Մեր հողերը պահանջելու չափ կարեւոր ու կենսական է մեր լեզուն, այս պարագային՝ արեւմտահայերէ՛նը պահելու, պահպանելու պահանջքը՝ մեր ազգի վերապրումը ապահովելու համար: Տարբերութիւնը այն է, որ առաջինին՝ Արեւմտեան Հայաստանի պատմական հողատարածքներուն պարագային, ուրիշէն է, որ կը պահանջենք, մինչ երկրորդին՝ լեզուի պարագային, «ուրիշը» չկայ, մենք մեզմէ’ պիտի պահանջենք:
Այս հարցին մէջ երկմտանքը մահացու է – լինե՞լ թէ չլինել:
Այս հարցին մէջ երկմտանքը մահացու է – լինե՞լ թէ չլինել:
Չեմ արծարծեր ընդհանրապէ’ս հայերէնը պահելու հարցը. արեւելահայերէնն ալ վտանգուած է, վկայ՝ Հայաստանի մէջ լեզուի կացութիւնը, բայց այդ մասին՝ այլ առիթով: Հոն աղաւաղումն է, որ իր մահացու դերը կը խաղայ, մինչ հոս ամբողջովին անհետանալու սպառնալիքը:
Ի հարկէ ազգ մը իր ամբողջութեամբ է պատասխանատու իր լեզուական ժառանգութիւնը պահելու եւ զարգացնելու կապակցաբար:
Արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը, յառաջացած են մեր ճակատագրին բերմամբ, այլեւ այդ ժառանգութեան երկու հիմնական գանձերն են, երրորդը ըլլալով գրաբարը, որուն պահպանումն ալ այլ խնդիր է, եւ այլ արծարծման արժանի:
Այո, Սփիւռք եւ Հայրենիք միասնաբար պարտաւոր են արեւմտահայերէնի գոյութիւնը ապահովելու: Ատիկա ոչ միայն մշակութային հարց է, այլեւ քաղաքական. Հայ դատի մէկ տարբեր երեսն է, աւելի ճիշդ՝ մի՛ւս երեսն է:
Սփիւռքը այս ուղղութեամբ կատարեր է իր կարելին՝ աւելի քան մէկուկէս դարէ ի վեր: Ես մասնակից եմ եղեր իմ յաճախած վարժարանի՝ Գահիրէի Գալուստեան ազգային վարժարանի 100-ամեակի տօնակատարութեան, 1954-ին… Իր դպրոցներու ցանցով, ակումբներով, եկեղեցիներով, մամուլով եւ հրատարակութիւններով սփիւռքահայութիւնը իր լեզուն պահելու, նոյնիսկ զարգացնելու հսկայ ճիգ է ըրեր՝ հայրենի անկախ պետականութեան բացակայութեան իսկ:
Այժմ, սակայն, երբ կա’յ այդ պետականութիւնը, կա’յ անկախ հայ պետութիւն մը, արեւմտահայերէնի տիրութիւնը տարբեր մակարդակի վրայ պէտք է դրուի:
Առաջին հերթին՝ կրթական մակարդակի վրայ: Երեւանի պետական համալսարանը, ընդառաջելով Սփիւռքի խնդրանք-պահանջքին, ի վերջոյ ստեղծեց յարմարութիւն մը – բաժանմո՞ւնք մը, բաժի՞ն մը, թէ՞ ամպիոն մը, ճիշդ անուանումը չեմ գիտեր -, ուր կը յուսամ կարելի պիտի ըլլայ ուսանիլ արեւմտահայերէն եւ արեւմտահայ գրականութիւն, ուր կրնան մասնագիտանալ հայերէնի ապագայ ուսուցիչները Սփիւռքի վարժարաններուն համար: Եւ ինչո՞ւ միայն Սփիւռքի: Հայաստանի մէջ եւս արեւմտահայերէնի դասաւանդում պէտք է ըլլայ, յատկապէս բանասէրներուն ու Սփիւռքի հետ հաղորդակցող պաշտօնէութեան համար:
Այստեղ անգամ մը եւս կը շեշտուի կարեւորութիւնը ուղղագրութեան, որուն երկուութիւնը խոչընդոտ մըն է Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ, որ տակաւին կը սպասէ իր բարւոք լուծման: Մէկ (եւ ըստ այս գրողի կարծիքին՝ Մեսրոպեան, դասական, կամ անոր շատ մօտ) ուղղագրութիւն ունենալու ենք նաեւ համակարգչային ու համացանցային հաղորդակցութիւններու դիւրութեան համար, բայց այդ արդէն միայն արեւմտահայերէնի հարցը չէ:
Երկրորդ՝ Սփիւռքի հետ կապը, թէ՛ դեսպանատուներու ճամբով, թէ՛ նախարարութիւններու, թէ ալ մանաւանդ Սփիւռքի նախարարութեան՝ ըլլալու է նաե’ւ արեւմտահայերէնով, յատկապէս արեւմտահայերէնով, այս ձեւով նպաստելով, որ ան ըլլայ կենդանի, առօրեայ գործածութեան լեզու, լեզու՝ որով Հայաստան կը հաղորդակցի իր վտարանդի զաւակներուն հետ, անոնք իր պաշտօնական, գրանցուած քաղաքացիները ըլլան կամ ոչ:
Նոյնը՝ Սփիւռք հեռարձակուող ձայնասփիւռի ու պատկերասփիւռի յայտագիրներու պարագային:
Ահա թէ ինչու անհրաժեշտ է, որ բոլոր վերոյիշեալ միջոցառումներէն անդին, արեւմտահայերէնը, արեւելահայերէնին հետ հաւասար իրաւունքով, հռչակուի ՊԵՏԱԿԱՆ ԼԵԶՈՒ:
Շատ երկիրներ երկու, երբեմն ալ աւելի լեզուներով կը հաղորդակցին իրենց հպատակներուն հետ: Հայաստան նոյնը պէտք է հասնի ընելու՝ եթէ հայ մշակութային ամբողջ ժառանգութեան տէր պիտի կանգնի:
Բայց մանաւանդ մեր ԴԱՏին տէր պիտի կանգնի:
Սփիւռքը այս առնչութեամբ միշտ պահանջատէրի դիրքին մէջ պէտք է գտնուի ՀՀ պետութեան նկատմամբ, սակայն նաեւ իր կարելին ընէ՝ աջակցելու անոր, որպէսզի այս առաքելութիւնը ան կարենայ ի կատար ածել:
Արեւմտահայերէնի վերապրումը եւ Սփիւռքի վերապրումը անքակտելիօրէն առնչուած են իրարու:
Քանի ժամանակը կ՚անցնի ու հայութիւնը, իր մեծ մասով կը մնայ ցրուած ու կը շարունակէ ցրուիլ աշխարհով մէկ՝ Հայ դատի հետապնդումը եւ լուծումը աւելի ու աւելի կախում կ՚ունենայ ոչ միայն մեր քաղաքական ճիգերէն, այլեւ ու մանաւանդ մեր մշակութային ճիգերէն, որոնց կարգին առաջին գծի վրայ կու գայ արեւմտահայերէնի վերապրումը:
6 comments
“Քանի ժամանակը կ՚անցնի
Համաձայն չեմ։ Լուծումն է Հայաստանի մէջ ստեղծել օրինաւոր պետութիւն ու տնտեսութիւն եւ ոչնչացնել կաշառակերութիւնը։
Չնայած նրան որ Հայաստանում
Չնայած նրան որ Հայաստանում դասավանդում են արևմտահայերեն լեզուն և գրականությունը հա՛մ դպրոցներում հա՛մ համալսարաններում, հայաստանցիների համար ոչ մի իմաստ չկա արևմտահայերեն բարբառը վերակենդանացնել և օգտագործել առօրյա կյանքում, քանի որ արևելահայերենը բավարարում է բոլոր պահանջները։
Իսկ սփյուրքը իր հերթին կամաց-կամաց մոռանում է արևմտահայերենը։
Այս բաները հաշվի առնելով արևմտահայերեն բարբառի մահը անխուսափելի է, բայց ես դրա մեջ ոչ մի ողբերգություն չեմ տեսնում։
«ոչ մի ողբերգութիւն չեմ տեսնում»…
Շատ հետաքրքիր առաջարկ էր
Ես շատ եմ սիրում արեւտահայերենը , իր մէջ մեղեդի կայ: Հիմա սովորում եմ գրել դասականով:
Արեւմտահայերէն
Հայաստանում արեւմտահայերէնի հանդէպ հոգատար վերաբերմունք ցուցաբերելը (յատուկ տեսչութիւն ստեղծելը, նրա կանոնակարգմամբ զբաղեւելը եւ այլն. գաղտնիք չէ, որ օտար պետականութիւնների պայմաններում այն տարերային զարգացում է ունեցել. պէտք է զբաղուել նրա համակարգմամբ) բոլորովին չի նշանակում, որ մենք՝ հայաստանցիներս, սկսելու ենք արեւմտահայերէն խօսել…Մենք այս պահին մի կարեւոր հրամայական ունենք՝ դասական ուղղագրութեան վերականգնումը. սա դիւրին կը դարձնի մեր երկու եզերքների հաղորդակցումը…Միւս հարցերը պէտք է լուծենք աստիճանաբար…
Je trouve très intéressant de
Je trouve très intéressant de pouvoir écrire et recevoir des e-mails avec des caractères arméniens. quelle est la méthode à employer afin d’utiliser notre alphabet ?
Comments are closed.