Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Թորոնթօ, 11 Սեպտեմբեր 2018
Մարդկային բարոյականութեան ամենավսեմ չափանիշն է ճշմարտութիւնը, եւ մարդկութեան կրթութեան սատարող բոլոր կրօններն ու վարդապետութիւնները կարեւորած ու գովերգած են անոր վարկն ու արժէքը։ Օրէնքներ մշակուած են բոլոր երկիրներու մէջ՝ պատժելու ստախօսը: Սակայն եւ այնպէս, ստախօսութիւնը իր տիրական ներկայութեամբ կը լեցնէ մեր ամէնօրեայ կեանքը, եւ հոն ուր օրէնքի անունով իշխանութիւն կը դասաւորուի, այնտեղ ուրիշ տեղերէ աւելի օրինազանցութիւն կը կիրարկուի։
Ճշմարտութիւնը հարիւր տարիէ աւելի է կը սպասէ, որ Թուրքիոյ մէջ իշխանաւորներուն կողմէ ուրացուած եւ քօղարկուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը ընդունուի եւ բացայայտուի։ Ուսեալ կոչեցեալ մարդիկ թուրք իշխանաւորներու ազգայնական փրոփականտային զինուորագրուելով՝ ոչ-ճշմարտախօսութիւնը դարձուցած են գերի եւ ծառայ կեղծիքի ու շահախնդրութեան։

Ճշմարտութիւնը եօթանասուն տարի է տակաւին կը սպասէ, որ Իսրայէլ իր ապահովութեան վտանգը պատճառաբանելով՝ պաղեստինցիին հողն ու տունը չսեփականացնէ, եւ «հոլոքոսթ»-ի զոհ դարձած ըլլալով՝ Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը չնսեմացնէ։
Ճշմարտութիւնը գրեթէ քսան տարի է կը սպասէ Հայաստանի մէջ, որ Ազգային Ժողովի երդիքին տակ Կարէն Դեմիրճեանի եւ Վազգէն Սարգսեանի ու տասնեակ մը պատգամաւորներու սպանութիւնը կազմակերպող մեղսակիցներուն ինքնութիւնը բացայայտուի։
Ճշմարտութիւնը, ապագային, իրականութեան բացայայտման շա՜տ պիտի սպասէ, որպէսզի յստակ դառնայ, թէ որո՞նք եւ ինչո՞ւ կրակի տուին Միջին Արեւելքը՝ պատճառ դառնալով երկիրներու կործանումին եւ միլիոնաւոր անմեղ զոհերու ու տեղահանուածներու։
Եւ ամէն օր Ամերիկայի Սպիտակ Տան յարկին տակ սարքուող եւ կատարուող դաւադրութիւններն ու սուտ յայտարարութիւնները կը նսեմացնեն ճշմարտութեան վարկն ու պատիւը։ Որեւէ ատենէ եւ տեղէ աւելի պատերազմ կայ ճշմարտութեան դէմ այսօր Ամերիկայի ներկայ իշխանութեան կողմէ, ուր ամէն օր սուտ խաչափայտի վրայ կը գամուի մարմինը ճշմարտութեան՝ ի ծառայութիւն նախագահի մը, որ իր տարօրինակ նկարագրով վտանգ դարձած է բոլորին։ Ան եւ իր շուրջ գործող մարդիկ «սուտը իրականի պէս» կը խօսին՝ տգէտ միտքեր շահագործելու գոհունակութեամբ։ Պատերազմասէրներ կը փչեն ատելութեան կրակին ամէն տեղ, եւ Ամերիկայի բազուկը բարձրացուցած՝ ամէնքին դէմ մարտահրաւէրներ կը կարդան՝ տեղ մը դեսպանատուն փոխադրելով (Երուսաղէմ), ուրիշ տեղ դասեր տալով (Քորէա), շատ մը տեղեր ալ համաձայնագիր պատռելով (Իրան), կամ անընդունելի մաքսագիներ (tariffs) պարտադրելով (Եւրոպա, Գանատա եւ Մեքսիքա)։
Ճշմարտութիւնը խափանելու ամէնէն ցայտուն օրինակը եղաւ վերջերս ամերիկացի ծերակուտականներու կողմէ հարցաքննուող դատաւոր Պրեթ Քաւանայի (Brett Kavanaugh) որպէս Ամերիկայի Բարձրագոյն Ատեանի թեկնածութիւնը (Supreme Court nominee), երբ բազմահազար վաւերագրային փաստաթուղթեր չհրապարակուեցան եւ չմատուցուեցան զինք հարցաքննող ծերակուտականներուն՝ քօղարկելու համար անոր ունեցած անցեալի դիրքորոշումները խիստ կարեւոր նիւթերու մասին։ Եւ ամէնէն աւելի յատկանշական պարագան այդ հարցաքննութեան՝ եղաւ դատաւորին կողմէ տրուած խուսափողական պատասխանները ուղղուած հարցումներուն։ Հոս ալ ճշմարտութիւնը խաչուեցաւ իրեն պաշտպան հանդիսանալու, նուիրուածութեամբ ծառայելու երդուեալին կողմէ, երբ ան, այսինքն այդ դատաւորը, ստեց՝ չպատասխանելով հարցումի մը, որ յստակ «ոչ» կամ «այո» պատասխան կը պահանջէր ծերակուտականի մը ըրած հարցումին։ Այդ հարցումը հետեւեալն էր. «Հեռաձայնով երբեք խօսա՞ծ էր այն փաստաբանական գրասենեակին հետ, ուր կը գործէր նախագահ Տանըլտ Թրամփի փաստաբաններէն մէկը»։ Այս հարցումին յստակ պատասխան մը չտուաւ այդ դատաւորը եւ իր խուսափողական կեցուածքով ոտնակոխեց ճշմարտութիւնը։
Ըսինք, թէ օրինազանցութիւնը կը կիրարկուի ամէնէն շատ անոնց կողմէ, որոնք օրէնքի անունով եւ անով զինուած՝ իշխանութեան կը հասնին։ Բազմաչարչար ճշմարտութիւնը եղած է միշտ զոհը անոնց, որոնք օրէնքը շրջանցելով՝ ամէն ինչ կը ծառայացնեն իրենց շահը հետապնդելու եւ դիրքը ամրապնդելու համար։ Այդպիսիները դուրս գալով անազնիւ ու շահախնդիր մարդոց շարքերէն՝ յաճախ բարոյագիտութեան մասին կը խօսին եւ ազնիւ ըլլալ կը դաւանին։ Այդպիսիները կը յիշեցնեն խօսքը անոր, որ կ’ըսէ. «Ցաւալի է, որ նոյն օդն են շնչում եւ նոյն ջուրն են խմում սրիկաները եւ ազնիւ մարդիկ»։