«Արմենիա», Պուէնոս Այրէս
Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7ին, հակառակ տեղատարափ անձրեւին, Արժանթինի հայ համայնքը բողոքեց Թուրքիոյ Վարչապետ Ռէճէպ Թալիպ Էրտողանի դէմ, որ Պուէնոս Այրէս կը գտնուէր 2020 թուականին համար Ողիմպիական Խաղերու նստավայրը Պոլիս քաղաքի նշանակումը քաջալերելու նպատակով։ Ցուցարարները յատկապէս շեշտեցին Մարդկային Իրաւունքներու դէմ Թուրքիոյ ճնշումները եւ 1915/23 թուականներու Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը։
«Արմենիա», Պուէնոս Այրէս
Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7ին, հակառակ տեղատարափ անձրեւին, Արժանթինի հայ համայնքը բողոքեց Թուրքիոյ Վարչապետ Ռէճէպ Թալիպ Էրտողանի դէմ, որ Պուէնոս Այրէս կը գտնուէր 2020 թուականին համար Ողիմպիական Խաղերու նստավայրը Պոլիս քաղաքի նշանակումը քաջալերելու նպատակով։ Ցուցարարները յատկապէս շեշտեցին Մարդկային Իրաւունքներու դէմ Թուրքիոյ ճնշումները եւ 1915/23 թուականներու Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը։
Բողոքի ցոյցը նախաձեռնեց Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութիւնը, որու Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Ռազմիկ Նալպանտեանը ընդգծեց, որ «Թուրքիոյ նշանակումը որպէս 2020 թուականի Ողիմպիական Խաղերու կազմակերպիչ երկիր բոլորովին կը հակասէ ողիմպիական էութիւնն ու ոգին, տրուած ըլլալով որ անոր նպատակներէն մէկն է ազգերու համախմբումը մարզախաղի միջոցաւ»։
Իր խօսքին մէջ Նալպանտեան նոյնպէս ըսաւ. «Եթէ Թուրքիա նպատակ ունի անգամ մը եւս իր թեկնածութիւնը ներկայացնելու որպէս Ողիմպիական Խաղերու կազմակերպիչ երկիր, Էրտողանի կառավարութիւնը, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը, եւ վերջերս ուղղակի իր երկրի բնակչութեան վրայ ճնշած է՝ Թաքսիմ հրապարակի ցոյցերու ընթացքին ու բազմաթիւ լրագրողներու բանտարկութեամբ, պէտք է ընդունի քիւրտ ժողովուրդի իրաւունքները եւ վերջ դնէ իր հարձակողական արտաքին քաղաքականութեան, որու հետեւանքով հարակից երկիրներու կայունութիւնը վտանգի տակ դրուած է»։
*****
2020 թուականի Ողիմպիական Խաղեր
Թուրքիան աշխատանքի կոչած է Արժանթինի բռնակալ վերջին կառավարութեան «պատկերը մաքրող» ընկերութեան
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («ԱՐՄԵՆԻԱ» թերթ).- Թուրքիոյ Ողիմպիական Կոմիտէն, որ ներկայիս իր ամբողջ ուժը կեդրոնացուցած է երկիրը 2020 թուականի Ողիմպիական Խաղերուն նստավայրը հռչակուելու հեռանկարին, աշխատանքի կոչած է այդ նոյն հրապարագրական ընկերութեան որ 1978ին Արժանթինի զինուորական բռնակալ կառավարութեան օժանդակած էր իր «պատկերը մաքրելու» ուղղութեամբ։
Պուրսոն-Մարսթէլլէր հանրային յարաբերութեանց միջազգային գործակալութիւնը այդ օրերուն մշակած էր «Արժանթինցիներս ուղիղ եւ մարդկային ենք» տխրահռչակ լոզունգը, առ ի պատասխան «Մարդկային Իրաւանց բռնակալութեան դէմ միջազգային բողոքներուն», ըստ զինուորական կառավարութեան ժամանակ պաշտօնական հրապարագրական միջոցներու մասին Ռուպէն Մորալէսի կողմէ պատրաստած ուսումնասիրութեան։ Նշեալ զեկոյցին համաձայն, ընկերութիւնը նոյնպէս աշխատանք տարած էր «վերապրողներուն, արտաքսուածներուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն եւ զոհերուն ամբաստանութիւնները հակասելու համար, տրուած ըլլալով որ անոնք արդէն տարածուած էին աշխարհի տարածքին»։
Արժանթինի լայնատարած «Փախինա/12» օրաթերթի իր սիւնակներէն մէկուն մէջ, լրագրող Հորասիօ Վէրպիձքի բացատրեց, թէ սոյն ընկերութեան նպատակն է «իր հաճախորդներուն պատմութիւնը ներկայացնել հարկադրելով անոնց քննադատողներուն, խորհրդարանականներուն, առեւտրականներուն, հաճախորդներուն եւ կամ պաշտօնեաներուն վրայ»։
Թուրքիոյ կողմէ Արժանթինի բռնակալ վերջին զինուորական կառավարութեան հետ համագործակցող նոյն հաղորդագրական ընկերութիւնը օգտագործելու տեղեկութիւնը տարածուեցաւ այդ երկրի դէմ հայ համայնքի կողմէ կատարուած քննադատութիւններուն ծիրին մէջ, որ թրքական իշխանութիւնները կ'ամբաստանեն Մարդկային Իրաւանց բռնաբարումները, լրագրողներու բանտարկութիւնները, Թաքսիմ հրապարակի խաղաղ ցուցարարներու դէմ ճնշումները, ինչպէս նաեւ 1915/23 թուականներուն Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրման ուղիով իր հեղինակութեան ժխտումը թաքցնելու, օգտագործելով Ողիմպիական Խաղերու առիթը։