէ՝ ահազա՛նգը.

Ո՞վ կ՝առաջնորդէ (կամ պէտք է առաջնորդէ) սփիւռքահայութիւնը (իւրաքանչիւր շրջան իր ՙիւրայատկութենէն՚ մեկնելով):

Ահաւասիկ հարցադրում մը, որ պէտք է մտահոգէ իւրաքանչիւր գիտակից եւ յանձնառու հայորդի, ո՛ւր որ ալ գտնուի, եւ ասիկա՝ մեկնելով վաղուան յուսադրիչ (կամ… յուսաբեկի՞չ) առաջադրանքներէն:

Պարոյր Աղպաշեան
[email protected]

 

4 comments
  1. Առաջնորդութիւն. Եկեղեցական Թէ՞ Աշխարհական
    Hi Mr. Baruyr Aghbashian,

    I read your article and partially I agree with you. But I couldn’t understand, kind of was confused with the purpose of highlighting the matter.

    Are you upset when a church is organizing or presenting a non-religious event in the community? Or are you criticizing cultural and political organizations for not doing it or not taking the initiative in their hands?

    It sounds as if you are hammering both the nail and the horseshoe (an Armenian saying). Kind of, you’re saying, "Church, don’t get involved in non religious events and stay only in your boundaries — funeral, baptism, wedding and other religious activities."  But if you’re criticizing the cultural and political organization, then that’s another issue and I probably would add one simple remark regretfully stating, and with sorrow, it is a … national issue.

  2. Arajnordutyun
    Kecce  Paruyrn :

    Es kasem, vor bnakchutvan 97  tokosn  kroni voch mi kariq chunen  ev irenc pativ el che, vor 3 %-i glxin nstatsnern irenc vochxar hamaren: 

    Petq e  veracnel katogikos pastonn ev zrkel mom (ekegecuc araj stegtsvats) vacarognerin qagaqakan kusakcutyun linelu iravunqic hamadzayn hayoc orenqi:

    Ays ekegecin Anahiti stegtsats "ek ev egice"-n che: Sranq hayoc jogovrdi u petutyan amenamets tshnaminern en egel xabebeyupyamb (amen teg – Amerikayi ashxarhagrakan hnkerutyan haytararupyamb) ev kan:

    Petq e stegtsel  nor hayoc  hnkerutyunner? voronq chorom xosqeri teg linen hayapashtpan u sus u pus satkacnen tshnamun, ankax nra azganunic u guynic:

    Hima  haykakan kochvog – hayoc voxerim tshnaminer Abrahamyani kongresn, dashnak kochvognern ev aylq mnum en anpatij:

    Mer   "MTORUM lragirn ev ayl nyutern kugarkem ete  kegts jpitn eresnerid zbovneric cheq:

    Uraxutyun ev hajogutyun bolorid: 

  3. Aynqan nayeci sareri vric

    Aynqan nayeci sareri vric ,
    vor dzez mti mej jokel imanam,
    vor lsem dzaynn bari mardkancic
    te kyanq katakum inchqan katak ka:
    Mets sari qamin dzaynqn xlacrec,
    Arevn el gnac , mti mej togec,
    eh `, es inch anem , trchel chgitem,
    vor trichq anem Arevi etqic
    u henc luys –luysov mi hnker charem!

    ASLAMAZYAN A.K.

    (hanpatrastic)

    11/6/2010 11:14:11 AM

  4. With Affirmative Stance

    Dear Baruyr,

    Your interesting post is descriptive of our present "Arshagavan" in the Diaspora(s).  However, who lends ear to these posts? I dare say a few here on line; the rest are busy defending their positions or "their" partidarios (Spanish for supporters) placed there, as Ara Baliozian has described as BBBs–Bishops, Bosses and Benefactors. This has not changed. Howewver, some self-proclaimed servants like this writer have for long proposed or suggested a modality that is based on true participation and representation, rather than in the above fashion.

    But who cares or who wishes change? I dare say the very few approve of my suggestions. Think twice and then probably imagine or suppose that my "Projections on a New Statute for the Armenian Diaspora", if accepted by a majority of our professional working people would leave those BBBs out. Not so. I suggest an entity in parallel with those. Because the BBBs are here to stay for eternity.

    My friend, do not waste your precious time with the likes of those BBBs and dedicate your time to writing a good book. Your Armenian is excellent, and you deserve to be published.

    I wish you the best 

    Gaytzag Palandjian

Comments are closed.

You May Also Like