«Արեւելեան Հայաստանի Հանրապետութիւն»

Փորձանաւոր ու Վտանգաւոր Խաղը…
«Արեւելեան Հայաստանի Հանրապետութիւն»

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 17 Ապրիլ 2014

Հայաստանի Հանրապետութեան պետական այրերու մեծ մասը, առիթէ-առիթ հանդէս կու գայ արտառոց եւ անբնական գաղափարներով, առաջարկներով, ելոյթներով կամ յայտարարութիւններով։

Շինիչ կամ կառուցողական քիչ բան կարելի է գտնել հոն, այնքան ատեն որ ժողովուրդը հետաքրքրող ոչինչ կայ անոնց մէջ, բացի, շատ յաճախ, տափակ ու ճապաղ ըլլալէն, երբ կան շատ աւելի առաջնահերթ կամ նախապատիւ հիմնահարցեր։

Փորձանաւոր ու Վտանգաւոր Խաղը…
«Արեւելեան Հայաստանի Հանրապետութիւն»

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 17 Ապրիլ 2014

Հայաստանի Հանրապետութեան պետական այրերու մեծ մասը, առիթէ-առիթ հանդէս կու գայ արտառոց եւ անբնական գաղափարներով, առաջարկներով, ելոյթներով կամ յայտարարութիւններով։

Շինիչ կամ կառուցողական քիչ բան կարելի է գտնել հոն, այնքան ատեն որ ժողովուրդը հետաքրքրող ոչինչ կայ անոնց մէջ, բացի, շատ յաճախ, տափակ ու ճապաղ ըլլալէն, երբ կան շատ աւելի առաջնահերթ կամ նախապատիւ հիմնահարցեր։

Տնտեսական ճգնաժամը, որ պարուրած է ժողովուրդին զգալի մասը, պատճառ դառնալով գործազրկութեան, աղքատացման, զրկանքներու, հուսկ՝ արտագաղթի, արդեօք հիմք չի՞ տար պետական այրերուն շեշտը դնելու զանոնք բառնալու հրամայականութեան վրայ։

Ինչո՞ւ անոնք կը թառին հոս ու հոն, կը դեգերին աստ ու անդ, անտեղի եւ անժամանակ, երբեմն նոյնիսկ վտանգաւոր շրթնամարզանքներ կատարելով, անդին ժողովրդային տարրական ու կենսական պահանջքները թողլքելով եւ անտեսելով։

Եթէ շատեր իրենց քսակները պարարտացուցած են, անսահման հարստութիւններու տէր դարձած, փարթամ ու ճոխ կեանք վայելելու զգլխիչ կարելիութիւններով, ատոնք բնաւ չեն նշանակեր, թէ ժողովուրդին ապրուստային կարիքները կրնան յամենալ նահանջող անկումայնութեան մէջ։

Հարստացումի ու հարստահարուողի այս վերիվայրումներուն մէջ, երբ օր-ցերեկով կը նշմարուին դատապարտելի սայթաքումներ, առանց որեւէ անմիջական ու խիստ հակազդեցութեան, ո՞րքանով ներելի է խօսիլ նիւթերու մասին, որոնք բնաւ չեն ծառայեր բնակչութեան բարօրութեան, ընդհակառակը՝ անոնք միտքեր կը պղտորեն, տրամադրութիւններ կը թունաւորեն, չափանիշներ կը խախտեն։

***

Մօտաւորապէս այսպիսի իրավիճակի մը դէմ յանդիման գտնուեցան շատեր, երբ ծանօթացան Հայաստանի կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի հերթական… տարօրինակութեան, իր «դիմագիրք»ի (Facebook) էջին վրայ (17 Յունուար 2014-ին), առաջարկելով ներկայ Հայաստանի անունը փոխել ու զայն կոչել… Արեւելեան Հայաստանի Հանրապետութիւն։

Ի դէպ, այս երիտասա՜րդ պետական այրը, որ 2009-էն ի վեր կառավարական դահլիճին մէջ աթոռ ապահոված է, տակաւին ո՛չ փորձառութիւնը, ո՛չ ալ հասունութիւնը ունեցաւ պետականավայել լրջութեամբ գործել ու պետականայատուկ վարմունք ունենալ։

Այսպէս կը տարուինք մտածելու, պարզապէս անոր համար, որ Պրն. Աշոտեան՝ իբրեւ բժշկական գիտութիւններու թեկնածու, լաւ կ'ըլլար որ իր զգայացունց «գիւտ»արարութիւնները պահէր իր մարզէն ներս, հայրենական ժողովուրդը խնայելով կրթական-գիտական կեանքին մէջ անպիտանի «յեղաշրջում»ներ կատարելէն, այլապէս ալ՝ ազգային-քաղաքական գործունէութեան մէջ՝ ձախաւերութիւններէ, ինչպիսին է վերոյիշեալ առաջարկը։

Նախ հարցում մը.

Ինչո՞ւ Պրն. նախարարը ա՛յս հանգրուանին բազմափշոտ նման հարց մը հրապարակ կը նետէ։

Եթէ իր խօսքով, իր նպատակն է «քննարկել մեր պետութեան վերանուանման հարցը, պատմական արդարութեան վերականգնման, հայրենատիրութեան եւ պահանջատիրութեան դիտանկիւնից», ներկայիս, երբ հայրենիքը բազմաթիւ ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, անուան փոփոխութիւնը կամ վերանուանո՞ւմն է որ դարձած է Պրն. Աշոտեանին (եւ վստահաբար իր գաղափարակից-կուսակիցներուն) մտահոգութիւնը, գերխնդիր մը ըլլալու աստիճան, որուն քննարկման համար ալ ուռկաններ կը նետէ ու բազկերակներ կը շօշափէ։

Մեր կարծիքով, ասոր մէջ, ո՛չ անմեղութիւն, ո՛չ ալ բարեմտութիւն կայ, այլ՝ տագնապեցնող խորհրդաւորութիւն մը, որ, առնուա՛զն, կը յուշէ երկբեւեռ, երկճակատ եւ երկգլուխ մնալու այն բաժանարարութիւնը, որ հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին վիճակուեցաւ, պարտադրուե՛ցաւ, պատմական դաժան ու խիստ, հարկադրելի ու ճակատագրելի պայմաններու բերումով։

Այդ ակամայ «բաժանում»ները մինչեւ օրս (նաեւ ապագային) մեզ կը չարչրկեն, երբ միացումի գործօնները համարեա ցնդած են, սկսած ամենէն, այսպէս ըսած, դիւրինէն ու գործածելիէն, դասական-Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերականգնումէն։

Բայց, Պրն. նախարարը, մոռցած այդ առաջադրանքներն ու հրատապութիւնները, կը փութայ ՀԱՅԱՍՏԱՆ իրողութեան ու հասկացողութեան, որպէս ՄԷԿ ամբողջութիւն, իր չքնաղ (՞) մտածում-պոռթկումը փչել՝ Արեւելեան Հայաստանի Հանրապետութիւն տարբերակ մը առաջ նետելով։

Արդեօք ի՞նչ է հետապնդուածը. Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստաններու «անջատման» նուիրագործո՞ւմ, երբ հայ ժողովուրդին համար վախճանական նպատակակէտը, նախ՝ ազատագրումն է բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանին, ապա՝ միացումն է զոյգ Հայաստաններուն։

Բայց, Պրն. Աշոտեան, կը մոռնա՞յ (թէ՞ կը ձեւացնէ թէ կը մոռնայ), որ Արեւելեան Հայաստանը, Ղարաբաղի ազատագրումէն ետք, տակաւին ունի «պատանդուած» հողամասեր (Նախիջեւան, Ջաւախք), ուստի, երբ կը խօսի իր չնաշխարհիկ Արեւելեան Հայաստանի Հանրապետութեան մասին, այդ հայապատկան հողամասերը ո՞ւր կ'ուզէ տեսնել (կամ ո՞ւր կ'ուզէ… նետել)։

Բաց աստի, մինչեւ օրս (մի գուցէ ընդերկա՞ր), Ղարաբաղը, որպէս անկախ Հանրապետութիւն, տակաւին չէ կցուած ներկայ Հայաստանին, հետեւապէս, այս պարագային ալ, Պրն. Նախարարը թիւրիմացութեան մէջ չէ՞, թէ՞ անգիտութեան ոլորտներուն մէջ կը գալարի եւ կամ՝ ատիկա իրեն համար այնքան ալ կարեւոր չէ, այնքան ատեն որ «յաւիտենական» պետական այր մնալու կոչուած է։

Կը մնայ կարեւոր այլ հարցադրում մը.

Ո՞րքանով արտօնուած է պետական այրի մը նման անպատասխանատուութեամբ հանդէս գալու, թէկուզեւ անիկա ըլլայ առաջարկի… թեթեւսոլիկութեամբ, ինչպէս որ ատենին, ուրիշ պետական այր մը, դատապարտելի կատարեալ անհեթեթութեամբ, Ս. Էջմիածինի կաթողիկոսութիւնը արեւելահայութեան (իմա՝ Հայաստանին), Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ արեւմտահայութեան (իմա՝ սփիւռքահայութեան)… կը գոռա՜ր։

Մեր տեղեկութիւններուն համաձայն, Պրն. նախարարին այս մանկամտական-մեծամտական առաջարկին առիթով, հայրենի թէ սփիւռքահայ զգաստ մտաւորականներ անհրաժեշտ հակազդեցութեամբ ու մեկնաբանութեամբ անդրադարձած են, բայց, արդեօք բաւարա՞ր են ատոնք, երբ պետական այս այրը, բացարձակապէ՛ս, պատահականօրէն չէ որ այս «փուչիկ»ը… փչած է։

Փաստ է, որ նախարար Աշոտեան՝ Հանրապետական կուսակցութեան փոխ-նախագահը (ընդ հովանեաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի), մեղմ ըսած, հաճելի եւ ընդունելի «առաքելութեան» մէջ չի գտնուիր, հրապարակ նետելով իր «գոհար»ային մտայղացումը։

Մեր ակնարկութիւնը կ'երթայ «Հայաստան-Թուրքիա փրոթոքոլային» տխրայուշ համաձայնութիւններուն, որոնք երբեք չեն մոռցուած, ո՛չ ալ ջնջուած, այլ՝ կասեցուեցան կամ առկախուեցան, իսկ այդ թղթածրարը… գզրոցներու մէջ պահ դրուած է, օր մը «վերակենդանանալու» հաւանականութեամբ…։

Պրն. Աշոտեանը, իր անհաղորդ ելոյթներով եւ անհաճելի երեւոյթներով, զարտուղի դերակատարութեան մէջ կը գտնուի։

 

Միջին  Արեւելքը  Կրնա՞յ Մնալ
Իր (Օրինակելի) Խճանկարին Մէջ 

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 17 Ապրիլ 2014

«Գարնանային» բարեկարգումներու կարգախօսներով ու «դրախտային» կեանքի ակնկալութեամբ, արաբական կարգ մը երկիրներու բռնատէրերը կամ վարչակարգերը տապալեցան։ Փուլ եկան կամ մեկուսացուեցան։

Բայց, իրականացա՞ն ատոնք, երբ այդ ժողովուրդները ինքզինքնին գտան «աշնանային» տերեւաթափերու ու «դժոխային» դռներու առջեւ, շատ աւելի բիրտ եւ անգլուխ վիճակ մը ստեղծելով ամենուր։

Զարմանալ թէ ոչ, «յեղաշրջուած» այդ երկիրները (Իրաք, Թունուզ, Եմէն, Լիպիա, Եգիպտոս) գերազանցապէս կը վայելէին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքական-զինուորական հովանաւորութիւնն ու զօրակցութիւնը, բայց մէկ օրէն միւսը, անոնց նախագահները թողլքուեցան իրենց բախտին՝ այս կամ այն ձեւով գահընկէցութեան։

Ուաշինկթըն  ծպտուն իսկ չհանեց, չփորձեց շարժիլ, որովհետեւ գիտէր թէ այդ նախագահները կամ վարչակարգերը կորսուած խաղաթուղթեր էին, հետեւաբար, ինչո՞ւ օգնել ու պաշտպանել զանոնք, շատ լաւ գիտնալով, թէ իր այդ սատանայական հնարքով, պիտի տկարանայ արաբական աշխարհին ուժականութիւնը, ի գոհունակութիւն… Իսրայէլին։

Նոյն տրամաբանութեամբ վերաբերուեցան Սուրիոյ դէմ, այս անգամ սակայն, արաբական որոշ երկիրներու եւ արեւմտեան պետութիւններու մեղսակցութեամբ, որոնք նիւթապէս, վարձկանապէս ու զինապէս իրենց «ահաբեկչական աղբիւր»ները հոսեցուցին դէպի Սուրիա։

Ի տարբերութիւն արաբական միւս երկիրներուն, Սուրիան, բազում զոհողութիւններու գնով, ոչ միայն հակազդեց, այլեւ տոկաց ու դիմացաւ համաշխարհային այդ դաւադրութեան, թէկուզ ահաւոր քանդումներու ենթարկուելով ու զոհեր տալով։

Դժբախտաբար, «թիրախ» դարձած այդ երկիրներու փոքրամասնութիւնները ամենէն աւելի տուժեցին-կողոպուտ, թալան, տեղահանութիւն, գաղթավանութիւն, առեւանգում, սպանութիւն, ռմբահարում, բնաջնջում։

Բնական է, խօսքը կը վերաբերի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, յատկապէս անոնց, որոնք պատմականօրէն կայք հաստատած են հոն եւ ամբողջ ՄՇԱԿՈՅԹի մը կրողներն ու ժառանգորդները դարձած են։

Ամերիկան եւ Արեւմուտքը, որոնք կը յաւակնին ըլլալ ժողովրդավարական, մարդասիրական կամ ազատական, չէի՞ն գիտեր, թէ ի՜նչ դատաստան կը սպասէ այդ հաւաքականութիւններուն, հաշիւ չէի՞ն ըրած, թէ ինչպիսի՜ դաժան ճակատագիր կը սպասէ անոնց։

Գիտէին եւ շա՛տ լաւ գիտէին, բայց իրենց քաղաքական, ծաւալողական ու տնտեսական գծուծ շահերը գերիվեր էին, աւելին՝ որո՞ւն հոգն էր, որ այդ համայնքները՝ իրենց ֆիզիքական գոյութեամբ, պատմական պատկանելիութեամբ, ազգային ինքնութեամբ, հաւատքի կառչածութեամբ, հոգեկան հարստութեամբ կամ ինչքային ունեւորութեամբ, ինչի՞ կրնային վերածուիլ եւ ո՞ւր կրնային հասնիլ։

Եգիպտացի ղպտիները, որոնք բազմադարեան կեցութիւն, աւանդութիւն ու մշակոյթ կերտած էին, անագորոյն ճնշումներու ու հալածանքներու ենթարկուեցան, իսկ աւելի սարսափազդուն՝ Սուրիոյ քրիստոնեաները հաշուեյարդարի ենթարկելու զազրելիութիւններն են, ոչ միայն մարմնապէս, այլեւ եկեղեցական եւ աղօթատեղիական կառոյցներու պղծումով։

Օպամայական վարչախումբը ինչո՞ւ ազդու միջոցներու չդիմեց՝ վերջնագիր տալով ահաբեկիչներուն։

Էլիզէական նախագահութիւնը ինչո՞ւ չպոռթկաց այդ ահաբեկչութիւններուն դէմ՝ ազդարարագիր չյղելով ոճրագործներուն։

ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը ինչո՞ւ մնաց դիտողի, լաւագոյն պարագային դատապարտողի դերի մէջ, իր տափակ երեւումներով եւ ելոյթներով։

Ոչ միայն ոչինչ ըրին, այլեւ հրապարակաւ նիւթական անսպառ գումարներ տրամադրեցին, ծանր ռազմամթերք հասցուցին, ահաբեկիչներու մուտք ապահովեցին, իսկ Ֆրանսայի նախագահը, իր երկրին անվայել ամբարտաւանութեամբ, յոխորտաց թէ պիտի շարունակէ օժանդակել կռուողներուն (իմա՝ ահաբեկիչներուն), որպէսզի անխնայօրէն եւ անզսպելիօրէն կատարելագործե՜ն իրենց սպանդները քրիստոնեաներուն դէմ։—

Այսօր, համաձայն պաշտօնական ու կիսապաշտօնական (բայց ոչ-ամբողջական) տուեալներու կամ տեղեկութիւններու, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներէն մնացած է… բուռ մը, հետեւեալ մօտաւոր պատկերով.

– Սատտամ Հիւսէյնիի վարչակարգի շրջանին, Իրաքի մէջ կ'ապրէր շուրջ մէկ միլիոն քրիստոնեայ, իսկ ներկայիս՝ հազիւ քանի մը տասնեակ հազար։

– Եգիպտոսի մէջ նախապէս քրիստոնեայ ղպտիները կը հաշուըուէին 12 միլիոն, իսկ ներկայիս՝ շուրջ վեց միլիոն։

– Սուրիոյ մէջ, քրիստոնեաները՝ կը կազմէին ընդհանուր բնակչութեան 20 առ հարիւրը, իսկ ներկայիս՝ մօտաւորապէս 10 առ հարիւր։

– Երուսաղէմի մէջ, 1922-ին կար 51 հազար քրիստոնեայ, իսկ ներկայիս, անոնք հազիւ 2 առ հարիւրը կը կազմեն բնակչութեան։

– Լիբանանի մէջ, 1923-ի տուեալներով, քրիստոնեաներու քանակը կը գնահատուէր 55 առ հարիւր համեմատութեամբ, իսկ ներկայիս՝ ոչ աւելի քան 40 առ հարիւր։

Այս վտիտ, այլապէս ոչ-լիովին հիմնաւորուած, բայց, որոշապէս «խօսուն» պատկերը ցոյց կու տայ, թէ մտահոգիչ զառիթափի մը մէջ կըգտնուի թուանուազումը, մանաւանդ երբ անկայունութեան եւ անապահովութեան ալիքները կը շարունակուին, նոր աւերներ ու հետքեր ձգելով իրենց ետին։

Ի տես այս տխուր իրականութեան, մասնաւորաբար ամերիկեան-արեւմտեան անփառունակ քաղաքականութեան, արդեօք տակաւին «փորձառու աղուէս»՝ Ամերիկայի նախկին արտաքին գործոց նախարար Հենրի Քիսինճըրի դիւային ծրագիրը՝ տարածաշրջանային քրիստոնեաները… տեղափոխելու «քոլոմպոսական-դրախտավայր», կը մնա՞յ ի զօրու կամ ի պատուի։

Կը թուի թէ՝ այո՛, պարզապէս անոր համար, որ Միջին Արեւելքը կը պահուի ամերիկեան-սիոնական մականին տակ, ուր սակայն, քրիստոնեաները կը դառնան գլխաւոր «զոհ»երը, ուղղակի թէ անուղղակի աշխարհաքաղաքականութեամբը այդ տխեղծ ոճրափորձին։

Լիբանանը, օրինակի համար, շուտով նախագահական ստուգատեսի մը առջեւ պիտի գտնուի, որուն նախագահը, բովանդակ արաբական աշխարհին մէջ, միակ քրիստոնեան է։

Ասկէ՝ հարցումը. եթէ Ուաշինկթըն եւ Փարիզ, այնքա՜ն նախանձախնդիր են, որ այդ պաշտօնադիրքը պէտք է մնայ քրիստոնեաներուն ձեռքը (անշուշտ, ամբողջ Լիբանանի համա), ապա, ինչպէ՞ս կը բացատրեն իրենց ձախաւերութիւնները շրջանին մէջ, մասնաւորաբար, քրիստոնեաներու թուաքանակի ցաւցնող նուազումով, որուն «հերոս»ները իրենք են։

Վերջին հաշուով, այդ արտաքին կողմերուն միջամտութիւններն ու միջամուխութիւնները, իրենց «քիթէն» հեռու շրջաններու մէջ, ամենէն աւելի վնաս կը հասցնեն (ու հասցուցին) քրիստոնէական պարունակին, որուն տխրահռչակ հետեւանքները հիմա ալ կը տեսնենք (գէթ) Սուրիոյ մէջ։

Չմոռնալ որ այս անողոք իրադրութիւնը նոյնքան ալ իր ժխտական հետեւանքները ունեցաւ (ու կ'ունենայ) հայութեան վրայ, Իրաքէն Եգիպտոս ու քիչ մը ամէն տեղ, որուն քննարկումն ու վերլուծումը պէտք է պահել առարկայական լուսարձակի տակ։

 

 

You May Also Like