Արեւմտահայաստանը Յիշել՝ Արդեօք Ովքե՞ր Արգիլած Են…

(Նախագահին եւ Վարչապետին)

Մեթր Գ. Տէրտէրեան, Պէյրութ, 25 Նոյեմբեր 2018

Արեւելահայաստանի եւ յետ-եղեռնեան Տարագիրներու Սփիւռքի եւ յետ-անկախութեան հայրենաթողներու՝ Տարաբնակներու սփիւռքի մէջ տիրող անտարբերութեան, կրաւորականութեան, ընդարմաձութեան եւ անձնատւութեան իրավիճակին ի տես՝ լա՞նք, թէ խնդանք։ Սրամիտ երգիծագիր գրիչ մը, այս հարցումին տակ՝ գրած է. «Արեւելահայաստանի թաւշեայ յեղափոխութեան առաջին յեղափոխութիւնն է՝ միասեռականներու համագումարն ու տողանցքը՝ Երեւանի փողոցներուն մէջ…»։

Արդարեւ, լա՞նք թէ խնդանք այս «թաւշեայ» յեղաշրջումին դիմաց։ Յեղափոխութիւնը՝ երբեւէ եղա՞ծ է, կամ՝ կրնա՞յ «թաւշեայ» ըլլալ։ «Թաւշեայ» կրնան ըլլալ միայն՝ յեղաշրջումը, պետական հարուածը, ներքլանային իշխանափոխութիւնը, իշխող անձերու փոփոխութիւնը, եւ կամ ալ՝ «գունաւոր» օտարամուտ «յեղափոխութիւն» կոչուած իմփերիալիստական ներթափանցումները…։

(Նախագահին եւ Վարչապետին)

Մեթր Գ. Տէրտէրեան, Պէյրութ, 25 Նոյեմբեր 2018

Արեւելահայաստանի եւ յետ-եղեռնեան Տարագիրներու Սփիւռքի եւ յետ-անկախութեան հայրենաթողներու՝ Տարաբնակներու սփիւռքի մէջ տիրող անտարբերութեան, կրաւորականութեան, ընդարմաձութեան եւ անձնատւութեան իրավիճակին ի տես՝ լա՞նք, թէ խնդանք։ Սրամիտ երգիծագիր գրիչ մը, այս հարցումին տակ՝ գրած է. «Արեւելահայաստանի թաւշեայ յեղափոխութեան առաջին յեղափոխութիւնն է՝ միասեռականներու համագումարն ու տողանցքը՝ Երեւանի փողոցներուն մէջ…»։

Արդարեւ, լա՞նք թէ խնդանք այս «թաւշեայ» յեղաշրջումին դիմաց։ Յեղափոխութիւնը՝ երբեւէ եղա՞ծ է, կամ՝ կրնա՞յ «թաւշեայ» ըլլալ։ «Թաւշեայ» կրնան ըլլալ միայն՝ յեղաշրջումը, պետական հարուածը, ներքլանային իշխանափոխութիւնը, իշխող անձերու փոփոխութիւնը, եւ կամ ալ՝ «գունաւոր» օտարամուտ «յեղափոխութիւն» կոչուած իմփերիալիստական ներթափանցումները…։

Այս իրավիճակին իբր արդիւնք՝ Արեւելահայաստանի նախագահն ու վարչապետը կը գործեն իրաւազանց ու սահմանազանց արարքներ եւ կը մոռնան, կամ՝ մոռացութեան կու տան բռնագրաւեալ Արեւմտահայաստանը եւ կ՚անտեսեն համահայութեան պատկառելի մեծամասնութիւնը կազմող Տարագիր Արեւմտահայութիւնը, բայց կը խօսին՝ Արեւմտահայութեան ալ փոխարէն եւ անունով, եւ ամէնէն անթոյլատրելին՝ զաւթիչ Թուրքիոյ կը զիջին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միայն, լոկ սնամէջ ու սոսկ շրթնային ճանաչումին դիմաց՝ Արեւմտահայաստանի հողային դատը եւ Տարագիր Արեւմտահայութեան իրաւունքը՝ պահանջելու եւ ազատագրելու իր պատմական հայրենիքը։ Տակաւին, անոնք նաեւ ակնածանքով կը խոնարհին իմփերիալիստ ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն առջեւ, յանուն Համահայութեան, անոնց շռայլելով՝ գովասանական խօսքեր, փոխանակ անոնցմէ պահանջելու՝ Ուիլսոնի Իրաւարար Վճիռին գործադրութիւնը եւ Կիլիկիոյ վերադարձումը կիլիկեցի հայերուն…։ Անոնք իրաւունքը չունին Համահայութեան անունով խօսելու եւ զիջումներ ընելու Համահայութեան հաշւոյն։

Եթէ անոնք վերջնապէս հրաժարած են Արեւմտահայաստանէն, կը պահանջենք անոնցմէ՝ գէթ չխօսիլ, ոչ Արեւմտահայաստանի եւ ոչ ալ՝ Արեւմտահայութեան (իմա՝ Համահայութեան եւ պատմական «Հայաստան» երկրին անունով. այլ միայն ու միայն՝ Արեւելահայաստանի անունով։ Որովհետեւ՝ Տարագիր Արեւմտահայութիւն եւ ամէն հայրենասէր Հայ, չեն մոռցած բռնագրաւեալ մնացող Արեւմտահայաստանը եւ պատրաստ են պայքարելու անոր ազատագրութեան համար, ինչպէս ըրին՝ ԱՍԱԼԱ-ի զինուորագրեալները, զինեալ քարոզչութեամբ, Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրէսի (ՏԱՀՔ) զինուորագրեալ մտաւորականները՝ իրաւաքաղաքակազմակերպչական քարոզչութեամբ, եւ ինչպէս կ՚ընեն այսօր՝ Արեւմտեան Հայաստանի իրաւականօրէն շարունակուող Հանրապետութեան տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիները, Ազգային Ժողովը եւ կառավարութիւնը՝ Արմենակ Աբրահամեանի նախագահութեամբ եւ Գառնիկ Սարգիսեանի վարչապետութեամբ, ստեղծելով Արեւմտահայաստանի պետական կառոյցներուն սաղմերը, եւ այս բոլորը՝ ընտրովի են, այսինքն՝ հարազատօրէն ներկայացուցչական հանգամանք ունին։ Եւ միայն կը մնայ որ Ազգային Ժողովի այս երկրորդ ընտրութեան, աւելի մեծ թիւով անձնաթուղթ ունեցող քաղաքացիներ մասնակցին, առաւել ներկայացուցչական դառնալու համար՝ կեդրոնական ու միակ լիազօր ալ կառոյցը դառնալու ճանապարհին վրայ, երբ արդէն գործօն անդամն է ՄԱԿ-ի 2007 թուին կազմած Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւանց Փորձագիտական Յանձնաժողովին։ Այս տողերուն հեղինակը արդէն՝ երկու տարեկան քաղաքացին է շարունակուող Արեւմտահայաստանի, եւ իբր իրաւաբան՝ ընտրուած է անոր Սահմանադրական Խորհուրդի աւագ անդամ։

Յիշեցնենք, որ Միջազգային Հանրային Իրաւունքը՝ Արեւմտահայաստանի ազատագրումը պահանջող կառոյցը լսելի եւ ճանաչելի կը նկատէ միայն ա՛յն պարագային, երբ այդ կառոյցը Տարագիր Արեւմտահայութեան կեդրոնական, ներկայացուցչական (ընտրովի) եւ միակ լիազօր կառոյցն է։ Իսկ Արեւելահայաստանի պետութիւնը իրաւունք չունի՝ ոչ պահանջելու զայն եւ ոչ ալ մանաւանդ հրաժարելու անկէ։ Այլ կրնայ պահանջել միայն՝ Արեւմտահայութեան հետ միասին, Ուիլսոնի Իրաւարար Վճիռին գործադրութիւնը, որ կը վերաբերի՝ երկու Հայաստաններուն, որոնցմէ մէկը՝ առանձինն, չի կրնար պահանջել երկրորդը…։ Որովհետեւ՝ եթէ Արեւելահայաստան առանձինն պահանջէ Արեւմտահայաստանի կցումը իրեն, զաւթիչ Թուրքիա կրնայ առարկել իր տարածքային ամբողջականութեան պահպանումին սկզբունքին հիման վրայ։ Ահա թէ ինչու, իրաւագիտական սխալ մըն էր՝ Ղարաբաղի Արեւելահայաստանին կցելու որոշումը։ Նոյնպիսի սխալ մըն է նաեւ՝ Արեւելահայաստանի հրաժարումը Արեւմտահայաստանէն…, որուն իրաւատէրն է Տարագիր Արեւմտահայութիւնը, համաձայն՝ Միջազգային Հանրային Իրաւունքի սկզբունքներուն։

•••

Արեւելահայաստանի նախագահը՝ Արմէն Սարգսեան, Ա. Աշխարհամարտի աւարտի 100-րդ տարեդարձի վեհաժողովի նախօրէին, Զուիցերիոյ պետական պատկերասփիւռի ընկերութեան իր հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին, թերացած է եւ սահմանազանց հրաժարում մը կատարած է։

Թերացած է՝ քանի որ դիտողութիւն չէ ըրած, թէ՝ Ա. Աշխարհամարտին, ռազմաճակատներու վրայ արիւն թափած եւ Արարայի ճակատամարտի բախտորոշ յաղթանակը տարած արեւմտահայ եւ յատկապէս կիլիկեցի ռազմիկներու «Հայկական Լեգէոն»ին եւ Արեւմտահայաստանի իրաւականօրէն շարունակուող պետութեան հրաւէր չէ յղուած մասնակցելու Վեհաժողովին, անտեսելով Արեւմտահայաստանն ու Կիլիկիան, քանի որ Արեւելահայաստանէն առաջ՝ զանոնք պէտք էր հրաւիրել, եւ ուրեմն՝ զանոնք ինք ալ չյիշելով, մեղսակցած է Ֆրանսայի անտեսումին։ Ֆրանսայի կողմէ Կիլիկիոյ անտեսումը բացատրելի է՝ իր գործած ոճիրին փաստով, բայց նախագահինը՝ անբացատրելի եւ անընդունելի է։

Սահմանազանց հրաժարումն է՝ համահայութեան անունով, Արեւմտահայաստանի հողային դատէն, քանի որ ինք միայն նախագահն է Արեւելահայաստանի, իսկ Հայութեան մեծամասնութիւնը կառչած է Արեւմտահայաստանի հողային դատին։

Արմէն Սարգսեան լիազօրութիւնը չունի համահայութեան, եւ՝ իրաւունք չունի յայտարարելու զուիցերիական պատկերասփիւռէն, թէ՝ Հայաստան եւ Հայութիւն ներում կը շնորհեն Թուրքիոյ, երբ ան ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը միայն, առանց պահանջելու Արեւմտահայաստանի ազատագրումը թրքական բռնագրաւումէն, քանի որ այդ բռնագրաւումը ամբողջացած է Արեւմտահայաստանի հայաթափումով՝ ոչ միայն Ցեղասպանութեամբ, այլեւ՝ բռնագաղթով…։ Ան սահմանազանց եղած է, խօսելով Արեւմտահայութեան ալ անունով, երբ ինք ոչ մէկ լիազօրութիւն ստացած է անկէ։ Ան բառացիօրէն ըսած է. «Ներողամտութիւնը կրնայ միայն յաջորդել ճանաչումին»։

Համայն հայութեան անունով խօսելու՝ Արեւելահայաստանի իշխանաւորներու այս ախտը, ոչ միայն իրաւասութեան սահմանազանցում է, այլեւ՝ արհամարհանք եւ անտեսում Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան, ինչ որ նոյնիսկ՝ բարեկամական վերաբերմունք չէ անոնց հանդէպ։ Երբ Արմէն Սարգսեան Էրտողանին կ՚ուզէ ըսել. «Դուն Թուրքիոյ նախագահն ես, իսկ ես Հայաստանին», Էրտողան հարկաւ կը հրճուի, քանի որ իր խօսակիցը մոռցած է Արեւմտահայաստանը։ Ան կը խօսի Արեւելահայաստանի նախագահի հանգամանքով միայն, տուեալ ընդունելով թէ գոյութիւն չունի Արեւմտահայաստանը։ Ան արդէն մոռցած է զայն…։

Փանթուրքիստ Թուրքիան վաղուց եկած էր այն եզրակացութեան, թէ՝ ինք կարող չէ բնաջնջելու համայն Հայութիւնը, ուրեմն հայոց տանք փոքր Հայաստան մը, որպէսզի անոնք մոռնան պատմական Հայաստանը եւ մենք ազատինք Հայկական Հարցի գլխացաւանքէն…։ Ուրեմն, Արմէն Սարգսեան, գիտակցօրէն թէ անգիտակցաբար, շարժած է համաձայն Փանթուրքիզմի ծրագրին…։ Մենք չենք ըսեր, որ ան շարժած է գիտակցօրէն, այլ՝ շարժած է անգիտակցաբար։ Սակայն, ժամանակն է, որ Արեւելահայաստանի իշխանաւորները ձերբազատուին Արեւմտահայաստանը անտեսելու իրենց այս ախտէն, եւ այսուհետեւ՝ չխօսին որպէս Համայն Հայութեան ներկայացուցիչներ։ Եւ՝ գործնական գետնի վրայ եւս, Թուրքիոյ եւ մեր ժողովուրդի թշնամիներուն հետ ամէն բանակցութեան մէջ, իրենց դիրքերը շատ աւելի կը զօրանան, երբ գործածեն Արեւմտահայաստանը՝ առնուազն որպէս խաղաքարտ…։ Այս ախտին արմատը կ՚երթայ ետ, երբ Արեւելահայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը յայտարարեց, թէ՝ ինք կը ներկայացնէ «միացեալ» Հայաստանը, մինչդեռ ինք Հայաստանի մէկ փոքրիկ մասը կը հանդիսանար միայն։ Ասիկա հետեւանքն էր բնազանցական մտածելակերպին եւ Շոփենհաուէրեան կամապաշտութեան չարիքին, որ կ՚անտեսէր Հայաստանի մեծագոյն մասին բռնագրաւեալ մնացած ըլլալու փաստը, եւ համազօր էր՝ հրաժարելու այդ մեծագոյն մասէն…։ Եւ այդ հրաժարումը կը շարունակուի մինչեւ այսօր։

Բայց արդէն՝ մենք կարիքը չունինք ոչ Թուրքիայէն եւ ոչ ալ ուրիշներէն մուրալու Հայոց Ցեղասպանութեան լոկ բարոյական ճանաչումը։ Մենք հրատապ ու հրամայական կարիքը ունինք՝ Համահայկական ոգիով միաւորուելու, կազմակերպուելու եւ բռունցք դառնալու՝ ազատագրելու համար Արեւմտահայաստանն ու Արարատը… եւ՝ Կիլիկիան։

•••

Արեւելահայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ինք եւս վարակուած է, Արեւելահայաստանի իշխանաւորներու՝ Արեւմտահայաստանը անտեսելու, արհամարհելու եւ մոռացութեան տալու ախտէն։ ԱՄՆ-ի նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ իր տեսակցութեան ընթացքին, երբ Պոլթըն բառացիօրէն ըսած է. «Հայաստանի համար պատմական նշանակութիւն ունեցող այս ժամանակաշրջանին, մենք կը կարեւորենք հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացումն ու խորացումը, եւ զանոնք կը համարենք առաջնահերթութիւն»… Փաշինեան այս ոսկի առիթը չէ օգտագործած «պատմական նշանակութիւն ունեցող այս ժամանակաշրջանին», երբ Միացեալ Նահանգներ կը կարեւորեն հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացումն ու խորացումը, եւ՝ զայդ կը համարեն առաջնահերթութիւն… բարձր մակարդակի այս պատուիրակին յիշեցնելու, թէ՝ 2020 թուականը պատմական նշանակութիւն ունեցող թուական մըն է նաեւ՝ այն պատմական իրաւարարութեան, զոր ԱՄՆ-ի մեծ նախագահը՝ Ուիլսոն, ստորագրեց ԱՄՆ-ի նախագահի հանգամանքով, եւ յոյս յայտնելու, որ ԱՄՆ-ի ներկայ նախագահ Տոնալտ Թրամփ՝ գէթ 2020 թուի Նոյեմբերի 22-ին, պահանջէ ԱՄՆ-ի մարդասէր եւ արդարադատ «14 կէտեր»ու (այդ կէտերէն մէկն ալ՝ ժողովուրդներուն կու տար ազատ ինքնորոշման իրաւունք) հեղինակ Ուիլսոնի իրաւարար վճիռին գործադրութիւնը, առաւել եւս զարգացնելու եւ խորացնելու համար հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները։

Եթէ Փաշինեանի ենթագիտակցութեան մէջ տակաւին Արեւմտահայաստանի պճեղ մը յուշը մնացած ըլլար, պիտի չմոռնար Ուիլսոնի իրաւարար վճիռը, եւ լաւապէս ու տեղին օգտագործած պիտի ըլլար այս ոսկի առիթը…։ Մանաւանդ, որ Փաշինեան ոչ միայն ջերմօրէն ողջունած էր, ուրախութիւն յայտնած եւ պատմական ալ համարած էր այս այցելութիւնը՝ ԱՄՆ-ի բարձր մակարդակի պատուիրակին կողմէ եւ հողը պատրաստած էր այսպիսի յիշեցումին եւ յուսադրումին համար։ Երբ նոյնինքն Պոլթըն կը խօսի «Հայաստանի համար պատմական նշանակութիւն ունեցող այս ժամանակշրջանին» մասին, կարծէք թէ՝ ինք կ՚ուզէր յիշեցնել Փաշինեանին՝ Ուիլսոնի վճիռը… եւ շատ մօտիկ 2020 թուականին այդ վճիռին 100-ամեակը։ Բայց, ի զուր…։

Թէ ինչ շօշափելի եւ անմիջական նպատակ կը հետապնդէր Փաշինեանի Պէյրութ այցելութիւնը մեծաշտապ՝ Արեւելահայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրէին, երբ ինք ենթադրուած էր գտնուիլ հոն, յստակ չեղաւ մեզի։ Բայց յստակ է մէկ բան, որ եթէ՝ Փաշինեանի «թաւշեայ» իշխանափոխութեան վախճանական նպատակակէտը Արեւելահայաստանը ազատագրել է վերջնականապէս օլիգարխիկ համակարգէն, ան պէտք չունի Սփիւռքի զօրակցութիւնը ապահովելու։ Այդ մէկը արդէն ապահոված է իր գլխաւորած շարժումի յաղթանակի առաջին իսկ փուլին։ Ուրեմն. արդեօ՞ք յաջորդ դժուարին փուլերուն համար պէտք ունի Սփիւռքի զօրակցութեան ծածկոյթին…։ Քանի որ Ռ. Քոչարեան եւ Ս. Սարգսեան ՀՅԴ-ի հետ կոալիցիա կազմելու կը զիջէին, Սփիւռքի լռութիւնը շահելու յոյսով, օլիգարխիկ ազգաքանդ ու ժողովուրդէն ատուած համակարգին նկատմամբ, միայն կարծելով թէ՝ ՀՅԴ կը վայելէ Սփիւռքի մեծամասնութեան վստահութիւնը եւ տիրապետող ուժն է։

Սակայն, Սփիւռքի մեծամասնութիւնը Տարագիր Արեւմտահայութիւնն է, որ վաղուց յուսախաբ եղած է Սփիւռքի աւանդական կուսակցութիւններէն, անոնց կրաւորականութեան, անգործութեան եւ համակերպողականութեան եւ կատարուած փաստին անձնատւութեան պատճառով, եւ՝ որ չէ հրաժարած Արեւմտահայաստանէն ու կառչած կը մնայ անոր հողային դատին, որ կ՚ընդգրկէ՝ ոչ միայն Արեւմտահայաստանն ու Արարատը, այլեւ՝ Կիլիկիան, որ հայրենիքն է վերապրող կիլիկեցիներուն, որոնք մեծ թիւ մը կը կազմեն Տարագիր Արեւմտահայութեան մէջ։ Հայրենիքը մարդու ինքնութեան բաղկացուցիչ տարրերէն մեծագոյնն է, ինքնութենական է, որովհետեւ՝ հայրենիքը հողատարածքը չէ, այլ զայն հայրենիք դարձնող ժողովուրդին քաղաքակրթութիւնն է, մշակոյթը, լեզուն, կրօնը, ճարտարապետութիւնը, պատմութիւնը դարաւոր այդ հողին վրայ եւ այդ պատմութեան յիշողութիւնը։ Եւ՝ այս բոլորին առկայութեան շնորհիւ է, որ Տարագիր Արեւմտահայութեան աշխարհացրիւ եւ օտարահպատակ բեկորները՝ միասնական եւ ինքնուրոյն ժողովուրդ կը համարուին Միջազգային Հանրային Իրաւունքին կողմէ եւ կրնան պահանջել իրենց պատմական հայրենիքին ազատագրումը…։

Հետեւաբար, Պէյրութի մէջ, Փաշինեան երբ կը շռայլէ գովասանական խօսքեր՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, եւ կ՚ըսէ. «Ձեր սրբազան առաքելութիւնն էք կատարում առ Ասուած առ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին եւ առ ՀԱՅՐԵՆԻՔ», իր ակնարկած «հայրենիք»ը կ՚ընդգրկէ՞ր արդեօք Արեւմտահայաստանն ու Կիլիկիան… Եւ եթէ կ՚ընդգրկէր, ինչո՞ւ չէ մասնաւորած Արեւելահայաստանը, Արեւմտահայաստանը եւ Կիլիկիան… երբ մասնաւորած է Հայաստանեայց Եկեղեցիի Առաքելական թեւը միայն կատարող կերպով, եւ նոյն զատորոշութեամբ չէ մասնաւորած Արեւմտահայաստանը եւ Կիլիկիան։ Գոյութիւն չունին միասնական Սփիւռք եւ միասնական Հայաստան կամ հայրենիք։ Կայ՝ եռակի Սփիւռք. 1) նախա-եղեռնեան, 2) յետ-եղեռնեան, եւ 3) յետ-անկախութեան սփիւռքներով, որոնք ունին տարբեր պատմական անցեալ, տարբեր կարգավիճակ եւ տարբեր հայու կերպարներ, զորս պարզաբանած ենք մանրամասնօրէն մեր նախորդ գրութիւններով։ Կայ նաեւ՝ քառակի Հայաստան կամ հայրենիք. 1) Արեւմտահայաստան, 2) Արեւելահայաստան, 3) Կիլիկիա, եւ 4) Արցախ, որոնք ունին տարբեր պատմական անցեալ եւ տարբեր կարգավիճակներ։ Արեւմտահայաստանը կը մնայ բռնագրաւեալ եւ մեծ մասամբ հայաթափեալ։ Արեւելահայաստանը անկախ է բայց անոր բնակչութիւնը Հայութեան փոքրամասնութիւնը կը կազմէ (հազիւ 20 տոկոս)։ Կիլիկիան կը մնայ բռնագրաւեալ եւ գրեթէ ամբողջովին հայաթափեալ։ Իսկ Արցախը՝ ինքնակոչ անկախ է եւ նօսր բնակչութեամբ։ Եւ յետ-եղեռնեան սփիւռքը՝ Տարագիր Հայութիւնը, յետ-անկախութեան Սփիւռքին հետ միասին, կը հանդիսանան Հայութեան 80 տոկոսը…։ Այս է իրական պատկերը Հայութեան եւ Հայաստանի կամ Հայրենիքին, զոր կրնանք տեսնել՝ միայն ու միայն, դիալեկտիկ մտածելակերպով, եւ ոչ թէ՝ բնազանցական, որ վերացական է, որ բացարձակ արժէք կու տայ բառերուն եւ անուններուն, նկատի չառնելով ատոնց իրական բովանդակութիւնը։

Երբ այս իրական իրավիճակը կ՚անտեսուի՝ բնազանցական մտածելակերպով եւ «Արի Տուն»ի, «երկքաղաքացիութեան», «Հայաստանակեդրոնութեան» եւ տակաւին «Արեւելահայաստանի խորհրդարանին վրայ Սենատ ստեղծելու եւ անոր մէջ սփիւռքահայեր ներգրաւելու» կոչեր կ՚արձակուին, փաստօրէն՝ Հայութեան միակ կեդրոնը, միակ Հայաստանն ու հայրենիքը կը կրճատեն՝ Արեւելահայաստանին մէջ, անտեսելով Հայութեան 80 տոկոսը ներկայացնող միւս բոլոր կեդրոնները։ Եւ այս ազգաքանդ ախտը, դժբախտաբար, յատուկ չէ Արեւելահայաստանի իշխանաւորներուն, այլ՝ անկէ վարակուած են նաեւ Սփիւռքի աւանդական կուսակցութիւններու ղեկավարները, փախուստ տալով իրենց հայրենիքի ազատագրութեան դժուարին մարտահրաւէրէն…։

Մինչդեռ, Հայութեան համահայկական գերագոյն շահերը կը պահանջեն որ «Արի Տուն» կոչին ընդառաջեն, միայն ու միայն, յետ-անկախութեան սփիւռքի հայրենաթողները։ Յետ-եղեռնեան սփիւռքի Տարագիր Արեւմտահայութիւնը պէտք է որդեգրէ ոչ թէ «Հայաստանակեդրոնութիւն», այլ՝ «Սփիւռքակեդրոնութիւն», եւ՝ Արեւելահայաստանի իշխանութիւնները պարտին ձերբազատուիլ այս ազգաքանդ ախտէն, դադրիլ Համահայութեան անունով խօսելէ եւ ձրի զիջումներ ընելէ թշնամի Թուրքիոյ…։ Ընդհակառակը, քաջալերեն Տարագիր Արեւմտահայութիւնը, որ հետապնդէ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան պայքարը։ Եւ այս պայքարը կը զօրացնէ նաեւ Արեւելահայաստանի իշխանաւորները, ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ բոլոր տէրութիւններու դիմաց։ Ժամանակն է, որ անոնք անդրադառնան ու գիտակցին այս իրականութեան։ Երկքաղաքացիութիւնը հպատակութեան հարցի թնճուկ մըն է, քանի որ կան հպատակութեան երեք տարբերակներ՝ հայրենական, կամաւոր եւ ակամայ։

Հայրենականը՝ հայրենիքի հարազատ հպատակութիւնն է, որ ինքնութենական է։ Մաս կը կազմէ ինքնութեան բաղադրիչ տարրերուն։ Կամաւորը՝ ազատ կամքով ընտրուածն է, իսկ ակաման՝ ճակատագրի կամ ճնշումի բերումով պարտադրուածը։

Տարագիր հայուն օտար հպատակութիւնը պարտադրուած է՝ հարազատ չէ։ Եւ եթէ ան ազատ կամքով ընտրէ Արեւելահայաստանի հպատակութիւնը, կը դադրի հայրենազուրկ ըլլալէ, կորսնցնելով՝ Արեւմտահայաստան վերադարձի իր իրաւունքը, եւ՝ կը տկարացնէ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան դատը…։

Ուրեմն, տարագիր արեւմտահայուն երկքաղաքացիութիւնը վնասակար է Հայ Հողային Դատին։

Տակաւին, Փաշինեան՝ այս ախտին պատճառով, թերացաւ ու չգիտցաւ օգտագործել ոսկի երկրորդ առիթը. ֆրանսախօսութեան վեհաժողովին, որ գումարուեցաւ Երեւանի մէջ։

Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն (որ ատուած է ֆրանսացիներու կողմէ, որոնք խելագարած զանգուածային ցոյցեր կը կազմակերպեն իր իշխանութեան դէմ, իսկ ինք՝ ֆաշական վայրագութեամբ կը ջանայ լռեցնել զանոնք, արժանանալով անոնց արձակած «մաքրօ՛» պատուանունին…), յոխորտալով յայտարարած է. «Ֆրանսախօսութեան հիմնաքարերն են՝ եղբայրութիւնը, խաղաղութիւնը եւ արդարութիւնը»։ Ան Հայը շոյող խօսքեր ըսած է եւ շեշտած է ֆրանսախօսութեան գաղափարախօսութեան ազնիւ նշանաբանները, որոնց շարքին յիշած է նաեւ՝ մարդասիրութիւնը եւ արդարութիւնը։

Իսկ Փաշինեան սահմանազանց ուրախութիւն յայտնած է «ամբողջ հայ ժողովուրդին» անունով, գնահատելի անդրադարձ կատարած է Արցախի դատին, բայց՝ դատապարտելի լռութիւն պահած է Կիլիկիոյ դատին առնչութեամբ։

Փաշինեան իրաւասութիւնը չունի խօսելու ամբողջ հայ ժողովուրդին անունով, եւ մանաւանդ՝ անոր անունով ուրախութիւն յայտնելու գաղութարար Ֆրանսայի գլխաւորած մշակութային գաղութարարութեան օրկան հանդիսացող Ֆրանսախօսութեան 17-րդ Վեհաժողովին Երեւանի մէջ կայացումին առիթով, ոչ միայն այն պատճառով որ Ֆրանքոֆոնին մէկ մշակութային տարբերակն է բրիտանական գաղութարարութեան Գամընուէլթին, այլ այն պատճառով որ Հայութեան մեծամասնութիւնը տակաւին չէ մոռցած թէ՛ Կիլիկիոյ պարպումն ու աղէտը, եւ թէ՛ Սանճաքի աղէտն ու Թուրքիոյ նուիրումը, հակառակ հայ լեգէոնականներու թափած արիւնին, ծառայելով գաղութարար Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ Սայքս-Փիքոյի ծրագրին, որ գաղութարարական մեծագոյն անարդարութիւնն էր, երբ այդ երկուքը իրենց չպատկանող հողեր կը զաւթէին եւ մաս մըն ալ զաւթիչ Թուրքիոյ կու տային։ Նամանաւանդ այսօր՝ երբ կազմուած է արդէն Կիլիկիոյ Ազգային Խորհուրդը, որ կ՚ընդգրկէ Կիլիկիոյ հայ, արաբ եւ սուրիանի նախկին բնակիչները, եւ որուն նախագահն է ճարտարագէտ, տարագիր սուրիահպատակ Գառնիկ Սարգիսեանը, որ միաժամանակ վարչապետն է Արեւմտեան Հայաստանի իրաւականօրէն շարունակուող եւ 1920 թուին անկախ ճանչցուած պետութեան։

Երբ Մաքրոն գեղգեղած է՝ եղբայրութեան, մարդասիրութեան, համերաշխութեան եւ արդարութեան ու խաղաղութեան շրթնային երգերով, Փաշինեան պարտէր իրեն ըսել.

Հաստատուած խաղաղութիւնը երբ արդար չէ, ժամանակաւոր է։

Մնայուն խաղաղութեան համար հարկաւոր է՝ վերականգնել արդարութիւնը Կիլիկիոյ Դատին, որուն անարդար լուծումին պատասխանատւութիւնը կ՚իյնայ՝ դուք լաւ գիտէք թէ ո՞ր պետութեան ուսերուն…։

«Լէժիոն Արմէնիէն»ի ռազմիկներուն թափած արիւնը՝ ահա դար մըն է, որ անհատոյց մնացած է։

Կիլիկիոյ անկախութիւնը հռչակուեցաւ Ֆրանսայի խոստումով եւ հաւանութեամբ։

Մենք յոյս ունինք որ դուք կը վերականգնէք այդ անկախութիւնը՝ արդարութեամբ, եղբայրութեամբ, մարդասիրութեամբ եւ համերաշխութեամբ, որպէսզի ֆրանսախօսութեան գաղափարախօսութեան ջատագոված խաղաղութիւնը ըլլայ արդար եւ մնայուն։

Այս մէկն ալ՝ ֆրանսախօս երկիրներու տարածքին՝ լուծումի սպասող խնդիրներէն է, եւ այս տարածքին երկիրները պէտք է աջակցին այս լուծումին։ Մենք վստահ ենք՝ որ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահ երկիրներու՝ Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի ձեւաչափով կրնայ լուծուիլ այս խնդիրը՝ Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ հարկաւ։

Փաշինեան այսպէս շարժած պիտի ըլլար եթէ մոռցած կամ անտեսած չըլլար Կիլիկիան եւ Արեւմտահայաստանը։ Քանի որ ան գնահատելիօրէն յիշած է Արցախի դատը, միայն կիսով օգտուելով ներկայացած ոսկի առիթէն։ Հետեւաբար, տակաւին կիսամիջոցներով գոհացող Արեւելահայաստանի իշխանաւորները՝ դեռ չեն հասած ճիշդ ուղղութեան, որուն հասած ըլլալ կը յաւակնին անոնք անարժանաբար, ձրիօրէն ու մաքսանենգութեամբ…։

Մաղթենք՝ որ ան կիսամիջոցներով չշարունակէ իր «թաւշեայ» յեղաշրջումը, որպէսզի՝ կարողանայ զայն հասցնել յեղափոխութեան ամբողջականութեան, արմատախիլ ընելով ողջ օլիգարխիկ համակարգը։

 

Պէյրութ, 25 Նոյեմբեր 2018

 

You May Also Like
Read More

“Enough is Enough”

Պարոյր Աղպաշեան, Ռակ Մամուլ, Պէյրութ, 18 Լիբանան 2010 Հակառակ իր սահուն ֆրանսախօսութեան, անգլերէնով այս արտայայտութիւնը կը գործածէր Տոքթ.…
Read More