Արժէքաւոր Հրատարակութիւն մը 100-ամեակի Սեմին

THE TIMES OF THE ARMENIAN GENOCIDE
Reports in the British Press V. 1, V. 2. 1914-1923, Beirut
Բանաքաղութեամբ եւ Խմբագրութեամբ Քաթիա Մինաս Փելթեքեանի
 
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 3 Փետրուար 2014
 

Ներկայացուող զոյգ հատորներով լաւագոյն ծառայութիւնը կը մատուցուի Հայկական Ցեղասպանութեամբ հետաքրքրուած իւրաքանչիւր ուսանողի, պատմաբանի ու դիւանագէտի։ Ահաւասիկ եւս երկու հատոր, ուր ամփոփուած են  արեւմտաեւրոպական մամուլէն անգլիական պատկառելի թերթերու մէջ ատենին, օրը օրին լոյս տեսած այն հարիւրաւոր հաղորդագրութիւններն ուտեղեկատուութիւնները, որոնք անհերքելի ապացոյցները կը հանդիսանան այն ահաւոր, մինչ այդ չտեսնուած մարդկութեան դէմ գործադրուած ոճիրներէն ամէնէն ահաւորին՝ Հայկական Ցեղասպանութեան, որուն ենթարկուեցաւ իր բնօրրանին մէջ ապրող ու ստեղծագործող հայ ժողովուրդը։

THE TIMES OF THE ARMENIAN GENOCIDE
Reports in the British Press V. 1, V. 2. 1914-1923, Beirut
Բանաքաղութեամբ եւ Խմբագրութեամբ Քաթիա Մինաս Փելթեքեանի
 
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 3 Փետրուար 2014
 

Ներկայացուող զոյգ հատորներով լաւագոյն ծառայութիւնը կը մատուցուի Հայկական Ցեղասպանութեամբ հետաքրքրուած իւրաքանչիւր ուսանողի, պատմաբանի ու դիւանագէտի։ Ահաւասիկ եւս երկու հատոր, ուր ամփոփուած են  արեւմտաեւրոպական մամուլէն անգլիական պատկառելի թերթերու մէջ ատենին, օրը օրին լոյս տեսած այն հարիւրաւոր հաղորդագրութիւններն ուտեղեկատուութիւնները, որոնք անհերքելի ապացոյցները կը հանդիսանան այն ահաւոր, մինչ այդ չտեսնուած մարդկութեան դէմ գործադրուած ոճիրներէն ամէնէն ահաւորին՝ Հայկական Ցեղասպանութեան, որուն ենթարկուեցաւ իր բնօրրանին մէջ ապրող ու ստեղծագործող հայ ժողովուրդը։

Հեղինակը տակաւին 2000 թուականին ուսումնասիրողներու տրամադրութեան տակ դրած էր Heralding of the Armenian Genocide: Reports in The HalifaxHerald, 1894-1922 ժողովածուն, ուր վերոյիշեալ թերթին աշխատակիցները իրենց հասած սարսափելի դէպքերու ծաւալումներու մասին ղրկուած հարիւրաւոր լուրերով ու թղթակցութիւններով կ՚արձագանգէին Օսմանեան Թուրքիոյ տարածքին ընթացք առած այն ահաւոր խժդժութիւններուն մասին, որ հետագային կոչուեցաւ դարուս առաջին ցեղասպանութիւնը։
 
Երբ կ՚ըսենք տքնանքով, յամառ ու հետեւողական աշխատանքով մէջտեղ եկած հրատարակութիւն մը՝ պէտք է մեր աչքին առջեւ ունենանք ներկայացուող զոյգ հատորները։ 976 մեծադիր էջերու մէջ1038 թղթակցութիւն եւ հաղորդագրութիւն, բոլորը պատճէնահանուած, կու գան վկայելու հայուն գողգոթային մասին՝ 1914-էն 1923 եւ ասոնք տակաւին միայն The Times, The Sunday Times եւ The Manchester Guardian թերթերու մէջ լոյս տեսածներն են։
 
Հեղինակին առաջնային նպատակը եղած է ընթերցող եւ ուսումնասէր լայն շրջանակի մը սեղանին դնել Ա. Համաշխարհային Պատերազմին նախորդող ամիսներէն սկսեալ մինչեւ 1923 թուականի Լոզանի դաշնագիրը երկարող տարիներու ժամանակագրութիւնը, որուն մէջ ներառուած են ոչ միայն ջարդերու, տեղահանութիւններու, կողոպուտներու, առեւանգումներու սահմռկեցուցիչ նկարագրութիւնները, այլեւ Բրիտանական Կայսրութեան խորհրդարանին մէջ եղած աշխոյժ քննարկումները, սրտցաւ անդամներու կոչերը օգնութեան փութալու պատերազմի ու ցեղասպանութեան արհաւիրքներուն ենթարկուող հայութեան եւ ինչու չէ նաեւ ապահով օրրան մը ապահովելու հայ ժողովուրդին համար։
 
Այսպէս օրնակ,The Manchester Guardian թերթի 1915-ի Ապրիլ 28-ի թիւին մէջ ,Հայաստանի Ապագանե վերնագրով Նամակ Խմբագրինբաժնին մէջ A. S. S. անունով սրտցաւ անգլիացի մը կը գրէ գովելով Սըր Ուիլիըմ Ռամզէի (Sir William Ramsay)տեսակէտը, որ կ՚առնչուի Թուրքիոյ ապագային։ Սըր Ռամզէյ կարեւոր կը նկատէր նախաձեռնող եւ գործարար ոգի ունեցող հայ ազգին համար բնօրրան մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը։ Նամակին հեղինակը  կը պնդէ որ Անտանտի երկիրներու հսկողութեան տակ դրուելիք վեց վիլայէթներու (90.000քառ. Քմ) տարածութեան վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ Կիլիկիան։ (Էջ 45)
 
Հետաքրքրական փաստ է այն իրողութիւնը, որ շատ յաճախ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հետ առնչուող լուրերը տպուած են զոյգ թերթերու առաջին էջին վրայ, ինչ որ ցոյց կու տայ մեր կացութեան հրատապութիւնը Անգլիոյ համար։ Յիշեցնենք թէ The Times-ը 18-րդ դարու վերջերէն տակաւին համբաւ ունէր որպէս լուրերը հարազատ կերպով փոխանցող թերթ, որ տասնեակներով թղթակիցներ ունէր ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին։
 
Զարմանալի պիտի գտնեն ոմանք Անգլիական պատկան մարմիներու հետաքրքրութիւնները եւ դրական վերաբերմունքի փաստերը հայոց հանդէպ (թէեւ այդ տրամադրութիւնները հայ ժողովուրդին ջրաղացին ջուր չլեցուցին երբեւիցէ)։
 
Անգլիական մամուլին մէջ յաճախ կը յիշուին նաեւ հայերէն վրէժխնդիր ըլլալու դէպքեր, թէեւ կայսրութեան գլուխը անցած Իթթիհատականները ջանք չեն խնայեր թուրքերուն եւ աշխարհին համոզելու թէ հայեր եւ Օսմանեան բանակին մէջ ծառայող (հաւատարիմ) հայ քաղաքացիներ իբր կը գործակցէին կամ միտք ունէին գործակցիլ թշնամիին հետ։ Այսպէս, 1917 Թուականի Ապրիլ 11-ին թիւին մէջ թղթակիցը կը գրէ թէ Օսմանեան բանակը մինչ անկազմակերպ կը նահանջէր դէպի Անկորա (Անքարա) եւ ռուսական զօրքերուն ձեռքը կ՚անցնէր Երզնկան, իսկ քայզերական բանակները գրեթէ ոչինչ կ՚ընէին դրութիւնը փրկելու ուղղութեամբ, թուրք հրամանատարութեան կարգադրութեամբկ՚ոչնչացուին 1700 հայ զինուորներ եւ վարպետ արհեստաւորներ, որոնք կ՚աշխատէին արհեստանոցներու եւ ճամբաներու վրայ։ (Էջ 222)։
 
Անգլիա լուրջ արշաւ կազմակերպուած է հայ գաղթականներուն օգնութեան հասնելու ուղղութեամբ։ Այս մասին կան առատ տեղեկութիւններ, որոնք լոյսին կը հանեն ազնուասիրտ անգլուհիներու տարած անսակարկ նուիրումին փաստերը։ Փայլուն օրինակ մըն է Օրդ. Էմիլի Ճ. Ռոպինսընի պարագան։ Ան Պատուոյ Քարտուղարուհին էր Հայկական Կարմիր Խաչի եւ Գաղթականներու Հիմնադրամին Լոնտոնի մէջ։ Օրդ. Է. Ռոպինըն 25Ապրիլ1917-ի թիւին մէջ սրտառուչ կոչ կ՚ընէ The Manchester Guardian-ի մէջ որ չեքերն ու այլ օգնութիւնները  ղրկել նշուած հասցէին։ (էջ 223)։
 
Ա. Եւ Բ. Հատորները կը սկսին Քաթիա Մ. Փելթեքեանի նախաբանով, որուն կը յաջորդէ հայ ժողովուրդի երեքհազարամեայ պատմութեան ժամանակագրութիւնը՝883Ք. Ա. մինչեւ 29 Հոկտ. 1923 թիւը, երբ Մուսթաֆա Քեմալ հայերէն եւ այլ փոքրամասնութիւններէն զաւթուած տարածքներու վրայ յայտարարեց Թուրքոյ Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը։ Հատորները օժտուած են նաեւ մատենագիտական ցանկով։
 
Տարիներու քրտնաջան արդիւնքի մը առջեւ կը գտնուինք ըսելը ամբողջական պատկերը չի տար ներկայացուող երկու հատորներուն, որոնց լոյս ընծայման մէջ ոչ միայն իր ժամանակը այլեւ նիւթական աղբիւրները չէ զլացած հեղինակը, որուն լոկ փափաքը եղած է թշնամիին հետ խօսիլ փաստերու լեզուով՝ յիրաւի լուրջ անձնական ներդրում մը հայկական ցեղասպանագիտութեան բնագաւառէն ներս՝ 100 ամեակի սեմին։
 
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան 
Լոս Անճելըս
 
You May Also Like