Բախտորոշ Զուգադիպութիւն

Խաչատուր Ի. Փիլիկեան, Լոնտոն, 15 Մարտ 2013

….Եթէ շեշտուած է ցաւակցական գիրիս ջերմութիւնը հանդէպ Վենեզուելայի ժողովրդասէր Նախագահ Չավեզի անժամանակ կուրուստին առթիւ, պատճառը նաեւ նոյն նախագահի կառավարութեան  յայտարարութեան հանդէպ պատկառանքս է, այն յայտարարութեան, որ հռչակուեցաւ 2005 թուականին,  նուիրուած Հայ ժողովուրդի գերագոյն ողբերգութեան՝ Ցեղասպանութեան՝ Իննսուն Ամեայ Տարելիցին առթիւ:

Խաչատուր Ի. Փիլիկեան, Լոնտոն, 15 Մարտ 2013

….Եթէ շեշտուած է ցաւակցական գիրիս ջերմութիւնը հանդէպ Վենեզուելայի ժողովրդասէր Նախագահ Չավեզի անժամանակ կուրուստին առթիւ, պատճառը նաեւ նոյն նախագահի կառավարութեան  յայտարարութեան հանդէպ պատկառանքս է, այն յայտարարութեան, որ հռչակուեցաւ 2005 թուականին,  նուիրուած Հայ ժողովուրդի գերագոյն ողբերգութեան՝ Ցեղասպանութեան՝ Իննսուն Ամեայ Տարելիցին առթիւ:

Բաղդատած բազում ուրիշ պետական յայտարարութիւններու, Չավեզի պետութեան Գիրը իւրայատուկ է իր համապարփակ բնոյթով: Արժէ ուրեմն սկսիլ տարածել զայն լայնօրէն, ոչ միայն իբրեւ շնորհակալական յուշ մը Չավեզի մահուան առթիւ, այլ իբրեւ թարմ յուշ մը` երբ հասած ենք ահա եւ մօտալուտ ըլլալով Հայ Ժողովուրդի ընդհանրական գեր-ողբերգութեան արարքի 100 Ամեայ Տարելիցին:

2005-ին Վենեզուելայի պետական այդ յայտարարութինը հայերէնի էր թարգմանած մեր թանկագին սփիւռքահայ ժիր մտաւորական ու յանդուգն քաղաքականագէտ փաստաբան Գասպար Տէրէրեանը, եւ հրատարակած զայն իր  բազում տարիներու խմբագրած Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի Օրացոյցներու 2006-ի նոր տարուայ սեմին: Մայիս ամսուան էջին վրայ էր զետեղուած այդ` լայնաշունչ յօդուածով մը վերնագրուած՝ Ճանաչումի ‘’Չավեզեան’’ Բանաձեւը:

Թեկուզ վայելուչ իր Մեծասքանչով, Հայերէն թարգմանութեան մէջ թոյլ տրուած է սակայն,  եւ վստահաբար բնագրի տարբերակի մը վստահելով, զարմանալի յաւելուածի մը, եզրակացութեան թիւերու իսկ խախտումով: Չունենալով սպաներէն բնագիրը, Մեթր Տէրտէրեան ըրած է անշուշտ շնորհակալ գործ մը, ահաւասիկ ութը տարիներ առաջ, մնալով միակ արձագանգողը այդ Բանաձեւին::

Լոնտոնեան Վենեզուելայի դեսպանութեան ջերմ բարեկամական վերաբերմունքը պատեհ առիթը ստեղծեց որ խնդրէի ունենալ սպաներէն պաշտօնական բնագիրը վերոյիշեալ կուռ, համապարփակ ու պետական վայելուչ յայտարարութեան: Եւ եղաւ այդպէս:

Ուրախութեամբ ստանալով բնագիրը եւ անմիջապէս ընթերցելով թէկուզ սպաներէն բնագիրը, օգտուելով իտալերէն լեզուին քաջ ծանօթ ըլլալէս, դժուար չեղաւ անդրադառնալ վերեւ յիշուած յաւելուածին ու թուային  խախտումին:

Ուրեմն հարկ էր վերանայիլ թարգմանութիւնը եւ ըստ բնագրին թուագրել Եզրակացութեան չորս համարները: Արժէ որ շեշտեմ սակայն գնահատանքս առաջնային թարգմանութեան համընդհանուր ճշգրտութեան հանդէպ:

Ահաւասիկ, ներդրուած կը գտնեք սպաներէն բնագիրը եւ Գ. Տէրէրեանի թարգմանութիւնը, եւ վերջապէս ստորեւ` Որոշում – Եզրակացութեան հատուածին վերամշակուած թարգմանութիւնը, չորս համարներու ճշգրիտ յաջորդականութեամբ: 

Ուշադրութեան արժանի է նաեւ բախտորոշ զուգադիպութիւն մը

ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱՅԻ ՊՈԼԻՎԱՐԵԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆի նախագահի տորագրութիւնը  կը  պատկանի նոյն ինքն Հանրապետութեան ներկայիս գործող Տեղակալ Նախսգահին`  ՆԻՔՕԼԱՍ ՄԱՏՈՒՐՕ  ՄՈՐՕՍին, մեծ հաւանականութեամբ Վենեզուելայի Հանրապետութեան մօտալուտ նորընտրեալ Նախագահին:

Վերոյիշեալ բախտորոշ զուգադիպութիւնը արդէն իսկ զուգորդուած է նոյն ինքն Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նորընտրեալ Քահանայապետ` Ֆրանսիս Պապի մօտ անցեալի արարքով:

2006-ին, Սրբազնագոյն Հայրը, իբրեւ Արժանթինի Կարտինալ Պուենոս Այրեսի` Խօրխէ Մարիօ Պերկոլիօ,  Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշի 91-րդ Տարելիցի առթիւ առաջադրած է Թուրքիոյ որ ընդունի Ցեղասպանութիւնը որպէս «Օսմանեան Թուրքիոյ գերագոյն ոճիրը հանդէպ Հայ Ժողովուրդի եւ համայն մարդկութեան» (Ասպարեզ. 13  Մարտ  2013)

 

————————————————————————————————

 

 

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱՅԻ ՊՈԼԻՎԱՐԵԱՆ  ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ

Հինգշաբթի, 28 Յուլիս 2005

————————————————————————————————

ԱԶԳԱՅԻՆ  ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ

ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱՅԻ ՊՈԼԻՎԱՐԵԱՆ  ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան Դատապարտման Որոշում

 

ՆԿԱՏԻ ՈՒՆԵՆԱԼՈՎ

ՈՐՈՇՈՒՄ Կ’ԱՌՆԷ

ԱՌԱՋԻՆ:     Զօրավիգ կանգնիլ Հայ Ժողովուրդին ու իր Պետութեան,   Վենեզուելայի  կորովի  Հայ Համայնքին, ու անոնց արդար ու յետաձգուած պահանջին:

ԵՐԿՐՈՐԴ:    Նշանակել`  Աղգային Խորհրդարանէս  յատուկ յանձնախումբ մը, որպէսզի   այս Որոշման բանաձեւը յանձնէ Հայաստանի Խորհրդարանին եւ Հայ Կրօնական իշխանութեան:

ԵՐՐՈՐԴ:      Հիմնադրել  Վենեզուելա  – Հայաստան   Բարեկամութեան

Խորհրդարանական Յանձնախումբ  մը :

ՉՈՐՐՈՐԴ:    Հրապարակել ներկայացուած սոյն Որոշումը: 

ՆԻՔՕԼԱՍ ՄԱՏՈՒՐՕ ՄՈՐՕՍ

Նախագահ

ՌԻՔԱՐՏՕ  ԿՈՒԹԻԷՐԷԶ                                            ՓԵՏՐՕ  ՔԱՐԵՆՏՕ

Առաջին Փոխնախագահ                                                Երկրորդ Փոխնախագահ

ԻՎԱՆ  ԶԵՐՓԱ  ԿԷՐՐԵՐՕ                                         ԽՕԶԷ  ԿՐԵԿՈՐԻՕ  ՎԻԱՆԱ    Քարտուղար                                                                    Ենթաքարտուղար

***

_____________________________________________________________________________

 

 

1 comment
  1. Thank you

    Thank you, Mr. Piligian for this very important article.

    God bless you and empower you for more news about our history which are under cover or not complete.

    Best regards,
    NJD

     

Comments are closed.

You May Also Like
Read More

Ներկայանալ բաց ճակատով

Դոկտ. Մինաս Գոճայեանի «Մորմոքող Անցեալի Արահետներով. Ուխտագնացութիւն Դէպի Պատմական  Հայաստան» Գիրքին Գինեձօնը, Պէյրութ Keghart.com կայքի հայերէն բաժնի խմբագիր Դոկդ. Մինաս…
Read More

Երուսաղէմահայը

Գրեց՝ Նահապետ Մելքոնեան, Յունիս 2013 1967-ի Երուսաղէմի արաբ-հրեայ  վեցօրեայ պատերազմէն ետք, երբ սաղիմահայը հրեաներու հետ սկսաւ շփում ունենալ,…
Read More