Արթնցէ’ք, հայեր, արթնցէ’ք

Գրիգոր Գրաճեան,Պէյրութ,Դեկտեմբեր 2009

•Եթէ փոքր Տիգրան չդաւաճանէր իր հօր, Մեծն Տիգրանի եւ հրովմէացիները դաւադրաբար չմտցնէր մեր երկրի սահմաններէն ներս, այսօր ծովէ-ծով Հայաստան մը կ’ունենայինք …
•Եթէ Վասակ Սիւնին չանցնէր պարսիկներուն կողմը, Վարդան Մամիկոնեան անպայման կը յաղթէր թշնամիին …
•Եթէ Հեթումեանները չդիրքորոշուէին Լատիններուն կողմը իսկ Ռուբինեանները՝ յոյներուն կողմը, Կիլիկիան չէինք կորսնցներ …
•Եթէ Հնչակեան կուսակցութիւնը, Դաշնակցութիւնը եւ հայ համայնավարները միակամ ըլլային, այժմ Կարսը, Արտահանը եւ Արարատ լեռը Հայաստանի սահմանին մէջ կ’ըլլային …
 
Այս տեսակի «եթէ»ներ բազմաթիւ են մեր պատմութեան մէջ: Սակայն պատմութիւնը «եթէ»ներ չ’ընդունիր այլ լուռ ու մունջ կ’արձանագրէ պատահածը անաչառաբար:



Գրիգոր Գրաճեան,Պէյրութ,Դեկտեմբեր 2009

•Եթէ փոքր Տիգրան չդաւաճանէր իր հօր, Մեծն Տիգրանի եւ հրովմէացիները դաւադրաբար չմտցնէր մեր երկրի սահմաններէն ներս, այսօր ծովէ-ծով Հայաստան մը կ’ունենայինք …
•Եթէ Վասակ Սիւնին չանցնէր պարսիկներուն կողմը, Վարդան Մամիկոնեան անպայման կը յաղթէր թշնամիին …
•Եթէ Հեթումեանները չդիրքորոշուէին Լատիններուն կողմը իսկ Ռուբինեանները՝ յոյներուն կողմը, Կիլիկիան չէինք կորսնցներ …
•Եթէ Հնչակեան կուսակցութիւնը, Դաշնակցութիւնը եւ հայ համայնավարները միակամ ըլլային, այժմ Կարսը, Արտահանը եւ Արարատ լեռը Հայաստանի սահմանին մէջ կ’ըլլային …
 
Այս տեսակի «եթէ»ներ բազմաթիւ են մեր պատմութեան մէջ: Սակայն պատմութիւնը «եթէ»ներ չ’ընդունիր այլ լուռ ու մունջ կ’արձանագրէ պատահածը անաչառաբար:


Մեր պատմութեան վերջին հարիւրամեակին «եթէ»ներ գործածելու պարագային վստահաբար Հայաստանն ու հայութիւնը նախանձելի դիրքերու վրայ պիտի ըլլային ներկայիս, սակայն տեսնենք թէ ի՞նչ պատահած է:


•Գաղափարական եւ կուսակցական տարակածութիւնները Հայաստանի մէջ առաջին հանրապետութենէն, 1918-էն մինչեւ խորհրդայնացումը, 1921, պատճառ դարձած են հակադիր ճակատներու վրայ գտնուող առ նուազն քսան հազար հայերու մահուան:
•Սեդրակ Իսկենտերեան կը սպաննուի Մուսա լեռան Հաճի Հապիպլի գիւղին մէջ 8 օգոստոս 1921-ին: Երկու շաբաթ ետք կը սպաննուի եղբայրը: 1921-28, Մուսա լեռան գիւղերուն մէջ եղբայրասպան ոճիրներու զոհ կ’երթան մօտ 45 երիտասարդներ:
•«Աստ հանգչի Միհրան Աղազարեան որ ինկաւ հայ կայէններու ձեռքով 1929-ին» ( Ֆըրն էլ Շըպպէքի ազգային գերեզմանատուն, Պէյրութ, Լիբանան):
•Գարեգին Կէօջերեան, կը սպաննուի Կիպրոսի մէջ
(«Զարթօնք» օրաթերթ, 28 փետրուար, 1958):
•Գէորք Ոսկերիչեան( Շամի), կը սպաննուի Խալիլ Պատաուիի մէջ, իսկ Բաբգէն Պոյաճեան, Պուրճ Համուտի մէջ ( «Ազդակ» օրաթերթ, 27 օգոստոս, 1958):

«Լաւ» կամ «մաքուր» հայերու կողմէ կատարուած ոճիրները «վատ» կամ «աղտոտ» հայերու հանդէպ պատճառ դարձան տասնեակ հազարաւոր հայ երիտասարդներու մահուան Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին:

Թուրքը ո’չ պիտի զղչայ, ո’չ ալ ներողութիւն հայցէ իր կատարած ոճիրներուն համար: Ո’չ դիւանագիտական յարաբերութիւնները, ո’չ ալ նիւթական հատուցումները կրնան թափուած արեան եւ հայրենազրկութեան հաշիւը փակել: Իսկ ձեր անմիտ արարքներուն ու կատարուած ոճիրներուն համար պէտք չէ՞ ներողութիւն խնդրէք իրարմէ: Յիսուն տարիներ անցած են այն թուականէն երբ միջին արեւելեան երկիրներուն մէջ, մասնաւորաբար լիբանան, եղբայր եղբօր կը սպաննէր «հայութեան գերագոյն շահերուն համար»: Դուք որ կը սիրէք կլոր թիւ ունեցող «ամեակ»ներ յիշել եւ տօնել, (բոլոր կուսակցութիւններն ալ անխտիր) արդեօք ճիշտ չէ՞ր ըլլար նաեւ զղջումի, ներողութեան արտայայտութիւններով յիշել 58-ի տխուր դէպքերուն 50-ամեակը:

Գոյատեւեր ենք որպէս ազգ երկու հազարամեակէ աւելի: Պիտի կարենա՞նք հասնիլ մինչեւ երեք հազար թուականը, երբ չենք գիտակցիր մեր ապիկար արարքներուն պատճառած աւերին: Երբ քաջութիւնը չունինք մեր սխալները ընդունելու եւ սրբագրելու զանոնք: Բաւարա՞ր են արդեօք մեր երիտասարդներուն բարոյականը բարձրացնել միտող, կամ աւելի ճիշտ կ’ըլլար ըսել, զիրենք տգէտ պահող երգերով շարունակել երթը, օրինակ՝


«Թուրքը բռնենք ոտքէն կախենք …»
« Մեր Կիլիկիան զէնքով առին, ուզեն չուզեն ետ պիտի տան …»
 
Մինչեւ ե՞րբ բարոյական յաղթանակներով պիտի հպարտանաք իսկական յաղթանակները թողելով օտարներուն:

Ե՞րբ պիտի դադրիք ձեր ազգակիցները դատելէ, ձեր ուզած ձեւով որպէս «լաւ հայ», «աղտոտ հայ», եւ այլն:

Պիտի գա՞յ ատենը երբ ամօթ զգաք սպաննուած այն անմեղ երիտասարդներուն համար որոնց յանցանքը եղած է այս կամ այն կողմի համակիր ըլլալը:

Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անդրանիկ վարչապետ, Յ. Քաջազնունին վստահաբար կ’ուզէր իր պատգամը փոխանցել բոլորին անխտիր երբ հետեւեալ մտքերը կ’արտայայտէր 87 տարիներ առաջ թէ՝

Կուսակցութիւնները ստեղծուած են ծառայելու հայութեան գերագոյն շահերուն համար իսկ երբ կը շեղին իրենց նպատակէն … անելիք չունին այլեւս:


5 comments
  1. Արթնցէ’ք, հայեր, արթնցէ’ք

    “Պիտի գա՞յ ատենը երբ ամօթ զգաք սպաննուած այն անմեղ երիտասարդներուն համար որոնց յանցանքը եղած է այս կամ այն կողմի համակիր ըլլալը:”

    Ոչ պիտի չի գայ այդ օրը, այնքան ժամանակ որ իրենց ներողութիւն ըսէլու կամքը կախուած է օտարներէն. Եւ իրենք պիտի չկրնան տարբերիլ ԹՈՒՐՔԵՐԷՆ…

    Բաբգէն Պոյաճեան

  2. Պրն. Գրաճեանին

    Այս նիւթին մասին շատ քիչ կը խօսուի, եւ կարծես դապու նիւթի վերածուած է, որուն մասին այսօր երիտասարդ սերունդը ամբողջ իրականութիւնը չի գիտեր: Եւ հոս հարցում մը Պրն. Գրաճեանին եւ կարդացողներուն: Արդեօ՞ք կան գիրքեր, ուսումնասիրութիւններ, կամ յօդուածներ (անգլերէն կամ հայերէն) այս հանգրուանին մասին (1950-էն ետք):

  3. Excellent article. This was
    Excellent article. This was one of the saddest chapters of Armenian history. All these happened because we had idiots in leadership positions; because smart ones stayed away from politics and the parties were run by “goshgagars” (no offense meant to shoemakers). I was just a boy then and I thought the purpose of the Armenian parties was to fight each other rather than the common enemy, the Turk. As usual the innocent paid the price for the incompetence of our leaders.

  4. We have to change

    This is a topic very dear to me. I have felt it on my skin not long ago, just in the 80’s.  A cousin of mine with whom I grew-up and we were extremely close, got the wrong information from the wrong sources and had to ‘arrest’ me, confiscated my car and submitted to torture with other կուսակցականներ because they got the ‘order’ to do so from their կուսակցութիւն:  And they felt very proud in their shameful deed and ‘power’.

    From that day on I stopped believing and honoring any Armenian political party. Afterwards I was witness to many such incidents in almost all Armenian parties specially in the village of Anjar of Lebanon. Even party members were subjected to shameful power plays by so-called friends, relatives, brothers or cousins.

    We have to change, we have to change our political system, we have to change our leaders!

  5. Է՜հհհհհ Եթէ
    Է՜հհհհհ Եթէ երիտասարդութիւնը գիտնար , եւ ծերութիւնը կարենար…

    Հայուն լաւագոյն միտքը իր վերջին միտքն է.. անշուշտ բանը բանէն անցնելէն ետք:

Comments are closed.

You May Also Like
Read More

Հայկական Ծնունդը

Գրիգոր Գրաճեան, Պէյրութ, Դեկտեմբեր 2010 Ընտանեօք նստած ենք սեղանին շուրջ: Հայրիկը կը բաժնէ թղթիկներ, որոնց վրայ իր մաքուր…
Read More