Արմէն Դարեանի 90-ամեակ եւ Գիրքերու Շնորհանդէս

Նոյեմբեր 14-ին, ՀԲԸՄի Մոնթրէալի Մանուէլ Քէօսէեանի անուան Հայագիտական Դասախօսութիւններու շարքին, տեղի ունեցաւ լիբանանահայ գրող եւ մտաւորական Արմէն Դարեանի (Ալֆոնս Ադդարեան 1922-1990) ծննդեան 90-ամեակի ոգեկոչումը եւ նորոք հրատարակուած երկու հատորներու ներկայացումը գրասէր հանրութեան:

Արմէն Դարեանի «Նամակներ»ը (Երեւան 2010) ներկայացուց Նիւ Եօրքէն ժամանած Արթուն Համալեանը: Իսկ անոր գրականագիտական յօդուածներու եւ դասախօսութիւններու հատընտիրը «Մատեան Բանաւոր Խօսքի»ն (Պէյրութ 2011), ներկայացուց հեղինակին որդին, Վիգէն Լ. Ադդարեանը: Գեղարուեստական բաժնին մէջ ընթերցումներ կատարուեցան երկու հատորներէն:

Հանդիսութիւնը պատկերասփռուեցաւ Համացանցի վրայ, սակայն հետաքրքրուող մասնակիցներու բազմաթիւ ըլլալուն պատճառաւ, սարքաւորումները չկարողացան պահանջքին հետ քայլ պահել:  Հանդիսութեան պատկերիզները ստորեւ կը ներկայացնենք բոլոր հետաքրքրուող հանրութեան:

You May Also Like
Read More

Արեւմտահայության հայրենադարձության խնդիրը եւ հայության ակնկալիքները

Սեւակ Արծրունի,Երևան, 25 Ապրիլ 2014 Արեւմտահայերու Ազգային Համագումարի Կեդրոնական Խորհուրդի Անդամ Ընդհանրացված սովորույթ է, նամանավանդ հարյուրամյակի նախաշեմին, հայոց…
Read More