Թորոս Թորանեան, Պէյրութ, 2014
Ասատուր Կիւզելեանը համախմբելով նամակագրութիւնը ընդմէջ իր ուսուցիչ Սիմոն Սիմոնեանի եւ իր բարեկամ Վահրամ Մավեանի, այս անգամ հրապարակ կու գայ այս նամականի-հատորով, որ այնքան խօսուն է իր ժամանակի վիճակագրութեամբ:
Որքան ալ գիտութիւնն ու ժամանակակից ճարտարագիտութիւնը արշաւի ելլեն տպագիր գիրքի դէմ, դարձեալ ու դարձեալ տպագիր գիրքը վերադաս պիտի մնայ համակարգչային աշխարհէն:
Անկեղծութեամբ գրուած նամակը ժամանակի հարազատ արտացոլումը եւ միաժամանակ թարգմանն է հոգեկան իրաւ կացութիւններու:
Ինծի վիճակուեցաւ գրել բարեկամիս` Ասատուր Կիւզելեանի տասնամեակներու վրայ երկարող այս նամականի-հատորին յառաջաբանը:

Որպէսզի կարենայի վկայակոչի խօսք ըսել այս հատորի երեք հերոսներուն` Ասատուր Կիւզելեանին, Սիմոն Սիմոնեանին եւ Վահրամ Մավեանին մասին, Սիմոնեանի կրտսեր որդւոյն` Սասունին հետ այցելութիւն մը տուի ուսուցիչիս` Սիմոն Սիմոնեանի եւ գրական բարեկամիս` Վահրամ Մավեանի դամբարաններուն, մոմերու բոցկլտացող լոյսով ու խունկի բուրմունքով երկխօսելու անոնց հետ Պուրճ Համուտի հայոց գերեզմանատան մէջ:
Մեր երկխօսութիւնը լուռ ու թաքուն չէր, հակառակը` յստակ էր ու լսելի: Պատահական անցորդները պահ մը զարմանքով կը յամենային, փորձելով լսել այդ զրոյցը, որ տեղ-տեղ յիշատակներու բոցավառ քուրայէն բխելով` պոռթկումի կը հասնէր:
Զրուցակիցս եռամեծ ուսուցիչս` Սիմոն Սիմոնեանն էր, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ սերունդներ կրցաւ պատրաստել` զանոնք բոլորը զինելով ազգային ոգիով: Ինք ազգային արմատներու ծնունդ, այդ արմատներուն կառչիլ կը պատգամէր, որպէսզի կանգ չառներ մեծագործ Խորենացիին պատմութիւնը:
Անդիի դէմէն խօսակիցս մեր սփիւռքեան գոյավիճակը գրականութիւն բերող Վահրամ Մավեանն էր, որուն մեկնումով մեր երկխօ սութիւնը կիսատ մնացած էր…:
Այս յառաջաբանը գրելու համար ես ուրիշ պարտաւորութիւն մը եւս ունէի` պէտք էր մինչեւ վերջին տողը ծանօթանայի գրագէտ Կիւզելեանի, արձակագիր Վահրամ Մավեանի եւ ողջ հայոց պատմու թիւնը խուզարկած ու վերլուծած վիպագիր Սիմոն Սիմոնեանի նամակներուն:
Անշուշտ կարդացի:
Ամբողջ աշխարհ մը կը պարզէին այդ նամակները: Կարծես ուրիշ ժամանակներու պատկանող անկեղծութեան աղբիւր մը կը գլգլար տողերուն ընդմէջէն` թարմ մանուշակներով զարդարուն, անթաքոյց սէր ցոլացնելով եւ իմաստ տալով բարեկամութիւն բառին:
Սիմոնեան ուսուցիչին ուղղուած Կիւզելեանին խօսքերը աշակերտի իրաւ զեղումներ էին, իսկ կեանքին մէջ մօտիկ բարեկամութեան վերածուեցաւ աշակերտական կապը: Իսկ Կիւզելեանի խօսքերը Մավեանի նկատմամբ` իրաւ բարեկամի ապրումներ:
Միւս կողմէ Սիմոնեանին կեցուածքը միշտ հայրական էր ու զգաստութեան հրաւիրող:
Իսկ Մավեանին աւաչը ապրիլ շարունակող Սփիռքի մասին հեռու էր դամբանական ըլլալէ` մեր կեանքի ցաւոտ վէրքին առկայութեամբ:
Երեք հայեր, սփիւռքեան լայնարձակ հորիզոնները չափած, Սփիռքը լաւ ճանչցած հայեր, իրենց նամակներով վկայութիւններ կու տան իրենց ժամանակի մասին:
Դուն ալ կարդա այս նամակները, սիրելի ընթերցող, որպէսզի ապրիս ու վերապրիս մեր կեանքի ժամանակը: