

• Միասնական հայ ժողովուրդի՝ համայն հայութեան երկու հատուածներու՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Արցախի հետ եւ Սփիւռքի՝ արեւմտահայերու (Օսմանեան կայսրութեան հայ քաղաքացիներու ժառանգներու) միջեւ դերերու բաշխումը, աշխատանքներու բաժանումն ու համաձայնեցուած փոխգործակցութիւնը այն հիմնական պայմաններն են, որոնք կրնան ապահովել Հայկական Հարցի յաջող եւ արդիւնաւէտ լուծումը՝ անոր արեւելահայկական եւ արեւմտահայկական դրոյթներով:
Արեւելահայկական տեսակէտ (ՀՀ, Արցախ, Նախիջեւան, Կարս, Ճաւախք)
• Հասնիլ այն բանին, որ համաշխարհային հանրութիւնը ճանչնայ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու իրաւունքը, որ ոտնահարուած է անոր մասնատմամբ 1920 թ. խորհրդա-թրքական արշաւանքներու հետեւանքով եւ ամրագրուած է 1921 թ. Մարտի 16-ին եւ Խորհրդա-թրքական պայմանագրով եւ Յուլիս 5-ի եւ 7-ի Ռուսաստանի Կոմունիստական (պոլշեւիկներու) Կուսակցութեան (ՌԿ(բ)Կ) Կովկասեան պիւրոյի որոշումներով:
• Արցախի ազատագրուած տարածքներու իրաւական (տէ եուրէ) միացումը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ:
Արեւմտահայկական տեսակէտ (Արեւմտեան Հայաստան, Կիլիկիա, տարագիր արեւմտահայութիւն)
• Հասնիլ այն բանին, որ Օսմանեան կայսրութեան հայ քաղաքացիներու ժառանգները կարողանան անարգել եւ անվտանգ վերադառնալ իրենց հայրենիքը եւ կամ ըստ իրենց ցանկութեան ստանալ վնասուց հատուցում:
• Փրկել, պահպանել եւ զարգացնել արեւմտահայերու ազգային ինքնագիտակցութիւնը, լեզուն եւ աւանդոյթները:
• Պահպանել եւ վերականգնել հայկական ճարհարապետութեան եւ մշակոյթի յուշարձանները Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ մէջ եւ ժամանակակից Թուրքիոյ այլ տարածքներուն վրայ, եւ այլն:
Համայն հայութեան կարողութիւններու եւ ջանքերու միաբանումն ու գործունէութիւններու համաձայնեցումը հնարաւոր կը դառնան պաղ պատերազմի աւարտէն ետք, յետխորհրդային ազատութիւններու եւ վերականգնուած հայկական պետականութեան պայմաններուն տակ, հայոց ժամանակակից ազգային-պետական քաղաքական մտածողութեան ձեւաւորման գործընթացին շնորհիւ:
Համաշխարհային հայութեան հաւաքական կամքի եւ միտքի, անոր ներուժի ծրագրուած եւ արդիւնաւէտ օգտագործումը համահայկական նպատակներու իրագործման համար կը յանգեցնէ միջազգային կեանքի մէջ ինքնուրոյն հայկական գործօնի ձեւաւորման, ինչ որ հնարաւորութիւն կ՝ընձեռէ հայ ժողովուրդին ինքնուրոյն կերպով տնօրինելու իր ճակատագիրը, պայմաններ կը ստեղծէ անոր անվտանգ եւ հեռանկարային զարգացման համար:
Անուշաւան Դանիէլեան
Կազմկոմիտէի Գործադիր Տնօրէն՝
Կարէն Միքայէլեան
5 comments
More self appointments.
More self appointments.
we can do it
Well, at least someone is trying to do something, unlike people like you!!
Don’t be a pessimist, we can do things right if we all think positive for a change…
Of course self-appointed
Dear Vahe,
Does making a proposal on its own diminish the importance of what’s being proposed? I don’t think so.
Mr. Mikaelyan and his friends have taken an initiative which is very timely given the less than satisafactory condition of the status-quo. Some people may agree others may not. A response to the content would have been more appropriate than a dismissive statement.
I gather you have serious grounds to dispute the proposal, and that surely people would like to hear.
Paregamoren,
Nareg
This is a good start.
My only suggestion would be that we should elect people to this committee based on what they know and how they can contribute, rather than whom they know and what political affiliation they have. I am surprised that it took about 100 years to actually do something.
Best of luck to you and anything I can do to help, please don’t hesitate to ask.
A holy mission
This is a holy nationaI mission. Thank you for a timely and excellent initiative. I join you if I can be of any help in any way.
God Bless You.
Avedis Kalayjian
Comments are closed.