Արցախը Վերաբնակեցումի կը Կարօտի

(Ե՛Ւ ՆԱԽԿԻՆ ԱՐՑԱԽՑԻՆԵՐԷՆ Ե՛Ւ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԵՐԷՆ)

Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 15 Հոկտեմբեր 2018

1997:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան որպէս ղեկավար անդամներ, լիազօրուած հանգամանքներով, ստորագրեալս եւ Ասատուր Տէօվլէթեան (Կիպրոս), կը մեկնինք Հայաստան, պետական, քաղաքական ու կուսակցական հանդիպումներ ունենալու պատկան ղեկավարներուն հետ, խորհրդակցութիւններ՝ ազգային-հայրենական հրատապ հարցերու շուրջ, նաեւ՝ հայրենիք-ՌԱԿ կապերը աւելի ամրացնելու հեռանկարներ մշակելու:

Ծրագրուած էր նաեւ այցելել Ղարաբաղ, նոյն ծիրէն ներս խօսակցութիւններ ունենալու տեղւոյն պատասխանատուներուն հետ:

(Ե՛Ւ ՆԱԽԿԻՆ ԱՐՑԱԽՑԻՆԵՐԷՆ Ե՛Ւ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԵՐԷՆ)

Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 15 Հոկտեմբեր 2018

1997:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան որպէս ղեկավար անդամներ, լիազօրուած հանգամանքներով, ստորագրեալս եւ Ասատուր Տէօվլէթեան (Կիպրոս), կը մեկնինք Հայաստան, պետական, քաղաքական ու կուսակցական հանդիպումներ ունենալու պատկան ղեկավարներուն հետ, խորհրդակցութիւններ՝ ազգային-հայրենական հրատապ հարցերու շուրջ, նաեւ՝ հայրենիք-ՌԱԿ կապերը աւելի ամրացնելու հեռանկարներ մշակելու:

Ծրագրուած էր նաեւ այցելել Ղարաբաղ, նոյն ծիրէն ներս խօսակցութիւններ ունենալու տեղւոյն պատասխանատուներուն հետ:

Հայաստանէն Ստեփանակերտ հասնելու համար, ցամաքային ճամբով, Երեւանի մօտ Ղարաբաղի ներկայացուցչական գրասենեակին վարիչը, յանձնարարելի չգտաւ ապահովական նկատառումներով, հետեւաբար անհրաժեշտ գտաւ նոր կարգադրութիւններ ընելու – անմիջապէս ուղղաթիռի ապահովում, կեցութեան կարգադրութիւն, հանդիպումներու ժամանակացոյցի տնօրինում:

Հետաքրքրական էր, որ ուղղաթիռին մէջ կը գտնուէին նաեւ հասարակական գործիչ՝ Զորի Բալայեանը, որ կ’ընկերակցէր հանրածանօթ բժիշկ Վարդգէս Նաճարեանին, որ մարդասիրական եւ բժշկագիտական առաքելութեամբ կը մեկնէր Ղարաբաղ, իսկ մեզի միացած էին ՌԱԿի անդամներէն՝ Գէորգ Գրիգորեան եւ Յակոբ Շաքլեան (երկուքն ալ՝ հայաստանաւարտ . առաջինը՝ երկրաչափ, երկրորդը՝ բժիշկ):

Ի դէպ, ուղղաթիռը ըլլալով պատերազմական հին օրերէն «ժառանգուած» բեկոր մը, սարսափեցնող «տեսք եւ աղմուկ» ունէր, բայց, ապահով հասցուց մեզ Ղարաբաղի օդակայան, լեռներուն ընդմէջէն «խուսանաւ»ելով, որովհետեւ ազերիական արձակազէնները ամենուրէք էին:

Մեզի դիմաւորեց Ղարաբաղի յատենի վարչապետ՝ Վլատիմիր Պետրոսեանը (որ յետագային զոհ գնաց 27 Հոկտեմբեր 1999ի խորհրդարանի սպանդին, պետական նախարար ըլլալով Հայաստանի կառավարութեան մէջ), որուն ծանօթ էի ու բարեկամացած, իր Պէյրութ այցելութեան ընթացքին:

Ղարաբաղը, իր աշխարհագրական դիրքով ու բնութեամբ, «անծանօթ» մըն էր, հետեւաբար, յափշտակիչ հետաքրքրութեամբ հետեւեցայ անոր տեսարաններուն, մինչեւ որ տեղաւորուեցանք մեզի յատկացուած վայրին մէջ, որ կառավարութեան հանգստաւէտ ամառանոցն էր, իր հոյակապ կարգ ու սարքով եւ յարմարութիւններով:

Յաջորդող օրերուն ականատես եղանք քաղաքին ու շրջաններուն (գրաւեալ թէ ոչ) տխուր վիճակին, բայց, ժողովուրդին ամրակուռ կամքին: Ուրեմն շա՜տ գործ կար ընելիք:

*****

2010:

Սփիւռքի նախարարութիւնը, համագործակցութեամբ Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան, կազմակերպած էր Լրագրողներու 5րդ համագումարը Ստեփանակերտի մէջ, իբրեւ հանրածանօթ հրապարակագիր զիս ալ հրաւիրելով, սակայն, փափկանկատօրէն մերժած էի, նախընթաց օրինակներէն յուսախաբ ըլլալով:

«Ազգ»ի խմբագիր Յակոբ Աւետիքեանի ու նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանի պնդումներուն ընդառաջելով, ի վերջոյ, տեղի տուի ու ընդունեցի հրաւէրը, նաեւ՝ Ղարաբաղը վերստին տեսնելու եւ անոր «աճ»ը վայելելու լաւատեսութեամբ:

Եւ իրօք, ազատ ժամերուս, երբ շրջագայեցայ քիչ մը ամէն տեղ, նկատեցի որ չնաշխարհիկ այդ դրախտը, զարգացում ապրած է, վերակենդանութիւնը զգալի է ժողովուրդին մօտ, հաւատքը աւելի զօրացած է, հակառակ բազում առումներով իր զրկանքներուն եւ սահմանային կէտերուն վրայ շարունակուող ոտնձգութիւններուն:

*****

2018:

Այցելութիւն՝ Արցախի Հանրապետութիւն, որուն մասին հարազատներս (մանաւանդ թոռնիկներս) միշտ հարցումներ կ’ուղղէին: Ահաւասիկ՝ առիթը:

Վարդենիսի ճամբայ (ուր Սեւանայ ԾՈՎՈՒՆ անսահմանութիւնը եւ գեղեցկութիւնը կը շլացնէին մեզ), ապա, դարձդարձիկ ուղիներ եւ «Բարի Գալուստ Արցախ» հսկայ յուշատախտակ, որմէ ետք հիասքանչ բնութիւն եւ ոլորապտոյտ ճամբաներ, մեզ կը հասցնեն Ստեփանակերտ:

Արագ համեմատութեամբ մը, անմիջապէս համոզուեցայ, որ Արցախեան աշխարհը՝

– Արդիականացած է
– Վերակառուցուած
– Վերակենդանացած
– Վերագեղեցկացած
– Վերամկրտուած

Կեդրոնական պողոտաներն ու քովընտի փողոցները, շուկայական վայրերը ու վաճառատուները, պանդոկներն ու ճաշարանները, արուեստի ու մշակոյթի վայրերը, ժողովուրդին այժմէական ու գրաւիչ արտաքինները, կեանք ու վստահութիւն բուրող արտայայտամիջոցներով, արդէն կը փաստէին, որ Արցախցին՝ ՄՆԱՑՈՂ ու ԳՈՅԱՏԵՒՈՂ Արցախցին.

– Գիտէ՛ պահել իր հողը
– Յանձնառու է պաշտպանելու իր հայրենիքը
– Կառչած է իր ինքնութեան
– Հետամուտ է շարունակելու իր ազգային կեանքը
– Իրաւատէրն է իր իրաւունքներուն:

Այս վճռակամութիւնը ամենուրէք էր, ինչ որ կը նշանակէր, թէ այս ԱՓ մը հաշուող ժողովուրդը, իր կեանքով եւ առօրեայով, իր աւանդութիւններով եւ ակունքներով, իր ներկայով եւ ապագայով, չի կրնար հեռանալ կամ հրաժարիլ իր ԱԶԳԱՅԻՆ պատկանելիութենէն ու ՀՈՂԱՅԻՆ կառչածութենէն:

Ատիկա ես տեսայ եւ զգացի ոչ միայն մարդոց հոգիներուն մէջ, այլեւ՝ իրենց վերածաղկեցուցած օրրանի խաչմերուկներուն վրայ, ուր ամէն տեղ յոյս ու հաւատք, սէր եւ ոգի, կեանք ու շունչ կար, մանաւանդ՝ ի տես նոր սերունդի աչքերուն, նուիրումին, գործին ու հեռանկարային ոլորտներուն մէջ պարզուած կիրքին ու լաւատեսութեան:

Ազնուութիւնն ու բարեկրթութիւնը, առաքինութիւնն ու հիւրասիրութիւնը աւելի գրաւիչ ու հմայիչ կը դարձնէին Արցախցիներուն աննմանութիւնը եւ անկրկնելիութիւնը, երբ իրենցմէ քիչ մը անդին, ազերիական գիշատիչները կը դեգերէին եւ անմեղներ կ’որսային, իսկ իրենք՝ քաջաբար կը դիմադրէին եւ զոհաբերաբար կը հակադարձէին:

*****

Այս բոլորը՝ թէ՛ ուրախացուցիչ, թէ՛ հպարտացուցիչ էին:

Բայց, զիս տխրեցնողը, այլեւ՝ տագնապեցնողը այն էր, որ ազատագրուած ու վերակենդանացած Արցախի՝ Արցախածին, Արցախաբնիկ եւ Արցախաբուխ բնակիչները ո՞ւր են, ինչո՞ւ կը թափառին աշխարհով մէկ, իրենք զիրենք հեռացնելով Արցախեան պորտէն եւ խորթացնելով իրենց զաւակները իրենց էութենէն:

Եթէ դո՛ւք (խօսքս երբեք չի վերաբերիր այն պատուական ազգասէր ու գիտակից Արցախցիներուն, որոնք ոգի ի բռին կառչած են իրենց արմատներուն) տեսա՛ք ու մասնակցեցաք Արցախը գերեվարութենէն փրկելու հայրենական սուրբ գործին, ինչո՞ւ չէք վերապրիր ձեր հայրենի հողին վրայ, ինչո՞ւ չէք վերադառնար ձեր մայրենի երկիրը:

Դո՛ւք, նոյնիսկ իրաւունք չունիք ապրելու Հայաստանի մէջ, հակառակ անոր որ ան ալ հայ ժողովուրդին համամայրաքաղաքն է:

Իսկ դո՛ւք, սփիւռքահայեր, հայրենասիրութեան ու հայրենականչութեան հովե՜ր փչելով, կը կարծէ՞ք թէ տէրն էք ձեր հայրենանուիրումին ու հայրենածառայութեան:

Հայաստանեան անցագիր (վիզա) կամ Հայաստանի մէջ բնակարան, հողամաս կամ վաճառատուն ձեռք ձգելով, (մեծ մասը) առանց հոն ապրելու, ի՞նչ ըրած կ’ըլլաք…:

Հայաստա՞նը հարստացուցած, թէ՞՝ դուք ձեզ (եւ ձեր ցանկասիրութիւնները) բաւարարած:

Այս բոլորը կը շեշտեմ, պարզապէս ցոյց տալու համար, որ հայրենիք ու հող պահելու համար, այս պարագային՝ յատկապէս Արցախ, Արցախեան վերաբնակեցումի արշաւ պէտք է կազմակերպուի, առաջին հերթին՝ նոյնինքն հարազատ Արցախցիէն (փոխանակ՝ թափառելու աստ ու անդ), իսկ երկրորդը՝ սփիւռքահայ (փոխանակ «հայրենասիրութիւն» քարոզելու եւ ինքզինք հեռու պահելու անկէ):

Ի միջի այլոց, նկատեցի որ բազմաթիւ հայաստանցիներ, ցարդ… չեն այցելած Արցախ եւ ծանօթ չեն անոր հրաշագեղութեան (օրինակ մեր փոխադրակառքին մէջ, եօթը երեւանցիներ առաջին անգամ կ’այցելէին եւ ուղղակի հիացած էին): Այս անտարբերութիւնը զարմանալի ու մտահոգիչ չէ՞:

Սակայն, ի դիմաց այս ծամածռութեանց, Արցախ ապրող ու շնչող հայը, կը մնայ իսկակա՛ն հայու տեսակը, որովհետեւ ան է որ կը պահէ ու կը պաշտպանէ հայը եւ հայութիւնը:

3 comments
  1. Երկու անգամ Ստեփանակերտ

    Երկու անգամ Ստեփանակերտ այցելած եմ եւ ցաւ ի սիրտ տեսած, որ այնտեղի մարդիկ մեծ մասամբ շնորհակալութեան տեղ ռուսերէն «սփասիպօ» բառը կը գործածեն։ Ասո՞նց կը համարէք «իսկակա՛ն հայու տեսակը»։ Եւ հիմա ալ անոնցմէ զանգուած մը կը պահանջէ հայ ժողովուրդին արիւնը խմած եւ իր Արցախին մէջ մէ՛կ իսկ լումայի ներդրում չըրած ռոբերտ քոչարեանի ազատ արձակումը։

    1. you must be joking!

      ''հայ ժողովուրդին արիւնը խմած եւ իր Արցախին մէջ մէ՛կ իսկ լումայի ներդրում չըրած ռոբերտ քոչարեանի''

      At first I thought this was a joke (after all Kocharian is the head architect of the Armenian victory in the war) … but then I realize that propaganda should never be underestimated!

  2. Artsakh
    Whoever makes any suggestions to increase the population  of Artsakh should look into the mirror and ask the question "Since the beginning of the Artsakh Movement of 1988, for 30 years, what did I do to improve the standard of living of the people of Artsakh?".

Comments are closed.

You May Also Like