



Բնական է եւ՝ արդար, որ ատիկա պիտի ըլլայ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ բանակը, իր ժողովուրդի զաւակներով, իրերայաջորդ սերունդներու պահակագունդերով, լիցքաւորուած նուիրեալ սահմանապահներով:
Սարդարապատեան հերոսական ճակատամարտի օրինակով, Արցախեան ազատագրական գոյապայքարի ուղիով ու հայապատկան իրաւունքներու երաշխիքով, հայ ժողովուրդը չի կրնար այլ ուղի ընտրել, չի կրնար այլ կողմնորոշում ունենալ, չի կրնար այլ ճակատագիրի ենթարկուիլ, բացի դառնալէն՝ իր իրաւունքներուն տէրը, իր ինքնութեան կրողը, իր դատին իրաւապաշտպանը:
Եթէ անկախութիւն համակարգը, պետականութիւն իրողավիճակը ու գերիշխանութիւն հասկացողութիւնը, ժողովրդային ու ժողովրդային, ժողովրդական ու ժողովրդակարգային սկզբունքներով պիտի պահուին ու տնօրինուին, անոնց լաւագոյն ու գործնական դրսեւորումներով կը գտնուին բանակի լիարժէքութեան ու լիակատարութեան մէջ:
Պետութիւն-եկեղեցի, պետութիւն-հասարակութիւն, եկեղեցի-մտաւորականութիւն (կամ որեւէ այլ առընչութիւն), ի՞նչ իմաստ ու դերակատարութիւն կրնան ունենալ, այլեւ՝ ազդեցութիւն, երբ ԲԱՆԱԿԱՅԻՆ կառոյցը, իր գործնապաշտական, ժողովրդապաշտպանական ու հողապաշտպանական էութիւններով… չկայ:
Ուրեմն, բանակը, որպէս զինական, զինուորական ու զինապաշտպանական ամրակուռ ամրոց, ժողովուրդներու կեանքի, գործունէութեան ու պահպանութեան մէջ, հսկայական դեր ունի (եւ պիտի ունենայ):
Հայրենական բանակին մէջ տեղի կ’ունենան անձնասպանական դէպքեր, խորհրդաւոր սպանութիւններ, մտահոգիչ արարքներ, ապառողջ երեւոյթներ եւ “հաշուեյարդար”ի պարագաներ, որոնց առընչութեամբ կը կատարուին հարցաքննութիւններ… ճշդելու համար, թէ ինչո՞ւ տեղի կ’ունենան ասոնք, ո՞վքեր են մեղաւորները եւ ի՞նչ պատիժ կը սպասուի անոնց:
Այսքանը՝ հայրենի լրատուամիջոցները իրենք կը բացայայտեն, կը գրեն, կ’արձագանգեն, Սփիւռքն ալ, իր կարգին, կը վերարտադրէ զանոնք:
Շատեր կրնան ըսել թէ՝ այս բոլորին մէջ ի՞նչ կայ տարօրինակ, աշխարհի բոլոր բանակներուն մէջ կը պատահին նման դէպքեր եւ երեւոյթներ:
Բայց, ատոնք ի՞նչով կ’արդարացնեն որ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿին մէջ պատահին, ապա հետաքննութիւնները շարունակուին եւ արդիւնքները… յամենան, այն աստիճան, որ “զոհ”երուն ընտանիքներն ու հարազատները, նախագահական պալատին առջեւ ցոյց ընեն, պատասխան փնտռեն, բայց, “ ծանօթ-անծանօթ” դէպքերը շարունակուին, մինչ մատղաշ զօրակոչիկներ ու զինուորականներ, մէկ օրէն միւսը… մահանան:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար՝ Սէյրան Օհանեանը, որուն ազգային-ազատագրական գործունէութիւններու ու մարդկային նկարագիրին մասին լաւ վկայութիւններ կան, ինչպէ՞ս կը բացատրէ այս, մեղմ ըսած, անհարթութիւնները, որոնք իր աչքին եւ ականջին առջեւ տեղի կ’ունենան…:
Լա՛ւ, եթէ ա՛յս է հայ Ազգային Բանակը, ա՛յս է հայ ժողովուրդին պաշտպանութեան կռուանը, ա՛յս է հայ հողային իրաւատէրութեան ռահվիրան, ո՞վ կրնայ մեզի բացատրել, թէ այդ նոյն Ազգային Բանակէն ներս ինչո՞ւ տեղի կ’ունենան այն ինչ որ կը լսենք ու կը կարդանք, հայրենի մամուլէն թէ այլ հաղորդակցական միջոցներէ:
Մեզի (եւ վստահաբար բոլորին համար), այլեւս անհանդուրժելի է լսել ու կարդալ, “Հայաստանի (կամ Ղարաբաղի՞) բանակին մէջ, զինուոր մը եւս… անձնասպան եղած”:
Եթէ ասիկա պարագայական կամ պատահական ըլլար, ոչի՜նչ, բայց այդպէս չէ, պարզապէս անոր համար, որ այդ տխուր երեւոյթները կը շարունակուին, մինչ հետաքննութիւնները կը քաշքշուին, իսկ ոմանք ալ կը խուսափին իրենց զաւակները ղրկելէ բանակային ծառայութեան…:
1 comment
Բանակը…Դանակ Չէ
Այ Պարույր ջան,
Հաաստանը ջհուդների և «զբով» լակոտների ձեռքին է: Մինչև հայերը անաղմուկ չստեղծեն 3 հոգիանոց Հայոց պաշտպան խումբ, ոչ մի լավ բան չի լինի:
Comments are closed.